Վանի Թագաւորութեան Քաղաքակրթութիւնը
Պետական Կարգը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Վանի թագաւորութիւնը հին արեւելեան ձեւի պետութիւն էր: Անիկա համախմբում մըն էր տարբեր երկիրներու եւ ցեղերու, որոնք իրարու միացած էին բռնի ուժով: Իւրաքանչիւր ցեղ կամ ցեղային միութիւն կը պահէր իր տեղական վարչութիւնը, զօրքը, սովորութիւնները, լեզուն եւ կրօնքը: Այդ ցեղերը յարատեւօրէն կը ձգտէին անկախութեան, իսկ պետութիւնը կը ջանար զանոնք զէնքի ուժով հպատակեցնել: Այս իմաստով, Ուրարտուի պատմութիւնը տեւական միացման եւ անջատման փորձերու պատմութիւն մըն է:
Երկրին սահմանները պաշտպանելու եւ ցեղերուն անջատողական ձգտումներուն առաջքն առնելու նպատակով կը կառուցէին բերդաքաղաքներ եւ ամրոցներ: Բերդաքաղաքները ռազմա-վարչական կեդրոններ էին եւ կը ծառայէին իբրեւ կեդրոնատեղի նահանգներու կառավարիչներուն եւ իրենց տրամադրութեան տակ գտնուող պահակազօրքին: Հիւսիսային սահմաններուն համար նման կեդրոններ կը հանդիսանային Արգիշտիխինիլին, Էրեբունին եւ Թէյշէբաինին: Նուաճուած երկիրներուն վրայ յաճախ կը կարգուէին նահանգապետեր, երբեմն սակայն իշխանութեան գլուխ կը պահուէին ցեղերու առաջնորդները՝ հարկ վճարելու պայմանով: Դրամ գոյութիւն չունէր: Տուրքերը կը վճարուէին բնամթերքով, անասուններով, մետաղով:
Պետութեան միանձնեայ ղեկավարը թագաւորն էր: Ան էր երկրին գերագոյն կառավարիչը, զօրքին հրամանատարը եւ գլխաւոր դատաւորը: Թագաւորը կը ներկայանար իբրեւ ներակայացուցիչը Ուրարտուի աստուած Խալդիի: Անոր անունով գլուխ կը հանէր շատ մը իրագործումներ, կը վարէր պատերազմ եւ կը նուաճէր երկիրներ:
Երկրի պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ հարստութեան եւ ստրուկներ ձեռք բերելու համար պետութիւնը ունէր զօրաւոր բանակ:
Բանակին կորիզը կազմուած էր բուն ուրարտացիներէն, որոնք մշտական զինուորական ծառայութեան մէջ կը գտնուէին: Մնայուն այդ բանակին վրայ կ'աւելնային հպատակ ցեղերէն վերցուած զօրքերը, որոնք սովորաբար կը ղրկուէին երկրին հեռաւոր սահմանները:
Բանակը բաղկացած էր հետեւակազօրքէ, հեծելազօրքէ եւ մարտակառքերէ: Զօրքը լաւապէս սպառազինուած է. հիմնական զէնքերն էին նետն ու աղեղը, սուրը, դաշոյնը, նիզակը եւ սակրը. պաշտպանութեան համար ունէին վահան եւ սաղաւարտ:
Ինչպէս հին Արեւելքի բոլոր մեծ տէրութիւններուն, Վանի Թագաւորութեան համար եւս պատերազմները կը ծառայէին ոչ միայն նուաճումներ կատարելու այլ նաեւ ստրկական ուժի տիրանալու: Պատերազմներու ընթացքին ձեռք բերուած հարիւր հազարաւոր գերիներուն մեծ մասը կը վերածուէր ստրուկներու եւ կ'օգտագործուէր քաղաքներու, ամրոցներու, տաճարներու, ջրամբարներու եւ ճամբաներու շինարարութեան մէջ: Զանոնք կ'աշխատցնէին նաեւ պետութեան, իշխող վերնախաւին եւ տաճարներուն պատկանող հանքերուն եւ երկրագործական մեծ տնտեսութիւններուն մէջ: Այսուհանդերձ, երկրին արտադրութեան հիմնական մասը, երկրագործութեան, անասնապահութեան թէ արհեստագործութեան մէջ, ազատ բնակչութեան աշխատանքին արդիւնքն էր:
Գիւղատնտեսութիւն եւ Արհեստներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Վանի Թագաւորութեան մէջ մեծապէս զարգացաւ գիւղատնտեսութիւնը: Ցամաքային կլիմայ ունեցող Հայկական լեռնաշխարհին մէջ երկրագործութիւնը չէր կրնար յառաջդիմել առանց ոռոգումի: Այս պարագան հաշուի առնելով, ստեղծուեցաւ ջրանցքաշինութեան եւ հողերու ոռոգման ամբողջական դրութիւն մը: Ջրանցքներ բացուեցան մասնաւորապէս Վանայ լիճին շրջակայքը, Ուրմիոյ լիճին Հիւսիսը, Արաքս եւ Հրազդան գետերու եւ Արածանիի հովիտներուն մէջ: Նշանաւոր է Մենուայի ջրանցքը, որուն հետագային հայերը կու տային «Շամիրամի առու» անունը: Ան կը բանի մինչեւ այսօր: Շուրջ 75 քմ. երկարութիւն ունեցող այդ ջրանցքը տեղ-տեղ ժայռափոր է, որոշ մասերը շինուած են հսկայական քարերէ: Տուշպա-Վան քաղաքին մօտերը Ռուսա Ա. կը բանայ 25 քմ. երկարութեամբ ջրանցք մը եւ կը շինէ արուեստական ջրամբար մը «Ռուսայի ծով» անունով (Թուրքերէն՝ Քէշիշկէօլ): Կարմիր Բլուրի Թէյշեբաինի ամրոցին մօտ շինուած է ջրանցք մը, որ Հրազդան գետէն լերան մէջ փորուած փապուղիէ կ'անցնի եւ ջուրով կը մատակարարէ Արարատեան դաշտի գիւղերն ու այգիները:
Հայկական լեռնաշխարհի դաշտային շրջաններուն մէջ լայնօրէն տարածուած էին հացահատիկներու մշակումն ու մանաւանդ այգեգործութիւնը: Կարմիր Բլուրի պեղումներուն ընթացքին գտնուած են ցորենի, կորեկի, սիսեռի մնացորդներ, խաղողի կորիզներ եւ հսկայ կարասներով գինիի մառան: Գտնուած է ձիթահանք, որուն մօտ եղած է շուշմայի մնացուկներու մեծ կոյտ: Դաշտավարութեան մէջ օգտագործուած են երկաթէ խոփով արօր, երկաթէ բրիչ, մանգաղ, եղան եւ այլ գործիքներ:
Լեռնային շրջաններուն մէջ զարգացած էր անասնապահութիւնը: Սարդուրի Բ. թագաւորի արձանագրութիւններէն մէկուն մէջ կը յիշուի, որ նուաճուած ցեղերէն ան Բիայնիլի տարած էր 110 հազար խոշոր եւ 200 հազար մանր եղջերաւոր անասուններ: Միջազգային շուկաներ՝ Փիւնիկէի (Սուր քաղաք) եւ Բաբելոնի մէջ յարգի էին ուրարտական ձիերը:
Զարգացած էին մասնագիտացած արհեստները: Միջազգային հռչակի տիրացած էր մանաւանդ Հայկական լեռնաշխարհի մետաղագործութիւնը: Արհեստներէն նշանաւոր էին դարբնութիւնը, զինագործութիւնը, ոսկերչութիւնը, պղնձագործութիւնը, բրուտագործութիւնը եւ այլն: Պեղումներու միջոցով յայտնաբերուած են բազմապիսի զէնքեր՝ զրահներ, վահաններ, սաղաւարտներ, նիզակներ, սակրեր, ռազմակառքեր եւայլն: Քիչ չեն տնային-կենցաղային իրերը՝ կաթսաներ, տարբեր մեծութեան անօթներ, բաժակներ: Աւելի շատ են պերճանքի նրբաճաշակ իրերը՝ ապարանջան, օղ, զարդեր, արձաններ, տաճարական սպասներ:
Արհեստագործական իրերը կը պատրաստուէին պղինձէ, պրոնզէ, քարէ, ոսկիէ, երկաթէ, կաւէ, ոսկորէ եւ ուրիշ նիւթերէ: Գտնուած են նաեւ կաշիէ եւ բուրդէ պատրաստուած հագուստի մնացորդներ:
Ճարտարապետութիւն եւ Կերպարուեստ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Վանի Թագաւորութեան մէջ կառուցուած են բազմաթիւ քաղաք-ամրոցներ, տաճարներ, ժայռափոր սենեակներ, ջրանցքներ: Ի տարբերութիւն Ասորեստանի՝ ուր հիմնական շինանիւթը աղիւսն էր: Ուրարտուի մէջ գործածած են քարը: Բազմատեսակ քարերու առատութիւնը զարկ տուած է քարակոփութեան արհեստի զարգացումին: Բերդերը եւ պաշտպանողական միւս շինութիւնները կը կառուցուէին անտաշ քարերով եւ առանց շաղախի, իսկ տաճարներու եւ պալատական շէնքերու համար կը գործածէին սրբատաշ եւ երբեմն տարբեր գոյնի քարեր: Շինարարութեան մէջ օգտագործուած են նաեւ հում աղիւսն ու փայտը: Բերդաքաղաքներու կեդրոնական մասը սովորաբար կը յատկացուէր պարսպապատ միջնաբերդին. անոր շուրջ կը տարածուէր նոյնպէս պարիսպով շրջապատուած քաղաքը: Միջնաբերդին մէջ կը բնակէր նահանգին կառավարիչը իր պաշտօնէութեամբ եւ սպասաւորներով: Հոս էին նոյնպէս բերդապահ զօրագունդը, արհեստաւորները, մառանները եւ այլն:
Թէյշէբաինի քաղաքը (Կարմիր Բլուր) ունէր հսկայ միջնաբերդ. կառուցուած էր բլուրի մը վրայ եւ կը գրաւէր 4 հեկտար (40.000 քառ. մեթր) տարածութիւն: Մինչեւ երկու մեթր պարիսպները շարուած էին անտաշ խոշոր քարերով, որոնք կը շարունակուին հում աղիւսէ հիւսուած պատերով: Անոնց բարձրութիւնը 6-12 մեթր էր, իսկ հաստութիւնը կը հասնէր մինչեւ 3.5 մեթրի: Բլուրին ստորոտը 30-40 հեկտար տարածութեան մը վրայ փռուած էր քաղաքը՝ դարձեալ պարիսպով շրջապատուած: Թաղերն ու բնակարանները կառուցուած էին նախագծուած յատակագիծի մը հիման վրայ, ինչ որ ենթադրել կու տայ, որ նախատեսուած էր քաղաքը բնակեցնել դուրսէն քաղաքներու, իր կործանումէն ետք Թէյշէբաինիի միջնաբերդը իր մեծագոյն մասով չէր կողոպտուած: Հետեւաբար պեղումները երեւան բերին անեղծ վիճակի մէջ հսկայ քանակութեամբ հնութիւններ, որոնք լայն չափերով կը ծանօթացնեն մեզի Վանի Թագաւորութեան հին անցեալի փայլուն քաղաքակրթութիւնը:
Վանի Թագաւորութեան տարբեր շրջաններուն մէջջ կը հանդիպինք ժայռափոր կառոյցներու: Նշանաւոր են Վան քաղաքի մօտակայ լեռներուն մէջ փորուած մեծ ու փոքր սրահները: «Մհերի դուռ» կոչուած յայտնի ժայռախորշը, որուն պատերը ծածկուած են սեպագիր արձանագրութիւններով, ունի հինգ մեթր բարձրութիւն: Ժայռափոր այս շինութիւնները ծառայած են պաշտամունքային նպատակներու եւ դամբարանային թաղումներու:
Վանի ճարտարապետական արուեստին լաւագոյն նմոյշներէն կը հանդիսանայ Մուսասիրի տաճարը, որ եղած է սիւնազարդ եւ երկթեք տանիքով: Ան կը յիշեցնէ յունական տաճարներու ձեւը, այնպէս՝ ինչպէս հետագային կառուցուած Գառնիի տաճարը:
Ուրարտուի ճարտարապետութեան մէջ տարածուած էր պատերու զարդանկարումը՝ որմնանկարը: Արին-բերդի (Էրեբունի) պեղումներուն ընթացքին յայտնաբերուած են կարմիր եւ կապոյտ գոյներով ներկուած որմնանկարներու մնացորդներ: Որմնանկարները կը ներկայացնեն աստուածներ, սրբազան կենդանիներ եւ պաշտամունքի ուրիշ տեսարաններ:
Ուրարտական արուեստներուն մէջ բարձր զարգացման հասած էր քանդակագործութիւնը, որ կը կիրարկուէր առաւելաբար մետաղի վրայ: Սաղաւարտներ, վահաններ, կապարճներ, գօտիներ, կաթսաներ եւ շատ մը կենցաղային իրեր զարդարուած են բարձրագանդակներով: Մեծ վարպետութեամբ փորագրուած այդ քանդակներուն մէջ պատկերուած են կենդանիներ (առիւծ, ցուլ, խոյ, ձի), հեծեալներ, ռազմարշաւներու, կրօնական պաշտամունքի եւ առօրեայ կեանքին վերաբերող տեսարաններ: Տարբեր մետաղէ, քարէ եւ ոսկորէ պատրաստուած մարդոց եւ կենդանիներու արձանիկները: Ոսկիէ ու արծաթէ օղերն ու ապարանջաները նոյնպէս արուեստի բարձրարժէք նմոյշներ կը հանդիսանան:
Ուրարտացիները յաջողած են ստեղծել ինքնուրոյն եւ բարձրորակ մշակոյթ, որ զերծ չէր անշուշտ հին Արեւելքի երկիրներուն եւ մասնաւորաբար ասուրա-բաբելական արուեստներու ազդեցութենէն: Փոխազդեցութիւնները զգալի եւ նաեւ Փոքր ասիական, միջերկրականեան եւ յունական աշխարհի մշակոյթներուն հետ: Այս երկիրներուն հետ Վանի Թագաւորութիւնը՝ առեւտրական եւ այլ կապերու ճամբով՝ յարաբերութիւններու մէջ կը գտնուէր: Փոխադարձ ազդեցութիւննեդու երեւոյթը կը բացատրուի նաեւ այն իրողութեամբ, որ ուրարտական բնակավայրերու պեղումներուն ընթացքին կը յայտնաբերուին օտար ծագում ունեցող իրեր, իսկ ուրարտական արուեստի գործեր կը գտնուին ինչպէս մօտակայ երկիրներու, նոյնպէս նաեւ հեռաւոր Յունաստանի եւ Իտալիոյ մէջ:
Գիր եւ Լեզու
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Վանի Թագաւորութեան գրութիւնները սեպագիր են: Նախապէս օգտագործուած են ասուրական սեպագիրները: Շուտով պարզացուցած են զանոնք եւ յարմարցուցած ուրարտերէն լէզուին: Մեզի հասած են շուրծ 500 ուրարտական մեծ ու փոքր սեպագիր արձանագրութիւններ: Անոնք փորագրուած են ժայռերու, պազալթէ սրբատաշ քարերու, մետաղեայ իրերու եւ կաւէ աղիւսներու ու ամաններու վրայ: Այդ արձանագրութիւններուն մէջ գործածուած բառերուն թիւը հազիւ 500-ի կը հասնի: Բառերու սակաւոթեան պատճառը արձանագրութիւններուն միօրինակութիւնն է: Արձանագրութիւնները նուիրուած են թագաւորներու տարած յաղթանակներուն, վերցուցած աւարին, ամրոցներու, տաճարներու եւ ջրանցքներու կառուցումին: Անոնք գրուած են պաշտօնական ու ցամաք ոճով, ուր բառերը անընդհատ կը կրկնուին: Սեպագիրներ գործածուած են միայն պետական գրագրութեան մէջ եւ բացի բուն ուրարտացիներէն կամ բիայինացիներէն, անոնց լեզուն անհասկնալի էր Հայկական բարձրաւանդակի միւս ժողովուրդներուն, որոնք կը խօսէին իրենց տեղական լեզուներով, մեծ մասը՝ հաւանաբար Հայերէն:
Սեպագիրներուն մէջ գործածուած ուրարտերէնը տարբեր է Հայերէնէն: Ուրարտերէնը կը պատկանի խուռիական լեզուախումբին, մինչ Հայերէնը հնդեւրոպական լէզու է: Սակայն երկու ժողովուրդներու կողք կողքի երկարատեւ գոյակցութիւնը, ապա ուրարտացիներու հետագայ միաձուլումը հայերուն մէջ պատճառ եղած է, որ երկու լեզուները իրարմէ որոշ թիւով բառեր փոխ առնեն: Այսպէս՝ հովիտ, ուղտ, ծառ, սուր, ուղի, պեղել, աւելիլ, արծիւ եւ այլ բառեր միեւնոյն իմաստով կան երկու լեզուներուն մէջ: Փոխադարձ նման ներթափանցումներ աւելի ակնբախ են տեղանուններու պարագային. օրինակ՝ Բիայնա-Վան, Տուշպա-Տոսպ, Ալզի-Աղձնիք, Էրեբունի-Երեւան, Ծուփա-Ծոփք, Գիառնինի-Գառնի]], Աբիլիանի-Աբեղանք, Ալխուրիանի-Ախուրեան]], Դիաուխի-Տայք, Ջաբախա-Ջաւախք եւ բազմաթիւ ուրիշ անուններ:
Ուրարտական սեպագիրները կը գրուէին ձախէն աջ ուղղութեամբ, առանց բառերը իրարմէ անջատելու եւ առանց տողադարձի: Սեպագիր արձանագրութիւններուն մէջ մեծ է թիւը հնչիւնի փոխարէն վանկ կամ ամբողջ բառ արտայայտող նշաններու կամ գաղափարագիրներու: Մեր օրերուն ալ կը գործածենք երբ, օրինակի համար, կը գրենք 3 կամ 5 եւ կը կարդանք «երեք», «հինգ», թէեւ տառերով գրուած չէ ե-ր-ե-ք կամ հ-ի-ն-գ: Տարբերութիւնը ուրարտական կամ հին գաղափարագիրներու պարագային այն է, որ մենք չենք գիտեր թէ ինչպէս կը կարդացուէին կամ կը հնչուէին անոնք:
Կրօնք եւ Պաշտամունք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ուրարտուի կրօնքը բազմաստուածեան էր: Պետութեան մէջ իւրաքանչիւր ցեղ, երկիր կամ քաղաք ունէր իր առանձին աստուածը կամ աստուածները: Ասոնց յատկացուած էին քուրմեր, որոնք տաճարներու մէջ կը կատարէին կրօնական պաշտամունք, կ'ընդունէին նուէրներ տաճարին կամ աստուծոյ անունով եւ կ'ընէին անասուններու զոհաբերութիւն (ցուլ, կով, խոյ, այծ): Իշպուինի եւ Մենուա թագաւորներու կազմած «Մհերի դրան» արձանագրութիւնը կը բովանդակէ 79 աստուածներու ցուցակ մը, որուն մէջ նշանակուած է ամսական դրութեամբ իւրաքանչիւր աստուծոյ զոհուելիք անասուններուն քանակը: Այս եւ ուրիշ գրութիւններու տուեալներով, աստուածներու ընդհանուր թիւը կը մօտենայ հարիւրի: Անոնց մէջ կ'առանձնանան Խալդի, Թէյշեբա եւ Շիւինի աստուածները, որոնք կը կազմեն առաջին գլխաւոր եռեակը:
Խալդին ուրարտացիներուն մեծագոյն աստուածն էր եւ բացարձակ գերիշխող դիրք ունէր միւս աստուածներուն յարաբերաբար: Ան ռազմիկ աստուած էր եւ կը խորհրդանշէր Ուրարտուի հզօրութիւնը: Կը համարուէր նաեւ երկնքի, բարութեան եւ քաջութեան աստուածը: Վանի թագաւորները զայն կը կոչէին «իմ տէրը», անոր անունով կռուի կ'երթային, անոր կը վերագրէին իրենց յաղթանակներն ու նուաճումները: Խալդիի նուիրուած մեծագոյն տաճարը եւ սրբատեղին կը գտնուէր Մուսասիրի մէջ, ուր թագաւորները կը տանէին հարուստ նուէրներ եւ պատերազմներու ընթացքին ձեռք բերուած աւարին եւ ստրուկներուն կարեւոր մէկ բաժինը: Անոր հեղինակութիւնը այնքան մեծ էր, որ նոյնիսկ օտարներ կու գային աղօթելու: Ասորեստանի Սարգոն Բ. թագաւորը Մուսասիրը աւերելէն ետք գնաց երկրպագելու Խալդիին, ապա անոր արձանը հետը տարաւ այն համոզումով, որ գերի տարուած աստուծոյ զօրութիւնը իրեն կ'օգնէ:
Խալդիի նուիրուած տաճարներ կառուցուած էին Տուշպայի եւ պետութեան բոլոր քաղաքներուն եւ ամրոցներուն մէջ: Քանդակներուն վրայ Խալդիի աստուած կը ներկայացուի առիւծի վրայ կանգնած դիրքով:
Խալդիէն ետք կու գար փոթորիկի եւ պատերազմի աստուած Թէյշեբան, որ ժամանակին պաշտուած էր նաեւ խուռի-միտանիներէն եւ խեթերէն: Թէյշեբա աստուծոյ նուիրուած էին բազմաթիւ քաղաքներ եւ աւաններ. անոնց մէջ մեծագոյնն էր Ռուսա Բ.ի կառուցած Թէյշեբաինին (Կարմիր բլուր): Քանդակներու վրայ Թէյշեբան կը տեսնենք ցուլի վրայ կանգնած դիրքով:
Վանի թագաւորութեան մէջ կը պաշտուէին նաեւ կին աստուածուհիներ, որոնցմէ երեքին անունները կապուած են Ուրարտուի գլխաւոր երեք աստուածներուն: Արուբանի կամ Վարուբանի աստուածուհին կինն էր Խալդիի, Խուբան՝ Թէյշեբայի, իսկ Տուշպէան՝ Շիւինիի:
Ասոնցմէ դուրս կային տասնեակներով ուրիշ աստուածներ, որոնց մեծ մասին պաշտամունքը տեղական բնոյթ ունէր: Շատ հաւանաբար կային այնպիսիներ, որոնց անունները չեն յիշատակուիր արձանագրութիւններուն մէջ: Սակայն յայտնի է, որ նոյն այս ժամանակներուն պաշտամունքի առարկայ էին երկնքի աստղերը, բնութեան տարրերը, կենդանական եւ բուսական աշխարհի իրական եւ երեւակայական էակները: Եղած են սրբազան ջուրերու, դաշտերու, ծառերու եւ անտառպերու աստուածներ, բարի եւ չար ոգիներ, որոնց բոլորին շուրջ անպայման որ հիւսուած պիտի ըլլային բազում աւանդութիւններ ու առասպելներ: Ասոնք եւս մեզի չեն հասած գրաւոր յիշատակարաններու ճամբով: Սակայն անոնց հետքերը կարելի է յայտնաբերել ժողովրդական հին հաւատալիքներու, Սասունցի Դաւիթի դիւցազնավէպին, այլեւայլ պատումներու, բայց մանաւանդ Հայկի ու Բէլի, Արայի ու Շամիրամի, Արամ նահապետի, Անուշաւան Սօսի, Վահագնի, Տորք Անգեղի եւ հայոց նախնի միւս հերոսներուն մասին պատմուած առասպելներուն մէջ:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հայոց Պատմութիւն- Է. Կարգերու- Երուանդ Փամպուքեան- Վլադիմիր Բարխուդարեան- Պէյրութ, 1998: