Էօժէն Տելաքրուա
Էօժէն Տելաքրուա ֆրանսերէն՝ Eugène Delacroix | |
---|---|
"Ինքնադիմանկար, կանանչ բաճկոնակով" | |
Ծնած է | 26 Ապրիլ 1798[1][2][3][…] |
Ծննդավայր | Սէն Մորիս |
Մահացած է | 13 Օգոստոս 1863[4][1][2][…] (65 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Փարիզ |
Քաղաքացիութիւն | Ֆրանսական |
Մայրենի լեզու | Ֆրանսերէն |
Ուսումնավայր |
Փարիզի Գեղարուեստի Բարձրագոյն Դպրոց Կայսերական վարժարան․ այժմ՝ Լուի լէ Կրան Երկրորդական վարժարան Փիեռ Քորնէի դպրոց |
Երկեր/Գլխաւոր գործ | Մօր հետ խաղացող երիտասարդ վագրը, Ազատութիւնը ժողովուրդը կ՛առաջնորդէ, Բաբելոնեան գերութիւնը եւ Հիոսի ջարդը |
Տեսակ | պատմական գեղանկարչութիւն[5], Բնանկար[5], լուռ բնութիւն[5] եւ մարտանկարչություն?[5] |
Մասնագիտութիւն | արուեստագէտ․ գեղանկարիչ, որմանկարիչ, վիմագրիչ, գրագէտ |
Անդամութիւն | Գեղարուեստի Կաճառ |
Ծնողներ | Հայր՝ Շառլ Տելաքրուա (Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար) |
Ստորագրութիւն |
Էօժէն Տելաքրուա (26 Ապրիլ 1798[1][2][3][…], Սէն Մորիս, Առաջին ֆրանսիական հանրապետություն[5] - 13 Օգոստոս 1863[4][1][2][…], Փարիզ, Ֆրանսական Երկրորդ Կայսրութիւն[5]), 19-րդ դարու ֆրանսացի աշխարհահռչակ վիշապաշտ նկարիչ եւ որմանկարիչ․ կը սեպուի վիպապաշտութեան գլխաւոր ներկայացուցիչը։
Նկարած է կտաւի վրայ եւ հանրային յուշարձաններու պատերն ու ձեղունները կը զարդարէ։ Ձգած է նաեւ փորագրութեան ու վիմագրութեան գործեր եւ հանդէսներու գրութիւններ։ Կարեւոր ներդրում ունեցած է տպաւորապաշտութեան զարգացման։ Աշխատանքները ներշնչուած են պատմական եղելութիւններէ, մասնաւորաբար ֆրանսական եւ յունական յեղափոխութիւններէն, գրական երկերէ եւ Մարոք այցելութենէն։
1824 Փարիզի Սալոնի ցուցադրութեան ընթացքին անոր տաղանդը կը նկատուի։ Յաջորդող տարիներուն ընթացքին արտադրած նկարները ներշնչուած են պատմական կամ գրական մանրավէպերէ եւ ժամանակակից եղելութիւններէ, օրինակ․ «Ազատութիւնը ժողովուրդը կ՛առաջնորդէ» 1830 եւ կամ Ալ-Մաղրիպ Al-Maghrib, Maghreb ճամբորդութենէն՝ «Ալճերիոյ կիներ, իրենց բնակարանին մէջ» Femmes d'Alger dans leur appartement 1833 (այս նկարը նոյն տարին իսկ, Լուվրը թանգարանին սեփականութիւնը կը դառնայ)։[6] [7] [8]
Կենսագրական գիծեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մանկութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Էօժէն Տելաքրուան ծնած է 26 Ապրիլ 1789։ Շառլ Տելաքրուայի (Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար) ընտանիքին չորրորդ զաւակն էր։ Սակայն, կ՛ենթադրուի թէ բուն հայրը Ֆրանսայի եւ Եւրոպայի քաղաքական կեանքի (մօտաւորապէ կէս դար) գլխաւոր դերակատարներէն՝ Թալէյրանն* է Talleyrand։
- Ֆրանսացի եպիսկոպոս, քաղաքագէտ եւ դիւանագէտ: Անոր անունը հոմանիշն է՝ խորամանկ, լիրբ եւ սակայն ազդու դիւանագիտութեան։
Կը ստանայ նաեւ երաժշտութեան կրթութիւն, տարեց երգեհոնահարի մը կողմէ․ վերջինս Մոցարտը կը պաշտէր։ Ան, Տելաքրուային մօտ կը նշմարէ երաժշտութեան հանդէպ սէր եւ տաղանդ ու ծնողին կ՛առաջարկէ Էօժէնը հետեւի երաժիշտի ասպարէզը, սակայն հօր՝ Շառլ Տելաքրուայ, մահը վերջ կու տայ այս կարելիութեան։
Պատանի տարիքին՝ 16 տարեկան, որբ կը մնայ։ 1805 թուականին հայրը կը մահանայ եւ 1814՝ մայրը։
Կրթութիւն եւ կազմաւորում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1806 Հոկտեմբերէն մինչեւ 1815 ամառը կը յաճախէ Կայսերական վարժարանը․ այժմ՝ lycée Louis-le-Grand, ուր լաւ կրթութիւն կը ստանայ։ Կը սերտէ դասական գրականութիւն՝ Հոռաս, Վիռժիլ եւ նաեւ՝ Ռասին, Քոռնէյ եւ Վոլթեր։ Իր տարիներուն տետրակներուն վրայ խծմծած ուրուագիծերը արդէն կը ցուցնեն անոր տաղանդը։
Կայսերական դպրոցին մէջ կը հանդիպի առաջին մտերիմ բարեկամներուն․ Ժան Պափթիսթ Փիեռէ Jean-Baptiste Pierret, Լուի եւ Ֆելիքս Կիյմարտէ Guillemardet* եւ Աշիլ Փիրոն։ Անոնք մինչեւ իր մահը, պոհեմական կեանքին մտերիմ բարեկամները պիտի մնան։
- Լուի եւ Ֆելիքս Կիյմարտէ․ Անոնց հայրը, Ֆեռտինան, Էօժէնի հօր բարեկամը, Սպանիոյ մօտ Ֆրասայի դեսպան էր․անոր կինը, Էօժէն Տելաքրուայի մօր մահէն ետք, երկրորդ մայրը կը հանդիսանայ։
1815 թուականին կ՛աշակերտէ Փիեռ-Նառսիս Կէռեն Pierre-Narcisse Guérin նկարիչին մօտ։ 1816 կը հանդիպի Շառլ-Ռայմօն Սուլիէին եւ Ռիշար Պոնինկթնին․ անոնք Տելաքրուան կ՛ ընտելացնեն ջրաներկի արուեստին եւ նոյն տարին ան կը յաջողի մտնել Գեղարուեստի Դպրոցը։ 1822 թուականին, Փարիզի Սալոնին մէջ կը ցուցադրէ «Տանթէին նաւակը» նկարը․ գործը թեր ու դէմ քննադատութիւններու կռուախնձոր կը դառնայ, սակայն Ֆրանսայի կառավարութիւնը կը գնէ 2,000 ֆրանքի։
Ասպարէզին սկզբնական շրջանին, գործերը կ՛ազդուին Թէոտոր Ժեռիքոյէն Théodore Géricault եւ Միքէլանճելոյէն Michelangelo։ Այս ազդեծութիւնները եւ Կռօ Gros նկարիչին քաջալերանքները, զայն կը մղեն զարգացնելու ձի նկարելու արուեստը, որ հետագային պիտի նշմարուի գործերուն մէջ։
1824 թուականին կը ցուցադրէ «Հիոսի Ջարդը», ներշնչուած 1822 Ապրիլին կղզիին բնակչութեան վրայ Օսմանեան զօրքերու գործադրած ջարդէն․ Յունաստանի Ազատագրական պայքարի կռիւներու ատեն (յունական ապստամբութեան սկիզբ՝ 1821): Ֆրանսայի կառավարութիւնը կը գնէ այս գործը 6000 դրամի։
Հասունութեան շրջան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1825 թուականին, Տելաքրուա տպաւորուած անգլիացի նկարիչներուն արուեստի հմտութենէն, Անգլիա կը ճամբորդէ։ Թատրոններ, բազմաթիւ ցուցադրութեան սրահներ կ՛այցելէ, ուր կ՛ազդուի անգլիական մշակոյթէն։ Կը պատկերազարդէ Ֆաուստի Johann Georg Faust գործերուն ֆրանսերէն հրատարակութիւնը, Ուիլիըմ Շէյքսփիրի William Shakespeare եւ Սըր Ուոլթըր Սքոթի Sir Walter Scott զանազան երկերը։
1826 թուականին յաճախ կը մասնակցի Վիքթոր Հիւկոյի շրջանակին հանդիպումներուն։
1832 6 – 7 ամսուան համար Մարոք կը ճամբորդէ։ Այս ճամբորդութեան ընթացքին Տելաքրուա հիւսիսային Ափրիկէի բնակչութիւնը կը ճանչնայ․ մահմետականներ, հրիաներ։ Գրի կ՛առնէ անոնց սովորութիւնները, կենցաղը, մշակոյթը․ մատիտով եւ ջրաներկով կը գծագրէ։ Այս ձեւով կը կազմէ առաջին օրագիր-տետրերը․ այսօր, եօթէն միայն չորսը պահպանուած են։ Հետագային, ներշնչուած արաբներու հին ու օտար (իրեն համար) մշակոյթէն կը նկարէ զանազան գործեր, օրինակ՝ «Թանժերի մոլեռանդները», «Մարոքի Հրէական հարսանիք», «Մոկատորի հրիայ երաժիշտները», «Մարոքի Սուլթանը եւ շքախումբը» եւ շատ ուրիշ։
Մարոք ճամբորդութեան ընթացքին, Տելաքրուա կանանոց մը կ՛այցելէ․ վերադարձին, նկարի վրայ կ՛արտադրէ մտքին մէջ տպաւորած կանանոցէն տեսարան մը «Ալճերիոյ կիներ, իրենց բնակարանին մէջ» գործը։ Սալոնին մէջ կը ցուցադրուի 1834։
1827 եւ 1832 միջեւ, պատմական նիւթով բազմաթիւ մեծ գործեր կը ներկայացնէ, օրինակ․ 1827 «Սարտանափալին մահը», ներշնչուած Լորտ Պայրոնի բանատեղծութենէն (Փարիզի Սալոնը կը ցուցադրուի եւ սկզբնական շրջանին խիստ քննադատութիւններու կ՛ենթարկուի), 1832 «Ազատութիւնը ժողովուրդը կ՛առաջնորդէ», Յուլիական ապստամբութենէն (1830 ֆրանսական յողափոխութիւնը) ներշնցուած, 1830 «Լիէժի եպիսկոպոսին սպաննումը», 1831 «Նանսի ճակատամարտը»։ Գործերէն շատերը պետական վարիչներու կողմէ ապսպրանքներ են։
- 1848 թուականին ֆրանսական Յեղափոխութենէն ետք միայն, Նափոլէոս Գ․ կ՛արտօնէ «Ազատութիւնը ժողովուրդը կ՛առաջնորդէ» գործին ցուցադրութիւնը․ այժմ կը ցուցադրուի Լուվրի թանգարանին մէջ։
1833 - 1838 , կ՛ որմանկարէ Պուռպոնի պալատին Maison de Bourbon թագաւորական սրահը կամ՝ Գահի սրահը (այժմ՝ Ազգային Խորհրդարանը)։ Հսկայ գործ մըն է եւ Տելաքրուայի առաջին մեծ որմանկարը։
Միաժամանակ, Լուվրի եւ Վերսայի Պատմական թանգարաններուն համար զանազան գործեր կ՛աւարտէ։
-
Մարոք ճամբորդութենէն տեսարան մը
-
Նստած՝ արաբերէնի սերտողութիւն
-
Նօթատետրէն ջրաներկ մը
-
«Պետութեան կենդանի ուժերը․ Արդարութիւնը» Les forces vives de l'Etat : la Justice․ Պուռպոնի պալատին Maison de Bourbon Գահի սրահի որմանկարը։
Վերջին տարիները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1838 Սալոնին մէջ կը ցուցադրէ «Մէտէ» Médée գործը, ներշնչուած յունական դիցաբանութենէն (Մէտէ․ յուն․՝ Μήδεια (Միտիա)):
Գահի սրահի որմանկարը հազիւ վերջացուցած, իրեն կը վստահուի նոյն վայրի մէջ՝ Պուռպոնի պալատ, Խորհրդարանի Գրադարանին որմանկարում-զարդարումը։ 1838 մինչեւ 1847 Տելաքրուա կ՛ որմանկարէ սրահին 5 գմբէթները եւ ընթերցանութեան սրահին երկու պատերը։ Ամէն մէկ գմբէթ յատկացուած է կարգ-կանոնի մը․ «Օրէնսդրութիւնը»՝ կեդրոն, «Աստուածաբանութիւնը եւ բանաստեղծութիւնը»՝ մէկ կողմ, «Փիլիսոփայութիւնը եւ Գիտութիւնները»՝ միւս կողմ։
Միաժամանակ, 1840 - 1846 տարիներուն միջեւ կ՛ իրականացնէ Ծերակոյտի Գրադարանի ընթերցասրահին որմանկարազարդարումը (Լիւքսեմպուրկի Պալատ palais du Luxembourg)։
1840 կը նկարէ «Կոստանտնուպոլսոյ գրաւումը խաչակիրներէն» եւ երգահան-յօրինող Շոփէնի կենդանագիրը։
1844, 17 օրուան մէջ Փարիզի Saint-Denys-du-Saint-Sacrement եկեղեցուոյ Pietà որմանկարը կ՛իրականացնէ․ ըստ մեծ բանաստեղծ Պոտլերի Charles Baudelaire՝ գլուխ գործոց մը։
1855 Փարիզի Միջազգային Ցուցահանդէսին 48 նկարներ կը ցուցադրէ եւ կ՛ընդունուի Ֆրանսայի Կաճառին՝ 8րդ դիմումէն ետք։
Յոյներու Ազատագրական Պայքարէն ներշնչուած կը նկարէ տասնեակէ աւելի գործեր․ գլխաւորները՝ «Հիոսի Ջարդը» 1824, «Կիաւուրին եւ Հասանին կռիւը» 1826, «Յունաստանը Մեսոլոկիին աւերակներուն տակ» 1826, «Յոյն հեծեալ մարտիկը» 1856։
1844 թուականէն ասդին, Draveil շրջանին մէջ՝ Փարիզի հարաւ-արեւմուտքը, համեստ բնակարան մը chalet կը վարձէ եւ աշխատանոցը կը տեղաւորէ։ Հոն, գիւղական մթնոլորտի մէջ, սակայն Փարիզի մօտ, թոքախտէ տառապող Տելաքրուան երկար պտոյտներ կ՛ընէ։ 1854 թ․ բնակարանը կը գնէ։ Այս ժամանակաշրջանին կ՛իրականացնէ շարք մը նկարներ, ուր կը ներկայացնէ գիւղական կեանքը, դաշտագետինը։ Նոյնպէս, կը նկարէ Մարոքի ճամբորդութենէն գրի առած տեսարանները եւ կամ՝ յիշողութենէն արտատպումները նկարի կը վերածէ։
1849 Փարիզի «Saint-Sulpice» եկեղեցիին համար կը ստանձնէ իրականացնել երեք որմանկարներ․ «Յակոբին կռիւը հրեշտակին հետ» lutte de Jacob avec l'ange։ Անոնց վրայ պիտի աշխատի մինչեւ 1861։ Առժամեայ, կը տեղափոխուի եկեղեցուոյ մօտ։ Եկեղեցուոյ խոնաւութիւնը եւ աշխատանքի դժուար պայմանները առողջութիւնը կը քայքայեն։ Որմանկարներուն բացման, պետական անձերու բացակայութիւնը զգալի է։
-
Փարիզի «Saint-Sulpice» եկեղեցի – «Հրեշտակներուն գմբէթը»
-
Փարիզի «Saint-Sulpice» եկեղեցիին երեք որմանկարներէն․ «Յակոբին կռիւը հրեշտակին հետ»
-
Փարիզի «Saint-Sulpice» եկեղեցիին երեք որմանկարներէն․ «Սուրբ Միքայէլ վիշապը կը տապալէ» Saint Michel terrassant le dragon
-
Փարիզի «Saint-Sulpice» եկեղեցիին երեք որմանկարներէն․ «Հէլիոտորան տաճառէն կը վռնտուի» Héliodore chassé du temple
Այդ ժամանակաշրջանին, նկարներու պատուէրները անհատներու կողմէ տկար է, ուրեմն Տելաքրուային ասպարէզը կախեալ է պետական պատուէրներէն։ Այդ իսկ պատճառով կը յաճախէ քաղաքական շրջանակները, անկախ եթէ կ՛ախորժի թէ ոչ, ապրուստի ապահովման համար․ ինչ որ զայն կը տառապեցնէ։ 1851 Փարիզի քաղաքապետութեան խորհուրդին անդամ կ՛ընտրուի․ կը պահէ այս պաշտօնը մինչեւ 1861 ։ Լրատուողական միջոցներուն, արուեստի պարբերաթերթերուն մէջ եւ քանի մը արուեստի քննադատողներուն մօտ յենարան կը գտնէ։ Օրինակ՝ Պոտըլէր, Ատոլֆ Թիեռ, Թէօֆիլ Կօթիէ եւ ուրիշ։
Տարիներու ընթացքին որմանկարելը՝ ոտքի, սանդուխներու վրայ, կը վատթարացնեն առողջութիւնը։ Նկարչութեան ասպարէզէն կը քաշուի եւ Օգոստոս 13, 1863 թուականին կը մահանայ։
[9][10][11][12][13][14][15] [16][17][18][19][20][21][22][23][24][25][26]
Տելաքրուան եւ լուսանկարչութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1850 թուականէն ետք, Տելաքրուան լուսանկարչութեամբ կը հետաքրքրուի։ «Արեւագրական Ընկերութեան» հիմնադիրներէն է։ Կ՛աշխատի ապակիի վրայ տպագրութեամբ արուեստով՝ Cliché-verre։ 1854 Էօժէն Տիւռօ լուսանկարիչին կը պատուիրէ մերկ բնորդներու լուսանկարներու շարք մը։ Կ՛ուսումնասիրէ մարդակազմութիւնը։
Այս փորձառութիւնը, զայն կը թոյլատրէ իրականացնել շարք մը գծագրութիւններ եւ լուսանկարչութեան արուեստը կ՛օգտագործէ իր նկարներուն մէջ։ Անոնք կը ցուցադրուին 1855 Համաշխարհային Ցուցահանդէսին, ուր կը յաղթէ։ Զայն կը ներկայացեն իբրեւ անձը, որ գիտէ դասականէն անդին անցնիլ եւ վերանորոգել նկարչութիւնը։
Նոյեմբեր 14, 1855 Համաշխարհային Ցուցահանդէսէն կը պարգեւատրուի ոսկիայ մետալով։
-
Տելաքրուա․ «Ծառան» Odalisque 1857
-
Տիւռօ՝ Մերկութեան ուսումնասիրութիւն Տելաքրուային համար, 1855
-
Տելաքրուայի գործերը 1855 Համաշխարհային Ցուցահանդէսին Accrochage d'Eugène Delacroix
Պատիւներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Յետ մահու, յուշարձանի կառուցում Լիւքսեմպուրկի պարտէզին մէջ jardin du Luxembourg․ գործ՝ Ժիւլ Տալու Jules Dalou
- Տելաքրուային շատ գործեր հանրային իրերու ծառայեցին․ 1980-ական թուականներուն, ֆրանսական դրոշմաթուղթերու շարք մը կը հրատարակուի, ուր կը ներկայացուին «Ազատութիւնը ժողովուրդը կ՛առաջնորդէ» նկարէն մանրամասնութիւններ։
- 20-րդ դարու վերջաւորութեան, 100 ֆրանքի թղթադրամը կ՛ոգեկոչէ Տելաքրուան եւ «Ազատութիւնը ժողովուրդը կ՛առաջնորդէ» նկարը․ աշխարհի մէջ միակ թղթադրամն է ուր մերկ կուրծքերով կին մը կը ներկայացուի։ Այս պատճառով, վերոնշեալ թղթադրամը, իսլամական երկիրներուն մէջ անկարելի էր որ շրջի։
- Թիւ 10310 պզտիկ մոլորակին անոր անունը կը տրուի՝ Տելաքրուա (10310) Delacroix։
Գործերուն նիւթերը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Տելաքրուային գործերուն մեծամասնութիւնը ներշնչուած է գրական, պատմական, կրօնական նիւթերէ։
-
Պատկերազարդում Վիքթոր Հիւկօ-ի «Արեւելքցիները» 1853-51
-
«Աւետումը» Annonciation, 1841
-
«Կոյսին դաստիարակութիւնը» L'Education de la Vierge, 1842
Գրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գրական գործեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Les Dangers de la cour, suivi de Alfred et Victoria, Փարիզ, Ֆլամառիոն, 2018, 215 էջեր. (ISBN 978-2-08-142188-2, notice BnF no FRBNF45442398)
Քննադատութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Études esthétiques (1829-1863)
Journal թերթը - նամակագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1822 ․-1824 եւ 1847-1863 կը գործէ Տելաքրուայի գրական գլուխ գործոց՝ «Journal» թերթը։ Հոն, ան օրը օրին կ՛արջանագրէ (կը նօթագրէ) նկարչութեան, բանաստեղծութեան եւ կամ երաժշտութեան շուրջ իր մտածումները․ ըլլայ ատիկա Փարիզի կեանքէն, ըլլայ 19-րդ դարու կէսի քաղաքական կեանքէն։
Արձանագրութիւնները կ՛ընդգրկեն հարուստ նամակագրութիւն, յատկապէս իր «վէճերը» Ժոռժ Սանտին George Sand հետ, որուն հետ խորունկ սէր-բարեկամութեամբ կապուած էր։ Նոյնպէս, արուեստի շուրջ հանդիպումները Շոփէնին, Շապռիէի, Տիւմայի, Կեռիքօի, Ինկրեսի եւ կամ Ռոսինիի հետ։ Ամենօրիայ վկայութիւն մըն են՝ նկարիչին կեանքին, մտահոգութիւններուն, գործերուն յառաջդիմութեան, մելամաղձութեան եւ հիւանդութեան հոլովոյթին, որ մի՛այն կը վստահի իր տան պատասխանատուին՝ Ճենի։
- Տելաքրուան երբեք չամուսնացաւ։ Տարիներու ընթացքին տան պատասխանատուին հետ կը հաստատուի «զոյգի» կապ մը, մէկը միւսին պաշտպան հանդիսանալով։ Մահէն ետք, անոր՝ Ճենիին, կը ձգէ 50,000 ֆրանք եւ անձնական առարկաներ։
Նաեւ, Տելաքրուան ձգած է Գեղարուեստի Բառարանի Dictionnaire des Beaux-Arts նախագիծ մը։ Հաւաքուած եւ հրատարակուած է Anne Larue-ի կողմէ․ ֆրանսական Արուեստի պատմաբան։
«Տելաքրուային ի պատիւ»
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Տելաքրուային ի պատիւ» նկարը Հանրի Ֆանթեն-Լաթուր Henri Fantin-Latour նկարիչին գործն է, ի պատիւ Տելաքրուային։ Նկարիչը, Տելաքրոային յուղարկաւորութեան ընթացքին, թաղման թափօրէն մեծապէս ազդուած, կ՛որոշէ հանրութեան պարգեւել անոր ի պատիւ նկար մը, ուր պիտի ներկայացուին արուեստի ու գրական բնագաւառէն տասը անձնաւորութիւններ որոնք արտայայտած են իրենց հիացումը Տելաքրուային հանդէպ։ Նկարին մէջ անոնք խմբուած են Տելաքրուային ինքնակենդանագիրին առջեւ։[33]
Գծանկարներ, վիմագրութիւններ եւ փորագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ըստ Ալֆրետ Ռոպօի Տելաքրուան ձգած է 24 վիմագրութիւններ եւ փորագրութիւններ։ Օրինակ՝
«12 հնադարեան շքադրամներ», «Անապատին մէջ քնացած վագրը», «Համլէթ եւ Հոռաս գերեզմանափորին առջեւ», «Ալճերիոյ հրէուհին եւ Ալճերիոյ փողոց մը»․․․։[34]
-
«Ալճերիոյ կիներ» Femmes d'Alger․ գծանկար
-
«Ֆրետերիք Շոփէն» Frédéric Chopin․ գծանկար
-
«Երկնցած վագր» Tigre menteur․ գծանկար
-
Կէօթէին Ֆաուստը
Յետահայեաց
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]2018 Մարտ 29 մինչեւ 23 Յուլիս, Լուվրի թանգարանին մէջ տեղի կ՛ունենայ Տելաքրուայի 180 գործերուն ցուցահանդէսը։ Կ՛ այցելեն 540․000 հոգի։
Սինեմա եւ Հեռատեսիլ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Տելաքրուա, արեւելքէն՝ արեւմուտք» Delacroix, d'orient et d'occident – 90 վայրկեանի վաւերային ժապաւէն․ Ֆրանս Պուայէ Frans Boyer Տելաքրուային դերին մէջ։
«Տանթէին նաւակը» յայտնապէս նշուած է Լարս Վոն Թրիէրի Lars von Trier «The House that Jack Built» ժապաւէնին վերջին բաժնին մէջ, ուր կը պատկերացնէ գլխաւոր դերալատարին դժոխք մտնելը։
Տելաքրուայի գլխաւոր նկարներու պատկերասրահ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]-
«Ազատութիւնը ժողովուրդը կ՛առաջնորդէ»
-
«Ալճերիոյ կիներ, իրենց բնակարանին մէջ»
-
«Յունաստանը Մեսոլոկիին աւերակներուն տակ» La Grèce sur les ruines de Missolonghi - Յունաստանի Ազատագրութեան կռիւներ
-
«Սարտանափալին մահը»․ ներշնչուած Լորտ Պայրոնի բանաստեղծութենէն
-
«Կիաւուրին եւ Հասանին կռիւը» Combat du Giaour et Hassan
-
«Թանժերի մոլեռանդները» Fanatiques de Tanger
-
«Մարոքին Սուլթանը» Le Sultan du Maroc
-
«Պահակագունդը» Corps de garde marocain
-
«Նանսի ճակատամարտը» La Bataille de Nancy, 1938
-
«Համլէթ եւ Հոռասը գերեզմանատան մէջ» Hamlet et Horatio au cimetière, 1835
-
«Մէտէ» «Մէտէ» Médée
-
«Կոստանտնուպոլսոյ գրաւումը խաչակիրներէն»
-
Փարիզի Saint-Denys-du-Saint-Sacrement որմանկար՝ Pietà
-
«Յոյն հեծեալ մարտիկ» Combattant grec à cheval
-
«Ձիերը ծովէն դուրս կ՛ելլեն» Chevaux sortant de la mer
-
Ժորժ Սանտ․ դիմանկար, 1838
-
«Արաբական ձիեր կը կռուին ախոռին մէջ»
-
Մարքուս Աուրիլիուս Կայսրին վերջին խօսքերը, 1844
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Տելաքրուա, Վիպապաշտութեան Իշխանը ․ DELACROIX The Prince of Romanticism, Gilles Neret, TASCHEN հրատարակութիւն, 2004թ․
Տես նաեւ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
- ↑ 2,0 2,1 2,2 2,3 2,4 Eugène Delacroix
- ↑ 3,0 3,1 Ferdinand Victor Eugène Delacroix — ministère de la Culture.
- ↑ 4,0 4,1 4,2 L'Humanité, l'humanité, لومانيتي — RF: 1998. — ISSN 0242-6870; 2496-8617
- ↑ 5,0 5,1 5,2 5,3 5,4 5,5 5,6 5,7 RKDartists
- ↑ 6,0 6,1 Արուեստ, Էօժէն Տելաքռուա (անգլերէն)
- ↑ 7,0 7,1 «Լուվրի թանգարան – Ցուցադրութիւն - Տելաքռուա, 29/3/2018 – 23/7/2018(ֆր.)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-08-03-ին։ արտագրուած է՝ 2020-06-03
- ↑ Տելաքռուա Էօժէն, Մարոք ճամբորդութիւնը(ֆր.)
- ↑ 9,0 9,1 Ֆրանսայի Ազգային Խորհրդարան․ Տելաքռուային մահուան 150-ամեակին առթիւ․ «Տելաքրուա, համառօտ կենսագրականը եւ գործերը» 13-10-2013(ֆր.)
- ↑ Յիշատակներ Մարոքի ճամբորդութենէն 1999թ․,Martial Guédron(ֆր.)
- ↑ Ջրաներկը վիպապաշտներուն ձեռքը․ 25-3-2013, «Տելաքրուա, ճամբորդող նկարիչը»(ֆր.)
- ↑ Տելաքրուա․ դիտուած Թէոֆիլ Կօթյէին աչքով, հրատ․ 2011թ․(ֆր.)
- ↑ Տելաքրուան հասկնալու համար (ֆր.)
- ↑ Պէ՞տք է արդեօք հարցականի դնել Տելաքրուային ծնունդը Faut-il remettre en cause la naissance d'Eugène DELACROIX ?, A. CAMELI N, 28-1-1978(ֆր.)
- ↑ «Տիկին Ժօպեռին յիշատակները», էջ՝ 323, Caroline Jaubert ,5-րդ դպագրութիւն (ֆր.)
- ↑ Տելաքրուան, որո՞ւն զաւակն էր․․, հատոր 92, էջ 308-309, 1929թ․(ֆր.)
- ↑ «Էօժէն Տելաքռուանին նամակագրութիւնը - Նամակ՝ Ֆիլիփ-Էօժէն Տելաքրուային, 28-12-1861(ֆր.)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-06-03-ին։ արտագրուած է՝ 2020-06-03
- ↑ Տելաքրուա, նկարիչ, փորագրիչ, գրագէտ - H. Floury, 1926, էջ՝ 31(ֆր.)
- ↑ Մարոքի Հրէական հարսանիք(ֆր.)
- ↑ Մոկատորի հրիայ երաժիշտները(ֆր.)
- ↑ Արաբական հարկին գանձումը եւ կամ՝ Արաբական կռիւ լեռներուն վրայ(ֆր.)
- ↑ «Արաբական հարկին գանձումը» նկար(ֆր.)
- ↑ «12 հնադարեան շքադրամներ, Լուվրի թանգարան(ֆր.)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-06-03-ին։ արտագրուած է՝ 2020-06-03
- ↑ «Անապատին մէջ քնացած վագրը, Լուվրի թանգարան(ֆր.)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-06-03-ին։ արտագրուած է՝ 2020-06-03
- ↑ Համլէթ եւ Հոռաս գերեզմանափորին առջեւ, Փարիզի թանգարան(ֆր.)
- ↑ «Ալճերիոյ հրէուհին եւ Ալճերիոյ փողոց մը, Էօժէն Տելաքրուա թանգարան(ֆր.)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-06-03-ին։ արտագրուած է՝ 2020-06-03
- ↑ Տելաքրուա եւ լուսանկարչութիւնը, Տելաքրուա ազգային թանգարան - Dossier de presse
- ↑ Տելաքրուա․ Le Journal թերթը(ֆր.)
- ↑ Պատմութեան եւ Արուեստի ազգային Հիմնարկ - Թուային գրադարանի հաւաքածոյ – Էօժէն Տելաքրուայի թերթ եւ նամակագրութիւն, արխիւներ(ֆր.)
- ↑ Ֆրասական դպրոցի արուեստագէտներու Ընդհանուր բառարան
- ↑ Տելաքրուա․ Գրական գործեր
- ↑ «Էօժէն Տելաքրուանին նամակագրութիւնը - Նամակ՝ Ֆիլիփ-Էօժէն Տելաքրուային, 28-12-1861(ֆր.)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-06-03-ին։ արտագրուած է՝ 2020-06-03
- ↑ Տալաքրուա թանգարան - «Տելաքրուային ի պատիւ»(ֆր.)
- ↑ Տելաքրուա, նկարիչ, փորագրիչ, գրագէտ - H. Floury, 1926, էջ՝ 31(ֆր.)
- ↑ l'express - Տելաքրուայի ի պատիւ ցուցահանդէսը Լուվրը․ ամենաշատ այցելուներով ցուցահանդէսը(ֆր.)
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- էօժէն Տելաքրուա ազգային թանգարան(ֆր.)
- Թալէյռան(ֆր.)
- Տելաքրուային ճամբորդութիւնը հիւսիսային Ափրիկէ(ֆր.)
- Վոլթեռ(ֆր.)
- Ռասին(ֆր.)
- Քոռնէյ(ֆր.)
- Վիռժիլ(ֆր.)
- Հոռաս(ֆր.)
- Կիյմառտէ(ֆր.)
- Ֆրանսայի Արեւագրական Ընկերութիւն(ֆր.)
- Փարիզի Համաշխարհային Ցուցահանդէսը, 1855 թ․(ֆր.)
- «Յակոբին կռիւը հրեշտակին հետ»(ֆր.)
- 10310 Տելաքրուա(ֆր.)
- Ժոռժ Սանտ(ֆր.)