Jump to content

Պահլաւունիներ

Պահլաւունիները Պարթեւ Արշակունիներու տոհմակից էին եւ երկու ճիւղերու բաժնուած՝ Կարէնեան եւ Սուրէնեան Պահլաւներ:

Պարթեւ Արշակունիներու տապալումէն ետք անոնք Իրանէն փախուստ տալով եւ ճամբան մեծ մասամբ կոտորուելով, ողջ մնացողները մտած են Հայաստան: Կեդրոնական Ասիա փախուստ տուած Կարէնեան ճիւղէն Պերոզամատի զաւակը` Կամսար, Գ. դարու վերջաւորութեան մտած է Հայաստան եւ Տրդատ Բ. թագաւորէն ստացած՝ Երասխաձոր ու Շիրակ գաւառները` դառնալով Կամսարականներու նախարարութեան հիմնադիրը: Սուրէնեան Պահլաւները բնաջնջուած են 259-ին, երբ անոնց նահապետ Անակ Սասանեաններու դրդումով սպաննած է հայոց Խոսրով Ա. թագաւորը: Փրկուած է միայն անոր զաւակը` Սուրէն, որ մկրտուած է Գրիգոր անունով եւ դարձած՝ հայ եկեղեցւոյ պաշտօնական հաստատողը եւ առաջին կաթողիկոսը` Գրիգոր Լուսաւորիչ:

Իբրեւ կաթողիկոս ժառանգական իրաւունքով Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին յաջորդած են անոր սերունդէն` Արիստակէս, Վրթանէս, Յուսիկ, Ներսէս եւ Սահակ Պարթեւ հայրապետները: Գրիգոր Լուսաւորիչին թոռներէն Գրիգորիս դարձած է Աղուանից եկեղեցւոյ հիմնադիրը:

Սահակ Պարթեւ հայրապետին վախճանումէն ետք արական գիծով Լուսաւորիչի ճիւղը սպառած է:

Կամսարականները, որոնք Պահլաւունիներու տոհմակիցներն էին, սկիզբէն խնամիական կապեր հաստատած էին Մամիկոնեաններուն հետ: Անոնք աւագ նախարարներու շարքին կը դասուէին եւ Արշակունիներուն ու Մամիկոնեաններուն սերտ գործակիցներն էին:

Սահակ Պարթեւին միակ դուստրը` Սահականոյշ ամուսնացած էր Համազասպ Մամիկոնեան իշխանին հետ. անոնց զաւակն էր Քաջ Վարդան Մամիկոնեան, որուն դստեր հետ ամուսնացած էր Արշաւիր Կամսարական: Լուսաւորիչին շառաւիղը այսպիսով շարունակուած է Կամսարականներուն քով, որովհետեւ անոնք ալ Պահլաւ ցեղէն էին:

Կամսարականներու տիրոյթ Շիրակի եւ Արշարունիքի վերջին տէրը եղած է Ներսեհ Կամսարականը, Ը. դարու վերջաւորութեան, որմէ ետք Կամսարականներու շառաւիղները ցրուած են դէպի Բիւզանդիոն եւ Բագրատունիները տէր դարձած են անոնց տիրոյթներուն:

ՆՈՐ ՊԱՀԼԱՒՈՒՆԻՆԵՐ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կամսարկաններու շառաւիղներէն Արտակ Կամսարեան իր ընտանիքով Թ. դարու վերջաւորութեան, Աշոտ Ա. թագաւորին թոյլտուութեամբ վերադարձած է հայրենիք` կանխաւ հրաժարելով իր տոհմանունէն եւ նախնեաց իրաւունքներէն, եւ ստացած Պահլաւունի ազգանունը: Անոր սերունդը պատմութեան մէջ ծանօթ է Նոր Պահլաւունի անունով: Արտակի զաւակն էր Ապուղամր, որուն զաւակը` Գրիգոր Համզէ (941-982), Անիի մէջ կառուցած է Ապուղամրենց Ս. Գրիգոր տոհմական եկեղեցին:

Գրիգոր Համզէի եւ Շուշանի զաւակներն էին` Վահրամ, Վասակ Հոլում, Ապլղարիպ, Տիգրան, Գրիգոր Համզէ Մանուկ եւ դուստրը` Սեդա:

Անդրանիկ զաւակը` Վահրամ, Բագրատունեաց արքունիքին մէջ պատասխանատու պաշտօններ վարած է եւ եղած իշխանաց իշխան, այնուհետեւ ալ երկար տարիներ վարած հայոց սպարապետութիւնը: Արքունիքը անոր տիրոյթներ նուիրած է Շիրակի եւ Արագածոտնի մէջ: Վահրամ կառուցած է Մարմաշէնի եւ Ամբերդի եկեղեցիները: Յովհաննէս Սմբատ թագաւորին մահէն ետք օժանդակած է Գագիկ Բ.ի գահակալութեան եւ փորձած՝ արգելք հանդիսանալ երիտասարդ թագաւորին Կոստանդնուպոլիս այցելութեան, հասկնալով որ բիւզանդական արքունիքը դաւադրութիւն մը սարքած է հայոց թագաւորին դէմ:

Գագիկ Բ.ի Կոստանդնուպոլիս ուղեւորութենէն եւ դաւադրական կալանաւորումէն ետք Վահրամ Պահլաւունիին գլխաւորած հայոց բանակը Անիի պարիսպներուն առջեւ չորս անգամ պարտութեան մատնած է բիւզանդական բանակները: Վեստ Սարգիս եւ Պետրոս Գետադարձ կաթողիկոս 1045-ին Անին բիւզանդացիներուն յանձնած են, որմէ ետք Վահրամ Պահլաւունի մասնակցած է Դուինի ամիրային դէմ արշաւանքին, որուն ընթացքին ալ զաւկին` Գրիգորի հետ զոհուած:

Վահրամ Պահլաւունի ամուսնացած էր Անձեւացեաց տոհմէն Տիգրան մարզպանի դստեր` Սոֆիային հետ. զաւակներն էին` Ապուղամր եւ Գրիգոր[1]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]