Jump to content

Ցոլակ Ամերիկեան

Ցոլակ Ամերիկեան
Ծննդեան անուն Գալուստ Սուլուլիկեան
Ծնած է 23 Սեպտեմբեր (5 Հոկտեմբեր) 1887[1]
Ծննդավայր Տրապիզոն, Օսմանեան Կայսրութիւն[1]
Մահացած է 17 Սեպտեմբեր 1964(1964-09-17)[1] (76 տարեկանին)
Մահուան վայր Լենինական, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
 Խորհրդային Միութիւն
Ազգութիւն Հայ[1]
Մայրենի լեզու հայերէն
Մասնագիտութիւն դերասան
Աշխատավայր Գիւմրիի Վարդան Աճեմեանի անուան պետական թատրոն[1]

Ցոլակ Ամերիկեան (բուն անունով՝ Գալուստ Սուլուլիկեան, 23 Սեպտեմբեր (5 Հոկտեմբեր) 1887[1], Տրապիզոն, Օսմանեան Կայսրութիւն[1] - 17 Սեպտեմբեր 1964(1964-09-17)[1], Լենինական, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն), հայ դերասան։

Ծնած է Տրապիզոն: Փոքր տարիքին հօրեղբօր հետ տեղափոխուած է Պաթում, ուր ստացած է իր նախնական կրթութիւնը: Այնուհետեւ մեկնած է Վենետիկի Մխիթարեան վարժարան՝ շարունակելու իր միջնակարգ ուսումը, սակայն երկար չմնալով վերադարձած է Պաթում, ուր սկսած է մաս կազմել սիրողական ներկայացումներու, որոնցմէ են «Արշակ Բ.», «Վարդան Մամիկոնեան», «Ղարաբաղի աստղագէտը», «Խաչագողի յիշատակարանը» եւ ուրիշներ:

Ցոլակ հակառակ նիւթական դժուարութիւններու, կրցած է մեկնիլ Փարիզ, Մարսէյլ, Յունաստան եւ Եգիպտոս, դիտելու եւ ուսումնասիրելու ժամանակի անուանի դերասաններու ներկայացումները:

Շրջագայութենէն ետք վերադարձած է Կովկաս եւ անդամակցած՝ Ամօ Խարազեանի թատերախումբին:

Որոշ ժամանակ ետք՝ 1910 թուականին մեկնած է Էրզրում, ուր հիմնած է թատերական խումբ մը, հանդէս գալով Շիրվանզատէի «Չար ոգին», «Պատուի համար», «Նամուսը», Յակոբ Պարոնեանի «Մեծապատիւ մուրացկանները», «Պաղտասար աղբարը» եւ բազմաթիւ այլ ներկայացումներով:

Ցոլակ կարեւոր դերեր ստանձնած է, բեմակից ըլլալով Սիրանոյշի, Վահրամ Փափազեանի, Սեւումեանի եւ ժամանակուան անուանի դերասաններուն եւ դուրս գալով Կովկասի սահմաններէն բազմաթիւ հայահոծ շրջաններու մէջ ունեցած է ներկայացումներ:

Թատրոնի կողքին Ցոլակ դերեր ստանձնած է նաեւ ժապաւէններու մէջ, որոնցմէ կարեւորագոյններէն են․

  • «Տժվժիկը»,
  • «Մօր սիրտը»,
  • «Ո՞ւմ է ժպտում կեանքը»,
  • «Փառքի օղակներ» եւ ուրիշներ[2]:

1947 թուականին արժանացած է Խորհրդային Հայաստանի Ժողովրդական արուեստագէտի կոչման:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։