Բանասէր (ամսաթերթ)

Բանասէր
Տեսակ Ամսաթերթ
Ժանր ազգային, բանասիրական եւ քաղաքական ամսաթերթ
Լեզու արեւմտահայերէն
Խմբագիր Յովհաննէս Հիսարեան
Հիմնադրուած է 1851
Երկիր Թուրքիա, Կ, Պոլիս

«Բանասէր», ազգային, բանասիրական եւ քաղաքական ամսաթերթ[1]:

Հրատարակուած է Յովհաննէս Հիսարեանի խմբագրութեամբ՝ 1851-ին[2]։

«Բանասէր»ի մէջ հրատարակուած է՝ մաս առ մաս, «Խոսրով Եւ Մաքրուհի» անունով վէպը, իր ժամանակի կեանքէն առնուած ինչ որ հայ միտքին առաջին վէպերէն կարելի է համարել։ Այս վէպը 1869-ին թարգմանուած է Ֆրանսերէնի, իսկ 1903-ին կրկին հրատարակուած է շաբաթաթերթ Ծաղիկի մէջ։

1852-ին, յաջողապէս բոլորած է, սակայն յետոյ ամբողջ տարեշրջան մը, «Բանասէր»ը դադրած է։ 1858-ի միջոցներուն, «Բանասէր» վերստին հրատարակութեան փորձ մը ըրած է, սակայն միայն մէկ թիւ հրատարակուած է։

Ծանօթագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. «ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ — Banaser_Cottonopolis»։ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ։ արտագրուած է՝ 2022-12-12 
  2. «Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Ա հատոր - ԳԻՐՔ ԱՌԱՋԻՆ. ԸՆԴՀԱՆՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ»։ digilib.aua.am։ արտագրուած է՝ 2022-12-12