Հիւանդութիւն
Հիւանդութիւնը այն վիճակն է, ուր կը գտնուինք, երբ մեր մարմինէն մաս մը լաւ չի գործեր: Գիտնականները յայտնագործած են, թէ հիւանդութիւնները յաճախ ծնունդ կ'առնեն մանրէներէ կամ ժահրերէ: Այսօր, բժիշկները կարող են բուժել հիւանդութիւններ, որոնք անցեալին մահացու էին:
Մանրէներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մանրէները այնքան պզտիկ բջիջներ են, որոնք միայն մանրադիտակով կարելի է տեսնել: Անոնք ամէն տեղ կը գտնուին: Մեծամասնութիւնը վնաս չի պատճառեր, բայց ոմանք մեր կազմուածքին մէջ թափանցելով՝ կը յառաջացնեն հիւանդութիւններ: Թոքախտը, կապոյտ հազը եւ կոկորդի ցաւը յառաջ կու գան մանրէներէ: Բժիշկները կը բուժեն այս հիւանդութիւնները անթիպիոթիգներու օգնութեամբ, որոնք կ'ոչնչացնեն մանրէները:
Բնական պաշտպանութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մեր մարմինը վտանգաւոր մանրէներէ կը ձերբազատուի՝ անոնց դէմ ղրկելով արեան ճերմակ գնդիկները:
Տաքութիւն/ջերմ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մեր մարմնին բնական ջերմութիւնն է մօտաւորապէս 37 °C: Երբ հիւանդ ենք, մեր մարմնին ջերմաստիճանը կրնայ բարձրանալ. «տաքութիւն ունի» կ'ըսուի: Տաքութիւնը արդունքն է մեր մարմնէն ներս խուժող մանրէներու դէմ պայքարին: Ջերմաստիճանը կը չափեն ջերմաչափի մը միջոցաւ:
Ժահրեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ժահրերը, որոնք աւելի պզտիկ են քան մանրէները, կ'ապրին միայն կենդանի բջիջներու մէջ. անոնք կը փճացնեն եւ կը պատճառեն հիւանդութիւններ, ինչպէս՝ հարբուխ, հարսանէթ, ջրծաղիկ եւ լարականջային թքագեղձի բորբոքում: Ասոնք հիւանդութիւններ են, որոնք դիւրաւ կը փոխանցուին մէկ անձէն միւսին: Կ'ըսեն թէ այս հիւանդութիւնները փոխանձիկ են:
Խմիչք եւ թմրեցուցիչ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ալքոլին, ծխախոտին եւ թմրեցուցիչին չափազանց գործածութիւնը, գէշ ու վնասակար սովորութիւն մըն է: Եթէ յաճախակի կը խմենք, կը փճացնենք մեր առողջութիւնը: Ծխախոտը կրնայ թոքային հիւանդութիւններ պատճառել:
Պատուաստ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մենք պատուաստուած ենք կարգ մը հիւանդութիւններու դէմ, ինչպէս՝ մանկական անդամալուծութիւնը, պրկախտը, մաշկախտը (տիֆթերի) եւ կապոյտ հազը: Պատուաստումը կը կայանայ մարմնին մէջ ներարկելու մանրէներ, որոնք կը պատճառեն նոյն հիւանդութիւնը անվտանգ ձեւի տակ: Այսպէս, մեր մարմինը կ'արտադրէ հակամարմիններ, որպէսզի պայքարին մանրէներու դէմ: Այնպէս որ, երբ մեր մարմինը կ'ենթարկուի իսկական մանրէներու կրոհին, դիմադրող տարրեր պատրաստ են պայքարելու համար անոնց դէմ:
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Մշակութային Իմ Առաջին Հանրագիտակս, Մարդկային Մարմին, էջ 30-31, Արամ Սեփեթճեան եւ Լեւոն Թորոսեան, Պէյրութ: