Յովհաննէս Հիսարեան
Յովհաննէս Հիսարեան | |
---|---|
| |
Ծնած է | 24 Յունիս 1827[1] |
Ծննդավայր | Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մահացած է | 1916[2][3] |
Մահուան վայր | Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մասնագիտութիւն | արձակագիր, Խմբագիր, հնաբան |
Աշխատավայր | Բանասէր |
Յովհաննէս Հիսարեան (24 Յունիս 1827[1], Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 1916[2][3], Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն), հայ արձակագիր, գրական, մշակութային գործիչ։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է 1827 Յունիս 24-ին Պոլսոյ «Րումելի Հիսար» թաղը. իր հայրն էր Գէորգ Հիսարեան։ 1837-ին հազիւ ստացած կրթութեան նախատարերքը, առաջարկութեամբ՝ Հ. Գէորգ Հիւրմիզեանի, Վենետիկ կը ղրկուի Մուրատ Ռաֆայէլեան վարժարանին մէջ աւարտելու համար իր ուսումը։ Հոն 6-7 տարիի չափ մնալով յաջողապէս կ՝աւարտէ վարժարանին ընթացքը մթերելով հայերէնի, իտալերէնի, յունարէնի եւ լատիներէնի ու բոլոր գիտութեանց սկզբունքները։
1844-ին Եւրոպայէն Պոլիս վերադարձող առաջին լուսաւորութեան ջահերէն մէկը կ՝ըլլայ, իրեն զբաղում ընտրելով՝ գրագրութիւն, իսկ իր տան մէջն ալ, ուսուցչութեան պաշտօնները կը ստանձնէ։
1845-1847-ին կ՝աշխատակցի Տէրոյենցի եւ Աղաթոնի հրատարակած Պատրիարքարանի պաշտօնաթերթին՝ Հայաստանին, որուն մէջ մաս առ մաս հրատարակած Նաբոլէոնի կենաց համառօտ պատմութիւնը գիրքի կը վերածէ 1847-ին։
1851-ին կը սկսի հրատարակել «Բանասէր» անունով ամսաթերթ մը, որուն ուղղութիւնը, ձեւը, յօդուածներն ու լեզուն մինչեւ այսօր կը պահեն իրենց մէջ հրապոյր մը, որուն համար իրաւամբ կարելի է ըսել, թէ՝ «իր ժամանակի հրատարակութեանց ամէնէն գիտունն ու բարեկշռեալն էր»։
«Բանասէր»ի մէջ կը հրատարակէ մաս առ մաս «Խոսրով Եւ Մաքրուհի» անունով վէպը, իր ժամանակի կեանքէն առնուած ինչ որ հայ միտքին առաջին վէպերէն կարելի է համարել։ Այս վէպը 1869-ին թարգմանուած է Ֆրանսերէնի, իսկ 1903-ին կրկին հրատարակուած է շաբաթաթերթ Ծաղիկի մէջ։ 1852-ին, յաջողապէս բոլորէ յետոյ ամբողջական տարեշրջան մը, «Բանասէր»ը կը դադրի։
Այդ ժամանակները, Հիսարեան միջոց մը, տպարանատէր Քայօլի հետ կը հրատարակէ «Journal Asiatique»ը, որուն մէջ հայերէնով մաս մը յատկացուած էր։ 1858-ի միջոցներուն, «Բանասէր»ի վերստին հրատարակութեան փորձ մը ըրած է, սակայն միայն մէկ թիւ հրատարակուած է։ Այդ միջոցներուն գրած է՝ «Ծռախօսութիւն» անուն փոքրիկ տետր մը, Տօքթ. Ռուսինեանի Ուղղախօսութիւնը քննադատող։
1852-1882-ի երեսուն տարուան շրջանի մէջ, ստէպ առիթներ ունեցած է ուղեւորելու Եւրոպա եւ Կովկասեան գաւառները ու հոն յառաջ տարած է իր ուսումնասիրութիւնները՝ հայկական բեւեռագիրներու վրայ եւ որոնց իբր արդիւնք գրած է հոյակապ աշխատասիրութիւն մը Ֆրանսերէն լեզուով, զոր դժբախտաբար անտիպ կը մնայ։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ 1,0 1,1 http://am.hayazg.info/index.php?curid=10953
- ↑ 2,0 2,1 2,2 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
- ↑ 3,0 3,1 3,2 Հայաստանի գրադարանների համահավաք գրացուցակ
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- «Յիշատակարան» (կազմուած՝ Վ. Գ. Զարդարեանի կողմէ)։
- «Դիմաստուերներ», Հրանդ Ասատուր, 1921, էջ 36-43։