Jump to content

Տաւուշ (գիւղ)

Տաւուշ

Տաւուշ (Թովուզ, Թաւուզ, Թովուզքենդ, Թոուզ, Թոուզքենդ, Թոուս, Տովուզ[1]), գիւղ Հայաստանի Հանրապետութեան Տաւուշի մարզէն ներս, Տաւուշ գետի ձախ ափը, Կենաց լերան լանջին, Երեւանէն՝ 197 քմ, մարզի կեդրոնէն՝ 64 քմ, Բերդ քաղաքէվ՝ 5 քմ հիւսիս, ՀՀ պետական սահմանէն՝ 7 քմ հեռաւորութեան վրայ։

Անուան Պատմութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

գիւղի Թովուզ անվանումը Տաւուշ անվան թուրքական հնչողութիւնն է։ Տաւուշ ձեւն օգտագործվել է մինչեւ արաբական տիրապետութիւնը, ինչպես նաեւ խորհրդային կարգերի հաստատումից հետո մինչեւ 1930 թուականը։ գիւղը կրկին կրել է Թովուզ անվանումը մինչեւ 2006 թուականը, այնուհետեւ կրկին վերանվանվել է Տաւուշ։[1]

Տաւուշ գիւղը կը գտնուի բլուրի վրայ գտնուող հնադարեան բերդ-ամրոցին մօտ։ Այն լաւ պաշտպանուած դիրք ունեցած է, ունեցած է նաեւ՝ մինչեւ 3 քմ, ինքնահոս խմելու ջրատար, որ հնարաւորութիւն ընձեռած է շրջակայ բնակավայրերու բնակիչներուն երկար ժամանակով պաշտպանուիլ թշնամիներու պաշարումներէն։ 13-րդ դարուն գիւղը ասպատակուած է սուլթան Ճալալետտինի եւ մոնկոլներու հրոսակներու կողմէ, իսկ 14-րդ դարուն Լենկթիմուրի արշաւանքներու ժամանակ վերջնականապէս աւերուած եւ հողին հաւասարեցուած է։ Գիւղի վերածնունդը սկսած է 18-րդ դարէն, ուր սկսած են բնակուիլ Արցախէն, Լոռիի եւ Գեղարքունիքի մարզերէն[2], Արեւմտեան Հայաստանի Կարսի, Էրզրումի, Արտահանի նահանգներէն եկած հայեր։ Տաւուշեցիներուն մէկ մասը բնակութիւն հաստատած է գիւղէն դէպի վեր եւ հիմնած Չինչին գիւղը։[1]

1788 թուականին Ղարաբաղի Ջրաբերդի մելիքութեան Մելիք Մեճլումի հպատակներէն շուրջ 1000 ընտանիք կը բնակեցուին Շամշատին, որուն մէկ մասն ալ Թովուզ գիւղին մէջ։ Անոնց կը միանան օտար լուծէն փախած սակաւաթիւ ընտանիքներ։ Այլ բնակավայրերէն ու շրջաններէն իրենց բարեկամներուն միանալու համար Թովուզ գալէ ու սակաւաթիւ ընտանիքներու հետ միանալէ ետք կը վերակազմաւորուի գիւղի բնակչութիւնը, որն այլեւս բռնութիւններու չ'ենթարկուիր, որովհետեւ 1801 թուականին ռուսական Ալեքսանտր Ա․ ցարի՝ Սեպտեմբեր 12-ի մանիֆեստով Արեւելեան Վրաստանը, Ղազախ-Շամշատինը պաշտօնապէս կը միանայ Ռուսաստանին։

Թովուզ գիւղը կը վերակենդանանայ եւ կը բռնէ զարգացման ուղին։ Դանդաղօրէն կ՛աճի բնակչութեան թիւը, կ՛աւելնան ժողովուրդի նիւթական միջոցները։[1]

Գիւղը կը գտնուի կլիմայական բարեխառն գօտիէն ներս, ամրան միջին ջերմաստիճանը +30 °C է, ձմրան՝ -2 °C։ Գիւղը կը գտնուի ծովու մակարդակէն 1000 մ բարձրութեան վրայ։

Տաւուշ գիւղի ազգաբնակչութեան փոփոխութիւնը[3]

Տարի 1831 1897 1926 1939 1959 1970 1979 1989 2001 2004 2012
Բնակիչ 315 1289 1782 1953 1656 1707 1469 1573 1656 1580 1674

Բնակչութիւնը կը զբաղի այգեգործութեամբ, անասնապահութեամբ, ժամանակին՝ ծխախոտագործութեամբ եւ դաշտավարութեամբ։

Համայնքն ունի միջնակարգ դպրոց, որ վերաբացուած է 1888 թուականին, գրադարան, բուժկեդրոն, մշակոյթի տուն, մանկապարտէզ, կենցաղ սպասարկման արհեստանոցներ։

Գիւղի աղբիւրը կառուցուած է 1877 թուականին։ 2008 թուականի տուեալներով խմելու ջուրը գիւղ կը հասնի ջրմուղով՝ 80-10 քմ հեռաւորութենէն։[1]

Պատմամշակութային Կառոյցներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

գիւղի տարածքին կան սրբավայրեր (Սուրբ Գէորգ), գիւղատեղիներ, խաչարձաններ[4], գերեզմաններ։ Տաւուշի մօտակայքը կը գտնուի նաեւ միջին դարերուն յայտնի Տաւուշ բերդը, որն այժմ ավերված է եւ Կածարեթ ամրոցը։ Պահպանվել են 1637 եւ 1640 թուականներուն այստեղ գրուած մի քանի հայերէն ձեռագիրներ[1]։ Գիւղէն ներս կը գտնուի նաեւ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին, որ վերակառուցուած է 19-րդ դարուն։

Տաւուշ գիւղին մէջ ծնած են գիտութեան եւ կուսակցական գործիչներ՝ գիտութիւններու դոկտորներ Ալեքսանտր եւ Նորայր Խաչատրեանները, Գալուստ Պոօղոսեանը, Լեւոն Յարութիւնեանը, Հրայր Դարբինեանը, Կոնստանտին Դանիէլեանը, Սուրէն Դարբինեյանը, Լորիկ Գիւրջինեանը, Փառքի շքանշանի ասպետ Սեւան (Վլատիմիր) Դալլաքեանը, պետական գործիչներ Խաչիկ Յովակիմեանը, Թամար Պօողոսեանը, գրող Մաթէոս Դարբինեանը, արձակագիր Արտավազդ Յովակիմեանը, փրոֆէսոր Հրանդ Յովակիմեանը, արքեպիսկոպոս Գարեգին Մուրատեանը (Մելիքսեդեկ) (1836-1903), եպիսկոպոս Արտակ Սմբատեանը, թարգմանիչ Յարութիւն Յարութիւնեանը եւ ուրիշներ։

Տաւուշի արմատներ ունին բժշկութեան գիտութիւններու դոկտորներ Ռաֆայէլ Յարութիւնեանը, Սամուէլ Սուքիասեանը, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆէսոր Անահիտ Յարութիւնեանը, իրաւաբանական գիտութիւններու դոկտոր Ալեքսանտր Յարութիւնեանը, տեխնիկական գիտութիւններու դոկտոր Սարիբեկ Խաչատրեանը, փրոֆէսոր Նաիրա Յովակիմեանը, ֆիզիկամաթեմատիկական գիտութիւններու դոկտոր Արտաշ Ալոյեանը, ՌԴ ժողովրդական արտիստ Կէորկի Գարանեանը, ՀՀ ժողովրդական արտիստ Գէորգ Տէեր Դաւթեանը, ՀՀ վաստակաւոր արտիստ Սօս Մայիլեանը, լեզուաբան Դաւիթ Կիւրճինեանը եւ ուրիշներ։

Տաւուշ ունի ընդհանուր առմամբ 17 գիտութիւններու դոկտոր եւ 32 գիտութիւններու թեկնածու։ Թովուզում ծնած են Պաքուի 26 կոմիսար Արմենակ Բորեանի, պետական գործիչ Բագրատ Բորեանի, բանաստեղծ Խորէն Բորեանի մայրը՝ Սոֆի Սաղումեանը՝ Եկոր Սաղումեանի (Ղրդունց) քոյրը։[1]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 1,5 1,6 Լավրենտի Միրզոյան, Հավերժութեան ղողանջներ, Երեւան, 2008, էջ 5-6։
  2. «Տաւուշի մարզպետարան, Տաւուշ (գիւղ)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-09-16-ին։ արտագրուած է՝ 2015-11-20 
  3. «Հայաստանի հանրապետութեան բնակավայրերու բառարան, էջ 196»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-09-12-ին։ արտագրուած է՝ 2014 Մայիսի 20 
  4. «Հայաստան» Հիմնադրամը Շարք Մը Ծրագիրներ Կ'իրականացնէ Տաւուշի Խաչարձան, Լուսաձոր Եւ Դիտաւան Համայնքներուն Մէջ