Jump to content

Ս. Ծննդեան Գուլպաներ

Ս. Ծննդեան գուլպաներ, Անգլիական եւ հիւսիսային ամերիկեան սովորութիւն է Կաղանդին կամ Ս. Ծննդեան առիթով տրուելիք նուէրները կարմիր գուլպաներու մէջ զետեղելը:

Ըստ աւանդութեան, Կաղանդ պապան ծխնելոյզէն կ'իջնէ: Դիւրացնելու համար անոր գործը, իւրաքանչիւր ընտանիքի անդամի գուլպան կախուած կ'ըլլայ տան կրակարանին վրայէն եւ կամ դրուած՝ Կաղանդի ծառին տակը, որուն մէջ Կաղանդ պապան նուէրները կը դնէ եւ կը մեկնի:

Կ'նթադրուի, որ Ս. Ծննդեան գուլպաներու աւանդութիւնը սկիզբ առած է Ս. Նիկողայոսի օրերէն[1]:

Ս. Ծննդեան կարգ մը պատմութիւններու մէջ, Ս. Ծննդեան գուլպաներու պարունակութիւնը խաղալիքներ եղած են, զորս երեխան կը ստանար Կաղանդ պապայէն:

Երբեմն մարդիկ իրենց ամանորեայ գուլպաները կը կախէին մահճակալին սիւներէն, որպէսզի Կաղանդ պապան զայն լեցնէր իրենց քնացած միջոցին:

Գուլպայ կախելու սովորութիւնը հայոց մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայերու մօտ, գուլպաներու մէջ նուէրներ հաւաքելու սովորութիւնը այնքան հին է, որքան Նաւասարդեան տօնը, զոր կը տօնէին Օգոստոսին[2]:

Նաւասարդեան տօնը Պարսկահայքի Սալմաստ գաւառին մէջ վերանուանուած էր Խլվլիկի տօն: Հոն Խլվլիկը բրդոտ գլխարկով, արական սեռին պատկանող սատանայ կը համարուէր, որ չափահասներուն եւ երեխաներուն թշնամին կը համարուէր: Իսկ ուրիշ տեղ Խլվլիկ կը կոչուէր 8-12 տարեկան երեխաներու այն խումբը, որ Խլվլիկի տօնին՝ Նաւասարդին, այցելելով համագիւղացի դրացիներուն, երդիքներէն գուլպայ կախելով չամիչ, ընկոյզ, փշատ, կաղին եւ վանատուրեան այլ միրգեր կը պահանջէին: Ճիշդ նոյնը կ'ընէին Ակնի երեխաները՝ 31 Դեկտեմբերին[3]:

Կաղանդչէքի գուլպաներու աւանդութիւնը պահպանած է նաեւ Խարբերդի, Արաբկիրի, Բալուի, Պոլսոյ եւ անոնց շրջակայքը ապրող ժողովուրդը, զուտ ազգային «կախու-կախուկ» անուանումով: Պատմական Հայաստանի բոլոր ազգագրական շրջաններուն մէջ 12-14 տարեկան պատանիները կը շրջէին տանիքէ տանիք, բակէ բակ եւ, վերոյիշեալ «կախի» երգերը երգելով, նուէրներ կը պահանջէին: Երդիքի լուսամուտերէն կ'երկարէին ոչ միայն իրենց մեծ մայրերուն հիւսած երկարաճիտ ու զարդանաշխուած գուլպաները, այլեւ՝ կերկարէին տոպրակ, քթոց, սալա (կողով), դդում եւ գուլպայ: Տանտէրը պարտաւոր էր զանոնք լեցնել չոր միրգով, միաժամանակ անոնց մէջ դնելով գաթա, հաւ, հաւկիթ եւ այլ ուտելիքներ: Հաւաքուած բարիքներով ուրախութեան սեղան կը սարքէին, որուն կրնային մասնակցիլ միայն տուեալ խումբին անդամները:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]