«Ծծումբ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 37. Տող 37.
== Կիրարկութիւնները ==
== Կիրարկութիւնները ==
[[Պատկեր:Kawah_Ijen_-East_Java_-Indonesia_-sulphur-31July2009.jpg|մինի|260px|Ծծմբաքարերու տեղափոխումը [[Ճաւայ|Ճաւա]] կղզիին [[Քաուահ Իճէն]] հրաբուխէն, 2009]]
[[Պատկեր:Kawah_Ijen_-East_Java_-Indonesia_-sulphur-31July2009.jpg|մինի|260px|Ծծմբաքարերու տեղափոխումը [[Ճաւայ|Ճաւա]] կղզիին [[Քաուահ Իճէն]] հրաբուխէն, 2009]]
Ծծումբը մանր փոշիի՝ ծծմբածաղիկի ձեւով կ'օգտագործուի խաղողի վազի հիւանդութիւններու դէմ պայքարելու համար։ Մեծ քանակով ծծումբ կը ծախսուի քաուչուքը ռետինի փոխարկելու համար։ Աnոր համար ալ առանց ծծումբի անկարելի է արտադրել անանկ ռետինէ իրեր, ինչպէս՝ անւադողերը, կալոշները, փողրակները եւ այլ իրեր։ Ծծումբը կը մտնէ որսորդական Վառօդի կազմին մէջ, կը կիրարկուի լուցկիի արտադրութեան ընթացքին։ Ծծումբի զգալի քանակութիւն կ'օգտագործուի [[ծծմբական թթու]] արտադրելու ատեն։ Ծծումբը կը յառաջացէ երեք տարաձեւութիւն, որոնցմէ ամէնէն կայունը շեղանկիւն կամ ալֆա ծծումբն է, որ սովորաբար կը ստացուի դեղին փոշիի տեսքով։
Ծծումբը մանր փոշիի՝ ծծմբածաղիկի ձեւով կ'օգտագործուի խաղողի տունկին հիւանդութիւններուն պայքարելու դէմ։ Մեծ քանակով ծծումբ կը ծախսուի քաուչուքը ռետինի փոխարկելու համար։ Աnոր համար ալ առանց ծծումբի անկարելի է արտադրել անանկ ռետինէ իրեր, ինչպէս՝ անւադողերը, կալոշները, փողրակները եւ այլ իրեր։ Ծծումբը կը մտնէ որսորդական Վառօդի կազմին մէջ, կը կիրարկուի լուցկիի արտադրութեան ընթացքին։ Ծծումբի զգալի քանակութիւն կ'օգտագործուի [[ծծմբական թթու]] արտադրելու ատեն։ Ծծումբը կը յառաջացէ երեք տարաձեւութիւն, որոնցմէ ամէնէն կայունը շեղանկիւն կամ ալֆա ծծումբն է, որ սովորաբար կը ստացուի դեղին փոշիի տեսքով։


Աշխարհի տարածքին ծծումբի մեծագոյն մատակարարներն են [[ԱՄՆ|Միացեալ Նահանգները]], [[Մեքսիքօ|Մեքսիքօն]] եւ [[Իտալիա]]ն: Ծծումբ պարունակող հանքաքարեր կան նաեւ [[Հայաստան]]ի որոշ (օրինակ՝ [[Ալաւերտի|Ալաւերտիի]] եւ [[Կապան|Կապանի]]) [[պղինձ|պղինձի]] հանքավայրերուն մէջ։ Ծծումբի արդիւնահանման եւ արդիւնաբերական ստացման ծաւալները տարուէ տարի կ'աճին ամբողջ աշխարհի տարածքին։
Աշխարհի տարածքին ծծումբի մեծագոյն մատակարարներն են [[ԱՄՆ|Միացեալ Նահանգները]], [[Մեքսիքօ|Մեքսիքօն]] եւ [[Իտալիա]]ն: Ծծումբ պարունակող հանքաքարեր կան նաեւ [[Հայաստան]]ի որոշ (օրինակ՝ [[Ալաւերտի|Ալաւերտիի]] եւ [[Կապան|Կապանի]]) [[պղինձ|պղինձի]] հանքավայրերուն մէջ։ Ծծումբի արդիւնահանման եւ արդիւնաբերական ստացման ծաւալները տարուէ տարի կ'աճին ամբողջ աշխարհի տարածքին։

06:38, 5 Յուլիս 2021-ի տարբերակ

Ծծումբ (լատ.՝ Sulfur), քիմիական տարր է, որուն նշանն է S, կարգաթիւը՝ 16, հիւլէական զանգուածը՝ 32.066:

Պատմութիւն

Ծծումբը եւ անոր միացութիւնները մարդկութեան ծանօթ են հնագոյն ժամանակներէն։ Անիկա կը յիշատակուի Աստուածաշունչին եւ Հոմերոսի բանաստեղծութիւններուն մէջ։ Մաքուր բիւրեղային տեսքով յայտնաբերուած ամէնէն ատարածուած տարրերէն է:

  • Ծծումբ բառը լատիներէն կը նշանակէ «այրող քար»:
  • Ռազմական նպատակներու համար ծծումբէն կը պատրաստէին հրկիզող խառնուրդներ, օրինակ՝ «յունական կրակը»:
  • Մօտաւորապէս ԺԳ. դարուն Չինաստանին մէջ ծծումբը կիրարկուած Է կրակ արձակելու նպատակներով։
  • Մարդիկ կը կարծէին, թէ այրող ծծումբէն յառաջացած կապոյտ բոցն ու սուր հոտը կը հեռացնեն չարքերը։
  • Ծծումբը եւ անոր միացութիւններն օգտագործուած են մաշկային հիւանդութիւններ (օրինակ՝ քոսը) բուժելու, ինչպէս նաեւ այգեգործական նպատակներով։
  • Արաբ ալքիմիկոսները կը կարծէին, թէ բոլոր մետաղները կազմուած են ծծումբի եւ սնդիկի խառնուրդէն։
  • Յոյները եւ հռոմէացիները կը յայտնաբերեն, որ ծծումբը կրնայ օգտագործուիլ կրակ պատրաստելու և հռոմէական կրկէսին ընթացքին արհեստական ցուցադրութիւններու համար:
  • Ծծումբը, իբրեւ քիմիական տարր, առաջինը բացայայտած Է ֆրանսացի քիմիագէտ Անթուան Լորան Լավուազիէն (ֆրանսերէն՝ Antoine Lauren Lavoisier, 1743-94) ԺԸ. դարու վերջին։

Ծծումբին Բնագիտական Յատկութիւնները

Ծծումբը բնութեան մէջ
Իտալիոյ հրաբուխներէն Ֆումարոլին հրաբուխին մօտ գտնուած ծծումբ
Լազուարդ բիւրեղի կապոյտը խառնուած է ծծումբով

Ծծումբը դեղին գոյնի բիւրեղային նիւթ մըն է։ Անիկա դիւրութեամբ կը հալի 100°C-էն քիչ մը աւելի բարձր ջերմաստիճաններուն։ Ծծումբը ուժեղ տաքցնելու ատեն կը յառաջանան մութ շագանակագոյն շոգիներ։ Արագ սառեցնելու պարագային ծծումբին շոգիները անմիջապէս, առանց հեղուկի վերածուելու, կը փոխարկուին նրբագոյն փխրուն փոշիի, որ կը կոչուի ծծմբածաղիկ։

Երկրակեղեւին ծծումբին պարունակութիւնը 0,05% է: Կը հանդիպինք ինչպէս ազատ (բնածին ծծումբ), այնպէս ալ միացութիւններու՝ գերազանցապէս ծծմբատներու, օրինակ՝ ZnS, PbS, Cu2S, FeS2, եւ սուլֆաթներու, օրինակ՝ CaSO4.2H2O, Na2SO4.10H2O ձեւով։

Քիմիական Յատկութիւնները

Պարբերական համակարգի 6-րդ խումբի գլխաւոր ենթախումբին մէջ է։ Իսկ ջրածինի եւ թթուածինի միացութիւններուն մէջ բաղկացած է տարբեր իոներներէ. կը փոխազդէ գրեթէ բոլոր թթուներուն եւ աղերուն հետ։ Անիկա ոչ մետաղական տարր մըն է, որ կը ներկայանայ ինչպէս համակցուած, այնպէս ալ ազատ վիճակներու մէջ եւ լայնօրէն կը տարածուի երկիրի մակերեւոյթին վրայ: Անիկա համ եւ հոտ չունի, ջուրին մէջ չի լուծուիր եւ յաճախ կը յայտնուի դեղին բիւրեղներու կամ զանգուածներու մէջ[1]:

Կիրարկութիւնները

Ծծմբաքարերու տեղափոխումը Ճաւա կղզիին Քաուահ Իճէն հրաբուխէն, 2009

Ծծումբը մանր փոշիի՝ ծծմբածաղիկի ձեւով կ'օգտագործուի խաղողի տունկին հիւանդութիւններուն պայքարելու դէմ։ Մեծ քանակով ծծումբ կը ծախսուի քաուչուքը ռետինի փոխարկելու համար։ Աnոր համար ալ առանց ծծումբի անկարելի է արտադրել անանկ ռետինէ իրեր, ինչպէս՝ անւադողերը, կալոշները, փողրակները եւ այլ իրեր։ Ծծումբը կը մտնէ որսորդական Վառօդի կազմին մէջ, կը կիրարկուի լուցկիի արտադրութեան ընթացքին։ Ծծումբի զգալի քանակութիւն կ'օգտագործուի ծծմբական թթու արտադրելու ատեն։ Ծծումբը կը յառաջացէ երեք տարաձեւութիւն, որոնցմէ ամէնէն կայունը շեղանկիւն կամ ալֆա ծծումբն է, որ սովորաբար կը ստացուի դեղին փոշիի տեսքով։

Աշխարհի տարածքին ծծումբի մեծագոյն մատակարարներն են Միացեալ Նահանգները, Մեքսիքօն եւ Իտալիան: Ծծումբ պարունակող հանքաքարեր կան նաեւ Հայաստանի որոշ (օրինակ՝ Ալաւերտիի եւ Կապանի) պղինձի հանքավայրերուն մէջ։ Ծծումբի արդիւնահանման եւ արդիւնաբերական ստացման ծաւալները տարուէ տարի կ'աճին ամբողջ աշխարհի տարածքին։

Կենսաբանական Դերը

Ծծումբը կենսաբանական տարրերէն մէկն է։ Կը մտնէ քանի մը ամինաթթուներու (ցիսթէին, մեթիոնին) կենսանիւթերու (թիամին) եւ բնախմորներու (enzyme) բաղադրութեան մէջ։ Ծծումբը կը մասնակցի սպիտի (փրոթէինային) կառուցուածքներու ձեւաւորման։ Կը մասնակցի մանրէաբոյսերու համադրութեան մէջ : Ծծմբաջրածինը կը հանդիսանայ ջրածինի ստացման հիմնական աղբիւրը։

  • Մարդկային մարմինը կը պարունակէ 2 կրամ ծծումբ։
  • Ֆոսֆորը եւ ծծումբը կ'օգնեն, որ բոյսերը առողջ աճին, եւ վնասակար միջատները չքանան[2]:

Ծանօթագրութիւններ

Գրականութիւն

  • Եու․ Վ․ Խոդակով, Լ․ Ա․ Ցվետկով եւ ուրիշներ։ «Քիմիա», Երեւան, 1961։
  • Sigel Astrid, Freisinger Eva, Sigel Roland K.O., խմբգրնր․ (2020)։ Transition Metals and Sulfur: A Strong Relationship for Life։ Guest Editors Martha E Sosa Torres and Peter M.H.Kroneck։ Berlin/Boston: de Gruyter։ էջեր xlv+455։ ISBN 978-3-11-058889-7