Ոսկոր
Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |

Ոսկորները (լատիներէն՝ Os, յունարէն՝ οστούν) մեր մարմինը կը շալկեն ու ձեւ կու տան անոր: Անոնք նաեւ կը պաշտպանեն մեր ներքին գործարանները:
Երբ կը ծնինք, մեր մարմինը կ՛ունենայ 300 ոսկոր, իսկ երբ չափահաս կը դառնանք, այդ թիւը կը նուազի եւ կ՛ըլլայ 206: 94 «անհետացած» ոսկորները կը միանան իրար, ինչպէս օրինակ նորածինի գանկի ոսկորները, որոնց իրար միանալը յստակօրէն կը զգանք առաջին տարուան ընթացքին:
Հետաքրքրական տեղեկութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
- Մենք եւ ընձուղտները, նոյն թիւով ոսկոր ունինք մեր վիզին մէջ, այսինքն՝ 7 ոսկոր: Մինչ ֆլամինկօները ունին վիզի 19 ոսկոր:
- Մեր ամէնէն երկար ոսկորը մեր զիստի ոսկորն է, որ կը շարունակէ մեծնալ այնքան ատեն որ մենք կ՛աճինք, մինչ մեր ողնայարի ոսկորներու աճը կը դադրի երբ մօտ 5 տարեկան ըլլանք: