Jump to content

Նաւասարդեան խաղեր

Նաւասարդեան խաղեր, հին Հայաստանի տարեմուտին՝ Նաւասարդի տօնակատարութեան ընթացքին կազմակերպուող մարզական մրցումներ էին։ Նաւասարդը հին հայկական տոմարին առաջին ամիսն է եւ կը յաջորդէ տարուան վերջին՝ Աւելեաց կոչուած տօնական 5 օրերուն։ Անոր առաջին օրը կը համապատասխանէ 11 Օգոստոսին[1]։

Նաւասարդի առաջին օրերուն կը կազմակերպուէին ամէնէն բազմամարդ՝ «համաշխարհական» տօնահանդէսները։ Ուխտաւորները, ժողովուրդը, զօրքը, արքունիքը, իշխանական տուները եւ հոգեւորականութիւնը հանդիսաւոր երթերով կը խմբուէին Տարօն եւ Բագեւանդ գաւառներու սահմանագլխուն՝ սրբազան Արածանի գետին եւ Նպատ լերան շուրջը, ինչպէս նաեւ վերջինիս ստորոտին գտնուող Բագաւան հեթանոսական տաճարին մէջ՝ տօնելու Նոյ նախահօր եւ Ջրհեղեղին, Արամազդ աստուածահօր եւ Անահիտ դիցամօր նուիրական յիշատակները։ Տօնահանդէսներու ընթացքին տեղի կ'ունենային զոհաբերութիւններ, խրախճանքներ եւ որսորդական զուարճութիւններ։ Այդ օրերուն կը կազմակերպուէին նաեւ Նաւասարդեան խաղերը, որոնք սովորաբար կը տեւէին մէկ շաբաթ. մարզիկները վազքի, հեռացատկի, սուսերամարտի, ըմբշամարտի, կռփամարտի, նիզականետումի, գնդակախաղի, ձիարշաւի եւ այլ մարզաձեւերու մրցումներ կը կատարէին, որոնց կ'ընկերանային երգեր ու պարեր։

Սփիւռքահայ բարեգործական եւ հայրենակցական կազմակերպութիւններ երկար տարիներէ ի վեր կը կազմակերպեն նոր Նաւասարդեան խաղերը, որոնց նպատակն է ազգային զարթօնքի ու աւանդոյթներու պահպանումը, երիտասարդութեան ռազմահայրենասիրական դաստիարակութիւնը եւ ազգային միասնութեան գաղափարախոսութեան արմատաւորումը։ Այդ նպատակին կը ծառայեն նաեւ 1999-էն Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած Համահայկական խաղերը։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Դպրոցական Մեծ Հանրագիտարան, գիրք 1, հատոր 2, էջ 223-224