Jump to content

Միշէլ Աուն

Միշէլ Աուն
արաբերէն՝ ميشال نعيم عون
Ծնած է 30 Սեպտեմբեր 1933(1933-09-30)[1] (91 տարեկան)
Ծննդավայր Հարեթ Հրեյք, Lebanese Republic under French mandate
Քաղաքացիութիւն  Լիբանան
Մայրենի լեզու Արաբերէն
Կրօնք Մարոնի Կաթոլիկ Եկեղեցի
Մասնագիտութիւն քաղաքական գործիչ, սպայ
Վարած պաշտօններ Լիբանանի վարչապետ, Լիբանանեան բանակի հրամանատար, Լիբանանի նախագահ, Լիբանանի նախագահ եւ Լիբանանի Խորհրդարանի Անդամ
Կուսակցութիւն Ազատ հայրենասիրական շարժում
Ամուսին Nadia El-Chami Aoun?
Երեխաներ Միրէյ, Քլոտին եւ Շանթալ
Ստորագրութիւն

Միշէլ Նայիմ Աուն (արաբերէն՝ ميشال نعيم عون‎, ֆրանսերէն՝ Michel Naim Aoun, 30 Սեպտեմբեր 1933(1933-09-30)[1], Հարեթ Հրեյք, Lebanese Republic under French mandate[2]), լիբանանցի զօրահրամանատար եւ քաղաքագէտ։ 22 Սեպտեմբեր-էն մինչեւ 13 Հոկտեմբեր 1990 Լիբանանի վարչապետ ու նախագահ։ Լիբանանի ներկայի նախագահ: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի վերջին օրերուն, Սուրիոյ կողմէ կ'աքսորուի Ֆրանսա, ուր կը մնայ մինչեւ 7 Մայիս, 2005: Լիբանան կը վերադառնայ, Սուրիական զօրքերուն Լիբանանի հողերէն ընդմիշտ հեռանալէն տասնմէկ օր ետք։ Իր հետեւորդներուն կողմէ կոչուած՝ «Le Général» (Զօրավար կամ Հրամանատար

Ծնած է 17 փետրուար 1933-ին: Ամուսնացած է Նատիա Շամիի հետ եւ ունի երեք դուստրեր` Միրէյ, Քլոտին եւ Շանթալ: Եղած է զինուորական, ապա` քաղաքական անձնաւորութիւն, Ազգային ազատ հոսանքի ղեկավար: 23 Յունիս 1984 – 27 Նոյեմբեր 1989 եղած է լիբանանեան բանակի հրամանատար, ինչպէս նաեւ` 1988-ի զինուորական կառավարութեան վարչապետ:

Զինուորական կեանք

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Միշել Աուն իբրեւ կամաւոր յաճախած է Սպայից վարժարանը 1 Հոկտեմբեր, 1955-ին[3]: Լիբանանի, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ հետեւած է զինուորական ծառայութեան եւ ստացած` բազմաթիւ մետալներ: Իբրեւ զինուորական` բազմաթիւ աստիճանաւորումներէ եւ 29 տարուան ծառայութենէ ետք նշանակուած է բանակի հրամանատար: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին հանրապետութեան նախկին նախագահ Ամին Ժըմայէլի յաջորդող այլ նախագահի մը չգոյութեան պատճառով, Ժըմայէլի կողմէ զօր. Աուն, որ օրին բանակի հրամանատար էր, կը նշանակուի վարչապետ:

Աուն Լիբանանի Վարչապետ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Զօր. Աուն կը ստանձնէ իշխանութիւնը` զինուորական կառավարութիւն կազմելով, ընդդէմ` քաղաքացիական կառավարութեան մը, որ կը գլխաւորուէր Սելիմ Հըսի կողմէ: Այդպիսով Լիբանան կ'ունենայ երկու կառավարութիւն:

Հիմնական նպատակ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Զօր. Աունի նպատակը սկիզբէն ի վեր եղած է լիբանանեան համայնքներուն միջեւ բախումներուն եւ տագնապներուն վերջ տալ, ինչպէս նաեւ` Լիբանանը ազատագրել սուրիական զինուորական եւ քաղաքական լուծէն:

Աուն եւ «Ազատագրման պատերազմ»ը ընդդէմ Սուրիոյ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

14 Մարտ 1989-ին զօր. Աուն Պաապտայի նախագահական պալատի իր նստավայրէն «Ազատագրման պատերազմ» կը յայտարարէ սուրիական բանակին դէմ: Զօր. Աուն պատերազմի յայտարարութիւնը կը կատարէ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, որուն լոյսին տակ 1975-էն ի վեր քաղաքացիական պատերազմի մէջ գտնուող լիբանանցիները` բոլոր շրջաններէն եւ բոլոր համայնքներէն, միասնաբար կ'ուղղուին Նահատակաց հրապարակ եւ միաբերան կը պահանջեն սուրիական ուժերուն Լիբանանէն հեռացումը:

Զօրավար Աուն եւ Թաէֆի համաձայնագիրը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Ազատագրման պատերազմ»-ը մղելէն ամիսներ ետք, 22 Հոկտեմբեր, 1989-ին, Սէուտական Արաբիոյ միջնորդութեամբ, կարելի կ'ըլլայ յանգիլ Թաէֆի համաձայնագիրին, որմով պիտի աւարտէր Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը: Զօր. Աուն կը մերժէ Թաէֆի համաձայնագիրին արտաքին պայմանները, որոնց համաձայն, ամբողջ Լիբանանի տարածքին պիտի տեղակայուէին սուրիական ուժեր` առանց յստակ ժամկէտ մը ճշդելու, թէ անոնք ե՛րբ պիտի հեռանան Լիբանանէն:

«Ջնջումի պատերազմ»ը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Ազատագրուած շրջաններուն» մէջ զէնք կրելու իրաւունքը միայն բանակին իրաւասութիւնը նկատելու շրջագիծին մէջ 31 Յունուար 1990-ին զօր. Աուն «Ջնջումի պատերազմ» կը յայտարարէ Լիբանանեան ուժերուն դէմ:

Զինուորական պարտութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մղուած բուռն պատերազմէն ետք, 13 Հոկտեմբեր 1990-ին զօր. Աուն ձայնագրուած յայտարարութեամբ մը զինուորական պարտութիւն կը յայտարարէ եւ լիբանանեան բանակէն կը պահանջէ հրահանգները ստանալ զօր. Էմիլ Լահուտէն: Նոյն օրն իսկ սուրիական օդուժին եւ Լիբանանեան ուժերուն թնդանօթներուն կողմէ կը ռմբակոծուի նախագահական պալատը, ամերիկեան եւ իսրայէլեան օրհնութիւնը վայելող լիբանանեան-սուրիական միացեալ գործողութեամբ մը զօր. Աուն Պաապտայէն կը փոխադրուի ֆրանսական դեսպանատուն, ուրկէ ան կը մեկնի Ֆրանսա` իբրեւ քաղաքական ապաստանեալ: Ֆրանսա մեկնելէ առաջ գրաւոր նամակի մը մէջ ան իր հետեւորդներուն կը հաստատէ, որ անոնց սկսած աշխատանքը անպայման պիտի արդիւնաւորուի:

Աուն Լիբանանի քաղաքական կարեւոր անձնաւորութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Լիբանանեան քաղաքական կեանքին մէջ զօր. Աուն կը նկատուի քաղաքական կարեւոր անձնաւորութիւն եւ իբրեւ այդպիսին` ան 15 տարի ետք` 2005-ին, Փարիզի իր աքսորավայրէն կը վերադառնայ Լիբանան[4]: Մէկուկէս տասնամեակ գաղտնօրէն գործած, սուրիական ուժերու գոյութեան դէմ պայքարած եւ 14 Մարտ 2005-ին, Մայրիներու յեղափոխութենէն ետք, 26 Ապրիլ 2005-ին սուրիացի վերջին զինուորին Լիբանանէն հեռացումէն ետք, 7 Մայիս 2005-ին Պէյրութի միջազգային օդակայանի ճամբան ու Նահատակաց հրապարակը` հոծ բազմութիւն մը կը դիմաւորէ զօր. Աունն ու անոր ընտանիքը: Աունականները կը նկատեն, որ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութենէն ետք, 14 Մարտ 2005-ին արձանագրուած Մայրիներու յեղափոխութիւնը բոլոր լիբանանցիներուն կողմէ զօրակցութիւն էր 15 տարի շարունակ իրենց առանձինն մղուած պայքարին:

Աուն՝ երեսփոխան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Լիբանան ժամանումէն կարճ ժամանակ ետք զօր. Աուն կը մասնակցի Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցած անոր վեց ընտրացանկերէն երեքը պարտութեան կը մատնուին Հըզպալլա-Ամալ-Մուսթաքպալ-Ժոմպլաթ քառակողմ ընտրական դաշինքին պատճառով: Զօր. Աուն խորհրդարան մուտք կը գործէ 21 երեսփոխան հաշուող պլոքով մը, որ խորհրդարանին երկրորդ ամէնէն մեծ պլոքն էր։ Ապա ան կը հիմնէ «Ազգային ազատ հոսանք» կուսակցութիւնը եւ կը ղեկավարէ զայն մինչեւ 2015, երբ «Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան» ղեկավար կը դառնայ զօր. Աունի փեսան` Ժըպրան Պասիլ:

  • 2005-ի ընտրութիւններէն ետք Ֆուատ Սինիորա կը նշանակուի վարչապետ եւ կը ստանձնէ ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը կազմելու պարտականութիւնը:

Քաղաքական կեանք

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Զօր. Աուն կը մերժէ Սինիորայի կառավարութեան մաս կազմել` տարբեր պատճառներով: Անոր մերժումին լոյսին տակ, Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար՝ երեսփոխան Սաատ Հարիրի կ'այցելէ զօր. Աունի եւ կը փորձէ զայն համոզել, որ մասնակցի կառավարութեան: Սակայն Հարիրի չի յաջողիր համոզել զօրավարը, եւ կառավարութիւնը կը կազմուի առանց անոր մասնակցութեան:

  • 6 Փետրուար 2006-ին, զօր. Աուն Մար Մխայէլ եկեղեցւոյ մէջ հանդիպում մը կ'ունենայ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար՝ սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ, որուն ընթացքին զոյգ ղեկավարները կը ստորագրեն Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Հըզպալլայի միջեւ փոխըմբռնումի համաձայնագիր մը, որուն շնորհիւ` Լիբանանի մէջ կարելի կ'ըլլայ իրականացնել իսլամ-քրիստոնեայ յաւելեալ մերձեցում եւ համերաշխութիւն:
  • 21 Մայիս 2008-ին, զօր. Աուն կը մասնակցի Տոհայի խորհրդաժողովին, որուն ընթացքին ան կը մասնակցի ընտրական օրէնքի բարեփոխումին, ինչպէս նաեւ մաս կը կազմէ ազգային միասնականութեան կառավարութեան:
  • 3 Դեկտեմբեր 2008-ին զօր. Աուն կ'արձանագրէ պատմական հսկայ նուաճում մը, երբ կը բարելաւէ Սուրիոյ հետ իր յարաբերութիւնները` այցելելով Դամասկոս եւ հանդիպում մը ունենալով Սուրիոյ նախագահ՝ Պաշշար Ասատի հետ:
  • 2009-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին զօր. Աունի նախագահած Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումին թիւը կը բարձրանայ 27 երեսփոխանի[5]: Համախմբումը 5 նախարարներով մաս կը կազմէ Նոյեմբեր 2009-ին վարչապետ Սաատ Հարիրիի գլխաւորած կառավարութեան:
  • Յունիս, 2011-ին, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կողմէ կազմուած կառավարութեան մէջ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը կը մասնակցի 11 նախարարով:
  • Փետրուար 2014-ին, վարչապետ Թամմամ Սալամի նախագահած կառավարութեան մէջ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախարարներուն թիւը 4 էր:
  • 2 Յունիս 2015-ին Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն միջեւ կը կատարուի նպատակներու մօտեցման յայտարարութիւն:

Այդ յայտարարութեան մէջ երկու կողմերը յանձնառութիւն կը յայտնեն` հսկելու Լիբանանի ազատութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան, Թաէֆի համաձայնագիրին, երկիրին սահմանադրութեան նկատմամբ յարգանքին, շրջանային եւ միջազգային առումով գերիշխանական սկզբունքներու որդեգրումին, օրէնքի միջոցով հարցերու լուծման` առանց զէնքի ուժի դիմելու, լիբանանեան բանակին նիւթական եւ բարոյական զօրակցութեան, Լիբանանի ամբողջ տարածքին բանեցնելու լիբանանեան պետութեան գերիշխանութիւնը, Լիբանանի նկատմամբ յարգանք պարտադրող արտաքին քաղաքականութեան նախանձախնդրութեան, բոլոր երկիրներու` յատկապէս արաբական երկիրներուն հետ լաւ եւ բարեկամական յարաբերութիւններ մշակելու, Իսրայէլը թշնամի պետութիւն նկատելու եւ անշեղ մնալու պաղեստինցի գաղթականներուն տունդարձի իրաւունքը պահանջելէ, միջազգային օրէնքներն ու ՄԱԿ-ի բանաձեւերը յարգելու, ազգային երկխօսութեան նիստին որոշումները գործադրելու եւ իսկական հաւասարութիւն ու ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովող ընտրական օրէնք մը մշակելու:

Աուն 2016-ի Լիբանանի նախագահութեան թեկնածու՝ բոլորին համաձայնութեամբ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • 18 Յունուար, 2016-ին Սամիր Ժահժահ զօր. Աունը կը հրաւիրէ Մեհրապ եւ պաշտօնապէս կ'առաջադրէ անոր թեկնածութիւնը` նախագահական ընտրութեան: Ժահժահ կոչ կ'ուղղէ նաեւ, որ 14 Մարտի քաղաքական ուժերը որդեգրեն զօր. Աունի թեկնածութիւնը:
  • 14 Մարտ-ի քաղաքական ուժերու հիմնասիւներէն՝ Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրի Ժահժահի կատարած կոչէն 9 ամիս ետք կ'այցելէ Ռապիէ եւ հանդիպում մը կ'ունենայ զօր. Աունի հետ:
  • 20 Հոկտեմբեր, 2016-ին, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին պաշտօնապէս կ'որդեգրէ զօր. Աունի թեկնածութիւնը` հաստատելով, որ այդ իմաստով կան շրջանային եւ միջազգային երաշխիքներ:

Արդէն իսկ Հըզպալլայի զօրակցութիւնը վայելող զօր. Աունի թեկնածութիւնը պաշտօնապէս կ'որդեգրուի նաեւ Հարիրիի կողմէ: Այդ քայլին կը յաջորդէ քաղաքական այլ ուժերու կողմէ զօր. Աունի թեկնածութեան նկատմամբ զօրակցութիւնը եւ 31 Հոկտեմբեր, 2016-ին, զօր. Միշել Աուն կը դառնայ Լիբանանի 13-րդ նախագահը[6][7]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]