Անտեան Լեռնաշղթայ
Անտեան Լեռնաշղթայ, հարաւային Ամերիկայի մէջ, Վենեզուէլա, Գոլոմպիա, Էքուատօր, Փերու, Պոլիվիա, Արժանթին եւ Չիլիի հողամասերուն վրայ գտնուող, Խաղաղական Ովկիանոսին զուգահեռ Հիւսիսէն Հարաւ շուրջ 7000 քմ. երկարող Անտեան լեռները աշխարհի ամենաերկայն լեռնաշղթան է[1]:
Ագօնգակուան 6962 մեթր բարձրութեամբ Անտեան լեռնաշղթային ամենաբարձր լեռն է: Անտեան լեռները 60 միլիոն տարի առաջ կազմուած են: Անտեան լեռնաշղթային վրայ մօտաւորապէս 5000մ. 3000մ. եւ 2000մ. բարձրութեամբ լեռներ կան:
Անտեան լեռնաշղթային վրայ ինչպէս մարած, նոյնպէս ալ տակաւին ժայթքող հրաբուխներ կը գտնուին: Հարաւային եւ Կեդրոնական Փերու, Հարաւային Չիլի, Էքուատօր եւ Գոլոմպիայի հողերուն վրայ 70 ժայթքող հրաբուխներ կը գտնուին:
Անտեան լեռներու ծովու մակարդակէն 914 մեթր բարձրութեան վրայ գտնուող վայրերուն օդի բարեխառնութիւնը մօտաւորապէս 24-էն 28-ի միջեւ կը փոխուի:
Անտեան լեռներու վրայ կարելի է տեսնել զանազան կենդանիներու եւ բոյսերու տեսակներ:
Անտեան լեռներու հողերէն արծաթ, կապար, զինկ, կլայեկ, պղինձ, ածուխ, երկաթ, զմրուխտ, եւ ոսկիի մետաղներ կը հանեն: Իսկ քարիւղով հարուստ են Արեւելեան հողամասերը:
Անտեան լեռնաշղթային վրայ կ'ապրին զանազան ցեղերու պատկանող բնակիչներ: Էքուատօրի, Պոլիվիայի եւ Փերույի բնակիչներուն մեծամասնութիւնը Կարմրամորդ ցեղին կը պատկանին:
Արժանթինի եւ Չիլիի Անտերու մէջ բնակչութիւնը քիչ է: Իսկ Կեդրոնական եւ Հիւսիսային Անտերու մէջ բնակչութիւնը խիտ է:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «ՆԱԶՔԱՅԻ ԳԵՏՆԻ ՎՐԱՅԻ ՓՈՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ - Aztag Daily» (en-US)։ արտագրուած է՝ 2020-05-13