Երաժշտութիւն

Երաժշտութիւն (յունարէն՝ μουσική, ենթակայ յունարէն՝ μούσα - մուզա բառէն), արուեստի տեսակ, որու գեղարուեստական նիւթը համակարգուած ձայնն է։ Երաժշտութիւնը յառաջացած է Փալիոլիթի (հնաքարի) մէջ։

Դաւիթը եւ իր տաւիղը, նկարչութիւն, Փարիզի Սաղմոսաց գիրք, 960, Կոստանդնուպոլիս

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կ'ենթադրուի, որ ժամանակակից մարդը ի յայտ եկած է Ափրիկէի մէջ՝ շուրջ 160.000 տարի առաջ։ Շուրջ 50.000 տարի առաջ մարդիկ բնակութիւն հաստատած են բոլոր ցամաքամասերուն մէջ։ Քանի որ աշխարհի բոլոր բնակիչները, որոնցմէ նաեւ՝ առաւել մեկուսացած ցեղախումբերը, ունին երաժշտութեան որոշակի տեսակներ, պատմաբանները եկած են այն եզրակացութեան, որ երաժշտութիւնը յառաջացած է Ափրիկէի առաջին բնակիչներուն մօտ ասկէ 50.000 տարի առաջ եւ անկէ ետք տարածուած է աշխարհով մէկ:[1]

Բանաւոր երաժշտական աւանդոյթը կ'անուանեն նախնադարեան կամ պարզունակ։ Անոր իբրեւ օրինակ կը ծառայեն ամերիկեան ու աւստրալիական բնիկներու երաժշտութիւնը։ Երաժշտութեան նախնադարեան փուլը վերջ կը գտնէ, երբ մարդիկ կը սկսին գրառել երաժշտական ստեղծագործութիւնները։ Ամենահին յայտնի երգը, որ գրառուած է սեպագիր տախտակի մը վրայ եւ յայտնաբերուած է Նիպուրի պեղումներու ատեն, 40.000 տարեկան է։

Ֆլէյտան՝ սրինգը, գիտնականներու կողմէ գրանցուած ամենահին երաժշտական գործիքն է։

Երաժշտութիւնը արուեստի տեսակ է, որու հիմքը կը կազմեն ձայնն ու լռութիւնը։ Երաժշտութեան ընդհանուր տարրերն են՝ բարձրութիւնը, յանգը, ուժականութիւնը եւ թեմպրի եւ կառուցուածքի երաժշտական յատկանիշները։

Երաժշտութեան ստեղծումը, կատարումը, նշանակութիւնը եւ նոյնիսկ սահմանումը կը փոխուին՝ մշակոյթէն եւ ընկերային պարունակէն մեկնելով։ Երաժշտութիւնը ունի շարք մը ձեւեր՝ յանկարծաստեղծ երաժշտութենէն մինչեւ «aleatoric» ձեւեր։ Երաժշտութիւնը կը բաժնուի ժանրերու եւ ենթաժանրերու, հակառակ որ բաժնուած ճիւղերն ու անոնց միջեւ առկայ փոխյարաբերութիւնները յաճախ ճկուն են եւ երբեմն ալ կախեալ են անձնական մեկնաբանութիւններէ։

Երաժշտութիւնը կը համարուի կատարողական, գեղարուեստական եւ լսողական արուեստ: Կարելի է նաեւ առանձնացնել արդի երաժշտութիւնը եւ «folk» երաժշտութիւնը։ Սերտ կապ մը առկայ է երաժշտութեան եւ թուաբանութեան միջեւ։ Երաժշտութիւնը կրնանք կատարել եւ ունկնդրել։ Անիկա կրնայ թատերական գործի կամ ֆիլմի մը մաս կազմել, կամ կրնայ ձայնագրուիլ։

Ճոն Քէյճ (Ամերիկացի երաժշտահան)

Տարբեր մշակոյթներ կրողներու համար երաժշտութիւնը ապրելակերպի կարեւոր միջոց է։ Հին յոյն եւ հնդիկ փիլիսոոփաները երաժշտութիւնը կը սահմանեն որպէս հնչերանգներ, ուր մեղեդիները դասաւորուած են հորիզոնական ձեւով, իսկ հարմոնները՝ ուղղահայեաց ձեւով։ Այնուամենայնիւ, Ի.դարու երաժիշտ-ստեղծագործող Ճոն Քէյճ կը կարծէր, որ որեւէ հնչիւն մը կրնայ երաժշտութիւն ըլլալ։ Երաժշտագէտ Ժան Ժաք Նաթյէզ կ'ամփոփէ յարաբերական, հին տեսակէտ մը. «Երաժշտութեան եւ աղմուկի միջեւ եղած սահմանը միշտ մշակութային սահմանում ունի. նոյնիսկ միեւնոյն հասարակութեան մէջ այդ սահմանը միեւնոյն տեղէն չ՛անցնիր:

Ժան Ժագ Նաթյէզ (Ֆրանսացի երաժշտագէտ)

Մէկ խօսքով, հազուադէպ է համաձայնութիւնը /այս հարցին մէջ/: Բոլոր հաշուարկներով, չկայ որեւէ միջ-մշակութային եւ միեւնոյն համընդհանուր գաղափար՝ ըստ որուն կը տրուի երաժշտութեան մասին սահմանումը»:

Նախապատմական Շրջան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

ՏԻվյէ Պապէ սրինգը, որ յայտնաբերուած է Սլովենիոյ մէջ, 1995-ին:

Նախապատմական երաժշտութիւնը տեսականօրէն կրնայ բացատրուիլ ըստ փալիոլիթի հնագիտական կայքերէն վերցուած բացայայտումներով։ Ֆլէյտաները՝ սրինգները, յաճախ կը յայտնաբերուին փորագրուած ոսկորներէ, որոնց վրայ լայն անցքեր կան։ Տիվյէ Պապէ սրինգը, որ փորագրուած քարանձաւաբնակ արջի ազդրոսկրէ է, մօտաւորապէս 40.000 տարեկան է։ Հնդկաստանը այն երկիրներէն է, որ ունի հին երաժշտական մշակոյթ։ Ամենահին եւ ամենամեծ նախապատմական երաժշտական գործիքներու հաւաքածոն յայտնաբերուած է Չինաստանի մէջ (Ք.Ա. 7000-6600 թթ.)։ Ամենահին երգը, որ յայտնաբերուած է կաւէ ցուցանակներու վրայ, գրուած է մօտաւորապէս Ք.Ա. 1400-ին։

Հին Եգիպտոս[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Եգիպտական երաժշտական գործիքներու մասին ամենահին նիւթերը եւ ներկայացուցչական փաստերը նախափարաւոնական ժամանակաշրջանին կը վերագրուին, սակայն աւելի ստոյգ փաստերը հաստատուած են հին թագաւորութենէն, ուր տաւիղ, երկակի եւ երկակի աւագասրինգ կը նուագէին։ Եգիպտական folk երաժշտութիւնը, ներառեալ աւանդական «Սուֆի տհիրք» ծիսակատարութիւնները, հին եգիպտական երաժշտութեան ամենամօտ ժամանակակից երաժշտութիւններն են։

Ասիական մշակոյթ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հնդկական դասական երաժշտութիւնը աշխարհի ամենահին երաժշտական աւանդոյթներէն մէկն է։ «Հարապա»յի եւ «Մոհենիօ Դարո»յի լարային եւ հարուածային գործիքներու տարբեր տեսակներ վերականգնուած են «Սըր Մորդիմըր Հիլըր»ի կատարած պեղումներուն շնորհիւ։ «Ռիգվեդա»ն կը պարունակէ ժամանակակից հնդկական երաժշտութեան տարրեր։ Հնդկական դասական երաժշտութիւնը՝ «մարկա»ն, միահնչիւն երաժշտութիւն է, եւ անոր հիմքին մէջ կայ միեւնոյն մեղեդային գիծը։ Ասիական երաժշտութեան մէջ կը մտնեն արաբական, կեդրոնական ասիական, արեւելեան ասիական, հարաւային ասիական եւ հարաւ-արեւելեան ասիական երկիրներու երաժշտութիւնները։

Աստուածաշնչեան յիշատակութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երաժշտութեան եւ թատրոնի գիտնականները, որոնք ուսումնասիրութիւններ կ'ընեն Սեմական եւ վաղ հրեայ - քրիստոնէական պատմութեան եւ մարդաբանութեան վերաբերեալ, ընդհանուր կապեր յայտնաբերած են թատերական եւ երաժշտական գործունէութիւններուն մէջ, եբրայեցիներու, յոյներու եւ հռոմէացիներու դասական մշակոյթներուն միջեւ։ Կատարման ընդհանուր մասը բացայայտուած է «ընկերային երեւոյթ՝ լիթանիումին մէջ»(աղօթք, որ կազմուած է աղաչանքներու ու պաղատանքներու շարքէն)։

Հին Շրջան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արեւմտեան մշակոյթները հսկայ ազդեցութիւն ունեցած են երաժշտութեան զարգացման վրայ։ Արեւմտեան մշակոյթներու երաժշտական պատմութիւնը կ'երկարի մինչեւ հին յունական ժամանակաշրջանը։

Հին Յունաստան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հին Յունաստանի մէջ երաժշտութիւնը կը համարուէր ընկերային-մշակութային կեանքի կարեւոր մէկ մասը։ Երաժիշտներն ու երգիչները ականաւոր դեր կը կատարէին յունական թատրոնին մէջ։ Երկսեռ երգչախումբերը կատարումներ կ'ունենային ժամանցային, տօնական եւ հոգեւոր արարողութիւններու ատեն։ Երաժշտական գործիքներէն առկայ էին երկեղէգնեայ փողերը եւ լարային գործիքները, քնարը, կիթառը: Երաժշտութիւնը կրթութեան կարեւոր մաս կը կազմէր. տղաներուն կու տային երաժշտական կրթութիւն 6 տարեկանէն սկսեալ։

Երաժշտութեան ուսուցիչ եւ աշակերտ

Յունական երաժշտական տեսութիւնը կը ներառէր յունական երաժշտական ոճեր, որոնք աստիճանաբար հիմք կը դառնան արեւմտեան կրօնական եւ դասական երաժշտութեան համար։ Հետագային [Հռոմէական Կայսրութենէն]], Արեւելեան Եւրոպայէն եւ Բիւզանդական Կայսրութենէն եկած ազդեցութիւնները կը փոխեն յունական երաժշտութիւնը։ Ամենահին օրինակը, որ պահպանուած է որպէս ամբողջական երաժշտական ստեղծագործութիւն, Սեիքիլոսի տապանագիրն է։ Անիկա ձայնանիշներ կը ներառէ աշխարհի տարբեր մասերէ։

Միջին դարեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Միջնադարեան ժամանակաշրջանը կը սկսի Ռոման-կաթողիկէ եկեղեցւոյ ծէսերու երգերով։ Այդ ժամանակ Արեւմտեան երաժշտութիւնը կը դառնայ արուեստի ճիւղ՝ երաժշտական ձայնանիշներով։ Միակ Եւրոպական միջնադարեան երգացանկը, որ պահպանուած է, ռոման-կաթողիկէ եկեղեցւոյ միահնչիւն պաշտամունքային միաձայն երգերունն է։

Վերածնունդի ժամանակաշրջան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վերածնունդի ժամանակաշրջանի երաժշտութիւնը (1400-1600) աւելի շատ կեդրոնացած էր աշխարհիկ թեմաներու վրայ։ 1450-ականներուն կը յայտնագործուի տպագիր մամուլը, եւ ատիկա կ'օգնէ երաժշտական ճիւղերու արագ տարածման։ Այսպիսով, երաժշտութիւնը կը սկսի աստիճանաբար կարեւոր դեր խաղալ առօրեայ կեանքին մէջ։ Երաժիշտները կ'աշխատէին եկեղեցիներու, դատարաններու եւ քաղաքներու մէջ։ Եկեղեցական քառեակներուն թիւը կ'աճէր, իսկ եկեղեցին կը մնար երաժշտութեան կարեւոր հովանաւորը։ Ժե. դարու կէսերուն երաժիշտները կը ստեղծագործէին բազմահնչիւն հոգեւոր երաժշտութիւն։ Այս ժամանակաշրջանի ականաւոր երաժիշտներէն էին Ճիովաննի Փիեռլուճի տը Փալեսդրինան, Թոմաս Մոռլէյը եւ Օրլանտ տը Լասուսը։ Շատ կարեւոր ստեղծագործողներ, զորս կը կոչէին «ֆրանքո-ֆլամանտական» ստեղծագործողներ, կը սերէին Հոլանտայէն, Պելճիքայէն եւ հիւսիսային Ֆրանսայէն: Անոնք կարեւոր դեր կը խաղային ամբողջ Եւրոպայի եւ յատկապէս՝ Իտալիոյ մէջ։

Պարոքքոյի ժամանակաշրջան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պարոքքոյի ժամանակաշրջանը կը սկսի 1600-1750 թուականներուն եւ կը տարածուի ամբողջ Եւրոպայով մէկ։ Այս ժամանակաշրջանին երաժշտութիւնը կը սկսի ընդլայնիլ։ Պարրոքոյի երաժշտութեան ժամանակաշրջանը կը սկսի, երբ կը գրուին առաջին օփերաները եւ երբ ձայնակարգային երաժշտութիւնը կը դառնայ լայնատարած։ Գերմանական Պարրոքօ երաժշտութեան ստեղծագործողները երաժշտութիւն կը գրէին փոքր համոյթներու համար՝ ներառեալ լարային, փողային եւ հովային գործիքներ, ինչպէս նաեւ երգչախումբեր, սրինգներ, տաւիղ եւ տաւղալար։ Այս ընթացքին քանի մը մեծ երաժշտական ձեւեր կը սահմանուին, որոնք հետագային կ'ընդլայնին։ Ուշ պարոքքոյի ոճը բազմահնչիւնային համալիր էր եւ հարուստ էր մեղեդիներով։ Պարոքքոյի ժամանակաշրջանի ստեղծագործութիւններէն էին Սեբաստիան Պախը, Ճորճ Ֆրետերիք Հենտըլը եւ Ճորճ Ֆիլիփ Թելեմանը։

Դասական ժամանակաշրջան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ու.Ա. ՄոցարտՍիմֆոնի 40 կ մոլ

Դասական ժամանակաշրջանի երաժշտութիւնը (1750-1830) ունի աւելի թեթեւ, մաքուր եւ զգալիօրէն աւելի պարզ կառուցուածք, եւ gu հակի ըլլալու ձայնային եւ երգեցիկ։ Այս ընթացքին ի յայտ կու գան նոր ժանրեր։ Հիմնական ոճը «հոմոֆոնիք» էր, ուր հիմնական մեղեդին եւ նուագակցութիւնը յստակօրէն կը տարբերէին։ Կարեւորութիւն կը տրուէր գործիքային երաժշտութեան։ Այս ժամանակաշրջանի երաժշտութեան հիմքին մէջ Պարրոքոյի ժամանակաշրջանի ձեւերն էին, որոնք աւելի կ'ընդլայնէին (sonata, concerto եւ symphony)։ Միւս հիմնական ձեւերն էին Trio-ն, լարային քառեակները, serenade-ները եւ divertisment-ը ։ Ամենակարեւոր եւ զարգացող ձեւը sonat-ն էր։ Հակառակ անոր որ պարրոքոյի ժամանակաշրջանի ստեղծագործողները նոյնպէս կը գրէին sonat-ներ, սակայն դասական sonat-ները ամբողջովին տարբեր էին։ Դասական շրջանի գործիքային բոլոր ձեւերու հիմքը կը կազմէր sonat-ի տրամաթիքական կառուցուածքը։ Դասական շրջանին կատարուած ամենակարեւոր յեղափոխական քայլերէն մէկը հասարակական ելոյթներու կատարելագործումն էր։ Ազնուականութիւնը կարեւոր դեր կը խաղար երաժշտական կեանքի հովանաւորութեան մէջ, սակայն երաժշտահանները արդէն կրնային գոյատեւել առանց անոր վարձակալութեան։ Աճող հանրաճանաչութիւնը կը հանգի նուագախումբերու թիւերու բազմացման։ Դասական շրջանի յայտնի երաժշտահաններէն են Քարլ Ֆիլիփ Էմմանուէլ Պախը, Քրիստոֆ Ուիլիպըլդ Կլաքը, Եոհան Քրիստիան Պախը, Ճոզըֆ Հայտընը, Ուոլֆկանգ Ամատէոս Մոցարտը, Լիւտվիկ Վան Պեթհովընը եւ Ֆրանզ Շիւպըրթը։

Ռոմանթիզմ (Վիպապաշտութիւն)[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

ՈւակնըրDie Walküre

Ռոմանթիք (Վիպապաշտ) երաժշտութիւնը (1810-1900) դասական շրջանի խիստ ոճերը եւ ձեւերը կը վերափոխէր աւելի կրքոտ եւ արտայայտիչ կտորներու։ Անիկա կը փորձէր ծաւալել յուզական արտայայտութիւնը եւ ուժգնութիւնը՝ նկարագրելու խոր ճշմարտութիւնը կամ մարդկային զգացումներ։ Այս շրջանին ստեղծագործութիւններուն գերիշխող նիւթը վիպապաշտ (ռոմանթիք) սէրն էր։ Որոշ դէպքերու մէջ դասական շրջանի ձեւական կառուցուածքները պահպանուած են, սակայն որոշ առկայ ժանրերու, ձեւերու եւ գործառոյթներու մէջ ձեւափոխուած են։ Ինչպէս նաեւ ստեղծուած են նոր ձեւեր։ Օփերան եւ թատերապարը կը շարունակէին զարգանալ։ 1800-ին երաժշտութիւնը կը զարգանայ Լիւտվիկ Վան Պեթհովէնի եւ Ֆրանզ Շիւպըրթի կողմէ՝ ներկայացնելով աւելի զգալի փոփոխութիւններ, արտայայտչական ոճով։ Պեթհովընի պարոքքային մոթիֆները կու գան փոխարինելու մեղեդիին՝ որպէս կարեւոր ստեղծագործական միաւոր։ Աւելի ուշ վիպապաշտ (ռոմանթիք) շրջանի երաժշտահաններ, որոնցմէ են Պյոտր Իլիչ Չայքովսքին, Անթոնին Դվորաքը եւ Կիւստավ Մահլերը կը կիրառեն աւելի մշակուած միաձայնութիւններ եւ աւելի մեծ անհամապատասխանութիւն՝զգալի փոփոխութիւններ լարուածութիւն ստեղծելու համար։ Անոնք կը ստեղծեն յաճախ բաւական երկար երաժշտական գործեր։ Վիպապաշտ շրջանին թօնայնութիւնը իր գագաթնակէտին կը հասնի։

Ի.-Իա. դարերու երաժշտութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ի. դարուն երաժշտութեան ունկնդիրներու շրջանակը կ'ընդլայնի, քանի որ ձայնասփիւռը շատ կը տարածուի, իսկ ձայնարկիչները կ'օգտագործուին երաժշտութիւն նուագելու եւ տարածելու նպատակով։ Արդ, երաժշտութեան հանդէպ ցուցաբերուած ուշադրութիւնը կը բացատրուի նոր ռիթմերու, ոճերու եւ ձայներու հետազօտութեամբ։ Ի. դարու երաժշտութեան ականաւոր գործիչներէն են Իկոր Ստրավինսկին, Առնոլտ Շունպերկը եւ Ճոն Քէյճը: Ձայնագրման գիւտը եւ երաժշտութեան խմբագրման հնարաւորութիւնը դասական երաժշտութեան նոր ենթաժանրերու բազմացման առիթ կը դառնան՝ ներառեալ «ագուսմաթիք» եւ Ելեկտրային ստեղծագործութեան երաժշտական որոշակի դպրոցներ։ Ի յայտ կու գայ «jazz»-ային երաժշտութիւնը, որ Ի. դարու կարեւոր երաժշտական ճիւղերէն մէկը կը դառնայ, իսկ Ի. դարու երկրորդ կէսին կը զարգանայ «rock» երաժշտութիւնը։ «Jazz»-ը ամերիկեան երաժշտական ձեւ է, որ կը ձեւաւորուի Ի. դարու սկիզբը ափրիկեան-ամերիկեան համայնքներուն մէջ՝ ափրիկեան եւ եւրոպական աւանդական երաժշտութիւններու միախառնումէն՝ Հարաւային Միացեալ Նահանգներուն մէջ։ Իր զարգացման սկիզբի շրջանէն մինչեւ օրս jazz-ը ներառած է Ի.- Իա. դարերու ամերիկեան նշանաւոր երաժշտութենէն տարրեր։«Jazz»-ը ի սկզբանէ սնած է շարք մը ենթաժանրեր՝ Նոր Օռլեանի Տիքսիլենտէն (1910-ականներ) մինչեւ 1970-ականներն ու 1980-ականներու «jazz rock fusion»-ը։ «Rock» երաժշտութիւնը նշանաւոր երաժշտութեան ժանր է, որ ձեւաւորուած է 1960-ականներուն ՝ 50-ականներու «rock and roll», «rockabilly», «blues» եւ «kantri» երաժշտութիւններէն։ «Rock»-ային ձայնը յաճախ կը կապուի ելեկտրական կիթառի կամ ագուսթիք կիթառի հետ։ Այստեղ կ'օգտագործուին ուժեղ «ենթապիթ»եր՝ ելեկտրական «պաս կիթառ»ի ռիթմային բաժինով եւ ստեղնաշարային գործիքներով (երգեհոն, դաշնամուր կամ համակարգիչներ)։ 1960-ականներու եւ 70-ականներու սկիզբը «rock» ժանրը կը ճիւղաւորուի տարբեր ենթաբաժիններու՝ «blues rock»-էն եւ «jazz rock fusion»-էն մինչեւ «progressive rock» եւ «rock»-ի փորձառական ժանրերու տարբեր տեսակներ։

Կատարում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կատարումը երաժշտութեան ֆիզիքական արտայայտումն է։ Կատարումը կրնայ ըլլալ կամ արդէն փորձուած կամ յանկարծակի։ Յանկարծաբանութիւնը երաժշտական գաղափար է, որ կը ստեղծուի առանց կանխամտածուածութեան, իսկ փորձուած գործը գաղափարի աշխուժ կրկնութիւնն է, մինչեւ կապի մը հասնիլը։ Երաժիշտները յաճախ յանկարծաբանութիւններ կ'ընեն արդէն փորձուած գաղափարին՝ իւրօրինակ կատարում ստանալու համար։ Շատ մշակոյթներ կատարման եւ մենակատարման յստակ աւանդական ձեւեր ունին, օրինակ հնդկական դասական երաժշտութիւնը կամ արեւմտեան երաժշտութեան աւանդոյթները։ Այլ մշակոյթներ, ինչպիսիք են Պալին, ունի խմբակային կատարումներու խիստ աւանդական ձեւեր։

«Կրին Տէյ»ի rock երաժշտութեան կատարում

Ունկնդրելու աւանդոյթ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երաժշտութեան բազմաթիւ տեսակներ, ինչպէս՝ աւանդական «blues»-ը եւ «folk» երաժշտութիւնը կը պահպանուէին կատարողներու յիշողութիւններուն մէջ, իսկ երգերը կը կատարուէին բանաւոր կերպով կամ լսողութեամբ։ Եթէ երաժշտութեան հեղինակը յայտնի չ'ըլլար, ապա անիկա կը համարուէր աւանդական երաժշտութիւն։ Մշակութային պատմութիւնը երգի միջոցով փոխանցուած է սերունդէ սերունդ։

Երաժշտական տեսութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երաժշտութեան տեսական կողմերը կ'ուսումնասիրէ երաժշտագիտութիւնը:

Երաժշտական տեսութիւնը կը պատասխանէ այն հարցին, թէ ինչ կանոններու կ'ենթարկուի երաժշտութիւնը, ինչ է անոր հիմքին մէջ եւ ինչ պէտք է սորվիլ, որպէսզի ոչ միայն մշակուած կատարուի երաժշտութիւնը, այլեւ՝ հասկնալի ըլլայ։ Երաժշտութեան վերլուծութեան ընթացքին կ'առանձնանան հետեւեալ հիմնական տարրերը՝ մեղեդի, Ներդաշնակագիտութիւն եւ կառուցուածք։ Կիրառական տեսութիւնը, հիմնուելով ուսումնասիրութիւններու վրայ, կը նպատակադրէ ստեղծել եւ կատարելագործել երաժշտութեան ուսուցման ձեւերը, որոնք թոյլ կու տան տիրապետելու կատարողական արուեստին, մարզելու երաժշտութեան ընկալումը։ Հիմնական հմտութիւնները կը համարուին «սոլֆեժիոն»՝ երաժշտութեան ընթերցումը թուղթէն, ձայնանիշներու գրառումը լսողութեամբ, լսողութեամբ վերլուծութիւնը եւ այլն, նուագախումբի համար գործիքաւորումը, յանկարծաբանութեան արուեստը եւ ստեղծագործումի սկզբնաւորումը։[2]

Երաժշտական հնչիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երաժշտութիւնը կը կազմուի երաժշտական հնչիւններէ։ Անոնք ունին յստակ բարձրութիւն (հիմնական թոնի բարձրութիւնը sub- contra octave-ի «Տօ» ձայնանիշէն մինչեւ հինգերորդ octave-ի «Ռէ» ձայնանիշը՝ 16-էն 4000-4500 Հց)։ Երաժշտական հնչիւնը որոշակի երկարութիւն ունի։ Անոր ֆիզիքական իւրայատկութիւնն այն է, որ ձայնային ճնշումը կը գոյանայ ժամանակի պարբերական գործընթացով։[3]

Երաժշտական հնչիւնները կը խմբաւորուին երաժշտական համակարգի մը մէջ։ Երաժշտութեան կառուցման հիմքը ձայնասանդխակն է։ Ուժեղ երանգները կ'ենթարկուին բարձրութիւններու սանդխակին։ Լայնօրէն տարածուած սանդխակին մէջ մօտիկ հնչիւնները 1:2 յարաբերակցութեան մէջ են (ութնակները կը վերաբերին քառորդներուն, քառորդները՝ կէսերուն եւ այլն)։

Երաժշտական Արտադրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երաժշտութիւնը կը ստեղծուի եւ կը կատարուի մեկնելով շարք մը նպատակներէ՝ գեղարուեստական հաճոյքէ, կրօնական կամ արարողական նպատակներէ մինչեւ ժամանցային արտադրանք՝ տուեալ շուկայի մը համար։ Սիրողական երաժիշտները կը ստեղծեն եւ կը կատարեն երաժշտութիւնը իրենց հաճոյքին համար եւ որեւէ օգուտ չունին երաժշտութեան։ Մասնագիտացած երաժիշտները կը վարձատրեն շարք մը կառոյցներ եւ կազմակերպութիւններ՝ ներառեալ զինուած ուժերը, եկեղեցիները, երաժշտական դպրոցները եւ այլն։ Մասնագիտացած երաժիշտները երբեմն կ'աշխատին անհատական՝ պայմանագիրեր եւ համաձայնագիրեր կնքելով ։ Երբեմն կապեր կը հաստատուին սիրողական եւ մասնագիտացած երաժիշտներու միջեւ։ Սկսնակ սիրողական երաժիշտները դասընթացքներու կը հետեւին մասնագիտացածներու քով։ Որոշ դէպքերու մէջ անոնք կրնան ձեռք բերել մասնագիտական կատարողականութիւն եւ կատարել մասնագիտացուած կերպով։ Տարբերութիւն կայ ձայնագրուած եւ ուղիղ կատարուող երաժշտութեան միջեւ, սակայն երբեմն ուղիղ կատարման համերգներու ատեն եւս կը հնչեցնեն ձայնագրուած տարբերակներ։

Երկաշարադրում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երկաշարադրումը երգի ստեղծագործումն ու ձայնագրումն է։ Բազմաթիւ մշակոյթներուն մէջ կը կիրարկուի երաժշտական նիւթը նախօրօք պատկերացնելէն ետք ստեղծագործութիւնը մատուցելու գաղափարը։ եթէ նոյնիսկ երկաշարադրումը ձայնանիշներով շատ յստակ գրուած է, ստեղծագործողը դեռ որոշ որոշումներ պէտք է ընդունի անոր վերաբերեալ։ Երաժշտութեան կատարման ձեւը կախեալ է կատարողէն. անիկա կրնայ փոխուիլ եւ կախեալ է, թէ ո՛վ կը կատարէ եւ ինչպէ՛ս կ'ընէ այդ մէկը։ Երաժշտական որոշ ճիղերու մէջ, ինչպէս «Jazz»ի կամ «Blues»ի մէջ, կատարողական ազատութիւն կը տրուի կատարողին։ Յանկարծաբանուած գործը յաճախ կ'ունենայ ոճական կամ ժանրային կարգեր։ Երկաշարադրում ըսելով միշտ չենք հասկնար ձայնանիշներու կիրարկում կամ անհատի մը բացառիկ երաժշտահան ըլլալը։ Երաժշտութիւնը կրնայ նկարագրուիլ նաեւ որպէս երաժշտական ձայներ ստեղծելու գործընթաց մը։ Նմանատիպ օրինակ է համակարգչային ծրագիրը, որ կ'ընտրէ ձայները։ Հազուագիւտ տարրեր պարունակող երաժշտութիւնը կը կոչուի «Aleatoric» եւ յաճախ կը կապուի Ճոն Քէյճի, Մորթըն Ֆելտմանի կամ Լիւթոսլավսքիի անուններուն հետ։

Նշանագրում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նշանագրութիւնը նշաններով երաժշտութեան ձայնանիշներու եւ յանգերու թուղթի վրայ գրուած տարբերակն է։ Երաժշտութիւնը թուղթին վրայ գրուելէն ետք կը նշանագրուին երաժշտութեան յանգերն ու ձայնային բարձրութիւնները՝ ներառելով նաեւ երգը կատարելու ցուցմունքներ։ Նշանագրումը ճիշդ կարդալու ուսումնասիրութիւնը կը ներառէ երաժշտական տեսութիւն, հարմոնիա (ներդաշնակ յօդաւորութիւն), կատարողական փորձի ուսումնասիրութիւն եւ որոշ դէպքերու մէջ ալ կատարողականութեան պատմական ձեւերու հասկացողութիւն։ Արեւմտեան երաժշտութեան գրաւոր նշումներու ամենաընդունուած տարբերակներն են նշանները։ Նշանաւոր երաժշտութեան, «Jazz»ի եւ «Blues»ի մէջ հիմնաչափ երաժշտական նշանագրումը կը կատարուի թուղթի վրայ, որ ունի լարանման տողեր, եւ որու վրայ կը նշանագրեն մեղեդին, accord-ները, երգի բառերը եւ երաժշտութեան կառուցուածքը. նշանաւոր երաժշտութեան եւ «Jazz»ի մէջ նոյնպէս կը կիրարկուին նշաններ եւ հատուածներ։

Յանկարծաբանութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երաժշտական յանկարծաբանութիւնը ինքնամատոյց երաժշտութեան ստեղծումն է։ Յանկարծաբանութիւնը երբեմն կը համարուի կատարողներու կողմէն երաժշտութեան ակնթարթային յօրինում, ուր հնարները կը կիրարկուին առանց նախօրօք պատրաստուելու կամ արդէն փորձելէն ետք։ Պարոքքօ եւ դասական ժամանակաշրջաններուն արեւմտեան մշակոյթին մէջ երաժշտութեան յանկարծաբանութիւնը կը համարուէր կարեւոր հմտութիւն։ Սակայն Ի.- Իա դարերուն անիկա աւելի նուազ դեր կը սկսի խաղալ արեւմտեան արդի երաժշտութեան մէջ։ Իսկ հնդկական դասական երաժշտութեան մէջ յանկարծաբանութիւնը հիմնական բաղադրիչն է եւ իւրաքանչիւր կատարման էական չափանիշը։

Տեսութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երաժշտութեան տեսութիւնը կ'ընդգրկէ երաժշտութեան բնոյթն ու մեքենականութիւնը։ Անիկա յաճախ կը բացայայտէ այն օրինակները, որոնք կ'իշխեն երաժշտահանի մը ձեւերուն վրայ, եւ կ'ուսումնասիրէ երաժշտութեան լեզուն եւ նշանագրումը։ Մեծ իմաստով, երաժշտութեան տեսութիւնը կը վերլուծէ երաժշտութեան յարաչափերը եւ տարրերը՝ յանգ, ներդաշնակութիւն, մեղեդի, կառուցուածք եւ ձեւ։ Երաժշտական տեսութիւնը կրնայ ընդգրկել երաժշտութեան վերաբերեալ պնդումներ, կարծիքներ եւ գաղափարներ։

Փիլիսոփայութիւն եւ գեղագիտութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երաժշտութեան փիլիսոփայութիւնը երաժշտութեան հետ կապուած հիմնական հարցերու ուսումնասիրութիւնն է։ Երաժշտութեան փիլիսոփայական ուսումնասիրութիւնը շատ կապեր ունի վերացականութեան եւ գեղագիտութեան մէջ առկայ փիլիսոփայական հարցերու հետ։ Երաժշտութեան փիլիսոփայութեան մէջ առկայ որոշ հիմնական հարցերէն են՝

  • Ո՞րն է երաժշտութեան սահմանումը։
  • Ի՞նչ կապ կայ երաժշտութեան եւ միտքի միջեւ։
  • Ի՞նչ կը բացայայտէ երաժշտութեան պատմութիւնը աշխարհի մասին։
  • Ի՞նչ կապ կայ երաժշտութեան եւ զգացումներու միջեւ։

Ըստ աւանդոյթի, երաժշտութեան գեղագիտութիւնը կ'ուսումնասիրէ յանգային եւ ներդաշնակութեան կառուցուածքներու թուաբանական եւ տիեզերաբանական մեծութիւնը։ Ժը. դարուն ուշադրութիւն կը սկսին դարձնել երաժշտութիւնը լսելու փորձին վրայ՝ այսպիսով անդրադառնալով երաժշտութեան գեղեցկութեան եւ մարդկային հաճոյքի վերաբերեալ հարցերուն։ Ի. դարուն կարեւոր ներդրումներ կ'ըլլան Փիթըր Գիվիի, Ճերըլտ Լեւինսընի, Ռոճըր Սքրութընի եւ Սթեֆան Տէյվիսի կողմէ։ Սակայն մեծ թիւով երաժիշտներ, քննադատներ իրենց ներդրումը նոյնպէս ունեցած են երաժշտութեան գեղագիտութեան վերաբերեալ։ Տեսութիւններ կան, որ երաժշտութիւնը կ'ազդէ մեր զգացումներուն, իմաստութեան եւ հոգեբանութեան վրայ։ Փիլիսոփայ Պղատոն կ'առաջարկէ այն տարբերակը, որ երաժշտութիւնը ուղղակիօրէն կ'ազդէ հոգիին վրայ։ Երաժշտութեան գեղագիտութեան մէջ երկաշարադրական կառուցուածքի հսկայ կարեւորութիւնը ընդգծելու միտում մը կայ։ Երաժշտութեան գեղագիտութեան հետ կապուած այլ հարցերէն են՝ քնարականութիւն, ներդաշնակութիւն, զգացում, ժամանակի ուժականութիւն, ձայնադարձութիւն եւ այլն։

Երաժշտական ճանաչողութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երաժշտական ճանաչողութեան ոլորտը իր մէջ կ'ընդգրկէ երաժշտութեան տարբեր տարրերու ուսումնասիրութիւն։ Բացի երաժշտութիւն վերլուծելու, ստեղծելու եւ կատարելու պարզ փորձերէն, անիկա կ'ուսումնասիրէ այն գործընթացները, որոնց հիմքին մէջ կ'իյնան այս փորձերը։ Այս ուսումնասիրութիւնները նաեւ կը փորձեն բացայայտել անհամատեղելի մշակոյթներու երաժշտական աւանդոյթներու միջեւ եղած ընդհանրութիւններն ու հնարաւոր ճանաչողական «սահմանափակումները»: Խուլերը կրնան զգալ երաժշտութիւնը իրենց մարմնին մէջ տեղի ունեցող տատանումներու միջոցով, որուն կարելի է հասնիլ այն պարագային, երբ անհատը իր ձեռքին մէջ կը պահէ հնչեղ, սնամէջ առարկայ մը։ Ամէնէն յայտնի խուլ երաժիշտը Լիւտվիկ Վան Պեթհովընն է, որ ստեղծած է շատ յայտնի գործեր։ Աւելի ժամանակակից օրինակներէն է Էվելին Կլենին եւ Քրիս Պախը։ Ուսումնասիրութիւնները, որոնք կը տարուին երաժշտական ճանաչողութեան ոլորտին մէջ, կը փորձեն բացայայտել երաժշտութիւն լսելու հետ կապուած բարդ մտաւոր գործընթացները։

Միջոց եւ արհեստագիտութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երաժշտութիւնը կրնանք ունկնդրել շարք մը միջոցներով։ Ամէնէն աւանդական տարբերակը ուղիղ ունկնդրելն է։ Ուղիղ կատարումով երաժշտութիւնը կրնայ հաղորդուիլ ձայնասփիւռով, հեռատեսիլով կամ համացանցի միջոցով։ Որոշ երաժշտական ոճեր երաժշտութիւնը կը ստեղծեն կատարելու համար, իսկ ոմանք ալ ձայնագրելու։ Երբ Ի. դարու սկիզբը Երեւան կու գան ձայնաւոր ֆիլմերը, որոնք իրենց հետ կը բերեն նախապէս ձայնագրուած երգեր, շարք մը ֆիլմի սրահներու նուագախումբերու երաժիշտներ կը մնան շուքի տակ։ Օրէնսդրութիւնը կը փորձէ օգնել կատարողներուն, երաժշտահաններուն եւ արտադրողներուն։ Բազմաթիւ մշակոյթներու մէջ չնչին տարբերութիւն կայ երաժշտութիւն կատարելու եւ լսելու միջեւ, քանի որ փաստօրէն իւրաքանչիւրը ներգրաւուած է երաժշտական որեւէ գործընթացի մը մէջ։

Կրթութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ոչ մասնագիտական կրթութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Եւրոպայի մէջ սովորական բան է նախադպրոցական երաժշտական կրթութիւնը մինչեւ յետդպրոցական ժամանակաշրջան։ Երաժշտութիւնը կը սորվեցնէ այնպիսի հմտութիւններ, ինչպէս են կեդրոնացումը, հաշուելը, լսելը եւ համագործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ կը նպաստէ լեզուներու, տեղեկութիւն եւ գիտելիք յիշելու կարողութիւններուն։ Տարրական դասարաններուն մէջ երեխաներուն կը սորվեցնեն երաժշտական գործիքներ նուագել, երգել փոքրիկ երգչախումբերու մէջ եւ սորվիլ արեւմտեան արդ երաժշտութեան մասին։ Միջնակարգ դպրոցի մէջ աշակերտները հնարաւորութիւն կ'ունենան երաժշտական խումբի մը մէջ հանդէս գալու, իսկ որոշ դպրոցներու մէջ ալ երաժշտութեան դասընթացքներ կրնան կազմակերպուիլ։ Աշակերտներ նաեւ յատուկ երաժշտական դասընթացքներու կը հետեւին։ Համալսարանի մէջ ուսանողները (յատկապէս արուեստաբանական կամ մարդաբանական բաժանմունքներ) կրնան ունենալ երաժշտական դասընթացքներ, որոնք սովորաբար երաժշտութեան պատմութեան վերաբերեալ դասընթացքներ կ'ըլլան։

Ակադեմիա[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երաժշտագիտութիւնը կը զբաղի երաժշտութեան ուսումնասիրութեամբ։ Հին սահմանումներուն մէջ առկայ են երեք ենթակարգեր՝ համակարգուած երաժշտագիտութիւն, պատմական երաժշտագիտութիւն եւ համեմատական երաժշտագիտութիւն կամ ազգային երաժշտագիտութիւն: Արդի ժամանակաշրջանին մէջ կարելի է բաժնել երաժշտութեան տեսութիւն, երաժշտութեան պատմութիւն եւ ազգային երաժշտագիտութիւն։ Ոչ արեւմտեան մշակութային երաժշտութեան ուսումնասիրութիւնն ու երաժշտութեան ուսումնասիրութիւնը կը կոչուին «էթնոերաժշտագիտութիւն»։ Ուսանողները կրնան շարունակել երաժշտագիտութեան, «էթնոերաժշտագիտութեան», երաժշտութեան պատմութեան եւ երաժշտութեան տեսութեան ուսումնասիրութիւնները՝ ստանալով տարբեր աստիճաններ (B.Mus, B.A. եւ այլն)։ Աւարտական աստիճաններէն են երաժշտութեան մագիստրոսի, արուեստի մագիստրոսի, փիլիսոփայութիւններու դոկտորի (PhD) եւ երաժշտական արուեստի դոկտորի (DMA) աստիճանները։

Էթնոերաժշտագիտութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արեւմուտքի երաժշտութեան պատմութեան մեծ մասը կապ ունի արեւմտեան քաղաքակրթութեան արդ երաժշտութեան հետ։ Երաժշտութեան նշանաւոր ոճերը լայնօրէն կը տարբերին նայած մշակոյթին եւ ժամանակաշրջանին։ Երաժշտութեան դասակարգման բազմազանութիւն կայ, որոնցմէ շատերը վէճի առիթ դարձած են երաժշտութիւն եզրի սահմանման պատճառով։ Ամենամեծ դասակարգումներէն է դասական եւ «փոթ» երաժշտութեան բաժանումը։ Սակայն որոշ ժանրեր չեն մտներ այս երկու մեծ դասակարգումներուն մէջ։

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Նիլս Լենարտ Ուոլին, Սթիվեն Բրաուն «Երաժշտութեան ծագումը», 2001թ
  2. Երաժշտական տեսութիւն Կոլիերի հանրագիտարան «Բաց հասարակութիւն» 2000
  3. Г. С. Ландсберг Элементарный учебник физики. — 8. — Москва: Наука, 1972. — Т. 3.