Jump to content

Քոսութիւն

Քոսութիւն
Sarcoptes scabiei
ՀՄԴ-9 133.0
ՀՄԴ-10 B86
MedlinePlus 000830
MeSHID D012532

Քոսութիւնը (scabies) մորթային զօրաւոր փոխանցիկ հիւանդութիւն մըն է[1], որ կը յատկանշուի շատ ուժգին քերուըտուքով: Տիզ կոչուած մակաբոյծի մը վարակումով կը յառաջանայ քոսոտութիւնը:

Տիզ մակաբոյծի յատկութիւնները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տիզ մակաբոյծը ունի հետեւեալ յատկութիւնները.

  1. Տիզը անտեսանելի է պարզ աչքով: Ան կը նշմարուի միայն մանրադիտակով:
  2. Տիզը ունի մօտաւորապէս 0.33 մմ երկարութիւն եւ 8 պզտիկ ոտքեր` հակառակ այն բոլոր մակաբոյծներուն, որոնք բոլորն ալ ունին 6 ոտքեր:
  3. Էգ տիզը աւելի երկար է, քան` առու տիզը, որուն հասակը մօտաւորապէս էգ տիզին կէս չափն է:
  4. Տիզերը խումբով կը տեղաւորուին եղունգներուն, պորտին եւ մորթի ծալքերուն մէջ:
  5. Առու եւ էգ տիզերը կը մխրճուին մորթին մէջ եւ կը յառաջացնեն ուժգին քերուըտուք, որ աւելի կը զօրանայ գիշերները:
  6. Էգ տիզն է, որ կը վարակէ եւ բոյն կը շինէ մարդու մորթին մէջ:
  7. Տիզը կ՛ապրի հիւրընկալ մորթին վրայ միայն 24-36 ժամ:
  8. Տիզը միայն կը քալէ: Ան չի կրնար թռչիլ եւ կամ ցատկել:
  9. Կ՛ապրի անշարժ եւ երկար ժամանակ 20 սանթիկրատ ջերմաստիճանէն վար միջավայրի մէջ:

Շուներ եւ կատուներ կը վարակուին քոսութեամբ, բայց` տարբեր տեսակ տիզ-մակաբոյծներով: Հետեւաբար շուներու եւ կատուներու քոսութիւնը փոխանցիկ չէ մարդոց:

Տիզը կը մխրճուի մորթին մէջ եւ հոն կը տեղաւորէ իր հաւկիթները, որոնք վարակուող անհատին մօտ կը զարգացնեն զգայունացում մակաբոյծի սպիտակուցներուն դէմ: Այս զգայունացումը կը յառաջացնէ քերուըտուք: Քոսութեան թխսաւորումը կը տեւէ մօտաւորապէս 6-8 շաբաթ:

Քոսութեան ախտանշանները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քոսութեան ախտանշանները ի յայտ կու գան վարակումէն 1-2 ամիս ետք: Այս ժամանակամիջոցին, հակառակ որ ախտանշաններ չեն տեսնուիր, վարակուած անձը կրնայ վարակել ուրիշ անձ մը:

Քոսոտութեան առաջին ախտանշանը զօրաւոր եւ մնայուն քերուըտուքն է, որ կը սկսի անյայտօրէն եւ առանց ազդանշանի, մարմնի զանազան բաժիններուն վրայ: Հիւանդը կը հակազդէ քերուըտուքի զգացումին` քերելով մորթին որոշ մէկ բաժինը:

Քերուըտուքին հետ կամ քանի մը օրեր ետք մարմնի զանազան բաժիններուն վրայ կը յայտնուին կարմրագոյն կամ սրճագոյն պզտիկ թելանման բշտիկաւոր բարձրութիւններ` 2-6 մմ երկարութեամբ, որոնք յաճախ շատ դժուարութեամբ կը նշմարուին: Այս վէրքերը նախ կը յայտնուին մատներու միջեւ եւ ետքը` դաստակին եւ անութներուն վրայ, արմուկին ետեւը, ծունկին վրայ, ոտքին ետեւը եւ կողմերը, փորի ամբողջ շրջապատը, պորտին շուրջը, կրծքապտուկներուն վրայ եւ շուրջը, արտաքին սեռային օրկաններու շուրջը եւ յետոյքին վրայ:

Վարակուած անձին ամբողջ մարմնին վրայ ընդհանրապէս միայն 10-15 տիզ կ՛ապրին, որոնք կը յառաջացնեն հազարաւոր բշտիկներ:

Քոսութեան տիզը անձէ անձ կը փոխանցուի ուղղակի դպչելով. այսինքն վարակումը կը յառաջանայ, երբ քոսոտ անձի մը մարմինը հպի առողջ մարդու մը մարմնին: Վարակուած անձի մը մորթին տիզերը կը փոխանցուին առողջ անձին, եւ կը պատահի վարակումը: Տեսնուած է, որ վարակուած անհատի մը անկողինը կրնայ փոխանցման միջոց ծառայել: Սակայն սեռային յարաբերութիւնը նկատուած է քոսութեան փոխանցման հիմնական պատճառներէն մէկը: Վարակուած անձը կրնայ փոխանցել հիւանդութիւնը առողջ անհատի մը, մինչեւ այն ատեն որ ինք չէ դարմանուած եւ մինչեւ 24 ժամ իր դարմանումէն ետք:

Քոսութիւնը տարածուած հիւանդութիւն մըն է բոլոր երկիրներուն մէջ: Անիկա շուտով կրնայ համաշխարհային համաճարակ մը դառնալ: Քոսութիւնը համաճարակի ձեւով կը յայտնուի խիտ հաւաքականութիւններու մէջ, օրինակ` մանկամսուրներու, դպրոցներու, բանտերու, բանակի, ծերանոցներու եւ անտուններու կեդրոններուն մէջ:

Քոսութիւնը կը պատահի հաւասարապէս երկու սեռերուն մէջ եւ առանց խտրութեան` գոյնի, տարիքի եւ ժողովուրդներու ընկերատնտեսական կացութեան: Ամէն տարի ամբողջ աշխարհի մէջ կը տեսնուին մօտաւորապէս 300 միլիոն քոսութեան պարագաներ: Մանուկներու մօտ միայն գլխու քոսոտութիւնն է, որ կը պատահի:

Քոսութեան ախտաճանաչումը կը կատարուի ընդհանրապէս մորթաբուժի (dermatologist) պարզ քննութեամբ` տեսնելով մորթին վրայ քոսութեան իւրայատուկ ախտանշան բշտիկները: Սակայն մորթաբուժը երբեմն կը հարկադրուի յայտնաբերել տիզը մանրադիտակային քննութեամբ:

Քոսութեան դարմանումը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քոսութեան դարմանումը տեղի կ՛ունենայ հետեւեալ գործընթացով.

  1. Ծածկել ամբողջ մարմինը, գլուխէն մինչեւ ներբանները, ներառեալ` սեռական արտաքին օրկանները եւ յետոյքը յատուկ հակաքոսութեան օծանով մը:
  2. Պահել օծանը մարմնին վրայ լրիւ 12 ժամ:
  3. Լոգնալ գաղջ ջուրով եւ օճառով:
  4. Կրկնել վերոյիշեալ երեք կէտերը 10 օր ետք:
  5. Քերուըտուքի դէմ կարելի է գործածել հակաքերուըտուքի եւ հակագերզգայնութեան յատուկ դեղեր:
  6. Դարմանել նաեւ հիւանդին հետ սեռային յարաբերութիւն ունեցողները, անոր ընկերները եւ ընտանիքի միւս անդամները, նոյնիսկ եթէ անոնք ախտանշաններ չունին:
  7. Տաք ջուրով եւ օճառով լուալ հիւանդին անկողինի ծածկոցը, բարձի երեսը, անձեռոցը եւ հագուստները:

Շատ քիչ պարագաներուն դարմանումէն ետք, մինչեւ երեք շաբաթ թերուըտուքը կրնայ շարունակուիլ, հակառակ որ բոլոր տիզերը մեռած կ՛ըլլան:

Քոսութենէ տառապող անձը կրնայ ունենալ մորթային երկրորդական վէրքեր եւ բորբոքումներ, եթէ ան շարունակ քերէ քոսութեան վէրքերը: Այս պարագային հակաբորբոքումի դեղեր պարտադիր կը դառնան:

Գոյութիւն ունի յատուկ քոսութեան տեսակ մը, որ կը կոչուի Նորվեկեան քոսութիւն: Անիկա կը պատահի այն անձերուն մօտ, որոնք շատ տկար դիմադրողականութիւն կ՛ունենան հետեւեալ պատճառներով` տարեցութիւն, ընկալուած դիմադրողականութեան անբաւարարութեան ախտանիշ (AIDS), մարդկային դիմադրողականութեան անբաւարարութեան ժահր (HIV) եւ աւշագեղձային ուռ (lymphoma): Անհատը կը վարակուի հազարաւոր տիզերով` հակառակ պարզ քոսութեան, ուր միայն 10-15 տիզերով կը պատահի վարակումը:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Gates Robert H. (2003)։ Infectious disease secrets (2. հրտրկթն․)։ Philadelphia: Elsevier, Hanley Belfus։ էջ 355։ ISBN 978-1-56053-543-0 
  • Ազդակ օրաթերթ, Յոդուածներ, Առողջապահական-բժշկագիտական, Տքթ. Կարպիս Հարպոյեան, 31 Յունուար 2013: