Jump to content

Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/06-2019

Արաբական թերակղզին
Արաբական թերակղզին

Արաբական թերակղզի (արաբերէն՝ شبه الجزيرة العربية, Շըպհ ալ Ժազիրա ալ-Արապիյյա) կամ Արաբիա, կը գտնուի Ասիոյ հարաւ արեւմուտքը: Եւրոպայի, Ասիոյ եւ Ափրիկէի հատման կէտը կը համարուի։ Ունի 3,237,500 մ2 տարածութիւն: Բնակչութեան թիւը կը հասնի 77 միլիոնի։

Արեւմուտքէն զայն կը շրջապատէ Կարմիր ծովը, հիւսիս-արեւելքէն` Պարսից ծոցը, իսկ հարաւ-արեւելքէն՝ Հնդկական ովկիանոսը:

Արաբական թերակղզին կարեւոր տեղ կը գրաւէ համաշխարհային պատմութեան մէջ։ Թերակղզիին դերը աւելի ազդեցիկ կը դառնայ յատկապէս ԺԹ. դարէն սկսեալ, երբ կը յայտնաբերուին «սեւ ոսկի»ի՝ նաւթի եւ «կապոյտ վառելանիւթ»ի՝ բնական կազի հսկայական պաշարներ։ Արաբական թերակղզիին եւ Պարսից ծոցի աւազանին մէջ տեղադրուած է նաւթի համաշխարհային պաշարին 2/3-ը, իսկ բնական կազի պաշարին գրեթէ կէսը։ Հոն կան նաեւ մետաղներու օգտակար հանածոներու հանքավայրեր։

Թերակղզիին վրայ կը գտնուին Սէուտական Արաբիան, Եմէնը, Օմանը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Քաթարը, Պահրէյնը եւ Քուէյթը։ 1981-ին, բացի Եմէնէն, թերակղզիին պետութիւնները կը հիմնեն Պարսից ծոցի տնտեսական համագործակցութեան խորհուրդը (արաբերէն՝ مجلس التعاون لدول الخليج العربي)։ Թերակղզիին հիւսիսը կը գտնուին Յորդանանն ու Իրաքը․․․ Աւելին