Գլխաւոր Էջ
Ամսուան ՅօդուածըՎիեննական սրճարան (գերմաներէն՝ Wiener Kaffeehaus), Վիեննական սուրճի մշակոյթ, Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ, որ մինչեւ այսօր մեծ դերակատարութիւն ունի մայրաքաղաքին մշակոյթին եւ աւանդութիւններուն մէջ: Վիեննական սրճարաններու իրական գաղտնիքը այն է, որ անոնք չեն հանդուրժեր աղմուկ եւ իրարանցում։ Հոն կարելի է քանի մը ժամ նստիլ ու վայելել բաժակ մը սուրճ: Աւստրիական կայսրութեան ժամանակաշրջանի գրող Փիթըր Ալթընպըրկ վիեննական սրճարանները նկարագրած է իբրեւ «ոչ տան, բայց եւ ոչ դուրսի»: Հոկտեմբեր 2011-ին, ԵՈՒՆԵՍՔՕն Վիեննայի սրճային աւանդութիւնները ներառած է ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ: Արխիւային փաստաթուղթերը կը վկայեն, որ Վիեննայի բնակիչները սկսած են սուրճ ըմպել 1660-ականներէն, սակայն Վիեննայի առաջին սրճարանները բացուած են 1680-ականներուն: Փաստաթուղթեր կան, որոնք կը վկայեն, թէ Վիեննայի առաջին սրճարանները բացուած են հայ առեւտրականներու կողմէ: Վիեննական սրճարանները ժամանակի ընթացքին դարձած են այնքան ընդունուած, որ հանրութեան կենսաձեւին անբաժանելի մէկ մասնիկը դարձած են․․․ Աւելին⇒Արդեօք Գիտէ՞ք
Նախագիծեր |
Ի՞նչ է ՈւիքիփետիանՈւիքիփետիան ազատ բովանդակութիւն ունեցող, անվճար եւ բազմալեզու առցանց հանրագիտարանային նախագիծ է, որ կը հովանաւորուի Ուիքիմետիա Հիմնադրամին կողմէ։
Ուիքիփետիա անունը կազմուած է «Ուիքի» բառէն (համագործակցաբար կայքէջեր ստեղծելու յատկացուած գործիքի անուն, ինչպէս նաեւ՝ հաուայեան լեզուով «արագ» բառը) եւ յունարէն «էկիքլոփետիա» (հանրագիտարան) բառին «փետիա» (յունարէն լեզուով՝ կրթութիւն) մասէն։ Ուիքիփետիա նախագիծը ստեղծուած է 2001-ի Յունուարին, Ճիմմի Ուէյլզի եւ Լէրի Սէնկըրի կողմէ։ Հանրագիտարանը կը պատկանի Ուիքիմետիա Բարեգործական Հիմնադրամին, որ նուիրատուութիւններէ գոյացած հասոյթը կը յատկացնէ Ուիքիփետիայի եւ այլ քոյր նախագիծերու զարգացման։ Հանրագիտարանին երեսուն միլիոնէ աւելի յօդուածները, որոնց շարքին՝ 11071-է աւելի արեւմտահայերէնով յօդուածները ստեղծուած են կամաւոր խմբագիրներու կողմէ։ 1 Ապրիլ 2019-էն սկսեալ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան ունի իր առանձին հարթակը։Ամսուան Իրադարձութիւնները
Օրուան Պատկերը |
Ուիքիփետիա Քոյր Նախագիծեր
Ուիքիփետիան կը հովանաւորուի Ուիքիմետիա Բարեգործական Հիմնադրամին կողմէ, որ կը հովանաւորէ նաեւ հետեւեալ քոյր նախագիծերը.
Ուիքիփետիան Տարբեր Լեզուներով
Ա՛յս Ուիքիփետիան գրուած է արեւմտահայերէնով եւ ունի 11 712 յօդուած։ Անիկա ստեղծուած է 1 Ապրիլ 2019-ին։ Գոյութիւն ունին բազմաթիւ այլ Ուիքիփետիաներ, որոնցմէ ամէնէն մեծերէն են՝
- 1,000,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝
- 250,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝
- 50,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝