Jump to content

«Փիլիսոփայութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Ավելացվել է 4843 բայտ ,  7 տարի առաջ
Առանց խմբագրման ամփոփման
Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 19.
Անոր հետ միասին փիլիսոփայութեան հասկացութեան աղօտութիւնը կը հանդիսանայ անոր բնորոշ գիծը եւ կ'առանձնացնէ այն գիտութիւններէն: Եթէ փիլիսոփաներուն կը յաջողի նոր արդիւնաւէտ իմացութեան մէթոտաբանութեան մշակման շնորհիւ առաջընթաց ապրիլ, ապա այդ ոլորտը կ'առանձնացուի փիլիսոփայութենէն եւ կը դառնայ ինքնուրոյն գիտական ճիւղ: Այդպէս, իմացութեան գիտական մէթոտաբանութեան յաջողակ կիրառումը տարբեր կարգերու բնական առարկաներուն փիլիսոփայութենէն վերջնականապէս առանձնացուց բնական փիլիսոփայութեան ճիւղը, որը յետագային բաժնուեցաւ շարք մը [[Բնագիտութիւն|բնական գիտութիւններ]]ու: Օրինակ [[Իսահակ Նիւթըն]]ը գրած է իր յայտնի հիմնային աշխատանքը` «[[Բնական Փիլիսոփայութեան Թուաբանական Սկզբունքները]]», ըլլալով [[փիլիսոփայ]]` իր սեփական պատկերացմամբ, իսկ ներկայ ժամանակին ան յայտնի է որպէս բնագէտ (physicist) ու մաթեմաթիքոս: Անգլալեզու ամբողջ գիտութիւնը առ այսօր կը պահպանէ փիլիսոփայութեան հետ իր ունեցած «բարեկամական» կապի հետքեր, օրինակ` անոր մէջ, որ անոր բոլոր ճիւղերուն մէջ բարձրագոյն գիտական աստիճանը կը կրէ «[[Փիլիսոփայութեան Տոքթոր]]» անուանումը: ([[անգլերէն]]՝ Ph.D.)
 
=== Փիլիսոփայութեան բաժիններ ===
Փիլիսոփայութեան հասկացութեան յետագայ հաստատումը կ'անցնի անոր տարբեր բաժիններու նկարագրման: Փիլիսոփայութիւնը կը ստորաբաժանուի երկու եղականով` ըստ ուսումնասիրման առարկայի եւ ըստ «տեսակներու», այսինքն բազմաթիւ դպրոցներու ու գաղափարախօսութեան:
Առաջին եղանակը կ'ընդգծէ փիլիսոփայութեան կիրառման ոլորտները: Բնական է, որ այդպիսի բաժանումը կարելի է կատարել տարբեր ձեւերով: Այդպիսի բաժանումներէն ամենախոշորն է փիլիսոփայութեան բաժանումը ըստ [[Բնազանցութիւն|բնազանցութեան]] (գոյութեան հարցերը), [[Հմտաբանութիւն|հմտաբանութեան]]յի (իմացութեան հարցերը) եւ [[Արժէքներու Ուսումնասիրում|արժէքներու ուսումնասիրման]]յի (բարոյականութեան ու արժէքներու հարցերը): Այլ, աւելի դասական ձեւով, բացի վերը նշուած 3 ոլորտներէն` որպէս առանձին առարկաներ կ'ընդունուին նաեւ [[տրամաբանութիւն]]ը (փիլիսոփայական կանգուն գաղափարախօսութեան կատարելագործումը) ու [[փիլիսոփայութեան պատմութիւն]]ը (անցեալի փիլիսոփայական դրոյթներու քննադատական վերլուծութիւնը): [[Արիստոտել (արեւմտահայերէն)|Արիստոտելի]] ժամանակ ի յայտ կու գայ փիլիսոփայութեան բաժանումը տեսական եւ բանաստեղծական (ստեղծագործական):
Երկրորդ եղանակը կ'ընդգծէ փիլիսոփայական բազմաթիւ դպրոցներն ու մեթոտաբանութիւնները: Այդպիսի ամենախոշոր բաժանումը կը հանդիսանայ, բաժամունքի մը մէջ օրինակ ամբողջ արեւմտեան փիլիսոփայութեան, այսինքն հին փիլիսոփայութեան ու Արեւմտեան [[Եւրոպա]]յի ու [[ԱՄՆ (արեւմտահայերէն)|ԱՄՆ]]ի մէջ յետագային ձեւաւորուած բոլոր փիլիսոփայական դպրոցներու ու ուղղութիւններու, ինչպիսիներն են [[Գերմանիա (արեւմտահայերէն)|գերմանական]] կամ [[ֆրանսա]]կան փիլիսոփայութիւնը, ներառումը: Պատմականօրէն` լեզուական ու տարածական արգելքներու հետեւանքով բազմաթիւ փիլիսոփայական դպրոցներ կը յայտնուէին հաստատ երկիրներու ու ժողովուրդներու սահմաններուն մէջ, ինչպիսիներն են օրինակ հին յունական, չինական կամ գերմանական փիլիսոփայութիւնը: ХVII դարէն սկսած աշխարհանայցման աստիճանական զարգացման հետ զուգընթաց` ազգային ու աշխարհագրական տարբերութիւնները կորսնցուցին իրենց կարեւորութիւնը, եւ փիլիսոփայական տարբեր ուղղութիւնները, դառնալով միջազգային, կը ստանային աշխարհագրութեանը եւ մշակոյթին չամրագրուած անուանումներ, ինչպիսիներն են օրինակ [[Մարքսիստականութիւն|Մարքսիստականութիւնը]], [[Գոյապաշտութիւն|գոյապաշտութիւնը]] եւ ուրիշներ: Անոր հետ միասին այսօր դեռ կը պահպանուին որոշակի մշակութային-լեզուական տարբերութիւններ, որոնք կը ձեւաւորեն տարբեր փիլիսոփայական ուղղութիւններ: Այդպիսի տարբերութիւններէն կարեւորագոյնն է ժամանակակից փիլիսոփայութեան բաժանումը մայրցամաքային փիլիսոփայութեան, որ կը ներառէ հիմնականութեամբ ֆրանսացի ու գերմանացի փիլիսոփաներու աշխատանքները, եւ [[Վերլուծական Փիլիսոփայութիւն|վերլուծական փիլիսոփայութեան]], որ կը զարգանայ հիմնականօրէն անգլիալեզու երկրներուն մէջ:
 
== Ծանօթագրութիւններ ==