Նիզար Խալիլի
Նիզար Խալիլի | |
---|---|
Ծնած է | 1925 |
Ծննդավայր | Հալէպ, Սուրիա |
Մահացած է | 3 Հոկտեմբեր 2017 |
Ազգութիւն | Հայ |
Մասնագիտութիւն | Թարգմանիչ, Հայագէտ եւ մանկավարժ |
Նիզար Խալիլի, (1925, Հալէպ, Սուրիա - 27 Հոկտեմբեր 2017), արաբ թարգմանիչ, Հայագէտ եւ մանկավարժ։ Բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է Պէյրութ, Լիբանանի մէջ։
1943 - 1946 թուականներուն ընթացքին աշխատած է Հալէպի Նոր Գիւղի Հայկական թաղամասի Զաւարեան վարժարանին մէջ, որպէս արաբերէնի ուսուցիչ։ Հայերէն լեզուին մեջ զարգացած է մանկավարժական աշխատանքին ընթացքին։ Նիզար ուսումնասիրած է հայ ժողովուրդին պատմութիւնը, մշակոյթը եւ մասնաւորապէս՝ գեղարուեստական գրականութիւնը։ Մի քանի անգամներ այցելած է Հայաստանը։
Նիզար Խալիլի հայ մշակոյթին եւ հայ-արաբական գրականութեան նուիրուած բազմաթիւ յօդուածներու հեղինակ է։ Նիզարը, առանձին գրքոյկներով, արաբերէնի թարգմանած ու հրատարակած է Յովհաննէս Թումանեանի, Գրիգոր Զօհրապի, Աւետիք Իսահակեանի եւ Յովհաննէս Շիրազի ստեղծագործութիւնները։
Նիզարը նաեւ հայերէնի թարգմանած է արաբ հեղինակներու գործերը։ Ինչպէս նաեւ գրած է բազմաթիւ հայերէն բանաստեղծութիւններ։