Սեբէոս Պատմիչ Բագրատունի
Սեբէոս Պատմիչ Բագրատունի | |
---|---|
| |
Ծնած է | 6-րդ դար |
Մահացած է | 7-րդ դար |
Մայրենի լեզու | հայերէն |
Մասնագիտութիւն | հոգեւորական, պատմաբան |
Սեբէոս եպիսկոպոս Բագրատունի (նաեւ՝ Եւսեբիոս, Սեբիոս, 6-րդ դար - 7-րդ դար), հայ պատմիչ, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցի եպիսկոպոս։ Եղած է բարձրաստիճան հոգեւորական, մասնակցած Ներսէս Գ. Տայեցիին գումարած Դուինի 645 եւ 648 թուականներու ժողովներուն[1]։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սեբէոս Եպիսկոպոս Բագրատունի, եղած է հայ պատմիչ, ծնած է մօտաւորապէս Է. դարու սկիզբը: Ուսումը ստացած է Դուինի կաթողիկոսարանին մէջ՝ 645 եւ 648 թուականներուն: Մասնակցած է Դուինի եկեղեցական ժողովին:
Սեբէոսի ծննդեան եւ մահուան թուականները անյայտ են, որովհետեւ անոր մասին տեղեկութիւններ չեն պահպանուած, ենթադրելի է, որ ան ծնած է Զ. եւ Է. դարերու միջեւ, եղած է պատմիչ եւ հայ եկեղեցւոյ եպիսկոպոս:
Պատմութիւն Սեբէոսի եպիսկոպոսի ի Հերակլն երկրը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Իր երկրը գրած է իբրեւ Զ. եւ Է. դարերու ընթացքին պատահած դէպքերուն մասին, երկրին մէջ կը ներկայացուի յոյն Հերակլ կայսեր գահակալութեան պատմութիւնը, Հայաստանի կառավարիչներուն գործունէութիւնը եւ տեղեկութիւններ Հերակլ կայսեր օրով արեւելեան հռոմէական կայսրութեան հասարակութեան մասին, յատկապէս Պարսկական կայսրութեան ժամանակաշրջանին «500-660 թուականներու միջեւ» տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն մասին: Իր այս երկը, գտնուեցաւ 19-րդ դարուն սկիզբը եւ առաջին անգամ տպագրուած է 1851-ին, Թադէոս Միհրդատեանց՝ Կ. Պոլսոյ մէջ, իսկ այս երկրին երկրորդ անգամ տպագրութիւնը կատարուեցաւ 1879-ին, Քերովբէ Պատկանեանի կողմէ, Երեւանի մէջ:
Իր պատմութեան ընթացքին, կ'ըսէ, թէ ան ճամբորդած է ու հասած է մինչեւ Միջագետք, Պարսից Խոսրով թագաւորին պալատին մէջ հանդիպած է Չինաստանէն եկող դեսպաններուն հետ: Կ'ենթադրուի, թէ ինք այս երկին հեղինակն է, որովհետեւ պատմութեան թուականը վերջ կը գտնէ 661-ին, մինչ այդ 628-ին, ան կը գտնուի Խոսրով Ապրուեզի թագաւորին պալատին մէջ, ուրեմն հարկ է, որ ան ծնած ըլլայ Զ. դարու վերջերուն: Իր այս երկը ամբողջացուց երբ ինք 70 տարեկան էր: Ամենայնդէպս, այս երկին հեղինակը անյայտ կը մնայ, ըստ նոր եղած հետազօտութիւններուն:
Է. դարը ճանչցուած է համաշխարհային շարք մը իրադարձութիւններով, սկսելով՝ Պարսկական-Բիւզանդական պատերազմներով, Երուսաղէմի գրաւումը պարսիկներուն կողմէ 614-ին, արաբական գրաւումները եւ քաղաքականութիւնը եւ այլն: Այս բոլոր դէպքերու մասին «Սեբէոսի Պատմութիւն» գիրքը մեզի իրական տեղեկութիւններ կը հասցնէ, որովհետեւ Սեբէոս ականատես աչքով գրած է իր այս գործը:
Հայ մատենագրութեան մէջ, Սեբէոսի գործը առաջնակարգ դիրքը կը գրաւէ հայ պատմութեան մէջ, որովհետեւ ան կը պատմէ Հայաստանի հնագոյն պատմութեան՝ Հայկ Նահապետէն մինչեւ Արշակունիներու անկումին պատմութիւն:
Սեբէոս Պատմիչին բնագիրը սկսած է Ե. դարու կէսերու իրադարձութիւններու նկարագրութեամբ եւ աւարտած է՝ 661-ի դէպքերով որուն ամբողջութիւնը 46 գլուխ է։ Աշխատութեան ժամանակագրութիւնը հիմնուած է թագաւորներու իշխանութեան տարիներու վրայ։ Փաստօրէն, ան շարունակած է Ղազար Փարպեցիով, որուն նկարագրած դէպքերու ժամանակաշրջանը անցած է արդէն Զ. դարու դէպքերուն, զորս հեղինակը անուանած է «Մատեան ժամանակեան»։ Հեղինակը նաեւ օգտուած է Մովսէս Խորենացիի, Ագաթանգեղոսի եւ Եւսեբիոս կեսարացիի երկերուն հիման վրայ:
Սեբէոս Պատմիչին երկը աղբիւր դարձած է իբրեւ՝ բիւզանդագիտութեան, արաբագիտութեան եւ իրանագիտութեան համար, որուն գրեթէ բոլոր տեղեկութիւններ կը գտնուին օրինակի համար՝ ասորիներու, հնդիկներու, հրեաներու եւ այլ ժողովուրդներու եւ ցեղերու մասին:
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Պողարեան Ն. Եպս. 1971, Հայ Գրողներ, Երուսաղէմ, «Սրբոց Յակոբեանց», 77-78 էջ:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Աղայեան Բ. (1976)։ Հայ մշակոյթի նշանաւոր գործիչները (Ե.-ԺԸ. դարեր)։ Եր.,: Երեւանի համալսարանի հրատարակչութիւն։ էջ 125