Քիրինի, Լիպիա

Եունեսքոյի Համաշխարհային ժառանգութեան Յուշարձան
Քիրինի
Κυρήνη
Քիրինի հնաբանական վայրը
Երկիր Լիպիա
Շրջան հիւսիսային Ափրիկէ
Հիմնադրուած է՝ ՔԱ630
Տարածութիւն 131,675 հեկտար
Կը գտնուի ափին Միջերկրական Ծով
Ժամային գօտի UTC+2[1]

Քիրինի (հին յուն․՝ Κυρήνη, արաբ․՝ شحات - լատինացուած՝ Shaḥāt)․ հիւսիսային Ափրիկէի հին յունական գաղթօճախ։ Հիմնուած է Ք․Ա․630-ին Թիրիացիներէն (Սանթորինիի բնակիչներէն)։ 1982-ին յայտարարուած է Եունեսքոյի Համաշխարհային ժառանգութեան Յուշարձան։

Ընդհանուր տեղեկութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քիրինի կը գտնուի հիւսիսային Ափրիկէ, Լիպիոյ Ճեպել Աքտար (Jebel Akhdar) հովիտին մէջ եւ իր անունով՝ Քիրինայիքի, կը կոչուի Լիպիոյ արեւելեան շրջանը։

Քաղաքը հիմնած են Սանթորինիի բնակիչները՝ Թիրիացիները, որոնց առաջնորդը եղած է Վաթոս Արիսթոթելիս կամ Վաթոս Ա․։ Իսկ անունը առած է Քիրի աղբիւրէն որ Ափոլոնաս աստուծոյ նուիրուած էր։ Քիրինի արագօրէն կը զարգանայ եւ հիւսիսային Ափրիկէի յունական մշակոյթի կեդրոնը կը դառնայ։ Ք․Ա․3-րդ դարուն Սոկրատին աշակերտներէն Արիսթիփոս կը հիմնէ Քիրինիոյ փիլիսոփայութեան դպրոցը։

Եղած է Էրաթոսթենիսի* ծննդավայրը, իսկ քաղաքին հետ կապ ունեցած են հին Յունաստանի փիլիսոբաներ՝ Արիսթիփոս, Քալիմահոս, Քորնէատիս եւ Սինեսիոս, ինչպէս նաեւ Պտողեմէոս արքեպիսքոպոսը։

Էրաթոսթենիս կամ Էրաթոսթենիս Քիրինեցին (Ք․Ա․276 - Ք․Ա․194)․յոյն թուաբանագէտ, աշխարհագէտ, աստղագէտ, երկրաբաշխիչ, երաժիշտ, բանասէր եւ գրագէտ։

Պատմական ակնարկ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յունական ժամանակաշրջան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իրոտոթոս իր «Իսթորիէ» (Պատմութիւն) Դ․ գիրքին մէջ արձանագրած է թէ Քիրինի կը հիմնուի իբրեւ Սանթորինիի գաղթօճախ։

Մաղաս, Քիրինիի թագաւոր

Եղած է հին Լիպիոյ գլխաւոր քաղաքը եւ առեւտրական կապեր պահպանած է յունական քաղաքներու հետ։

Ք․Ա․460-ին Ժողովրդավարական քաղաք-պետութիւն կը դառնայ, իսկ Մեծն Աղեքսանտրի մահէն ետէ մաս կը կազմէ Պտողեմէոսեան Հարստութեան։ Ք․Ա․322-ին Օֆելաս (Մեծն Աղեքսանտրի բանակին զինուորականներէն) քաղաքը Պտողեմէոսէն կը գրաւէ, իսկ անոր մահէն ետք Պտողեմէոսին զաւակը՝ Մաղաս, Ք․Ա․276-ին Քիրինիին կը տիրանայ եւ քաղաքը կ՛անկախացնէ։ Սակայն անոր մահէն ետք, Քիրինի կրկին կը գտնուի Պտողեմէոսեան Հարստութեան հսկողութեան տակ։

Ափոլոնաս կիթառահար, հռոմէական արուեստ 2-րդ դար

Քիրինայիքի Պտողեմէոսեան Կայսրութեան մաս կը կազմէ ունենալով վարչական կեդրոն Աղեքսանտրիան եւ Ք․Ա․74-ին հռոմէական նահանգ կը դառնայ Կրետէի եւ Քիրինիոյ անունով։ Անոր մայրաքաղաքն էր Ղորթինա (Կրետէ

Հռոմէական ժամանակաշրջան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քիրինիոյ անկումը կը յառաջանայ երբ կը դադրի գլխաւոր առեւտրական կեդրոն ըլլալէ։ Զայն կը մրցակցին Կարթագէնը եւ Աղեքսանտրիան։ 262-ի երկրաշարժը մեծ աւերներ կը գործէ քաղաքի նաւահանգիստին՝ Ափոլոնիա եւ Տիմիթրայի ու Փերսեֆոնիի տաճարներուն։ Քլուտիոս կայրս (Claudius Gothicus) քաղաքը վերաշինել կու տայ սակայն տնտեսական անկումը, իրարայաջորդ բնական աւերներն եւ 365-ի երկրաշարժը չեն օգներ քաղաքի տնտեսութեան վերականգման։ 643-ին արաբները զայն կը գրաւեն։

Հնաբանական յայտնաբերումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քաղաքին մէջ յայտնաբերուած ու պահպանուած են բաւական հին յուշարձաններ՝ Ափոլոնասին տաճարը Ք․Ա․7-րդ դար, Տիմիթրային տաճարը, Էքաթիին եւ Տիոսքուրիներուն տաճարը, ինչպէս նաեւ կարեւոր յուշարձաններով եւ դամբանասիւներով հին գերեզմանատունը։ Զեւսին նուիրուած տաճարին մէկ մասը կը կործանուի Մուամար Քատաֆիի հրամանով 1978-ին։

Քիրինիոյ մօտերը յայտնաբերուած է ծովէն դուրս եկող Աֆրոտիթիին արձանը (կը գտնուի Հռոմի Հնաբանական Թանգարանը։ 2005-ին Իտալիոյ Ուրպինօ համալսարանի հնաբաններ 375-ի երկրաշարժէն տաճարի մը փլած պատին տակէն կը յայտնաբերեն 2-րդ դարու հռոմէական 76 անեղծ արձաններ։

Պատկերարահ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

[2] [3] [4] [5] [6]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]