Jump to content

Սուլալեզու

Սուլելով հաղորդակցիլ

Սուլալեզու, սուլոցով հաղորդակցելու իւրայատուկ միջոց, որ տարածուած է աշխարհի բազմաթիւ շրջաններու մէջ եւ կարգ մը վայրերու մէջ զարգանալով` վերածուած է սուլալեզուի։ Ներկայիս որպէս լեզու կը գործածուի լեռնային հեռաւոր եւ անտառային շրջաններու մէջ։ Արձանագրուած են 70 տեղաբնակ ժողովուրդներ, որոնք սուլալեզուով կը հաղորդակցին։ Սուլալեզուներէն իւրաքանչիւրը անկախ լեզու մը չէ, այլ տեղական լեզուին ընդարձակումն է։

Հակիրճ տեղեկութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իրոտոթոսին «Դ․ Պատմութիւն» գիրքին մէջ, կը յիշատակուի «այրաբնակ Եթովպեացիներ»ու τρωγλοδύτας Αἰθίοπας մասին, որոնց լեզուն չղջիկներուն հանած ճռինչին կը նմանի․-   «․․ու այս Ղարամատցիները քառաձիակարգերով այրաբնակ Եթովպեացիներուն կը հետապնտեն։ Որովհետեւ այրաբնակ Եթովպեացիները բոլոր ժողովուրդներէն ամենէն արագավազն են, ըստ մեզի եղած տեղեկութիւններուն։ Անոնք օձերով, մողէսներով եւ նման սողուններով կը սնանին․ խօսած լեզուն ուրիշ լեզուի չի նմանիր, չղջիկներուն հանած ճռինչին պէս բան մըն է։» ([4.183.4] οἱ Γαράμαντες δὴ οὗτοι τοὺς τρωγλοδύτας Αἰθίοπας θηρεύουσι τοῖσι τεθρίπποισι· οἱ γὰρ τρωγλοδύται Αἰθίοπες πόδας τάχιστοι ἀνθρώπων πάντων εἰσὶ τῶν ἡμεῖς πέρι λόγους ἀποφερομένους ἀκούομεν. σιτέονται δὲ οἱ τρωγλοδύται ὄφις καὶ σαύρας καὶ τὰ τοιαῦτα τῶν ἑρπετῶν· γλῶσσαν δὲ οὐδεμιῇ ἄλλῃ παρομοίην νενομίκασι, ἀλλὰ τετρίγασι κατά περ αἱ νυκτερίδες.)

Մարդ մը կը «խօսի» Սիպլօ սուլալեզուն

Ծովայիններու հին վկայութիւններ կը յիշատակեն թէ Քանարեան կղզիներուն (Սպանիա) Ղուանչէ բնիկները Guanche, բացի հասարակ լեզուէն, կը գործածէին նաեւ սուլալեզու մը, որ ներկայիս կը կոչուի սիլպօ silbo եւ սուլել կը նշանակէ։ 2009-էն «Silbo Gomero» սուլալեզուն Եունեսքոյի «Անշօշափելի Մշակութային Ժառանգութեան Ցանկ»ին ընդգրկուած է[1]:

Եւրոպացի ծովայիններ կը վկայեն թէ նոյնանման լեզու մը կը խօսուի նաեւ հարաւային Ամերիկայի Անտեան Լեռնաշղթային հովիտին[2]։

Սուլալեզուն նաեւ եղած է հովիւներու լաւագոյն հաղորդակցութեան միջոցը բազմաթիւ առանձնացած շրջաններու բնակիչներուն համար։ Ինչպէս օրինակ՝ Ա՜ս Aas գիւղին բնակիչներ (արեւմտեան Փիրինեան լեռնաշղթայ), Թուրքիոյ հիւսիս-արեւմտեան Պոնտական լեռներու (տե՛ս Պոնտոս) Գերասունտա շրջանին Քիւշքոյ գիւղի (հին պոնտական գիւղ) բնակիչներ, որոնք իսլամացան ԺԶ․ եւ ԺԷ․ դարերուն ընթացքին, եւայլն[3]:

Սուլալեզուներուն սահմանումը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ներկայիս աշխարհի տարածքին 70 սուլալեզուներ կան։ Նշենք գլխաւորները․-

Զանազան նախաձեռնութիւններ սուլալեզուի պահպանման համար

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Լա Կոմերա կղզի La Gomera1999-էն Սիլպօ «լեզուն» կը դասաւանդուի նախակրթարանի կարգերուն։
  • Փօ․ «Ա՜սի սուլոցը» «Lo siular d'Aas» ագոյցը կը պայքարի պէարնէ սուլալեզուն վերականգնել․ առ այժմ կը դասաւանդուի Bilhères-ի նախակրթարանին եւ Laruns-ի երկրորդական վարժարաներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Փօ քաղաքին համալսարանին մէջ։
  • Քիւշքոյ  (Թուրքիա)․ բնիկ սուլալեզուն կը դասաւանդուի Քիւշքոյի (Kusköy) նախակրթարանին մէջ։
  • Ատիա (Էվիա կղզի, Յունաստան)․ «Աշխարհասփիւռ Ատիացիներու Մշակութային Միութիւն»ը զանազան նախաձեռնութիւններով (վաւերագրական ժապաւէններ, միջազգային համագումարներ, եւայլն․․․) ջանք կը թափէ, որպէսզի հասարակութիւնը շփուի Սֆիրիա սուլալեզուին հետ եւ քաջալերուի սորվելու համար։

Սուլալեզուին գործնականութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սուլալեզուն գործնական է լեռնային եւ կամ դաշտային երկար տարածութիւններու մէջ մարդոց հաղորդակցութեան համար։ Անոր ձայնը շատ հեռուները կը հասի․ մինչեւ 4 քմ․։

[4] [5] [6] [7] [8] [9] [10] [11] [12] [13] [14] [15] [16] [17]

Սֆիրիա

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Տեսերիզ - Սիպլօ սուլալեզուն վերջին խօսողները
  2. Ժիւլեան Մէյըր, Սուլալեզուներու նկարագրութիւն, 16-12-2005(ֆր.)
  3. Տեսերիզ - Քիւշքոյի Kusköy սուլալեզու
  4. BBC Սուլալեզու խօսող ժողովուրդները(անգլերէն)
  5. Սուլալեզուներ․ ուղեցոյց երկար խօսակցութիւններու(անգլերէն)
  6. Հին սուլալեզուները անհետացումով վտանգուած են, 5-9-2017(անգլերէն)
  7. Եունեսքոյին Անշօշափելի Մշակութային Ժառանգութիւն - Քանարեան կղզիներուն լեզուն՝ Silbo Gomero»(ֆր.)
  8. Սուլալեզու․ թուքիոյ սուլալեզուն Եունեսքոյին Անշօշափելի Մշակութային Ժառանգութեան ցանկին մէջ(անգլերէն)
  9. Bearnais հովիւներուն սուլալեզուն(ֆր.)
  10. Փիրինեան լեռներու սուլալեզուն(ֆր.)
  11. Էվիա կզղիին սուլալեզուն(ֆր.)
  12. Պէարնեցիները կը վերագտնեն եւ կը վերապրեցնեն իրենց սուլալեզուն(ֆր.)
  13. Տեսերիզ - Մեքսիքայի սուլալեզու
  14. Տեսերիզ - Մեքսիքայի Oaxaca սուլալեզու
  15. Տեսերիզ - Մեքսիքայի Mazatec սուլալեզու
  16. Տեսերիզ - Զիպապուէ սուլալեզու, Ափրիկէ
  17. Տեսերիզ - Թամիլ սուլալեզու, Հնդկաստան