Jump to content

Բանտ

Բանտ[1], Կաղապար:Ն[2], շինութիւն մըն է, ուր կը բանտարկուին դատարանի կողմէ նշուած ժամկէտի մէջ բանտարկութեան դատապարտուած անձեր, ազատազրկման ենթակայ յանցագործները, ինչպէս նաեւ դատական քննութեան տակ գտնուող անձեր պահելու տեղ։ Բանտերը իբրեւ կանոն քրէական արդարադատութեան համակարգի մաս կը կազմեն, իսկ յանցագործութեան համար բանտարկելու միջոցով ազատազրկումը՝ պետութեան կողմէ սահմանուած իրաւական պատիժ է։ Խօսակցութեան մէջ բոլոր տեսակի ուղղիչ-աշխատանքային հիմնարկները բանտ կը կոչեն։

Ստուգաբանութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բանտ բառը փոխառութիւն է, որ առնուած է իրանական լեզուներէ - band, աւեստերէն banda - «կապ, շղթայ», պարսկերէն band - «կապ, շղթայ», սողդերէն βand - «բանտ»:

[[Պատկեր:Carcere Mamertino Rome.JPG|thumb|Սուրբ Պետրոս եւ Պօղոս Առաքեալներու Մամերտինեան բանտ (carcere Mamertino[3]), որ պահպանուած է Հին Հռոմի ժամանակներէն (Ք.Ա. 640-616)

Տուլիանում Բանտ՝ Հին Հռոմ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իբրեւ ազատազրկման վայր բանտը գոյութիւն ունեցած է թերեւս վաղնջական ժամանակներէն։ Անիկա ծառայած է գերիներ, պետական եւ ոչ պետական յանցագործներ, պարտապաններ ազատազրկելու համար, նաեւ տարբեր պատիժներու եւ մահապատիժներու ի կատար ածման վայր։

Հին Հռոմի մէջ Սերվիոս Թուլլիոսի (Ք.Ա. մօտ 578-534/533) ժամանակներուն գոյութիւն ունեցած է Տուլիանում ստորերկրեայ բանտ (միջին դարերուն վերանուանուած է Մամերտինեան բանտ), ուր վարակիչ հիւանդութիւններէ մահացած են շատ քրիստոնեաներ:

Բանտերու Վայրերը՝ Միջին Դարերուն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Միջին դարերուն լայնօրէն տարածուած էր գերիներու, պարտապաններու, յանցագործներու եւ քաղաքական վտանգ ներկայացնող անձերու վանքի խուցերու, ամրոցներու աշտարակներու եւ ասպետական դղեակներու, ինչպէս նաեւ քաղաքապետարաններու մէջ: Տխուր համբաւ ունին լոնտոնեան Թաուըրը, Վենիսի Տոժերու պալատի զնտանը, Նիւրնպըրկի քաղաքապետարանի ստորերկրեայ բանտը։

[[Պատկեր:Bridge of sighs.JPG|thumb|Հառաչանքներու կամուրջ, Իտալիա]] Խաչակրաց արշաւանքներէ ետք համատարած մուրացկանութիւնը պատճառ հանդիսացած է Եւրոպայի մէջ առաջին զսպիչ տուներ (գերմաներէն Zuchthaus) ստեղծուելուն։ Այս տուները սկիզբը կառուցուեցան Լոնտոնի մէջ (անգլերէն՝ House of correction 1550), ետքը Ամսթերտամի մէջ եւ աղքատ երեխաներու համար Նիւրնպըրկի (1588), Լիւպեկի (1613), Համպըրկի (1615), Միւնիխի մէջ (1682)։ Այդտեղ կը տեղաւորէին ոչ միայն մուրացկաններ եւ թափառականներ, այլ նաեւ տարբեր տիպի յանցագործներ, աշխատողներ եւ սպասաւորներ ծուլութեան եւ անյարգալից վերաբերմունքի համար։ Այս պատճառով զսպիչ տուները շուտով լեցուեցան եւ վերածուեցան անբարոյականութեան եւ վարակիչ հիւանդութիւններու (բանտային տիֆ) օճախներու։

Նման սարսափելի պայմաններու մէջ էին գրեթէ բոլոր բանտերը 18-րդ դարուն։ Բանտերը նեղ էին, ցած առաստաղներով, կը բացակայէր բաւարար օդը եւ լոյսը։ Երեխաներ, այրեր ու կիներ մէկ տեղ կը պահուէին։ Սնունդը անբաւարար էր. իբրեւ կանոն՝ հաց ու ջուր։ Իբրեւ անկողին կը ծառայէին ստորերկրեայ ջուրերով ներծծուած հողէ յատակի վրայ փռած ծղօտեայ փտած խուրձերը։ Այսպէս էին Անգլիոյ բանտերը ըստ բարերար (ֆիլանտրոպ), անգլիացի իրաւաբան Ճոն Հովարտի (անգլերէն՝ John Howard 1726-1790) նկարագրութեան։ Սակայն նոյնն էր նաեւ այլ քաղաքներու բանտերու վիճակը, ինչպէս օրինակ Փարիզի եւ Պասթիլի բանտերը:

Մարդասիրական Բանտ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հոլանտա պատիժի նկատմամբ մարդասիրական հայեացքներու շնորհիւ բացառութիւն էր. բանտերը կը տարբերէին կարգապահութեամբ, հսկողութեամբ եւ աշխատանքի կազմակերպութեամբ։ 1775-ին Կենթի մէջ կառուցուած է յատուկ բանտ (ֆրանսերէն Maison de force), որուն մէջ բոլոր բանտարկեալները ցերեկը խիստ հսկողութեան տակ կ'աշխատէին, իսկ գիշերը կը տեղաւորուէին առանձին բանտախուցերու մէջ՝ նպատակ հետապնդելով պահպանել բանտարկեալներու բարոյական նկարագիրը։ Առանձին խուցերու մէջ բանտարկեալները մեկուսացնելու գաղափարի հիմը այն էր, որ եթէ բանտարկեալը մինակ չմնայ, հետեւաբար չի կրնար իր մեղքին գիտակցիլ, զղջալ եւ նոր բարոյական արժէքներու մասին մտածել։ Հետեւաբար բանտը պէտք է այնպէս կառուցուած ըլլայ, որ բանտարկեալները կարելի եղածին չափ աշխարհէն հեռացած ըլլան ամբողջ բանտարկութեան ընթացքին[4]: Բացի անկէ Կենթի բանտին մէջ առաջին անգամ իբրեւ ուղղիչ միջոց բանտարկեալները բաժնած են առանձին խումբերու նկատի առնելով անոնց բարոյական յատկանիշերը։ Այդպէսով կենթեան բանտը առաջինն էր, որ յանցագործները ճիշդ ուղիի վրայ դնելու նպատակ հետապնդած է։

Հետագային յանցագործները ուղղելը դարձաւ բանտարկութեան հիմնական նպատակ նաեւ այլ երկիրներու մէջ։ Ընդ որուն սկիզբէն բողոքական երկիրներու մէջ այդ նպատակով առանձնայատուկ խստութեան բանտերու համակարգ մտցնելու փորձեր տեղի ունեցան։

Մեկուսացման մենախուցային բանտարկութեան ձեւը ինքնուրոյն բնոյթ ստացաւ բանտերու փենսիլվանեան կազմակերպութեան եւ այդ կազմակերպութեան հիմնադիր քուակերներու կրօնական աշխարհայեացքի համընկման շնորհիւ.

  1. յանցագործը ապաշխարող է
  2. բանտը ապաշխարութեան վայր (peniten-tiairies) է
  3. զղջման միջոցը բանտարկեալը մինակ ձգելն է[4]:

Ապաշխարութեան Վայր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ամերիկեան քուակերները մտածեցին բանտը ապաշխարութեան վայր (penitentiary) դարձնել։ Այդ նպատակով Վալնուս սթրիթի հին բանտին տեղ կառուցեցին նոր 30 մենախուց ունեցող բանտ (1790)։ Անով սկզբնաւորուեցաւ մենախուցի մէջ բանտարկելու յատուկ տեսակ։ Սակայն այս փորձը երկարատեւ չեղաւ, քանի որ բանտերը լեցուեցան, եւ մենախուցերը ծառայեցին միայն իբրեւ գիշերային տարածք։

Օպերնի Համակարգ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Սինկսինկ բանտ եւ արհեստանոցներ, տեսք հարաւէն, 1863-1885

Նիւ Եորքի Քայուկա շրջանի Օպերնի (անգլերէն՝ Auburn) համակարգի բանտարկեալներու լռութիւնը պարտադիր էր։ Բանտարկեալներուն կ'արգելէին նոյնիսկ շուրջը նայիլ եւ իրարու հետ շփումի մէջ մտնել, նոյնիսկ նշաններով։ Օպերնի բանտը նախատեսուած էր 550 հոգիի համար եւ վերջնականապէս կառուցուած է 1820-ին: Բանտարկեալները առաւօտեան դուրս կու գային խուցերէն եւ ընդհանուր արհեստանոցներ կը տեղափոխուէին։ Անոնք կ'աշխատէին խիստ հսկողութեան տակ լիովին լռութեան մէջ։ Կը ճաշէին կողք կողքի, սեղանի մէկ ուղղութեամբ նստած։ Ճնշող լռութեան մէջ կ'անցնէր ամբողջ օրը։ Կարգազանցները կը պատժուէին մտրակուելով։ Մտրակը մշտապէս բանտապաններու ձեռքն էր եւ հարուածներ կրնային ըլլալ ոչ միայն ըսուած խօսքի, այլ նաեւ աշխատանքի ժամանակ որեւէ ցրուածութեան համար։ Երեկոյեան բանտախուցեր երթալէ ետք կանգնած կը լսէին միջանցքին մէջ կանգնած քահանայի երեկոյեան աղօթքը։

ԱՄՆ-ի մէջ կարճ ժամանակի ընթացքին կառուցուած է 13 նմանօրինակ բանտ, այդ շարքէն է Նիւ Եորքի մօտ կառուցուած 1000 բանտախուց ունեցող Սինկսինկ բանտը (անգլերէն՝ Sing Sing Correctional Facility) (1825)։ Օպերնի համակարգը աւելի մեղմ ձեւով լայն տարածում գտաւ Եւրոպայի մէջ։

Փենսիլվանեան Համակարգ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1818-ին Փելսիլվանիա նահանգի Փիթսպըրկ (անգլերէն՝ Pittsburgh) քաղաքին մէջ որոշում մը կայացուեցաւ կառուցելու համար բանտ մը, որ աւարտեցաւ 1826-ին։ Առանձին բանտարկութեան համակարգը կոչուեցաւ Փենսիլվանեան համակարգ։ Առաջին իսկ տարիներէն նկատուեցան միայնակ մեկուսացման առաւելութիւնները. պակսեցան փախուստները, անհնար դարձան դաւադրութիւնները եւ համատեղ բողոքի շարժումները, ինչպէս նաեւ բանտարկեալներու այլասերումը։ Սակայն հասարակութենէն լիովին մեկուսացումը, հարազատներու հետ նոյնիսկ նամակագրութեան արգիլումը շատերուն խելագարութեան կը հասցնէր, բանտարկեալները մշտապէս ճնշուած էին, անոնց մօտ ամէն ինչի նկատմամբ անմասնակից վերաբերմունք եւ անտարբերութիւն կը զարգանար։

Իրլանտական Համակարգ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յառաջադէմ կամ իրլանտական համակարգը հաստատուած է Իրլանտայի մէջ 7 Օգոստոս 1854-ի օրէնքով (Irish prisons act)։ Ուղղուած էր յանցագործներու ընկերականացման ինքնագործունէութեան եւ մերժուածներէ աստիճանաբար լիարժէք քաղաքացի դառնալուն։ Այդ նպատակով երկարատեւ պատիժը կը բաժնուէր խստութիւնը աստիճանաբար մեղմացող 4 մակարդակներու։

  1. Առաջին մակարդակին առանձին բանտարկութիւնն էր մենախուցի մէջ 9 ամիս ժամկէտով (կիներուն՝ 4 ամիս), ընդ որուն առաջին 4 ամիսները բանտարկեալը ամենածանր աշխատանքի պարագային կը ստանար միայն բուսական սնունդ, ապա՝ խառն սնունդ եւ կը տեղափոխուէր աւելի թեթեւ աշխատանքի։ Լաւ վարքի պարագային մեկուսացումը կրնար կրճատուիլ մինչեւ 1 ամիս, իսկ հակառակ պարագային՝ կրնար երկարաձգուիլ մինչեւ մէկ տարի։
  2. Երկրորդ մակարդակի բանտարկութիւնը կ'անցնէր միւս բանտարկեալներու հետ համատեղ ցերեկային աշխատանքի մէջ։ Անիկա իր հերթին կը բաժնուէր 5 դասարանի. փորձնական դասարան, որուն մէջ կը մտնէին մեկուսացման ժամանակ վատ վարքով աչքի ինկածները, 3, 2 եւ 1 դասարանները եւ յատուկ դասարանը։ 3-րդ, 2-րդ եւ 1-ին դասարաններուն մէջ եղած ժամանակ բանտարկեալին ամսական գնահատականներ կը դրուէին վարքի, ուսման եւ աշխատանքի համար առանձին կտրոններ տալով։ Կախուած կտրոններու քանակէն բանտարկեալները կը տեղափոխուէին յաջորդ դասարան։
  3. Անցնելով բոլոր դասարանները կը փոխադրուէին յատուկ անցումային բանտեր (intermediate prisons), որոնք պատիժի երրորդ մակարդակը կը կազմէին։ Այդտեղ բանտային ռեժիմը գրեթէ կը բացակայէր, եւ բանտարկեալները կ'օգտուէին յարաբերական ազատութիւններէ. կարելի էր առանց հսկողութեան եկեղեցի երթալ, առեւտուր ընել եւ այլն։ Անցումային բանտերու մէջ մնալու ժամանակը աստիճանաբար կը կրճատուէր՝ արդէն անցած ժամանակէն եւ թերեւս պատժաչափէն մնացած տեւողութենէն կախեալ։
  4. Մնացած ամբողջ դատապարտման ժամկէտի համար բանտարկեալները կը տեղափոխուէին չորրորդ մակարդակ, այսինքն կը ստանային պայմանական վաղաժամկէտ ազատման կտրոններ (tickets of leave) եւ ազատ կ'արձակուէին։ Սակայն վատ վարքի պարագային կրնային զրկուիլ կտրոններէ՝ կրկին բանտ նետուելով։

Այս համակարգը Եւրոպայի մէջ էականօրէն ազդեց բանտային ազատազրկման մարդասիրացման:

Անցումային Բանտերու Առաւելութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Փորձը ցոյց կու տայ, որ բանտը կը դիմազրկէ բանտարկեալը, զայն կը դարձնէ ճշտօրէն կատարող եւ ոչ թէ գործունեայ մարդ, անոր կեանքը չափուած եւ ձեւուած է, անոր կամքը լիովին յանձնուած է բանտային ղեկավարութեան, ազատումը լիովին պայմանաւորուած է բանտային ռեժիմին ամբողջութեամբ ենթարկուելով։ Այդ իսկ պատճառով յաճախ բանտէն դուրս գալով մարդիկ կ'ենթարկուին առաջին գայթակղութեան, չեն կրնար դիմակայել ուրիշներու ազդեցութեան։ Այդ բացը լրացնելու նպատակին պէտք է ծառայէին անցումային բանտերը, ուր ազատ մարդուն վայել, բնական աշխատանքային պայմաններ կ'ապահովուէին: Բանտէն դուրս գալու գնումներ կատարելու կարելիութիւն կար, համազգեստը կը բացակայէր եւ այլն։ Որոշ ժամանակ ետք անոնք կ'ազատագրուէին բանտէն կամ լիովին ներում կը շնորհուէր անոնց։ Իբրեւ կարգապահական պատասխանատուութիւն կը կիրառուէր ընդհանուր ռեժիմի բանտ վերադարձնելը։ Այժմ նման անցումային բանտեր կան միայն Իրլանտայի Լասկի (Lusk) եւ կիներու գաղութ Տուպլինի մէջ[4]:

Հին Ռուսիայէն յայտնի է Ռուսսքայա Փրավտա (1019-1054) իրաւական նորմերու ժողովածուն[5], որուն հիման վրայ կազմուած եւ կատարելագործուած են.

Առաջին անգամ բանտերու մասին՝ իբրեւ պատիժը կրելու հիմնական եւ լրացուցիչ զնտան, կը յիշատակուի 1550-ի Իւան Դ. Ահեղ Դատաստանագիրքին մէջ։ Բանտ կը նետուէին ծանր յանցագործները եւ մեղքը չխոստովանածները։ Բանտարկութիւնը նաեւ մահուան դատապարտելուն հաւասարազօր պատժամիջոց էր[6]:

1649-էն կը յիշատակուի պատժաչափը եւ բանտարկեալները պահելու կանոնները։ 1845-ին Ռուսական Կայսրութեան մէջ քաղաքական յանցագործներու թիւի աճի հետ միաժամանակ բանտարկեալները սկսան օգտագործել իբրեւ աժան աշխատող ուժ։ 1933-ին բանտերը վերանուանուած են կալանման տուն (домзак)[7], 1963-ին՝ հետաքննութեան մեկուսարաններ, ուր կը մնային հետաքննութեան տակ գտնուողները, որոնց համար կալանք սահմանուած էր։ Ռուսաստանի մէջ բանտերու կազմակերպումը կարգաւորող հիմնական փաստաթուղթը 1970ՌԽՍՖՀ Ուղղիչ-աշխատանքային օրէնսգիրքը եղած է (ИТК կը նախատեսէր Ուղղիչ Աշխատանքներ կամ Ուղղիչ-աշխատանքային հիմնարկներու ազատազրկում), որուն փոխարինած է 8 Յունուար 1997-ի Ռուսաստանի Դաշնութեան Քրէակատարողական օրէնսգիրքը, որ քրէակատարողական հիմնարկի գործունէութիւնը կարգաւորող հիմնական փաստաթուղթն է[8]

Միջազգային Չափանիշեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1955-ին ՄԱԿ-ի առաջին քոնկրեսը յանցագործութիւնը կանխելու եւ օրինազանցներու հետ վարուելակերպի վերաբերեալ ընդունած է «Բանտարկեալներու հետ վարուեցողութեան նուազագոյն պարզ կանոններ»[9]: Այս փաստաթուղթը կը կրէ յանձնարարական բնոյթ, որուն համաձայն, բանտային կարգը պէտք է նուազագոյնս տարբերի ազատութեան մէջ եղած կեանքի կարգէ, որպէսզի «բանտարկեալներու մէջ չմարի պատասխանատուութեան զգացումը եւ մարդկային արժանապատուութեան գիտակցութիւնը»: Բանտերու մէջ պէտք է արգիլուի խտրականութիւնը: Տղամարդիկ եւ կիներ, մեղադրեալները եւ դատապարտուածները, անչափահաս եւ չափահաս բանտարկեալները, առաջին անգամ դատապարտուածները եւ մէկէն աւելի դատապարտուածներոը պէտք է առանձնացուին իրարմէ։ Իւրաքանչիւր դատապարտուածի համար նախատեսուած է առանձին «խուց կամ սենեակ», իսկ ընդհանուր բանտախուցի մէջ ըլլալու պարագային՝ առանձին մահճակալ։ Բանտախուցերու լուսաւորութիւնը պէտք է «տեսողութեան համար անվնաս» ըլլայ՝ ընթերցանութեան եւ աշխատելու համար, իսկ օդափոխութիւնը պէտք է համապատասախանէ սանիտարական նորմերուն: Զուգարանները պէտք է մաքուր պահուին եւ բանտարկեալները անարգել պէտք է օգտուին անկէ։ Բանտարկեալներուն պէտք է թոյլատրուի լողալ նուազագոյնը շաբաթը մէկ անգամ, տղամարդիկ՝ պարբերաբար սափրուին։ Սնունդը պէտք է ըլլայ պարբերական եւ «բաւարար առողջութիւնը եւ ուժերը պահպանելու համար», իսկ ջուրը՝ միշտ հասանելի։ Բանտարկեալները պէտք է պարբերաբար անձնական շփման կարելիութիւն ունենան հարազատներու եւ մտերիմներու հետ։ Անոնք պէտք է նորութիւններ տեղեկանալու կարելիութիւն ունենան կամ ԶԼՄ-ներէ, կամ «ղեկավարութեան հսկողութեամբ այլ միջոցներէ»: Իւրաքանչիւր բանտ պէտք է գրադարան ունենայ։ Բանտարկեալները պարտաւոր են աշխատելու, բայց աշխատանքը պէտք չէ անոնց տառապանք պատճառէ եւ պէտք է «արդարացի վարձատրուի»: Կարգապահական պատիժներ կիրառելու անհրաժեշտ է զերծ մնալ դաժանութենէ եւ մարդկային արժանապատուութիւնը նուաստացնելէ, անհրաժեշտ է լիովին բացառել մարմնական պատիժները, «մութ խուցերու» մէջ տեղաւորելը, շղթաներ եւ քանտալներ օգտագործելը։ Բոլոր բանտերու անձնակազմին մէջ պէտք է ըլլայ բժիշկ եւ բանտարկեալները պէտք է ստանան մասնագիտական ատամնաբուժական օգնութիւն[9]:

Եւրոպական Միութեան անդամ Երկիրները այս փաստաթղութին զուգահեռ կիրառած են նաեւ «Եւրոպական քրէակատարողական կանոնները»[10], որոնք բացի «Բանտարկեալներու հետ վարուեցողութեան նուազագոյն պարզ կանոններէ» կը պարունակեն լրացուցիչ պահանջքներ։ Օրինակ, լոգանքի եւ ցնցուղի սենեակները պէտք է բաւարար ըլլան, որպէսզի իւրաքանչիւր բանտարկեալ կարենայ օգտուիլ ըստ կարելիութեան ամէն օր կամ գոնէ շաբաթը երկու անգամ։ Բանտային սնունդը պէտք է նկատի առնէ իւրաքանչիւր բանտարկեալի կրօնական եւ մշակութային արժէքները։ Բանտարկեալներուն համար նախատեսուած է արձակուրդ, որ կ'ենթադրէ բանտէն դուրս գալ[10]:

Ուղղիչ Միջոցներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Վինսընթ վան Կոկ Բանտարկեալներու Զբօսանք (նկար) 1890

Պատժիչ եւ ուղղիչ նպատակներու համար բանտերու մէջ կը կիրառեն բազմատեսակ միջոցներ։

Բանտարկութեան Տեսակներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բանտարկեալները պահելու տեսակները ինչպէս այժմ, այնպէս ալ պատմութեան մէջ կարելի է բաժնել երեք մասի.

  1. մենախուցային բանտ
  2. ընդհանուր բանտ
  3. խառն բանտ։

Մենախուցային Բանտ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մենախուցային բանտարկութեան հիմքին մէջ Փենսիլվանեան համակարգը ինկած է։ Անիկա իր հերթին կ'ըլլայ.

  1. մեկուսացում, երբ բանտարկեալը կը մնայ ինքն իր հետ եւ ոչինչով կը զբաղի, բացի իր կեանքի մասին մտածելով եւ զայն վերաիմաստաւորելով:
  2. առանձնացում, երբ բանտարկեալին կարելիութիւն կը տրուի աշխատիլ, սորվիլ, մտաւոր զարգանալ բանտի անձնակազմի հսկողութեան տակ։

Բոլոր առաւելութիւններով հանդերձ այս մեթոտը չի կրնար ըլլալ արդիւնաւէտ, քանի որ համեմատուելու եւ հակադրուելու կարելիութիւն չկայ, որ աշխատանքի յաջողութեան հասնելու գրաւն է։ Փենսիլվանեան այս համակարգը առ այսօր կը գործէ Հիւսիսային Ամերիկայի, Անգլիոյ, Պելճիքայի եւ Հոլանտայի բանտերուն մէջ։ Գերմանիոյ մէջ այդ համակարգի ամենայայտնի բանտեր կը համարուին Պերլինի Moabit Zuchthaus-ը եւ Պատենի մեծ հերգոգութեան Bruchsall Zuchthaus[4]-ը:

Ընդհանուր Բանտ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այս բանտարկութեան հիմքին մէջ Օպերնեան համակարգ (Օպերն քաղաքի անունով) կամ Լռութեան համակարգը ինկած է. «Մարդիկ յանցագործներ կը դառնան ծուլութենէ եւ բանտը պէտք է ըլլայ աշխատանքային տուն»: Մեր ժամանակներուն այս համակարգը կ'արգիլէ աղմուկն ու երկարատեւ զրոյցները։ Կը գործէ նաեւ բանտարկեալները ըստ դասերու բաժնելու մեթոտը, յատկապէս յուսադրող բանտարկեալներու նկատմամբ ուղղման միջոցները անյատականացնելու նպատակով, քանի որ անհնար է բացառել բանտարկեալներու մէկը միւսին վրայ ազդեցութիւնը։ Այդ տիպի բանտեր կան Ֆրանսայի, Զուիցերիոյ (Ժընեւ, Լոզան, Սանթ Կալեն), Գերմանիոյ (Օլտենպուրկի հերցոգութիւն, Միւնիխ), Ռուսաստանի մէջ եւ այլն[4]:

Ազատազրկման այս տեսակը կը միաւորէ վերը նշուած երկու տեսակները։ Բանտարկեալը այս պարագային յաջորդաբար կ'ենթարկուի երկու ռեժիմներուն ըստ փուլերու։ Նման սկզբունքը մասամբ ժընեւեան բանտերէն փոխառուած է, սակայն աւելի ցայտուն արտայայտուած է անգլիական եւ իրլանտական բանտերէն (1878), եւ կը կոչուի անգլիական եւ իրլանտական համակարգ կամ յառաջադէմ համակարգ։ Բանտարկեալներուն կ'աշխատցնէին ըստ դասարաններու աստիճանաբար թեթեւցնելով անոնց աշխատանքի ծանրութիւնը, բանտարկութեան պայմանները[11]: Անգլիոյ մէջ այս համակարգը մտցուած է 1838-ին: 1857-էն կիրառուած է տաժանակիր աշխատանքի (penal cervitude կամ Penal labour) դատապարտուած աւելի ծանր յանցագործներու նկատմամբ հետագային աքսորավայրին նախապատրաստելու նպատակով (անգլերէն՝ probation-system փորձնական համակարգ), իսկ Աւստրալիա աքսորումը վերցնելէ ետք այս համակարգը կը գործէ ինքնուրոյն. այժմ Անգլիոյ մէջ կը գործէ ազատազրկման երկու տեսակ.

  1. ազատազրկում բանտի մէջ
  2. ազատազրկում տաժանակիր աշխատանքով։

Խառն տիպի բանտի մէջ մնալու ժամանակը կը բաժնուի երեք մասի.

  1. փորձնական
  2. ուղղիչ
  3. վաղաժամ ազատում։

Իրլանտայի մէջ բանտարկեալները կը տեղափոխէին երրորդ տեսակի բանտեր, այսպէս կոչուած անցումային բանտեր (intermediate prisons), որ իրլանտական համակարգի գլխաւոր առանձնայատկութիւնն էր՝ նախատեսուած բանտարկեալի կամքի ամրացման համար[4]:

Ձերբակալուածներու բանտային կեանքի բոլոր պահերը՝ քուն, աշխատանք, սնունդ, հարազատներու հետ տեսակցութիւն, պէտք է կատարուի բանտի ղեկավարութեան կամ պահակներու հսկողութեան տակ։ Հսկողութեան յատուկ անընդհատութիւն է նախատեսուած բանտարկութեան այնպիսի վայրերու մէջ, ուր մտցուած են համատեղ, ընդհանուր աշխատանքներ կամ պարտադիր լռութեան համակարգ։ Չնայած մեկուսարանային բանտերու բանտարկեալներու հսկողութիւնը աւելի թեթեւ կը թուի, այնուամենայնիւ ծառայողական անձնակազմէն կը պահանջուի բանտարկեալներէն իւրաքանչիւրի բոլոր գործողութիւններու եւ վարքի մշտական եւ գիտակցուած հսկողութիւն։ Այդ աշխատանքը իրականացնող անձնակազմ պատրաստելու համար յատուկ դպրոցներ ստեղծելու անհրաժեշտութիւն յառաջացաւ։ Նման դպրոցներ արդէն կը գործեն Պելճիքայի Լիովընեան բանտին կից եւ Լիւնեպըրկի մէջ (գերմաներէն Lüneburg, Փրուսիա

Կաշիէ ինը պոչանի մտրակ («կատու»): Թղթադրամը չափի համեմատութեան համար է

Կարգապահական Պատիժներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կարգապահական պատիժ իրականացնելու համար մարդը կը զրկեն կեանքի բնականոն պայմաններէն։ Սակայն բացի անկէ, որոշ պետութիւններու մէջ առ այսօր կը կիրառուին նաեւ մարմնական պատիժներ։ Անգլիական բանտերու մէջ (convict-prisons) բանտարկեալները 30 հարուած կը ստանան յատուկ տեսակի կաշիէ մտրակով («կատու»)։

19-րդ դարու 80-ականներուն որոշ գերմանական պետութիւններու մէջ թերեւս կը կիրառուէր անմշակ կաշիէ մտրակով (Ochsenziemer) եւ փայտէ ճիպոտներով ձաղկումը։ Բացի ատկէ մինչեւ 20-րդ դարը այսպէս կոչուած մեկուսարաններու մէջ (Lattenkammer) բանտարկեալներու համար կը կիրառուէր մարմնական պատիժի յատուկ միջոց. մեկուսարանի յատակը (Սաքսոնիոյ մէջ նաեւ պատերը) ծածկուած էին իրարմէ փոքր հեռաւորութիւններու վրայ տեղադրուած սուրսայր ճաղերով։ Ֆրանսայի մէջ աւելի կատարելագործուած էր մարմնական պատիժը. իրաւախախտ գերիներուն՝ «լարի վրայ հետապնդում»: Մարմնական պատիժներու դէմ եռանդուն պայքարած է Սթոքհոլմի 1878-ի քրէակատարողական կանոններու միջազգային քոնկրեսը։[12]

Բոլոր յառաջադէմ բանտերու մէջ կը գործեն դպրոցներ բանտարկեալներու համար։ Հիմնականին կ'ուսուցանուին գրագիտութիւն, թուաբանութիւն եւ հոգեւոր պատմութիւն։ Տարբեր երկիրներու մէջ ուսուցանման սահմանային տարիքը տարբեր է (մինչեւ 30 տարեկանէն՝ 60 տարեկան)։

Բանտարկեալի Աշխատանք

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ժամանակին բանտին մէջ բարոյականութեան մակարդակի բարձրացման գլխաւոր գործօնը կը համարուի բանտային աշխատանքի նպատակասլաց կազմակերպումը։ Բանտային աշխատանքը հինէն շահ կը հետապնդէր (տաժանակիր թիավարման աշխատանք թիանաւերու վրայ) կամ պատիժի ճնշման միջոց էր (Անգլիոյ մէջ)։ Ներկայիս բանտարկեալի աշխատանքը գլխաւորապէս կը հետապնդէ ուղղիչ նպատակ՝ յանցագործին ստիպողաբար սորվեցնելով պարբերական եւ արտադրողական աշխատանք։ Այդպիսի աշխատանքներու թիւը կը հասնի 100-ի, որոնք ոչ միայն կը մարզեն բանտարկեալը, այլ նաեւ կը սորվեցնեն ինքնուրոյն եւ նախաձեռնողական աշխատանք։ ԱՄՆ-ի մէջ բանտարկեալները չեն վարձատրուիր, Փրուսիոյ եւ Անգլիոյ մէջ՝ պարգեւներ կը ստանան, իսկ ազատագրուելէ ետք՝ նպաստ, Ֆրանսայի մէջ՝ վարձատրութեան չափը կախեալ է ազատազրկման չափէն եւ կ'աճի ազատագրման ժամկէտին զուգընթաց։ Ազատազրկուածներու ընկերականացման նպատակով կը մտցուին վաղաժամ ազատագրում, պայմանական դատապարտում, գործատուներու ներգրաւում։

Բանտերու ենթակայութիւնը տարբեր երկիրներու մէջ տարբեր է։

  • Անգլիոյ մէջ Ներքին գործոց նախարարութիւնը կը ղեկավարէ, որ ունի յատուկ prison department:
  • Ֆրանսայի մէջ մեծ մասը Ներքին գործոց նախարարութիւնը կը ղեկավարէ, իսկ աքսորի դատապարտուածներու ազատազրկման վայրերը՝ մասամբ Ծովային նախարարութիւնը, մասամբ ալ Գաղութներու նախարարութիւնը (Ալճերիոյ մէջ՝ ընդհանուր նահանգապետը)։
  • Աւստրիոյ մէջ 1865-էն բանտերու ղեկավարութիւնը Արդարադատութեան նախարարութիւնը կ'իրականացնէ (1-ին եւ 2-րդ ատեանի դատարաններ, դատախազներ եւ դատաւորներ)։
  • Պաւարիոյ մէջ բանտերու հսկողութիւնն ու ղեկավարութիւնը դատախազի եւ տեղամասային աւագ դատաւորները (Oberamtsrichter) կ'իրականացնեն։
  • Պելճիքայի մէջ 1832-էն առ այսօր բանտերը Արդարադատութեան նախարարութեան հսկողութեան տակ են, ուր կեդրոնական իշխանութեան եւ բանտարկութեան վայրերու տնօրինութեան միջնորդ կը հանդիսանայ վարչական յանձնաժողովը (commissions administratives), որուն մաս կը կազմեն թագաւորական դատախազը, ռազմական վերահսկիչը, քաղաքապետը եւ թագաւորական իշխանութեան կողմէ նշանակուած 6-9 անդամներ։
  • Փրուսիոյ համար բնորոշ է հինէն եկած երկիշխանութիւնը։ Բոլոր քրէակատարողական տուները (Zuchthaus), նաեւ որոշ բանտեր (52) ենթակայ են Ներքին գործոց նախարարութեան, իսկ բանտերու մեծ մասը (987) կը ղեկավարեն Արդարադատութեան նախարարութիւնը եւ Տեղամասային դատարանները (Amtsrichter) նաեւ 1-ին ատեանի դատարանները (Landgericht)։

Բանտարկեալներու Թիւը Ըստ Երկիրներու

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Բանտարկեալներու թիւը աշխարհի քարտէսի վրայ ըստ երկիրներու՝ բնակչութեան իւրաքանչիւր 100 000-ին համապատասխան 2012

Ըստ 2006-ի պաշտօնական տուեալներու ամբողջ աշխարհի վրայ բանտարկեալներու թիւը կը կազմէ 9,25 միլիոն մարդ[13]: Այդ առումով ԱՄՆ առաջին տեղը կը գրաւէ՝ 2,19 միլիոն մարդ[14] կամ ամէն հարիւր չափահասներէն մէկէն աւելին[15]: Չնայած ԱՄՆ բնակչութիւնը աշխարհի բնակչութեան 5% -էն քիչ է, սակայն բանտարկեալներու մօտ 20% -ը բաժին կ'իյնայ ԱՄՆ-ին։

Ռուսաստանի Քրէակատարողական դաշնային ծառայութեան 1 Փետրուար 2014-ի տուեալներով Քրէակատարողական հիմնարկներու մէջ գտնուած են 674,1 հազար մարդ, որոնցմէ 1859 ցկեանս բանտարկեալներ[16] են:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «բանտ - բացատրություն»։ հայերէն ՕՆԼԱՅՆ ԲԱՌԱՐԱՆ։ էջ 189։ արտագրուած է՝ 15 Փետրվար 2016 
  2. One Studio։ «Պատմություն - ՀՀ ԱՆ Քրեակատարողական վարչություն»։ www.ced.am։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-02-15-ին։ արտագրուած է՝ 2016-02-14 
  3. «Indissoluble.com - Carcer-Tullianum - Mamertino - Foro Romano - Roma - Virtual»։ archeoroma.beniculturali.it։ արտագրուած է՝ 2016-02-14 
  4. 4,0 4,1 4,2 4,3 4,4 4,5 Таганцев Н.Уголовное право. С. 244. Способы размещения арестантов Archived 2008-04-12 at the Wayback Machine. Лекции. Часть общая. — СПб, 1902. — Т. 1
  5. Русская правда (Пространная редакция)
  6. ЭСБЕ/Судебники 1497 и 1550 гг.
  7. МВД России, энциклопедия. Москва, Объедин. редакция МВД РФ, "Олма-пресс", 2002. ISBN 5-224-03722-0
  8. Բանտ Archived 2016-12-31 at the Wayback Machine. Ցանցային իրավաբանական հանրագիտարան (ռուս.)
  9. 9,0 9,1 Минимальные стандартные правила обращения с заключенными
  10. 10,0 10,1 ЕВРОПЕЙСКИЕ ПЕНИТЕНЦИАРНЫЕ ПРАВИЛА
  11. Անգլիայում գործող բանտերի մասին ամենաթարմ մանրամասներ կան՝ Behrend, Geschichte; Ducpetiaux; Berenger, De la repression, I, с. 1-180; Van der Brugghen, Etudes sur le Systeme penitentiaire irlandais, 1865 г.; F. v. Holtzendorf, Das irische Gefängnissystem, 1859 г.; F. v. Holtzendorf, Critische Untersuchungen über die Grundsätze und Ergebnisse des irischen Strafvollzuges, 1865 г.; Aschrott, Strafensystem und Gefängnisswesen in England, 1887 г.; Aschrott, Strafen und Gefängnisswesen in England während des letzten Jahrzehnts, 1896 г.
  12. Шалев Ш.Одиночное заключение: сборник материалов и документов. Archived 2016-03-04 at the Wayback Machine. Лондон: Центр криминологии им. Мангейма, Лондонская школа экономики и политологии, 2008. էջ 103
  13. Walmsley, Roy.World Prison Population List (Seventh Edition) (PDF) (October 2006).
  14. Harrison, Paige M., Allen J. Beck. Prison and Jail Inmates at Midyear 2005
  15. One in 100: Behind Bars in America 2008
  16. ФСИН:Краткая характеристика уголовно-исполнительной системы

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]