Jump to content

Պետրոս Հաճեան

Պետրոս Հաճեան
Ծնած է Յունուար 24, 1933
Ծննդավայր Ճարապլուս, Սուրիա
Մահացած է 4 Սեպտեմբեր, 2012
Մահուան վայր Պուէնոս Այրէս, Արժանթին
Քաղաքացիութիւն  Արժանթին և  Հայաստան
Ազգութիւն Արժանթինահայեր և Հայերը Սիրիայում?
Մասնագիտութիւն Մանկավարժ, արձակագիր, կուսակցական եւ ազգային գործի
Ամուսին Սօսի Հաճեան
Երեխաներ Աւետիս (Աւօ), Արազ, Ալինա, Արի, Ալեքսիս եւ Անիա-Քարէն.

Պետրոս Հաճեան (Ճարապլուս, Սուրիա 24 Յունուար, 1933- 4 Սեպտեմբեր, 2012 Պուէնոս Այրէս, Արժանթին), սփիւռքահայ մանկավարժ, ուսուցիչ, մտաւորական, արձակագիր, կուսակցական ազգային գործիչ եւ հրապարակագիր։

Ծնած է Ճարապլուս, Սուրիա։ Նախակրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին Մեսրոպեան Վարժարանին մէջ։

Տասնհինգ տարեկանին կը կորսնցնէ հայրը եւ կը հարկադրուի նետուիլ գործի ասպարէզ՝ մօր եւ իրմէ փոքր եղբօր ապրուստը հոգալու համար։

1954-1970 տեսչական եւ ուսուցչական պաշտօններ կը վարէ Տէր-Զօրի եւ Հալէպի մէջ: Հալէպի «Հայկազեան» ազգային վարժարանին մէջ կը դասաւանդէ հայոց պատմութիւն եւ գրականութիւն:

1968-1970 կը վարէ «Քարեն Եփփէ» Ազգային ճեմարանին տնօրէնութիւնը։ Եղած է Հալէպի «Արեւելք» օրաթերթին փոխ-խմբագիրը։ Ունեցած է ազգային եւ կուսակցական բեղուն գործունէութիւն Հ. Յ. Դաշնակցութեան շարքերէն ներս։

1970-ին կը փոխադրուի Պուէնոս Այրէս, ուր կը ստանձնէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Կրթ. Հաստատութեան տնօրէնութիւնը՝ 35 տարի։

1971-1986 կը վարէ «Արմենիա» երբեմնի օրաթերթին (1989-էն ի վեր՝ շաբաթաթերթ) խմբագրութիւնը։

1986-էն ետք, կը նուիրուի գրական աշխատանքներու։ Հակառակ անոր որ պատանեկութենէն սկսած է ունենալ սկսնակ մտաւորականի անխուսափելի բանաստեղծական նկրտումներ, Պետրոս Հաճեան իբրեւ գեղարուեստական գրող կը յայտնուի շատ ուշ, երբ 62 տարեկան է:

Եղած է սփիւռքահայ մամուլի մնայուն աշխատակից, ինչպէս՝ «Յառաջ»ին ու «Նոր Յառաջ»ին։

Պարգեւներ Եւ Գնահատակներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պետրոս Հաճեանի գրական, հրապարակագրական, հանրային եւ ուսուցչական ասպարէզներու գրական վաստակը Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի կողմէ կը գնահատուի:

1984-ին, «Ս. Մեսրոպ» շքանշանին կ'արժանանայ՝ Ամե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կոս Վազ­գէն Ա.-ի Արժանթին վեր­ջին այցե­լու­թեան առի­թով, իսկ 2011-ին «Սահակ-Մեսրոպ» շքանշանով կը պարգեւատրուի։ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ կ'արժանանայ «Մովսէս Խորենացի» շքանշանին (2010)։

Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Ս. Լու­սա­ւո­րիչ Մայր եկե­ղեց­ւոյ եւ Նիւ Եոր­քի Հա­մազ­գա­յի­նի մաս­նա­ճիւ­ղին, 29 Սեպտեմբեր 2013-ին Ս. Լու­սա­ւո­րիչ եկե­ղեց­ւոյ հան­դի­սաս­րա­հին մէջ տե­ղի կ'ու­նե­նայ յուշ երե­կոյ մը՝ նուիր­ուած Պետ­րոս Հաճ­եա­նին յի­շա­տա­կին:

Ազգային Եւ Կուսակցական Գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Պետրոս Հաճեան իր ազգային եւ կուսակցական (Հ.Յ.Դ.) գործունէութիւնը կը սկսի կանուխ հասակէն, գրաւելով ղեկավարի դիրքեր: Կուսակցական իր «կրակի մկրտութիւնը» կը ստանայ վաթսունականներուն: Կը մնայ հաւատաւոր (նոյնիսկ կուսակցական շարքերէն դուրս մնալէն ետք) մինչեւ վերջ. երբ կը պնդէի, թէ պէտք է որ այս տիպի փորձառութիւններուն մասին իր յուշերը գրէր, կը պատասխանէր՝ «չէ՜, չ՛ըլլար. երդո՛ւմ տուած եմ»:[1]
- ՅԱԿՈԲ ԿԻՒԼԼԻՒՃԵԱՆ


Պետրոսին դերը շատ մեծ եղած է կուսակցական երիտասարդներ դաստիարակելու մէջ:
- Սօսի Հաճեան
Իր 60 տար­ուան պատ­կա­ռե­լի վաս­տա­կով Պետ­րոս Հաճ­եան, ար­ժա­նի էր հա­մա­գա­ղու­թա­յին յար­գան­քի ու յո­բել­եա­նի: Պետ­րոս Հաճ­եա­նը, խո­նարհ, հա­մեստ ու պարզ անձ մըն էր ու այդ պատ­ճա­ռով թե­րեւս Սփիւռ­քի մէջ բա­ւա­րար ճա­նաչ­ուած չէր, թէ­եւ Հա­յաս­տա­նի մէջ գնա­հատ­ուած էր ու ար­ժա­նա­ցած շքան­շա­նի: Ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին սա­կայն իր դէմ­քը առա­ւել եւս պի­տի պայ­ծա­ռա­նայ ու իր գոր­ծը պի­տի գնա­հատ­ուի ­ըստ ար­ժան­ւոյն:[2]
- Ռու­բէն Պար­սում­եա­ն


Գա­ղու­թի մէջ, իր աշա­կերտ­նե­րէն եւ ոչ աշա­կերտ­նե­րէն կը յի­շէ­ին, գրող, խմբա­գիր, ու­սու­ցիչ եւ ճա­ռա­խօս` Պետ­րոս Հաճ­եա­նը, աւե­լի քան 40 տար­ուան վաս­տա­կով, Ար­ժան­թի­նի մէջ եւ մօտ 20 տար­ուան վաս­տա­կով Սուր­իոյ մէջ ար­ժա­նի էր եւ ար­ժա­նի է, տեղ մը գրա­ւե­լու, սփիւռ­քա­հայ իրա­կա­նու­թեան մէջ, ոչ միայն տա­րի­նե­րու աշ­խա­տան­քով, այլ տա­րի­նե­րու բե­րած որա­կով»:
- Վ. Մատթէոսեան


Ես ու­սու­ցիչ­ներ ու­նե­ցած եմ, որոնք միայն նա­խակր­թա­րան աւար­տած են, որոնք բախ­տա­ւոր պարա­գա­յին Դպրե­վանք գա­ցած են, մեծ վկա­յա­կան­ներ չու­նէ­ին, բայց հա­յե­րէն սոր­վե­ցու­ցին, պատ­մու­թիւն սոր­վե­ցու­ցին, պատ­մու­թեան խոր­հուր­դը փո­խան­ցե­ցին եւ եթէ Պետ­րո­սը եղաւ ան ինչ որ էր, մենք կը պար­տինք, այ­սօր­ուան ըմբռ­նու­մով, այդ ոչ գրա­գէտ մար­դոց: [2] ։
- Յակոբ Պալեան


4 Սեպտեմբեր 2012-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան, Պուէնոս Այրէսի մէջ իր մահկանացուն կը կնքէ։ Մարմինը կ'ամփոփուի Ազգային Գերեզմանատան մէջ։

Մատենագիտութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • «Պարզ քերականութիւն» (1987, երեք հատորով),
  • «Հայ մտքի մշակներ» (1987 եւ 1990, երկու հատորով, միաժամանակ հայերէն եւ սպաներէն՝ Վարդան Մատթէոսեանի թարգմանութեամբ),
  • «Հրամմեցէ՛ք պարոններ» (պատմուածքներ, 1995. սպաներէն թարգմանութիւն՝ Պերճ Աճէմեան, 2004),
  • «100 տարի, 100 պատմութիւն» (2001, սպաներէն թարգմանութիւն՝ Վ. Մատթէոսեան, 2008, անգլերէն թարգմանութիւն՝ Արիս Սեւակ, 2009),
  • «Լռեցուած խօսքը. Հայկական Ցեղասպանութեան մտաւորական զոհերը» (2003, սպաներէն՝ Վ. Մատթէոսեանի թարգմանութեամբ),
  • «Կար ու չկար» (պատմուածքներ, 2003),
  • «Կարկեմիշ» (վէպ, 2005),
  • «Հարաւը Սփիւռքի մէջ» (յօդուածներու ժողովածու 2008)։
  • «Հրամմեցէ՛ք պարոններ» եւ «Կարկեմիշ» 2008, լոյս տեսած են միացեալ հատորով ու «Ճանապարհ դէպի Կարկեմիշ» վերնագիրով, Երեւանի մէջ։ Պետրոս Հաճեան պատրաստած է անտիպ մնացած է «Սոնիա, հայերէն գիտես» դասագիրքը նախակրթարանի համար, «Շարահիւսութիւն»՝ երկու հատորով, երկրորդական վարժարաններու յատուկ ընթերցարան մը եւ գրականութեան դասագիրքերու շարք մը [3]:

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]