Jump to content

Օնորէ Տը Պալզաքի «Շակրէնի Կաշին»

Շակրէնի Կաշին, վէպ՝ Օնորէ Տը Պալզաքի գրիչին պատկանող: Պատմական վէպերէն ընկերային վէպերու կ'անցնի՝ նպատակ ունենալով պատկերել ԺԹ. դարուն Ֆրանսայի մէջ տիրող ազնուականութեան նիւթապաշտութիւնն ու դրամի ուժը։ Դրամը բոլոր սրբութիւնները իրեն կ'ենթարկէր եւ ամէն ինչ կ'ոչնչացնէր։ Ան դարձած էր մեծագոյն կիրքը եւ երազներու գագաթնակէտը[1]։

«Շակրէնի կաշին» վէպը կը պատկանի Պալզաքի փիլիսոփայական ստեղծագործութիւններու շարքին։

Վէպին Գլխաւոր Մասերը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վէպը բաղկացած է երեք մասերէ՝

  • «Թալիսմանը»,
  • «Անսիրտ կինը»,
  • «Հոգեվարք»։

Թալիսմանը (յուռութք) շակրէնի կաշին է, որ վերեւ նշուած իրավիճակին խորհրդանիշն է։ Շատերու ընկալումով՝ թալիսման այն առարկան է, որ սնոտիապաշտական պատկերացումներու, կրողին կամ ունեցողին երջանկութիւն, յաջողութիւն բերելու, փորձանքներէ ու վտանգներէ զերծ պահելու յատկութիւն ունի։

Առաջին գլխուն մէջ Պալզաք կը ներկայացնէ գլխաւոր հերոսին՝ Ռաֆայէլ տը Վալենթինի պատմութիւնը։ Վալենթին աղքատ էր եւ նոյնիսկ իր ապրուստը չէր կրնար հոգալ։ Չդիմանալով կեանքի դաժանութեան՝ Ռաֆայէլ կ'որոշէ անձնասպան ըլլալ եւ ինքզինք կամուրջէն վար նետել։ Յարմար ժամանակին սպասելով, ան պատահաբար հին իրերու խանութ մը կը մտնէ, ուր խանութի ծերունի տէրը անոր զարմանահրաշ թալիսման մը կու տայ։ Թալիսմանի վրայ հետեւեալը գրուած էր. «Ինծի տիրանալով՝ դուն ամէն ինչին տիրացած կ'ըլլաս, բայց քու կեանքդ այն ատեն ինծի պատկանած կ'ըլլայ։ Աստուծոյ կամքն է սա։ Ցանկա՛ եւ ցանկութիւններդ պիտի իրականանան։ Սակայն իւրանքանչիւր ցանկութեանդ զուգահեռ, ես կեանքիդ օրերդ պիտի սպաննեմ։ Եթէ կ'ուզես, որ սեփականութիւնդ դառնամ, ուրեմն առ զիս։ Աստուած ձայնդ կը լսէ»։ Այսպիսով Ռաֆայէլ ծերունիին հետ դաշինք կը կնքէ։ Երիտասարդի իւրաքանչիւր երազը իրականութիւն պիտի դառնար, բայց միաժամանակ անոր կեանքը պիտի կրճատուէր։  

Երկրորդ գլխուն մէջ Պալզաք կը ներկայացնէ Ռաֆայէլի եւ գեղեցկուհի, մեծահարուտ Ֆէոտորայի պատմութիւնը։ Ռաֆայէլ անոր կը սիրահարուի, կնոջ հաճոյանալու համար՝ մեծ գումարներ կը ծախսէ, սակայն Ֆէոտորան չ'ուզեր ամուսնանալ։ Այս կնոջ կերպարը Պալզաք մեկնաբանած է իբրեւ «վերին խաւի խորհրդանիշ»։ Ռաֆայէլ հիւրանոցի մը մէջ կ'ապրէր, որուն տանտիրոջ աղջիկը՝ Պալինան Ռաֆայէլին սիրահարուած էր, սակայն վերջինս աղջկան ուշադրութիւն չի դարձներ։ Ռաֆայէլը արդէն ենթագիտակցաբար Ֆէոտորային սիրահարուած էր, իսկ Պալինան չէր կրնար անոր սիրտը գերել, որովհետեւ Ֆէոտորայի պէս հարուստ չէր։

Երրորդ գլխուն մէջ Ռաֆայէլ արդէն ամբողջութեամբ կը վայելէ շակրէնի կաշիի բարիքները։ Ան սկսած էր ապրիլ շքեղ առանձնատան մը մէջ, որուն գլխաւոր պատերէն մէկուն վրայ իր արժէքաւոր թալիսմանը կախած էր։ Վէպին այս գլխուն մէջ կը ներկայացուի Ռաֆայէլին եւ Պալինային պատմութիւնը եւ շակրէնի կաշիին պատճառած անդառնալի հետեւանքները։

Ազնուական իրականութեան մէջ Պալզաք երկու ուղի կը տեսնէր՝ թշուառութիւն եւ հարստութիւն, որոնք միաժամանակ բարոյական արժէքները ոտնահարելու յատկութիւն ունէին։ Միայն մէկ երջանկութիւն կար՝ ոսկիին տիրանալու բերկրանքը, քանի որ ոսկին մարդու լիակատար երջանկութիւն կրնար ապահովել։ Հեղինակին համաձայն՝ այս երկու ուղիները միայն երկու ելք ունէին՝ բարոյական ու ֆիզիքական մահ։

Վէպը՝ Պալզաքին Ինքնակենսագրականը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այս վէպը Պալզաքին ինքնակենսագրականն էր։ Ռաֆայէլի կերպարին տակ Պալզաք ինքզինք ներկայացուցած էր։ Գրողը իր ամբողջ կեանքը աշխատանքին նուիրած էր՝ շարունակ իր առողջութիւնը սպառելով։ Ան քաջ կը գիտակցէր, որ այդպէսով իր կեանքը կը կրճատէր, բայց միաժամանակ մեծ անուն ձեռք կը բերէր եւ ապագայ սերունդներուն անժամանցելի ժառանգութիւն մը կը ձգէր։

Ինչպէս ծերունին նշած էր, թէ մարդու ամբողջ կեանքը ինկած է «ցանկալ» ու «կարենալ» բառերուն միջեւ։ Ցանկալը մեզ կ՚այրէ, իսկ կարենալը՝ կը կործանէ։ Ռաֆայէլ Վալենթինը կը տեսնէր, որ դրամը կրնար գիտութիւնն ու տաղանդը, առաքինութիւնն ու ազնուութիւնը փոխարինել։ Իսկ մարդ էակը իր կրթութեամբ, մարդկային յատկութիւններով ոչինչ կ'արժէ։ Շակրէնի կաշին Վալենթինի մութ կողմերը՝ եսասիրութիւնն ու ագահութիւնը կը բացայայտէ։ Ան կը փորձէ նիւթականի շնորհիւ ճակատագիրի վրայ իշխել, սակայն երբ հոգեվարքի մէջ էր՝ կը հասկնայ, որ իր ճակատագիրը իսկութեան մէջ Աստուծոյ ձեռքերուն մէջն է։

Կաշին Ռաֆայէլի վախը «կը մերկացնէ», ոչ թէ աղքատութեան վախը, այլ՝ կեանքը կորսնցնելու վախը։ Ռաֆայէլի կերպարին մէջ Պալզաք կը բացայայտէ 19-րդ դարու լայն հասարակութեան թոյլ կամքը, նոյնիսկ՝ կամքի բացակայութիւնը։ Երիտասարդը դասակարգի զոհը կը դառնայ։ Ի տարբերութիւն բազմաթիւ մարդոց, ան կը հասկնայ, որ իր մեծագոյն սխալը շակրէնի կաշին ընտրելն էր։ Այնուամենայնիւ, վատնած օրերը այլեւս անկարելի էր վերադարձնել։ Ռաֆայէլ բնութենէն օգնութիւն կը խնդրէ, բայց վերջինս նոյնպէս ժամանակի դիմաց անզօր էր։ Ըստ հեղինակին՝ ազնուական հասարակութեան մէջ աշխատանքն ու հարստութիւնը, աղքատութիւնն ու գոյութեան իրաւունքը անհամատեղելի են։

Վէպին Իւրայատկութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Շակրէնի կաշին» վէպը կարելի է որակել իբրեւ փիլիսոփայական, երեւակայական ժանրին պատկանող ստեղծագործութիւն, սակայն գերբնական տարրերը վէպի բացառիկ իմաստն ու իրականութիւնը երբեք չեն պակսեցներ։ Բացի արծարծուող գաղափարներու բնութագրումէն, վէպին մէջ յիշուած նկարագրութիւնները, աւանդութիւնները, հնաոճ իրերու խանութը եւ խաղատուներու միջավայրը վէպը աւելի կը պատկերազարդեն ու հետաքրքրական կը դարձնեն։

«Շակրէնի կաշին» վէպը լոյս տեսնելուն պէս, Պալզաք մեծ ճանաչում ձեռք կը բերէ, իսկ գիրքը շուտով կը սպառի։ Օնորէ տէ Պալզաք իր այս անզուգական գործով ո՛չ միայն ֆրանսական գրականութեան համար մեծ դէմք մը կը դառնայ, այլեւ՝ համաշխարհային գրականութեան։

  • Օնորէ Տը Պալզաք - «Երեսնամեայ կինը», Շակրէնի կաշին» (Նայիրի հրատարակչութիւն, թարգմանուած է հայերէնի, 1992)
  • Օնորէ Տը Պալզաք - Երկերու ժողովածու 10 հատորով, «Մարդկային կատակերգութիւն» , Ա. հատոր (Հայպետհրատ, Երեւան, 1956)

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]