Jump to content

Բիւրեղ

Քուարցի միաձուլուած բիւրեղները, զորս կ'անուանեն «խոզանակ»
Ուրուաքար
Ուրուաքարի բիւրեղին մէջ ածխածինի հիւլէները դասաւորուած են առանձին շերտերով

Բիւրեղային նիւթեր՝ հանքանիւթեր են, որոնց բաղադրիչները (հիւլէներ, մասնիկներ, իոններ) դասաւորուած են խիստ կարգաւորուած մանրադիտական կառոյցով մը՝ կազմելով բիւրեղային ցանց մը, որ կը տարածուի բոլոր ուղղութիւններով: [1]Բիւրեղացանցերը, ըստ մասնիկներու տեսակին եւ անոնց միջեւ փոխյարաբերութեան բնոյթին կ'ըլլան իոնային, հիւլէական, մասնիկային եւ մետաղային։ Եթէ ցանցին հանգոյցներուն մէջ իրարու հետ իոնային կապով միացած իոններ են, այդպիսի բիւրեղացանցը կը կոչուի իոնային։ Իոնային կապի մեծ ուժին պատճառով շատ դժուար է այդպիսի ցանցերը քանդել, որուն շնորհիւ իոնային նիւթերը ունին հալման բարձր ջերմաստիճաններ եւ կը լուծուին միայն բեւեռային լուծիչներուն մէջ, օրինակ՝ ջուրին մէջ։ Իոնային բիւրեղացանցը բնորոշ է աղերուն։ Հիւլէական բիւրեղացանցը բնորոշ է, օրինակ, բնածուխի տարաձեւերուն՝ ադամանդ եւ ուրուաքար։ Հիւլէական բիւրեղացանց կը յառաջացնեն ո՛չ միայն որոշ պարզ նիւթեր, այլեւ շարք մը երկտարր միացութիւններ։ Մասնիկային բիւրեղացանց կը յառաջացնեն մասնիկները։ Բնական է, որ այդպիսի նիւթերը կը հալին բարձր ջերմաստիճանի ազդեցութեան տակ։ Անոնց մէջ կան նոյնիսկ այնպիսիները, ինչպէս, օրինակ՝ Ι2, CO2, որոնք պինդ վիճակէն անմիջապէս կ'անցնին գոլորշի վիճակի[2]։

Բիւրեղային Կառուցուածք

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բիւրեղին գիտական բնորոշումը հիմնուած է անոր ներսը հիւլէներու համաչափութեան վրայ: Բիւրեղը պինդ մարմին մըն է, որուն մէջ հիւլէներն ունին պարբերական դասաւորման ձեւ մը:

Բոլոր պինդ մարմինները բիւրեղներ չեն: Օրինակ, երբ հեղուկ ջուրը կը սկսի սառիլ, վիճակին փոփոխութիւնը կը սկսի բազմաբիւրեղային կառուցուածք ձեւաւորել պզտիկ սառոյցի բիւրեղներէ: Աւարտին պզտիկ բիւրեղահատիկներէն իւրաքանչիւրը կանոնաւոր բիւրեղ մըն է հիւլէներու պարբերական դասաւորումով, սակայն, ամբողջ բազմաբիւրեղը հիւլէներու նման կառուցուածք չունի, որովհետեւ պարբերական պատկերը կ'ընդհատուի հատիկներու սահմաններով: Մանրադիտական անօրկանական պինդ մարմիններէ շատեր, որոնք կը կոչուին «ապակենման», ոչ բիւրեղային են: Ասոնց նոյնիսկ՝ մանրադիտական կառուցուածքը պարբերական դասաւորում մը չունի: Ապակիի ձեւաւորման ատեն, բարձր ջերմութեան տակ, յստակ տարբերութիւն կայ բիւրեղային եւ ամորֆ պինդ մարմիններու միջեւ. բիւրեղային մարմինները չեն անջատուիր, իսկ ամորֆ պինդ մարմինները կ'անջատուին:

Հիւլէներու բիւրեղային դասաւորումը կը բնութագրէ անոնց «միաւոր բջիջով», պզտիկ երեւակայական արկղիկով մը, որ կը պարունակէ մէկ կամ աւելի հիւլէներ իւրայատուկ տարածական դասաւորումով: Միաւոր բջիջները դասաւորուած են եռաչափ տարածութեան մը մէջ, բիւրեղ ձեւաւորելով:

Բիւրեղին համաչափութիւնը սահմանափակ է այն իմաստով, որ բջիջներու կոյտը արանքներ պէտք չէ ունենայ: Գոյութիւն ունի բիւրեղներու 219 հնարաւոր համաչափութիւններ, որոնք կը կոչուին բիւրեղագծապատկերային տարածական խումբեր: Ասոնք խմբաւորուած են 7 բիւրեղային համակարգերու մէջ, այնպէս, ինչպէս խորանարդային բիւրեղային համակարգը (որուն մէջ բիւրեղները ունին խորանարդի կամ շեղանկիւն արկղիկներու տեսք, ինչպէս որ հալիթի բիւրեղի պարագան է), կամ վեցանկեան բիւրեղային համակարգ մը (որուն մէջ բիւրեղները ունին վեցանկիւն տեսք մը, ինչպէս ջուրի սառոյցինն է):

Բիւրեղներուն Նիստերը Եւ Ձեւերը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բիւրեղները ծանօթ են իրենց ձեւերով, որոնք կը պարունակեն սուր անկիւններով հարթ նիստեր: Այս ձեւը անհրաժեշտութիւն մը չէ բիւրեղին համար, որովհետեւ բիւրեղը գիտականօրէն կը բացատրուի իր մանրադիտական հիւլէական դասաւորումով եւ ոչ թէ խոշորացոյցով դիտուած ձեւերով, սակայն, բնութագրական խոշորացոյցով դիտուած ձեւը յաճախ դիւրութեամբ կ'երեւի:

Նստուածք ունեցող բիւրեղները անոնք են, որոնք ունին յստակ երեւցող, լաւ ձեւաւորուած հարթ նիստեր, իսկ նստուածք չունեցող բիւրեղները չունին, որովհետեւ բիւրեղը այս պարագային ամբողջական հատիկ մըն է:

Հարթ նիստերը դասաւորուած են յատուկ կարգով մը, կապուած բիւրեղի ներսի հիւլէներու դասաւորման հետ[3]: Ասոր շնորհիւ է, որ կարգ մը նիստերը միւսներէն աւելի կայուն կ'ըլլան: Բիւրեղներու աճին զուգահեռ նոր հիւլէները կը միանան ազատօրէն, անկարգ եւ նուազ կանոնաւոր մակերեւոյթ ձեւաւորելով: Այսպիսով, հարթ նիստերը կը դառնան երկար եւ փափուկ:

Բնութեան Մէջ Հանդիպող Կիսաթանկարժէք Բիւրեղներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Howard J. Michael, Darcy Howard (Illustrator) (1998)։ «Introduction to Crystallography and Mineral Crystal Systems»։ Bob's Rock Shop։ արտագրուած է՝ 2008-04-20 
  • Krassmann Thomas (2005–2008)։ «The Giant Crystal Project»։ Krassmann։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2008-04-26-ին։ արտագրուած է՝ 2008-04-20 
  • «Քիմիա 10. ընդհանուր եւ բնագիտամաթեմատիկական հոսքեր», Ա. Խաչատրեան, Լ. Սահակեան
  • Зоркий П. М. Симметрия молекул и кристаллических структур. М.։ изд-во МГУ, 1986. - 232 с.
  • Савельев И. В. Курс общей физики. М.։ Астрель, 2001. ISBN 5-17-004585-9.
  • Банн Ч., Кристаллы, пер. с англ., М., 1970;

Ծանoթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Gigantic crystals of spodumene https://books.google.am/books?
  2. Кристаллическая структура // Физическая энциклопедия. В 5-ти томах. — М.: Советская энциклопедия. Главный редактор А. М. Прохоров. 1988.
  3. The surface science of metal oxides, by Victor E. Henrich, P. A. Cox, page 28, google books link