Տաւուշի Բերդ
Տաւուշի Բերդ | |
|---|---|
|
| |
| Տեսակ | ամրոց? և մշակութային արժէք[1] |
| Երկիր |
|
| Տեղագրութիւն | Բերդ? |
| Գտնվում է ափին | Տավուշ? |
| Ժառանգութեան կարգավիճակ | մշակութային հուշարձան Հայաստանում?[1] |
![]() | |
![]() | |
| Lua error in Մոդուլ:Wikidata at line 701: Tried to write global coord_mod. | |
Տաւուշի բերդ կամ Ցլիկ Ամրամի բերդ, միջնադարեան բերդ Հայաստանի Հանրապետութեան Տաւուշի մարզի Բերդ քաղաքի ծայրամասին մէջ, Տաւուշ գետի աջ ափին, պատմական Մեծ Հայքի Ուտիք նահանգի Տաւուշ գաւառին մէջ։
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Տաւուշ բերդը առաջին անգամ կը յիշատակուի 10-րդ դարու սկիզբը, որպէս Աշոտ Երկաթի փոխարքաներու նստավայր (գլխաւորաբար Ցլիկ Ամրամի)։ 10-11-դարերուն ամրոցը անցած է լոռեցի Կիւրիկեաններուն։ Ամրոցի տարածքին մէջ այսօր ալ կը գտնուին կաւէ սպասք եւ ուրիշ իրեղէն։ Ամրոցը եղած է այն իւրայատուկներէն, որ ունեցած է իր ներդաշնակ ջրամատակարարումը։ Քանի որ 14-րդ դարէն բերդը եղած է լքուած, այժմ ան կը գտնուի վատ վիճակի մէջ։ Մարդիկ չեն կրնար ներս մտնել, որովհետեւ անոր մուտքի եւ ելքի տեղերը անյայտ են։
Հիմնադրման թուականը յայտնի չէ։ Տաւուշի բերդը 9-10-րդ դարերուն հռչակուած վայր էր։ Այստեղ նստող իշխանները քանի մը անգամ ապստամբութիւն բարձրացուցած են Բագրատունի թագաւորներու դէմ։ Աշոտ Բ-ը (914-928) զէնքի ուժով կը կտրէր անոնց դիմադրութիւնը եւ կը գրաւէր Տաւուշի բերդը։ Գրաւոր աղբիւրներուն մէջ առաջին անգամ կը յիշատակուի X դ. սկիզբը, որպէս հայոց թագաւոր Աշոտ Բ. Երկաթի կուսակալներու նստավայր։ X-XI դդ. պատկանած է Բագրատունիներու Կիւրիկեան ճիւղին, XII-XIII դդ.՝ Զաքարեաններուն[2]։ XIV դ. վերջը անտերունչ մնացած Տաւուշը աստիճանաբար աւերուած եւ քայքայուած է։ Տաւուշը բաղկացած էր միջնաբերդէն եւ ստորին բերդէն։ Միջնաբերդը կը գրաւէր բարձրադիր, զառիթափ ժայռերով եզերուած բլուրի գագաթի նեղ (առավելագոյն լայնութիւնը 25մ), լեզուականման տարածքը։ Կիսագլանաձեւ բուրգերով ամրացուած պարիսպի մնացորդները (մինչեւ 12մ բարձրութեամբ, կառուցուած՝ ոչ խոշոր գետաքարերով եւ ճեղքուած անդեզիտի քարերով) պահպանուած են արեւելեան եւ հիւսիս-արեւմտեան մասերուն մէջ։ Մուտքը եղած է հարաւային կողմէն։ Տարածքին մէջ շինութիւններու հետքեր չեն պահպանուած։ Միջնաբերդը հիւսիսային կողմը շարունակուած է աւելի ցած դիրքով փոքր բլուրի վրայ, դէպի ուր ունեցած է ելք։ Ստորին բերդը գտնուած է միջնաբերդի արեւելեան ստորոտին, ուր պահպանուած են ճեղքուած խոշոր քարերով կիկլոպեան շարուածքով պարիսպի մնացորդներ, միանաւ դահլիճի տիպի եկեղեցիի պատեր, կացարաններու եւ տնտեսական շինութիւններու հետքեր։ Խմելու ջուրը մինչեւ ստորին բերդ բերուած է հարաւային կողմի Գլգլան կոչուող աղբիւրներէն՝ կաւէ փողրակներով (մնացորդները պահպանուած են)։
Բերդի աւերակները, որոնք մինչեւ օրս կը նշմարուին, կը գտնուին Բերդ քաղաքին մէջ, բարձր եւ զառիթափ լեռան վրայ։ Անոր շինութիւնները բռնած են բաւական մեծ տարածութիւն։ Այժմ այն բոլորը, գրեթէ առանց բացառութեան, կը գտնուին հողի հաստ շերտի տակ։ Այստեղ կատարուած են մասնակի պեղումներ[2]։
Աւանդութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Երբ արաբները կու գան այս կողմերը, Աշոտ Երկաթը իր զօրքով կ'ամրանայ Ղալի քար կոչուած ապառաժին շինուած բերդին մէջ։ Թշնամին կը պաշարէ զայն, բայց ոչինչ կրնայ ընել բերդականներուն։ Պառաւ կին մը թաքուն դուրս կու գայ բերդէն, որ պաշարուածներուն համար ուտելիք բերէ։ Արաբները բռնութեամբ կ'իմանան անկէ ջուրի ճանապարհը եւ կը կտրեն ջուրը։ Չնայած անոր, բերդին մէջ գտնուող Աշոտ Երկաթը անձնատուր չ'ըլլար։ Մութ գիշեր մը ան իր զօրքով դուրս կու գայ բերդէն եւ կը տեղափոխուի Սեւանի կողմերը[3]։

