Ռուսիան Անդրկովկասի Մէջ
Ռուսիան Անդրկովկասի Մէջ, Փոքր Ասիոյ մէջ թուրանցիներու հաստատումը եւ Բիւզանդիոնի տեղը գրաւելը ծանրօրէն վտանգած էր Հայաստանի դիրքը, իբրեւ միջնորդ արեւմտեան եւ արեւելեան աշխարհներու միջեւ,
ԺԵ. դարուն երբ Պոլիսն ալ ինկաւ թուրքերու ձեռքը՝ հայկական նահանգները, ինչպէս նաեւ Վրաստանը իրենց առջեւ փակուած գտան այն վերջին ճամբան, ուրկէ կրնային շփում հաստատել արեւմուտքի հետ։ Այնուհետեւ հայ ժողովուրդը կորսնցոցած էր ո՛չ միայն իր անկախութիւնը, այլեւ դիրքը՝ երկու քաղաքակրթութեանց սահմանին վրայ։
Հռոմի եւ բիւզանդիոնի փառքի օրերուն, Եւրոպայի եւ Ասիոյ սահմանը կը ներկայացնէր Եփրատի գիծը, այսինքն՝ այդ սահմանը կ'անցնէր Հայաստանէն, մինչդեռ Օսմանեան կայսրութիւնը, իր գոյութեամբն իսկ սահմանը տեղափոխեց Տանուպի վրայ եւ քիչ մնաց, որ զայն հասցնէ մինչեւ Էլպա:
ԺԹ. դարէն սկսեալ, Հայաստանի հողային տարածքները մինչեւ Եւրոպա կը հասնէին, բայց ոչ Պոլսոյ ուղղութեամբ՝ արեւմտեան տէրութեանց յառաջացման հետեւանքով, այլ Ռուսիոյ Արեւելք թափանցումով։ Արագօրէն դէպի հարաւ տարածուելով, Ռուսական կայսրութիւնը Անդրկովկաս թափանցեց եւ Հայաստանը կրկին կապեց Եւրոպայի հետ, վերջ դնելով այսպիսով բազմաթիւ դարերու մեկուսացումին։
Ռուս-Պարսկական Պատերազմները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]ԺԸ.դարուն, Ռուսիոյ պատերազմները Օսմանեան կայսրութեան դէմ տեղի ոնեցան Սեւ ծովու արեւմտեան ափերուն վրայ, որովհետեւ Ասիոյ մէջ Ռուսիա այդ ժամանակ հասարակաց սահման չունէր Թուրքիոյ հետ։
Ռուսահայաստանը, ինչպէս Ազրպէյճանը եւ Տաղստանը կը պատկանէին ոչ թէ Օսմանեան կայսրութեան, այլ Պարսկաստանի (Իրանը, որ կ՛իշխէր նայեւ Վրաստանի վրայ), որ այսուհանդերձ իբրեւ ազգային պետութիւն եւ ինքնուրոյն Քաղաքակրթութեան մը կեդրոն, յաջողեցաւ ինքզինք պահել մինչեւ ԺԸ. դարու վախճանը։
Ուրեմն ոչ թէ Օսմանեան կայսրութենէն, այլ Պարսկաստանէն կամ Իրանէն է, որ Ռուսիա ԺԸ. դարու վերջերուն եւ ԺԹ. դարու սկիզբը շարք մը պատերազմներով խլեց Վրաստանը, Ազրպէյճանը եւ Արեւելեան Հայաստանը,որ դարձաւ Ռուսահայաստանը:
մեծն Պետրոս, հռչակաւոր վեհապետը, որ իրաւամբ կը նկատուի արդի Ռուսաստանի ստեղծիչը, փորձած էր արդէն Ռուսական տիրապետութիւնը տարածել այդ ուղղութեամբ։Անդրկովկասի մէջ տեսնելով այն բանալին, որ հնարաւորութիւն պիտի տար իրեն դէպի արեւելք թափանցելու. նոյն ատեն արգելք հանդիսանալու Օսմանեան կայսրութեան կասպից ծով հասնելու հաւանականութեան եւ իր հովանին տարածելու Վրաստանի եւ Հայաստանի վրայ: Այսպէս է որ ան յարաբերութեան մէջ մտաւ Ղարաբաղի հայերուն հետ եւ ընդունեց անոնց ներկայացուցիչը՝ Իսրայէլ Օրին: 1722-ին Ռուսերը իջան Թերպենտ եւ նոյնիսկ մինչեւ Պաքու, Պարսկաստանի դէմ ռուսերու մղած առաջին պատերազմով: Մեծն Պետրոս դիտաւորութիւն ունէր հայերը հրաւիրելու որ գան հաստատուին այդ շրջանին մէջ: Սակայն այս ծրագիրը յաջողութիւն չգտաւ, որովհետեւ Մեծն Պետրոսի մահէն ետք ռուսերը պարպեցին իրենց նուաճած հողամասերը:
Ռուս-Պարսկական երկրորդ պատերազմը տեղի ունեցաւ Կատարինէ Բ.ի գահակալութեան վերջերը: Պարսկաստանի Մոհամմէտ Շահն է, որ նախայարձակ եղաւ արշաւելով Վրաստան եւ կործանելով Թիֆլիսը: Կատարինէ Բ. Վրացիներուն օգնութեան ղրկեց Վալերիէն Զուպովի հրամանատարութեան տակ գտնուող բանակ մը: Այս պատերազմին հետեւանքը այն եղաւ, որ քանի մը տարի ետք, 1801-ին, Ռուսական կայսրութիւնը իրեն միացուց Վրաստաանը:
Կատարինէ Բ. փափաքած էր գրաւել նաեւ Հայաստանը եւ Սուվորովի պատրաստել տուած էր ծրագիր մը՝ Ռուսիոյ հովանիին ներքեւ հայկական պետութեան մը ստեղծումին համար: Սակայն, ինչպէս ծանօթ է, այս ծրագիրը չյաջողեցաւ, որովհետեւ 1797-ի ռուսական միջամտութիւնը կանգ առաւ Վրաստանի սահմանին վրայ:
Ռուս-պարսկական երրորդ պատերազմը, որ տեւեց 1803էն մինչեւ 1807, պայթեցաւ պարսիկներու այն փորձին պատճաոով, որուն նպատակն էր պարսկական տիրապետութիւնը վերահաստատել Վրաստանի վրայ։ Վրացի զօրավար Ցիցիանովի հրամանատարութեան տակ գտնուող ռուսական բանակը ետ մղեց պարսիկ բանակը, զոր կ'առաջնորդէր գահաժառանգ իշխանը: Ցիցիանով շարունակեց պատերազմը՝ գրաւելով Գանձակը, ապա քալեց Երեւանի վրայ։ Ան յաջողեցաւ պարսկական բանակը ջախջախել Արաքսի ափերուն, Նախիջեւանի մօտ (Յունիս 1804), սակայն չկրցաւ գրաւել Երեւանի բերդը, զոր պարսիկներն ու թաթարները պաշտպանեցին կատաղօրէն։
1805-ին ռուսերը գրաւեցին Շուշին եւ Նուխին, գրեթէ առանց կռուի, շնորհիւ Ղարաբաղի եւ Շաքիի խաներուն հետ իրենց վարած բանակցութեանց։ 1806-ին, Ցիցիանով կը պատրաստուէր նոյնը ընել Պաքուի համար։ Բայց այդ շրջանի խանը, բանակցութեան մտնել կեղծելով, Ցիցիանովը թակարդի մէջ ձգեց եւ զայն սպանել տուաւ։
1807-1809 տեւող կարճ զինադուլէ մը ետք, պատերազմը վերսկսաւ նոյն ատեն թէ Պարսկաստանի եւ թէ.Թուրքիոյ դէմ։ Հռչակաւոր Երմոլովի ղեկավարութեամբ ռուսերը գրաւեցին Ախալքալաքը, զոր կը պաշտպանէին թուրքերը։ Յետոյ, Արաքսի ափերուն վրայ վճռական ճակատամարտով մը, Ասլանտուզի մէջ ծանր պարտութեան մատնեցին Պարսկաստանի գահաժառանգ իշխանը։
1813 Հոկտեմբեր 24-ին, Պարսկաստանը կը ստորագրէր Գիւլիստանի դաշնագիրը, որով ան կը հրաժարէր Վրաստանի վրայ ունեցած իր իրաւունքներէն եւ Ռուսիոյ կը ձգէր Ազրպէյճանի հիւսիսային մասն ու Ղարաբաղը:
դէպի հարաւ իր տարածումի ընթացքին Ռուսիա արդէն գտած էր հայկական գաղութներ խրիմի, հիւսիսային կովկասի եւ Աստրախանի մէջ: Սակայն Վրաստանը եւ Ղարաբաղը կցելով, ան այժմ իր մէջ կ՚առնէր արեւելեան Հայաստանի մէկ մասը (Լոռիի, Դիլիջանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի շրջանները): Այսուհանդերձ, Արեւելահայաստանի մեծ մասը Երեւանի եւ Նախիջեւանի նահանգներով, տակաւին պարսիկներու ձեռքը կը մնային:
Այս նահանգները գրաւուեցան Ռուսիոյ կողմէ ռուս-պարսկական չորրորդ պատերազմի ընթացքին, 1826-1827: Այս կռիւներուն, պարսկական բանակը Գիւմրիի (Ալեքսանդրաոլ) եւ Գանձակի վրայ արագ յառաջացում մը արձանագրեց, որուն ուժերը կը հասնէին մօտ 35.000-ի: Գիւմրին եւ Գանձակը արագօրէն գրաւուեցան: Թիֆլիսը սարսափած էր եւ իր անկումը կը սպասուէր: Բայց կացութիւնը վերահաստատուեցաւ վեց շաբաթ տեւող Շուշիի հերոսական դիմադրութեամբ: Զայն պաշտպանողը իր հայ բնակչութիւնն էր եւ 350 հոգինոց փոքր պահակագունդ մը՝ գնդապետ Ռէութի հրամանատարութեամբ, 1826 Սեպտեմբեր 2-ին Շամխորի մէջ զօրավար Մատաթեանի տարած փայլուն յաղթանակն ալ մեծ դեր կատարեց, ան իր 2000 հոգինոց զօրագունդով, ետ մղեց 10.000 պարսիկներ եւ վերագրաւեց Գանձակը:
Այնուհետեւ զօրավար Պասկեւիչ, որ իբրեւ ընդհանուր հրամանատար Երմոլովին տեղը գրաւած էր , հասաւ 8000 հոգինոց գունդով մը, որուն միացան Մատաթեանի ուժերը. Գանձակի մօտերը պարսիկները նոր պարտութիւն մը կրեցին:
Յաջորդ տարին, այսինքն 1827-ին, Պասկեւիչ գրաւեց էջմիածինը եւ պաշարեց Երեւանը: Յետոյ յառաջացաւ դէպի Նախիջեւան եւ զայն գրաւեց Յունիսին: Օգոստոսին պարսիկները, միշտ գահաժառանգ իշխան Ապպաս Միրզայի հրամանատարութեամբ, մտան Երեւանի դաշտը, նպատակ ունենալով պարտադրելու ռուսերուն, որ Երեւանի պաշարումը վերցնեն, սակայն պարսիկները պարտուեցան Աշտարակի մէջ:Եւ վերջապէս Հոկտեմբեր 2-ին Երեւանի պահակազօրքը (4000 մարդ, 50 թնդանօթ) անձնատուր եղաւ: Հեծելազօրքի եւ հետեւակազօրքի հայ կամաւորներու ջոկատները մասնակցեցան ռուսական զօրամասերու կողքին բոլոր այս կռիւներուն:
Երեւանի անկումէն ետք, Պասկեւիչ քալեց Թաւրիզի վրայ եւ կը պատրաստուէր իր յառաջխաղացքը շարունակել մինչեւ Թեհրան, երբ Պարսկաստանի Շահը uտորագրեց Թիւրքմենչայի հաշտութիւնը (1828 Փետրուար) որով Պարսկաստան Ռուսիոյ կը ձգէր Երեւանի եւ Նախիջեւանի հայկական նահանգները եւ 20 միլիոն ռուբլիի պատերազմական հատուցում կը վճարէր:
Դաշնագրի յօդուածներէն մէկը կը նախատեսէր, որ Պարսկական տիրապետութեան տակ գտնուող հողամասերուն վրայ ապրող ամէն հայ իրաւունք ունէր գաղթելու, եթէ կը փափաքէր, դէպի Ռուսիոյ կցուած հողամասերը։ Համաձայն այս յօդուածին, մօտ 35.000 հայեր, մեծ մասամբ Սալմաստի եւ Ուրմիոյ շրջաններէն, գաղթեցին եւ հաստատուեցան Ռուսահայաստան։
Այս հաշտութեան առաջին կարեւոր հետեւանքը այն եղաւ, որ Հայաստանի մէկ մասը անցաւ ռուսական տիրապետութեան ներքեւ։ Կարգ ու կանոնի եւ ապահովութեան իրաւակարգ մը գտնելով եւ շփման մէջ մտնելով ցարական Ռուսիոյ հետ, որ հակառակ իր թերիներուն զգալի ձեւով յառաջդէմ էր ասիական վարչակարգին հետ բաղդատած, հայ ժողովուրդի կարեւոր մէկ հատուածը այնուհետեւ ի վիճակի էր արագօրէն զարգանալու այլազան մարզերու մէջ։ Այս յառաջդիմութիւնն իսկ ցայտուն կը դարձնէր անհանդուրժելի այն կացութիւնը, որ կը գտնուէր հայ ժողովուրդի միւս հատուածը, թրքական տիրապետութեան տակ։
Աշխարհագրական տեսակէտէն ալ, Ռուսիոյ Անդրկովկաս եւ Հայաստան թափանցումը շատ մեծ կարեւորութիւն ունեցաւ, որովհետեւ, ինչպէս դիտել տուած ենք, խորտակեց այն մեկուսացումը, որ կր գտնուէր հայութիւնը ԺԱ. դարէն սկսած, այսինքն այն ժամանակաշրջանէն ի վեր, որ զինք արեւմուտքին կապող հելլենացած Փոքր Ասիան կործանեցաւ թուրանեան ցեղերու կողմէ։
Բացառապէս մահմետական աշխարհի մը մէջ Հայաստանի այս կղզիացումը (եթէ մէկ կողմ դնենք քրիստոնեայ Վրաստանը, նմանապէս շրջապատուած մահմետական ժողովուրդներով), Ռուսիոյ շնորհիւ վերջ գտաւ այսպէսով ԺԹ. դարու սկիզբը։
ԺԹ. ԴԱՐՈՒ ՌՈՒՍ-ԹՐՔԱԿԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄՆԵՐԸ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Անդրկովկասի եւ Արեւելահայաստանի նուաճումը Ռուսիոյ կողմէ ուրիշ հետեւանք մըն ալ ունեցաւ. Ռուսիա Պարսկաստանի ձեռքէն խլելով զանոնք՝ Ասիոյ մէջ շփման մէջ մտաւ Օսմ. կայսրութեան հետ։
Եթէ Նեղուցներու խնդիրը շարունակեց գրաւել Ռուսիոյ ուշադրութեան կեդրոնը Արեւելեան հարցին մէջ, Հայաստանը դարձաւ անոր համար երկրորդական տարր մը, բայց եւ այնպէս ո՛չ զանցառելի մէկ տարրը Արեւելեան հարցին։
Աւելին. Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ հասարակաց այս սահմանին իսկ պատճառով, որ ստեղծուած էր Հայաստանի մէջ, ԺԹ. դարու ռուս-թրքական պատերազմները, Պալքաններու կամ Խրիմի իրենց գլխաւոր ռազմադաշտերէն զատ, ունեցան երկրորդական ռազմաբեմ մըն ալ Հայաստանի մէջ։
ԺԹ. դարու ռուս-թրքական առաջին պատերազմը տեղի ունեցաւ 1828-1829, եթէ նկատի չառնենք 1808-1812-ի կռիւները։ Պատերազմին ծնունդ տուաւ Ռուսիոյ միջամտութիւնը ի նպաստ յոյներուն, որոնք ապստամբած էին սուլթանին դէմ։ Պատերազմը վերջացաւ ռուսական յաղթանակով Պալքաններու մէջ. սուլթանը ստիպուեցաւ հաշտութիւն կնքել՝ ճանչնալով Յունաստանի պետութեան ստեղծումը, միւս կողմէ ռուսերը փայլուն ճակատամարտ մը մղեցին Հայաստանի մէջ, ղեկավարութեամ կովկասեան բանակի սպարապետ մարաջախտ Պասկեւիչին. հոն իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ հայկական գունդեր։
Ռուս սպարապետը, որ իր տրամադրութեան տակ ունէր մօտ 25.000 զինուոր (անկախ 15.000 հոգիէն, զոր ձգած էր Կովկաս երկիրը գրաւուած պահելու կամ Պարսկաստանի դէմ նախազգուշութիւններ ձեռք առնելու համար), մեկնեցաւ Գիւմրիէն (Ալեքսանդրապոլ) եւ առաջին առթիւ գրաւեց Կարսը. յետոյ քալեց դէպի հիւսիս եւ յաջորդաբար ձեռք անցուց Ախալցխան եւ Արտահանը։
1829-ի գարնան, թուրքերը նոր ուժեր հաւաքելով 10.000 հոգիով յարձակում մը շղթայազերծեցին Ախալցխայի վրայ, նախ Կարսի ուղղութեամբ յառաջացում մը կեղծելէ ետք։ Սակայն նահանջի մատնելով թրքական այս զօրամասը, Պասկեւիչ ինք ստանձնեց յարձակողականի նախաձեռնութիւնը 20.000 հոգիով եւ մեկնելով Կարսէն յառաջացաւ դէպի էրզրում։ Սողանլուի (Սարիղամիշի մօտերը) լեռնային շրջաններու մէջ թրքական երկու բանակներ իրարու դէմ կը գտնուէին։ Մեծ ճարպիկութեամբ Պասկեւիչ մտաւ թրքական այս զոյգ բանակներուն միջեւ, որոնք թէեւ նոյն ռազմադաշտին վրայ բայց իւրաքանչիւրը իր հաշւոյն կը կռուէր, առանց միւսին օժանդակելու, եւ առանձին-առանձին զանոնք ընկճեց երեք կռիւներու ընթացքին։
Այս յաղթանակները իր առջեւ բացին էրզրումի ճամբան։ Պասկեւիչ էրզրումը գրաւեց կարելի է ըսել առանց կռուի, Յուլիսի վերջը։ Հոնկէ ան իր բանակները շարժեց Բաբերդի եւ Կիւմիւշխանէի վրայ։ Կը պատրաստուէր արշաւել Սվազ, երբ Թուրքիա, Պալքաններու մէջ ալ պարտուած 1829 Սեպտեմբերին ստորագրեց Ատրիանապոլսոյ հաշտութեան դաշնագիրը։ Այս դաշնագրով Թուրքիա կը ճանչնար Յունաստանի նոր պետութեան անկախութիւնը։ Ասիոյ ճակատին վրայ՝ Անգլիոյ թշնամական դիրքը հարկադրեց, որ Ռուսիա բաւականանայ իրեն կցելով Փոթիի շրջանը եւ Ախալցխա ու Ախալքալաք քաղաքները պարունակող հողի նեղ շերտ մը։
Ռուսիոյ կողմէ գրաւուած շրջաններուն մէջ ապրող հայերուն մէկ մասը (գլխաւորաբար էրզրում, Ալաշկերտ, Պայազիտ, Կարս եւ Վան) իր երկիրը ձգեց ու հետեւեցաւ ռուսերուն. այսպէս է որ մօտ 100.000 հայեր գացին հաստատուելու Ախալքալաքի (40.000), Շիրակի (12.000) եւ Երեւանի ու Սեւանի (25.000) շրջանները, այսինքն Ռուսահայաստան։
Այս գաղթը քաջալերուեցաւ ռուս իշխանութեանց կողմէ, որոնք գործին ղեկավարութիւնը յանձնեցին հայ գնդապետ Լազարեւին եւ գաղթողներուն տուին հողային առանձնաշնորհումներ հինգ տարի շարունակ, զերծ կացուցանելով նաեւ տուրքէ, :
Խրիմի պատերազմին (1853-1856) Հայաստան կրկին երկրորդական ռազմադաշտ դարձաւ։ 6000 հոգինոց ռուս բանակ մը, զօր. Բեհբուտեւսնի հրամանատարութեամբ, իր առաջին յաջողութիւնը արձանագրեց 1853 Նոյեմբեր 14-ին, պարտութեան մատնելով 12.000 հոգիէ բաղկացած թրքական բանակը, Ահմէտ փաշայի հրամանատարութեան տակ, Արփա-Չայի ափերուն, գիւմրիի մօտերը (Ալեքսանտրապոլ)։
1854-ի ամառը զօր. Մուրաւեւի հրամանատարութեամբ ռուսերը պաշարեցին Կարսը, որուն պահակագունդին կը հրամայէր մեծ զինուորական մը՝ անգլիացի զօր. Ոփլիումս։ Կարսին օգնութեան հասնելու բոլոր փորձերը, էրզրումէն մեկնելով, կամ Պաթումէն, ետ մղուեցան ռուսերու կողմէ։Կարսի թուրք պահակագունդը, հերոսական դիմադրութենէ մը ետք, որու ընթացածքին ետ մղեց ռուսական ընդհանուր գրոհ մը, ի վերջոյ 1855 Նոյեմբեր 27-ին իր բոլոր պաշարները սպառած ըլլալով ստիպուեցաւ անձնատուր ըլլայ։ Փարիզի դաշնագիրը (1856)ին, որ վերջ տուաւ Խրիմի պատերազմին, Սեւաստափոլի անկումին հետեւանքով, հարկադրեց որ ռուսերը պարպեն կարսը։1877-1878-ի ռուս-թրքական երկրորդ պատերազմը, որ յանգեցաւ Պուլկարիոյ ազատագրութեամբ, ռուսերու մէկ նոր արշաւանքը փոխադրեց Հայաստան: Կովկասի ռուսական բանակը, զօր. Լորիս Մելիքեանի հրամանատարութեամբ, երկու գլխաւոր զօրամասերէ կը բաղկանար։ Առաջինը՝ զօր Հէյմանի ղեկավարութեամբ քալեց Կարսի դէմ, պաշարեց զայն յետոյ ուղղուեցաւ դէպի էրզրում։ Երկրորդը զօր. Տէր Ղուկասեանի ղեկավարութեան ձգեց Երեւանի շրջանը, գրաւեց Պայազիտը եւ ուղղուեցաւ դէպի Ալաշկերտի հովիտը։ Բայց թուրք ընդհ. հրամանատարը՝ Մուխթար փաշա, որ իրական զինուորական մը ի յայտ եկաւ, նափոլէոնեան ոճով ճարպիկ ռազմավարութիւն մը կատարեց կեդրոնական դիրքի վրայ, պարտութեան մատնելով ռուսական երկու զօրամասերէն իւրաքանչիւրը առանձին, նախքան անոնց իրարու միանալը, առաջինը Զէունի մէջ, երկրորդը՝ Տելիպապույի։ Ռուսական բանակը ստիպուեցաւ վերցնելու Կարսի պաշարումը եւ քաշուեցաւ ռուս-թրքական նախկին սահմանին վրայ։ Նոր ուժեր ստանալէ ետք, Լորիս Մելիքեւսն վերստին յարձակողականի անցաւ։ Արփա-Չայի վրայ ան փայլուն յաղթանակ, մը տարաւ, շնորհիւ իր ձախ թեւի օղակող մէկ շարժումին, զօր. Լազարեանի ղեկավարութեամբ, որ պաշարման մէջ առաւ Մուխթար փաշայի բանակին աջ թեւը։ ԱյսպԷսով Լորիս Մելիքեան կրցաւ վերստին պաշարել Կարսը։ Այս բերդաքաղաքը գրոհով մը գրաւուեցաւ Նոյեմբեր 18-ի գիշերը ռուսական բանակին կողմէ, որուն գլուխը կը գտնուէր Լորիս Մելիքեան, որ իր յաղթանակներուն համար ցարէն ստացաւ Սուրբ Գէորգի Խաչը եւ գերմանիոյ կայսր Կիոմ Ա.էն՝ Արժանեաց Կարգի շքանշանը։ Պատերազմը վերջ գտաւ էրզրումի գրաւումով։ Սան Ստեֆանոյի եւ Պերլինի դաշնագիրներուն համաձայն, Ռուսիան կը ստանար Պաթումը, Արտահանը եւ Կարսը եւ կը պարպէր Թրքահայաստանի մնացեալ մասը: Ռուսական քաշուող բանակներուն կրկին հետեւեցաւ հայերու նոր գաղթ Մօտ 25.000 հայեր ձգեցին էրզրումի շրջանը, երթալ հաստատուելու համար Ռուսահայաստան։
Սակայն Թրքահայաստանի ընդարձակ շրջաններուն առժամեայ գրաւումը ռուսական բանակներուն կողմէ, այսինքն քրիստոնեայ իշխանութեան մը կողմէ, անխուսափելի ազդեցութիւն մը ունեցաւ Թրքահայաստանի իրենց օճախներուն մէջ մնացող հայերուն վրայ։ Խզեց տեւականութիւնը այն լուծին, որ մինչ այդ յաւիտենական բնոյթ մը կը թուէր ունենալ, արթնցուց մտքերը, զօրացուց ոգիները։ Այնուհետեւ հայերը նուազ հանդուրժող դարձան իրենց ստրկական վիճակին։
ՑԱՐԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆԴՐԿՈՎԿԱՍԻ ՄԷՋ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ցարական Ռուսիա շատ շուտ սկսաւ գործադրել Անդրկովկասի ժողովուրդները բռնի ռուսացնելու իր քաղաքականութիւնը։
1826-1827-ի ռուս-պարսկական պատերազմին եւ 1827–1828-ի ռուս-թրքական պատերազմի ընթացքին, երբ Անդրկովկասի հայերը կեցան ռուսերու կողքին եւ կռուեցան անոնց շարքերուն մէջ, Թիֆլիսի հայոց Ներսէս Աշտարակեցի արքեպիսկոպոսը ստացած էր խոստումներ, որոնք նախատեսել կու տային ինքնավար հայ օճախի մը ստեղծումը Ռուսական կայսրութեան տարածքին մէջ։ Նախ եւ առաջ ռուսերը կարծես թէ ուզեցին իրագործել այս յանձնառութիւնը։ Երեւանի եւ Նախիջեւանի նախկին խանութիւնները միացուեցան հայկական նահանգի մը մէջ (Արմենսկայա Օպլասթ
), որուն վարչութիւնը վստահուեցաւ ժամանակաւոր խորհուրդի մը. Ներսէս Աշտարակեցի
արքեպիսկոպոս մաս կը կազմէր անոր։ Մինչեւ իսկ խնդիր եղաւ 2000 հայերէ բաղկացած մնայուն զօրամաս մը ստեղծելու։
Այս առաջին միջոցառումները մեծ յոյսեր արթնցուցին հայոց մէջ եւ հարուստ հնդկահայ մը իր հարստութիւնը դրաւ հողային այս նոր միաւորումի տրամադրութեան տակ։ Սակայն շատ չանցած խիստ կեդրոնացումի յաւիտենական քաղաքականութիւնը, որուն կը հետեւէին ցարերը, ի յայտ եկաւ կրկին իր բոլոր հետեւանքներով։ Հայկական նահանգը վերածուեցաւ ռուսական պարզ նահանգի մը եւ Ներսէս արքեպիսկոպոս աքսորուեցաւ Բեսարապիա։
Ապա, 1836-ին ռուս կառավարութեան մէկ հրամանագիրը փակել տուաւ հայկական բազմաթիւ վարժարաններ եւ մնացեալներուն մէջ ալ հայերէն լեզուով դասաւանդութիւնները մեծապէս զեղչեց։ Ատկէ զատ, ցարական կառավարութիւնը միջամտեց հայոց եկեղեցւոյ գործերուն։ Այսպէս, կաթողիկոսի ընտրութեան ատեն, փոխանակ կաթողիկոս հռչակելու ամէնէն շատ քուէ ստացողը, Ս. Փեթերսպուրկի կառավարութիւնը իրեն իրաւունք տուաւ զայն փոխարինելու քուէներու տեսակէտէն երկրորդ տեղը բռնող հայ եկեղեցականով։ Իրականին մէջ, ռուս պետութիւնը հետզհետէ աճող չափով մը միջամտեց հայ եկեղեցւոյ գործերուն եւ մասնաւորաբար 1890էն սկսեալ թշնամական դիրք ցոյց տուաւ այն հաստատութեան հանդէպ, զոր արգելք մը կը համարէր իր ծրագիրներուն, այսինքն աստիճանաբար Ռուսական կայսրութեան բոլոր բնակիչներուն ընդունիլ տալ օրթոտոքս կրօնը։
Ռուս կառավարութեան դիրքը վրացիներուն հանդէպ եւս անուրանալի դժգոհանք ստեղծեց։ Այս դժգոհանքը արգելք չեղաւ սակայն, որ հայերը մեծ հաւատարմութիւն ցոյց տան Ռուսիոյ, որուն հեռացումը չէին փափաքեր, որովհետեւ այս հեռացումը զիրենք Թուրքիոյ ձեռքը պիտի ձգէր. այլ կ՚ուզէին, որ աւելի ազատական վարչակարգ մը հաստատուի եւ յարգուի իրենց լեզուն ու ազգային աւանդութիւնները։
Ռուս վարիչները լայնօրէն շահագործեցին հայերու եւ վրացիներու մօտեցումները եւ շատ քիչ ուշադրութիւն դարձուցին այն երկու ժողովուրդներուն, որոնք գիտէին, թէ հակառակ ամէն բանի պիտի դառնային դէպի միակ քրիստոնեայ տէրութիւնը, այսինքն Ռուսիան։
Այսպէս է, որ Անդրկովկասին չտուին նուազագրոյն առանձնաշնորհումները, զորս ընծայեցին Ռուսիոյ մէջ՝ ժողովուրդի պահանջներուն ընդառաջելով, ինչպէս նահանգային խորհուրդներուն հաստատումը (Զեմսվոս), երդուեալներու խորհուրդը դատարաններուն մէջ։ Սակայն տեւաբար մերժեցին Անդրկովկասի մէջ մինչեւ անգամ ռուսական համալսարանի մը հաստատման ։
Ցարական վարիչները աւելին ըրին։ Ռուսահայաստանի մէջ յաճախ ի գործ դրին քաղաքականութիւն մը, որուն նպատակն էր թաթար տարրի զօրացումը, որովհետեւ այդ տարրը իրենց կողմէ կը համարուէր նուազ վտանգաւոր ցարական բացարձակատիրութեան համար, տրուած ըլլալով որ հայ տարրին հետ բաղդատած աւելի յետամնաց էր։
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հայոց Պատմութիւն Հրանդ Փաստրմաճեան, Դ. Տպագրութիւն (խտացուած եւ պատկերազարդուած), Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատուն, էջ. 61-62։