Դպրոց
Դպրոց, կառոյց, որ նախատեսուած է ուսուցիչներու ուղղորդմամբ ուսանողներու կամ աշակերտներու ուսուցման համար։ Շատ երկիրներ պարտադիր պետական կրթութեան համակարգեր ունին։ Այդ համակարգերու մէջ, աշակերտներու ուսուցումը կը կատարուի հետեւեալ շարքով՝ սկզբնական դպրոց՝ փոքր երեխաներու համար, այնուհետեւ միջին դպրոց, սկզբնական դպրոցն աւարտած տաս տարեկաններու համար։ Կառոյցը, ուր բարձրագոյն կրթութիւն կը ստանան, սովորաբար կ'անուանեն համալսարան գոլէճ կամ համալսարան։
1. Դպրութիւն՝ կարդալ-գրել սորվելու տեղ։
2. Ամէն աստիճանի եւ տիպի ուսումնավայր, ուրտեղ աշակերտներուն կը սորվեցնեն գրագիտութիւն, գիտութիւններ, արուեստներ, արհեստներ։
‣ Առաջին՝ երկրորդ … աստիճանի՝ ստորին՝ միջնակարգ՝ բարձրագոյն դպրոց։
‣ ✽ Մասնագիտական՝ ընդհանուր կրթական դպրոց։
‣ Երաժշտական դպրոց։
‣ Արհեստաւորաց դպրոց։
‣ Երկաթուղային դպրոց։
‣ Ժառանգաւորաց դպրոց (= վանքերուն կից, ուրկէ աւարտողները կը մտնեն հոգեւոր կոչման մէջ)։
‣ Կար ու ձեւի դպրոց։
‣ Նկարչական դպրոց։
‣ Գիշերօթիկ դպրոց (որուն կից աշակերտները կը ստանան բնակարան եւ սնունդ)։
‣ Ցերեկօթիկ կամ երթեւեկ դպրոց։
‣ Առեւտրական դպրոց։
‣ Պետական՝ մասնաւոր դպրոցներ։
‣ Ռէալական դպրոց, ուր գլասիք լեզուները չէին աւանդուիր եւ աւելի ընդարձակ ծրագրով կ'աւանդուէին մաթեմատիկա, ֆիզիքս, քիմիա։
‣ Միամեայ՝ երկամեայ դպրոց, ուր ուսման ընթացքը կը տեւէ մէկ, երկու տարի։
‣ Ձրիավարժ դպրոց, ուր ուսումը ձրի կ'աւանդուի։
‣ Տղոց եւ աղջկանց՝ երկու սեռի կամ խառն դպրոցներ։
3. Շէնք, ուր ուսումը կ'աւանդուի։
5. Փոխաբերաբար Որեւէ յայտնի վարպետի (փիլիսոփայ, արուեստագէտ, հեղինակ) վարդապետութիւնը կամ ուղղութիւնը, Օրինակ՝
‣ Նոր-պղատոնեան դպրոց։
‣ Ռոմանթիք դպրոց։
‣ Իրապաշտ դպրոց։
6. Որոշ ոճ՝ ուղղութիւն նկարչութեան մէջ։
‣ Ֆլամանդական, ֆրանսական, ռուսական դպրոցներ։
Դարձուածքներ
Կեանքի դպրոց
Կենցաղավարական փորձառութիւն։
‣ Դուն շատ ուսանած ես, բայց դեռ կեանքի դպրոցը չես մտած[1]։
Աղբիւր՝ Ստեփան Մալխասեանց, Հայերէն բացատրական բառարան. Երեւան: Հայկական ՍՍՌ Պետական Հրատարակչութիւն (1944): էջ 563
ԴՊՐՈՑ
գոյական
1. դպրութիւն՝ կարդալ-գրել սորվելու տեղ.
2. վարժարան, ուսումնարան, կրթարան, ճեմարան.
3. շէնք, ուր ուսում կ՚աւանդուի.
4. կրթական հաստատութեան մէջ ուսանող աշակերտութիւն.
5. որեւէ յայտնի վարպետի՝ ուսումնական գործիչի ուսուցանելու մեթոտը՝ ուղղութիւնը.
6. որոշ ոճ՝ ուղղութիւն՝ հոսանք նկարչութեան՝ երաժշտութեան եւ ա՛յլ արուեստներու մէջ։ Կեանքի դպրոց՝ (կեանքը մինչեւ գերեզման դպրոց է)՝ կենցաղավարական փորձառութիւն:
Աղբիւր՝ Գնէլ արքեպիսկոպոս Ճէրէճեան, Փարամազ Կ. Տօնիկեան եւ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան, Հայոց լեզուի նոր բառարան. Պէյրութ: Կ. Տօնիկեան եւ Որդիք Հրատարակչատուն (1992): էջ 520
Ծանօթագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Nayiri.com»։ www.nayiri.com։ արտագրուած է՝ 2024-12-25