Jump to content

Պաշշար Ասատ

Կաղապար:Տեղեկաքարտ Պաշտոնատար Պաշշար Ասատ կամ Պաշշար Հաֆէզ Ալ Ասատ (արաբերէն՝ بشار حافظ الأسد), ծնած՝ 11 Սեպտեմբեր 1965-ին՝ Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ), սուրիական քաղաքական եւ պետական գործիչ, Սուրիոյ հանրապետութեան նախագահ (2000-2024), Պաաս կուսակցութեան սուրիական ճիւղի նախագահ։

Երիտասարդական տարիներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պաշշար Ասատը ծնած է Դամասկոսի մէջ՝ Սուրիոյ ռազմաօդային ուժերու հրամանատար, գումարտակի հրամանատար՝ ժեներալ Հաֆէզ Ասատի ընտանիքին մէջ, որ կը պատկանի իսլամ փոքրամասնութիւն համարուող ալաուիներուն։[1] Երբ Պաշշար 5 տարեկան էր, իր հայրը կը դառնայ Սուրիոյ նախագահ, իսկ աւելի ուշ կը սկսի գլխաւորել Պաաս կուսակցութիւնը։

Ասատներու ընտանիքը (ձախէն աջ)՝ Հաֆէզ Ալ Ասատ (հայր), Անիսա Մախլուֆ (մայր), Պաշշար, Մահեր (եղբայր), Մաճիտ (եղբայր), Պուշրա (քոյր) եւ Պասիլ (եղբայր), 1970-ական թուականներուն

Պաշշար Ասատ իր նախնական կրթութիւնը կը ստանայ Դամասկոս գտնուող արաբա-ֆրանսական «Հուրրիա» գոլէճին մէջ։ 1982 թուականին ան կ'աւարտէ գոլէճը ստանալով Պաքալորեան։ 1988 թուականին կարմիր վկայականով կ'աւարտէ Դամասկոսի բժշկական համալսարանի ակնաբուժական բաժինը, որմէ ետք կ'աշխատի «Թշրին» զինուորական հիւանդանոցին մէջ։[2].

1991 թուականին (այլ տուալներով՝ 1992 թ.-ին) կը մեկնի Մեծ Բրիտանիա՝ փորձառութիւնը կ'ամբողջացնէ «Western Eye Hospital» ակնաբուժական կեդրոնին մէջ։ Արտասահմանի մէջ Ասատը իր անուան փոխարէն կ'օգտագործէ կեղծանուն, որպէսզի ոչ մէկը գիտնայ, որ իր հայրը սուրիոյ նախագահն է։

Սկզբնական շրջանին Հաֆէզ Ասատը նախատեսած էր նախագահի պաշտօնին նշանակել իր որդի Պասելը, բայց վերջինը 1994 թուականին ինքնաշարժի արկածով կը մահանայ։ Դժբախտութիւնը պատահեցաւ երբ Պաշշարը կը գտնուէր Լոնտոն։[3]. Եղբօր մահէն ետք ան վերադարձաւ Սուրիա եւ ընդունուեցաւ Հոմս քաղաքի զինուորական ակադեմիոյ մէջ։ 1995 թուականին captainի կոչումով արդէն կը գլխաւորէր հրասայլային գումարտակ, այնուհետեւ Հանրապետական բաժինը։ 1999 թուականի Յունուարին անոր կը շնորհեն գնդապետի զինուորական կոչում։

Քաղաքական գործունէութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

10 Յունիս 2000-ին, Սուրիոյ նախագահ Հաֆէզ Ասատը սրտի տագնապով կը մահանայ։ Յաջորդ օրը նախագահի պաշտօնակատար երկրի առաջին փոխ-նախագահը Պաշշար Ասատին կը շնորհէ հրամանատարի զինուորական կոչում եւ կը նշանակէ զինք բանակի գերագոյն հրամանատար։ Յունիսի 20-ին իշխող կուսակցութեան նիստի ընթացքին Պաշշար Ասատ կ'ընտրուի կուսակցութեան գլխաւոր քարտուղար եւ իր թեկնածութիւնը կը դրուի նախագահական ընտրութիւններուն։ Յուլիսի 10-ին՝ Սուրիական հանրապետական ընտրութեան արդիւնքով, Սուրիոյ նախագահ կը դառնայ Պաշշար Ասատը՝ հաւաքելով 97,29 % ձայն։[4] 27 մայիս 2007-ին Պաշշարը կը վերընտրուի։

Նախայեղափոխական շրջան (2000–2011) Հաֆէզ Ասատի մահէն յետոյ՝ 2000 թուականի Յունիս10-ին, Սուրիոյ սահմանադրութիւնը փոխուեցաւ՝ նախագահ ընտրուելու նուազագոյն տարիքը 40-էն իջեցնելով 34-ի, որ Պաշշարի տարիքն էր այդ ժամանակ։ Ասատը առանց մրցակիցներու առաջադրուեցաւ եւ 2000 թուականի Յուլիս10-ին նշանակուեցաւ նախագահ՝ հաւաքելով ձայներու 97.29%-ը։ Որպէս Սուրիոյ նախագահ՝ ան նաեւ նշանակուեցաւ Սուրիոյ զինուած ուժերու գերագոյն հրամանատար եւ Պաաս կուսակցութեան տարածաշրջանային քարտուղար։ Իր կառավարման ողջ ընթացքին, եօթ տարին անգամ մը տեղի կ'ունենային նախագահական ընտրութիւններ, ուր Ասատը կը յաղթէր մեծ առաւելութեամբ։ Անկախ դիտորդները միաձայն այս ընտրութիւնները համարեցին կեղծիք եւ պոյքոթեցին սուրիական ընդդիմութիւնը։ Ակադեմիական մասնագէտները նոյնպէս համաձայն են, որ այս ընտրութիւնները տեղի ունեցած են զուտ բռնակալական պայմաններու մէջ։ Վերջին երկու նախագահական ընտրութիւնները՝ 2014 եւ 2021 թուականներուն, տեղի ունեցած են Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին Սուրիոյ կառավարութեան վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն մէջ եւ դատապարտուած են Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կողմէ։

Դամասկոսի գարուն[5]

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գլխաւոր յօդուած՝ Դամասկոսի գարուն

Իշխանութեան ստանձնումէն անմիջապէս յետոյ Սուրիոյ մէջ սկսաւ «Դամասկոսի գարուն» անունով յայտնի բարեփոխումներու շարժումը, որ կը գլխաւորէին գրողներ, մտաւորականներ, ընդդիմադիր գործիչներ, մշակութային աքթիվիսդներ եւ այլք: Շարժումը զգալի առաջընթաց գրանցեց, այդ կարգին՝ Մեզզէ բանտի փակումը եւ «Իսլամ եղբայրներու» հետ կապուած հարիւրաւոր քաղբանտարկեալներու համար համաներման յայտարարումը: Սակայն այս մօտեցումը կարճատեւ եղաւ, քանի որ մէկ տարիէն ալ քիչ ժամանակ անց սկսաւ անվտանգութեան միջոցառումները, ինչ որ շատերուն ստիպեց այդ ժամանակաշրջանը բնութագրել որպէս «Դամասկոսի ձմեռ»: Հարիւրաւոր մտաւորականներ ձերբակալուեցան, թիրախաւորուեցան, աքսորուեցան եւ բանտարկուեցան, մինչդեռ արտակարգ դրութիւնը շարունակուեցաւ: Ռեժիմը հրաժարեցաւ իր զիջումներէն եւ պետութիւնը խստացուց իր բռնակալական վերահսկողութիւնը: Գրաքննութիւնը մեծցաւ եւ «Դամասկոսի գարուն» շարժումը արգիլուեցաւ «ազգային միասնութեան եւ կայունութեան» պատրուակով: «Սոցիալական շուկայական տնտեսութեան» մօտեցումը դարձաւ փտածութեան խորհրդանիշ, որ օգուտ բերաւ բացառապէս Ասատի հաւատարիմներուն: Քանի մը քննարկման ֆորումներ փակուեցան, եւ շատ մտաւորականներ առեւանգուեցան, խոշտանգուեցան եւ սպաննուեցան հետախուզական ծառայութիւններու կողմէ: Շատ վերլուծաբաններ կը կարծեն, որ բացուելու մասին սկզբնական խօստումները կառավարութեան մարտավարութիւն էր նոր ղեկավարութեան չաջակցող սուրիացիներուն նոյնականացնելու համար:

2001 թուականի Հոկտեմբերին Մեծ Բրիտանիայի վարչապետ Թոնի Պլէրի Սուրիա կատարած պաշտօնական այցի ժամանակ, Պաշշարը համատեղ մամուլի ասուլիսի ընթացքին հրապարակաւ դատապարտեց ԱՄՆ-ի ներխուժումը Աֆղանիստան՝ ըսելով. «Մենք չենք կրնար ընդունիլ այն, ինչ կը տեսնենք ամէն օր հեռուստատեսութեամբ՝ անմեղ քաղաքացիներու սպանութիւնները: Ամէն օր հարիւրաւոր մարդիկ կը մահանան»: Ասատը նաեւ գովաբանեց պաղեստինեան դիմադրութիւնը՝ զանոնք անուանելով «ազատութեան մարտիկներ» եւ քննադատելով Իսրայէլն ու Արեւմուտքը: Բրիտանացի պաշտօնեաները յետագային մասնաւոր հանդիպումներու ընթացքին, Ասատի քաղաքական դիրքորոշումները բնութագրեցին որպէս աւելի ճկուն՝ պնդելով, որ ան քննադատած է Սեպտեմբեր 11-ի յարձակումները եւ ճանչցած՝ «Իսրայէլ պետութեան օրինականութիւնը»:

Սեպտեմբեր 11-ի յարձակումներէն յետոյ եւ ԱՄՆ-ի գլխաւորած «ահաբեկչութեան դէմ պատերազմի» սկիզբը, Սուրիան «յայտնուեցաւ որպէս ԿՀՎ-ի ամէնէն ակնառու դաշնակիցներէն մէկը «Ալ-Քաիտայի» դէմ պայքարին մէջ», քանի որ «Սուրիայէն եկող տեղեկատուութեան որակը եւ քանակը կը գերազանցէր գործակալութեան սպասումները»: Սուրիան համագործակցեցաւ ԿՀՎ-ի կալանքի եւ հարցաքննութեան ծրագրին հետ, սուրիական բանտերը դարձան «Ալ-Քաիտայի» կասկածեալներու արտայանձման հիմնական վայրը, ուր անոնց կը խոշտանգէին ԿՀՎ-ի անունով գործող սուրիացի քննիչները: Բաց հասարակութեան հիմնադրամներու 2013 թուականի զեկոյցի համաձայն՝ Սուրիան այս ծրագրի գծով «արտայանձնումներու ամէնէն տարածուած վայրերէն մէկն էր»։

Ռաֆիք Հարիրիի սպանութիւնը եւ մայրիի յեղափոխութիւնը[6]

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հիմնական յօդուածներ՝ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութիւնը, մայրիի յեղափոխութիւնը եւ Լիբանանի նկատմամբ սուրիական խնամակալութիւնը

«Այդ կ'ըլլայ Լահուտը, եւ եթէ դուն ինծի դէմ ըլլաս, ես կ'ոչնչացնեմ Լիբանանը քու ու Ուալիտ Ճումպլադի գլխուն վրայ։ Աւելի լաւ է վերադառնաս Պէյրութ եւ համապատասխանաբար կարգի բերես գործերդ»։

—Պաշշար Ասատի սպառնալիքները Ռաֆիք Հարիրիին 2004 թուականի Օգոստոսին՝ սուրիացի դաշնակից Էմիլ Լահուտի նախագահութեան երկարաձգման վերաբերեալ 2005 թուականի Փետրուար 14-ին Լիբանանի նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրին սպաննուեցաւ Պէյրութի կեդրոնը, մեքենայի պայթիւնի հետեւանքով եւ զոհուեցաւ 22 մարդ։ Christian Science Monitor-ը նշած է, որ «Սուրիան մեղադրուած է Հարիրիի սպանութեան մէջ։ Սպանութեան նախորդող ամիսներուն Հարիրիի եւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի միջեւ յարաբերութիւնները կտրուկ վատթարացան սպառնալիքներու եւ վախի մթնոլորտի մէջ»։ Հարիրիի սպանութենէն անմիջապէս յետոյ Պաշշար Ասատը իր փեսային՝ Ասեֆ Շաուքաթին, որ կը կասկածուէր ահաբեկչական յարձակման մասնակցելու մէջ, նշանակեց Սուրիոյ ռազմական հետախուզութեան վարչութեան ղեկավար։ Սպանութիւնը լայնածաւալ վրդովմունք առաջացուց եւ Լիբանանի մէջ յանգեցուց այն բանին, ինչ որ յայտնի դարձաւ որպէս «Ինթիֆատա», որու ժամանակ հարիւր հազարաւոր ցուցարարներ դուրս եկան փողոց՝ պահանջելով սուրիական ռազմական ուժերու լիակատար դուրսբերումը։ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի 1559 բանաձեւը Սուրիոյ նկատմամբ միջազգային ճնշման աճի պայմաններուն մէջ Պաշշար Ասատը Մարտ 5-ին յայտարարեց սուրիական զօրքերու դուրս գալու հրաման տալու իր մտադրութեան մասին։ 2005 թուականի Մարտ 14-ին մէկ միլիոնէն աւելի լիբանանցիներ՝ իսլամներ, քրիստոնեաներ եւ տրուզներ, ցոյցի ելան Պէյրութի մէջ՝ Հարիրիի սպանութեան միամսեակի առթիւ։ Ապրիլ 7-ին ՄԱԿ-ի 1595 բանաձեւը թոյլատրեց Հարիրիի սպանութեան վերաբերեալ միջազգային հետաքննութիւն սկսիլը։ 2005 թուականի Մայիս 5-ին Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը պաշտօնապէս հաստատեց սուրիական զօրքերու լիակատար դուրսբերումը՝ վերջ դնելով 29-ամեայ ռազմական գրաւման։ Այս ապստամբութիւնը յայտնի դարձաւ որպէս «Անկախութեան ապստամբութիւն» կամ «Մայրիներու յեղափոխութիւն»։

ՄԱԿ-ի Միջազգային հետաքննչական յանձնաժողովի 2005 թուականի Հոկտեմբեր 20-ին հրապարակուած զեկոյցը բացայայտեց, որ սուրիական հետախուզութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաները եւ Ասատի ընտանիքը անմիջականօրէն վերահսկած են սպանութիւնը։ BBC-ն 2005 թուականի Դեկտեմբերին հաղորդած է, որ «Դամասկոսը կտրականապէս հերքած է Փետրուարին Հարիրին սպաննած մեքենայի ռումբի հետ կապուած որեւէ կապ»։

2007 թուականի Մայիս 27-ին Ասատը վերընտրուեցաւ նոր եօթամեայ ժամկէտով՝ իր նախագահութեան վերաբերեալ հանրաքուէի արդիւնքով եւ ձայներու 97.6%-ը կողմ էր անոր շարունակական կառավարման։ Ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն թոյլ չտրուեցաւ մասնակցիլ ընտրութիւններուն եւ Ասատը միակ թեկնածուն էր։ Սուրիոյ ընդդիմադիր կուսակցութիւնները, միաւորուած Դամասկոսի յայտարարութեամբ, դատապարտեցին ընտրութիւնները՝ որպէս անօրինական եւ «ամբողջատիրական ռեժիմը» ​​պահպանելու ռազմավարութեան մաս։ Սուրիոյ մէջ ընտրութիւնները պաշտօնապէս կը համարուին Ասատ ընտանիքի «հաւատարմութեան վերականգնման» միջոցառում եւ քուէարկութիւնը պարտադիր է իւրաքանչիւր քաղաքացիի համար: Արդիւնքներու յայտարարման սովորաբար կը յաջորդեն երկրով մէկ տեղի ունեցող ռեժիմի կողմնակից հանրահաւաքներ, որոնց ընթացքին քաղաքացիները կ'արտայայտեն իրենց «հաւատարմութիւնը» նախագահին եւ կը նշեն իշխող ընտանիքի «առաքինութիւնները»:

Հազարամեակի առաջին տասնամեակին Սուրիան Հիւսիսային Քորէայի օգնութեամբ սկսաւ գաղտնի միջուկային ծրագիր մշակել, սակայն Իսրայէլի ռազմաօդային ուժերը 2007 թուականի Սեպտեմբերին «անկանոն» գործողութեամբ ոչնչացուցին կասկածելի միջուկային ռեակտորը:

Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմ (2011–2024)[7]

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նախագահութիւն մինչեւ 2015 թուականը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հիմնական յօդուածներ՝ Արաբական գարուն, Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմի քաղաքացիական ապստամբութեան փուլ եւ Սուրիոյ դէմ պատժամիջոցներ Սուրիական յեղափոխութիւնը սկսած է 2011 թուականի Յունուար 26-ին։ Բողոքի ցոյցի մասնակիցները կոչ ուղղած են քաղաքական բարեփոխումներու եւ քաղաքացիական իրաւունքներու վերականգնման, ինչպէս նաեւ 1963 թուականէն գործող արտակարգ դրութեան վերացման։ «Զայրոյթի օրուայ» մէկ փորձ նախատեսուած էր Փետրուար 4-5-ը, չնայած այն աւարտեցաւ խաղաղ։ Մարտ 18-19-ի բողոքի ցոյցերը տասնամեակներու ընթացքին Սուրիոյ մէջ ամէնամեծն էին եւ Սուրիոյ կառավարութիւնը պատասխանեց բռնութեամբ բողոքող քաղաքացիներու նկատմամբ։

Միացեալ Նահանգները սահմանափակ պատժամիջոցներ կիրառեցին Ասատի կառավարութեան նկատմամբ 2011 թուականի Ապրիլին, որուն յաջորդեց Պարաք Օպամայի կողմէ 2011 թուականի Մայիս 18-ին հրապարակուած գործադիր հրամանագիրը, որ մասնաւորապէս ուղղուած էր Պաշշար Ասատին եւ վեց այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու։ 2011 թուականի Մայիս 23-ին Եւրամիութեան արտաքին գործերու նախարարները Պրիւքսէլի մէջ կայացած հանդիպման ժամանակ համաձայնեցան Ասատն ու ինը այլ պաշտօնեաներ աւելցնել այն ցուցակին, որոնց վրայ կը դրուի ճամբորդութեան արգելքը եւ ակտիվներու սառեցումը: 2011 թուականի Մայիս 24-ին Գանատան պատժամիջոցներ կիրառեց Սուրիոյ առաջնորդներու, այդ կարգին՝ Ասատի նկատմամբ։

Յունիս 20-ին, ցուցարարներու պահանջներուն եւ արտաքին ճնշման արձագանգելով, Ասատը խօստացաւ ազգային երկխօսութիւն, որ կը ներառէ բարեփոխումներու, նոր խորհրդարանական ընտրութիւններու եւ ազատութիւններու ընդլայնման քայլեր: Ան նաեւ կոչ ըրաւ փախստականներուն վերադառնալ տուն Թուրքիայէն՝ վստահեցնելով զանոնք համաներման մասին: Ասատը անկարգութիւններու մէջ մեղադրեց «դաւադրութիւնները» եւ մեղադրեց սուրիական ընդդիմութիւնն ու ցուցարարները «խռովարարութեան» մէջ՝ խախտելով սուրիական Պաաս կուսակցութեան խիստ աշխարհիկ աւանդոյթը։

Հարիւր հազարաւոր Ասատի դէմ ցուցարարներ կը ծածանեն սուրիական դրօշը եւ կը վանկարկեն «Արաբական գարնան» կարգախսը՝ «Ժողովուրդը կը ցանկանայ ռեժիմի տապալումը»:

2011 թուականի Յուլիսին ԱՄՆ պետքարտուղար Հիլըրի Քլինթընը յայտարարեց, որ Ասատը «կորսնցուցած է իր օրինականութիւնը» որպէս նախագահ։ 2011 թուականի Օգոստոս 18-ին Պարաք Օպաման գրաւոր յայտարարութիւն տարածեց՝ կոչ ընելով Ասատին «հեռանալ»։

Օգոստոսին յարձակման ենթարկվուեցաւ Ասատի կառավարութեան քննադատ, ծաղրանկարիչ Ալի Ֆերզաթը։ Կատակերգուի հարազատները լրատուամիջոցներուն յայտնեցին, որ յարձակողները սպառնացած են կոտրել Ֆերզաթի ոսկորները՝ որպէս նախազգուշացում իրեն, որպէսզի դադրեցնէ կառավարութեան պաշտօնեաներու, մասնաւորապէս՝ Ասատի ծաղրանկարները նկարելը։ Ֆերզաթը հիւնդանոց փոխադրուած է ձեռքերու կոտրուածքով եւ գլուխի ծանր վնասուածքով։

2011 թուականի Հոկտեմբերէն ի վեր Ռուսաստանը, որպէս ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի մշտական ​​անդամ, ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին մէջ մշտապէս վեթօ դրած է Արեւմուտքի կողմէ հովանաւորուող բանաձեւերու նախագիծերուն վրայ, որոնք կը բանային Ասատի կառավարութեան դէմ ՄԱԿ-ի պատժամիջոցներու կամ նոյնիսկ ռազմական միջամտութեան հնարաւորութիւնը։

2012 թուականի Յունուարի վերջը «Ռէօթըրզ»-ը հաղորդած էր, որ աւելի քան 5000 քաղաքացիական անձ եւ ցուցարար (ներառեալ զինեալները) սպանուած են սուրիական բանակի, անվտանգութեան աշխատակիցներու եւ աշխարհազօրայիններու (շապիհա) կողմէ, մինչդեռ 1100-ը սպաննուած են «ահաբեկչական զինուած ուժերու» կողմէ։

2012 թուականի Յունուար 10-ին Ասատը ելոյթ ունեցավ, ուր պնդեց, որ ապստամբութիւնը կազմակերպբւած է օտարերկրեայ պետութիւններու կողմէ եւ յայտարարեց, որ «յաղթանակը մօտ է»։ Ան ըսաւ, որ Սուրիոյ անդամակցութիւնը կասեցնելով՝ Արաբական լիգան ցոյց տուած է, որ այլեւս արաբ չէ։ Այնուամենայնիվ, Ասատը յայտարարեց, որ իր երկիրը չի «փակեր դուռը» արաբներու միջնորդութեամբ լուծման համար, եթե յարգուի «ազգային ինքնիշխանութիւնը»։ Ան աւելցուց, որ նոր սահմանադրութեան վերաբերեալ հանրաքուէ կրնայ տեղի ունենալ յաջորդ Մարտին։ 2012 թուականի Փետրուար 27-ին Սուրիան յայտարարեց, որ նոր սահմանադրութիւն մշակելու առաջարկը համապատասխան հանրաքուէով ստացած է 90% աջակցութիւն։ Հանրաքուէն սահմանեց Սուրիոյ նախագահի պաշտօնավարման տասնչորս տարուայ ժամկէտ։ Եւրոպական Միութիւնը օտար երկիրներու, այդ կարգին՝ Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիայի կողմէ հանրաքուէն անիմաստ յայտարարեց եւ յայտարարեց ռեժիմի հիմնական դեմքերուն դէմ նոր պատժամիջոցներու մասին: 2012 թուականի Յուլիսին Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկեյ Լավրովը դատապարտեց արեւմտեան տէրութիւնները, անոնց կեցուածքը անուանելով շանթաժ, որ յանգեցուց Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմի:

2012 թուականի Յուլիս 15-ին Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն Սուրիան յայտարարեց քաղաքացիական պատերազմի վիճակի մէջ է եւ ըստ հաղորդումներուն, երկրին մէջ զոհերուն թիւը հասած է գրեթէ 20,000-ի:

2013 թուականի Յունուար 6-ին, Յունիսէն ի վեր իր առաջին կարեւոր ելոյթին մէջ, Ասատը ըսաւ, որ իր երկրին մէջ հակամարտութիւնը առաջացած է Սուրիայէն դուրս գտնուող «թշնամիներու» կողմէ, ովքեր «պիտի երթան դժոխք» եւ «դաս կը քաղեն»: Այնուամենայնիվ, ան ըսաւ, որ բաց է քաղաքական լուծման համար եւ թէ լուծման հասնելու ձախողած փորձերը «չի նշանակեր, որ մենք հետաքրքրուած չենք քաղաքական լուծմամբ»:

2014 թուականի Սեպտեմբերին չորս ռազմախարիսխներու անկումէն յետոյ, որոնք կառավարութեան վերջին յենակէտերն էին Ռաքքա նահանգին մէջ, Ասատը զգալի քննադատութեան արժանացաւ իր ալաուիական աջակցութեան խարիսխէն, ի միջի այլոց՝ Պաշշար Ասատի զարմիկ Տուրեյտ Ասատի յայտարարութիւնները, որոնք կը պահանջէին Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարար Ֆահդ Ճասեմ ալ-Ֆրեյճի հրաժարականը՝ Թապքա ավիախարիսխին մէջ ԻՊ-ի յաղթանակէն յետոյ գերի ինկած հարիւրաւոր կառավարական զօրքերու կոտորածէն վերջ։ Անոր յաջորդեցին ալաուիներու բողոքի ցոյցերը Հոմսի մէջ, որոնք կը պահանջէին նահանգապետի հրաժարականը եւ Ասատի զարմիկ Հաֆեզ Մախլուֆի հեռացումը իր անվտանգութեան պաշտօնէն, ինչ որ յանգեցուց անոր յետագայ աքսորին Պելառուս։ Ալաուիներու շրջանին մէջ Ասատի նկատմամբ աճող դժգոհութիւնը սրուեցաւ ալաուիական շրջաններէն եկող մարտերու ընթացքին զոհուած զինուորներու անհամաչափ թիւով, այն զգացողութեամբ, որ Ասատի ռեժիմը լքած է զիրենք եւ փլուզուող տնտեսութեամբ։ Ասատին մօտ կանգնած անձինք սկսան մտահոգութիւններ յայտնել անոր գոյատեւման վերաբերեալ, որոնցմէ մէկը 2014 թուականի վերջը ըսաւ. «Ես ներկայիս իրավիճակը կայուն չեմ համարեր... Կը կարծեմ՝ Դամասկոսը օր մը կը փլուզուի»։

2015 թուականին Ասատի ընտանիքի քանի մը անդամներ մահացան Լաթաքիոյ մէջ անհասկանալի հանգամանքներով։ Մարտ 14-ին Ասատի զարմիկ եւ «Շապիհա»-ի հիմնադիր Մոհամմետ Թաուֆիք Ասատը սպաննուեցաւ, գլխուն հասցուած հինգ փամփուշտով՝ Քրտահայի մէջ։

Ռուսական միջամտութենէն յետոյ (2015 թուականէն)[8]

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տես նաեւ՝ Ռուսաստանի ներգրաւուածութիւնը Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմին մէջ 2015 թուականի Սեպտեմբերի սկիզբը, երբ Ռուսաստանը մարտունակ ուժեր կը տեղակայէ Սուրիոյ մէջ, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը կը յայտարարէ, որ չնայած նման խօսակցութիւնները «վաղաժամ» են, Ռուսաստանը «արդէն բաւականաչափ լուրջ օգնութիւն կը ցուցաբերէ Սուրիոյ՝ թէ՛ սարքաւորումներով եւ զինուորներու մարզումով, թէ՛ զէնքով»։ Ռուսաստանի կողմէ իր անմիջական ռազմական միջամտութիւնը սկսելէն կարճ ժամանակ անց՝ 2015 թուականի Սեպտեմբեր 30-ին, Սուրիոյ կառավարութեան պաշտօնական խնդրանքով, Փութինը յայտարարեց, որ ռազմական գործողութիւնը նախապէս ուշադիր պատրաստուած է եւ Ռուսաստանի նպատակը Սուրիոյ մէջ սահմանեց որպէս «Սուրիոյ մէջ օրինական իշխանութեան կայունացում եւ քաղաքական փոխզիջման համար պայմաններու ստեղծում»։ 2015 թուականի Նոյեմբերին Ասատը կրկին յայտարարեց, որ երկրի քաղաքացիական պատերազմին վերջ դնելու դիւանագիտական ​​գործընթացը չի կրնար սկսիլ, քանի դեռ այն գրաւուած է «ահաբեկիչներու» կողմէ, չնայած BBC-ն անհասկնալի համարեց, թէ արդեօ՞ք ան նկատի ունէր միայն ISIS-ը, թէ՞ նաեւ Արեւմուտքի կողմէ աջակցող ապստամբները։ Նոյեմբեր 22-ին Ասատը յայտարարեց, որ Ռուսաստանը իր օդային արշաւի երկու ամիսներու ընթացքին ISIS-ի դէմ պատերազմի ընթացքին աւելի շատ արդիւնքի հասած է, քան ԱՄՆ-ի գլխաւորած կոալիսիոնը մէկ տարուայ ընթացքին։ Դեկտեմբեր 1-ին չեխական հեռուստատեսութեան տուած հարցազրոյցին ան ըսաւ, որ իր հրաժարականը պահանջող առաջնորդները իրեն չեն հետաքրքրեր, քանի որ ոչ ոք իրենց լուրջ չի վերաբերիր, քանի որ անոնք «մակերեսային» են եւ կը վերահսկուին Միացեալ Նահանգներու կողմէ։ 2015 թուականի Դեկտեմբերի վերջը ԱՄՆ բարձրաստիճան պաշտօնեաները մասնաւոր զրոյցներու ընթացքին խոստովանեցան, որ Ռուսաստանը հասած է Սուրիան կայունացնելու իր հիմնական նպատակին եւ որ համեմատաբար ցած ծախսերու պարագային գործողութիւնը կրնայ շարունակուիլ այս մակարդակով տարիներ շարունակ։

2016 թուականի Յունուարին Փութինը յայտարարեց, որ Ռուսաստանը կ'աջակցի Ասատի ուժերուն եւ պատրաստ է աջակցիլ նաեւ Ասատի դէմ ապստամբներուն, քանի դեռ անոնք կը պայքարին ISIS-ի դէմ։ 2016 թուականի Յունուար 11-ին Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեան յայտարարեց, որ «ռուսական ռազմաօդային ուժերը հարուածած են յաջակցութիւն տասնմէկ ժողովրդավարական ընդդիմադիր խմբաւորումներու, որոնց թիւը կը գերազանցէ 7000-ը»։ 2016 թուականի Յունուար 22-ին Financial Times-ը, յղում ընելով անանուն «արեւմտեան հետախուզութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներու», հաղորդեց, որ Ռուսաստանի Դաշնութեան զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի գլխաւոր հետախուզական վարչութեան տնօրէն, ռուս գեներալ Իկոր Սերկունը, 2016 թուականի Յունուար 3-ին իր յանկարծակի մահէն կարճ ժամանակ առաջ ուղարկուած էր Դամասկոս՝ Վլատիմիր Փութինի ուղերձով, որով կը պահանջուէր նախագահ Ասատի հրաժարականը։ Փութինի խօսնակը հերքեց Financial Times-ի հաղորդագրութիւնը։

2016 թուականի Դեկտեմբերին հաղորդագրութիւնները ցոյց տուին, որ Ասատի ուժերը վերադարձուցած են ապստամբներու կողմէ վերահսկուող Հալէպի կէսը, վերջ դնելով քաղաքի չորս տարի տեւած փակուղիին։ Դեկտեմբեր 15-ին Ասատը նշեց քաղաքի ազատագրումը՝ հաղորդագրութիւններ տարածելով, որ կառավարական ուժերը կը գտնուին ամբողջ Հալէպը վերադարձնելու եզրին, ինչ որ քաղաքացիական պատերազմի «շրջադարձային կէտ» էր։ Ան ըսաւ. «Պատմութիւնը կը գրէ իւրաքանչիւր սուրիացի քաղաքացի»։

Տոնալտ Թրամփի ընտրութենէն յետոյ ԱՄՆ-ի առաջնահերթութիւնը Ասատի նկատմամբ կը հակադրուէր Օպամայի վարչակազմի առաջնահերթութեան։ 2017 թուականի Մարտին ՄԱԿ-ի մէջ ԱՄՆ դեսպան Նիկի Հեյլին յայտարարեց, որ ԱՄՆ-ն այլեւս կեդրոնացած չէ «Ասատը հեռացնելու» վրայ։ Այս դիրքորոշումը փոխուեցաւ 2017 թուականին Խան Շեյխունի քիմիական յարձակումէն յետոյ։ Նախագահ Թրամփի կողմէ սուրիական ավիախարիսխի վրայ հրթիռային հարուածներէն յետոյ, Ասատի խօսնակը ԱՄՆ վարքագիծը որակեց որպէս «անարդար եւ ամբարտաւան թշնամանք» եւ ըսաւ, որ հրթիռային հարուածները «չեն փոխեր Սուրիոյ կառավարութեան խոր արմատացած քաղաքականութիւնը»։ Նախագահ Ասատը նաեւ AFP-ին ըսաւ, որ սուրիական բանակը 2013 թուականին յանձնած է իր բոլոր քիմիական զէնքերը եւ չէր օգտագործեր զանոնք, եթէ նոյնիսկ զանոնք պահած ըլլար։ Ան յայտարարեց, որ քիմիական յարձակումը «100 տոկոսով յօրինուածք» էր, որն օգտագործուած էր ԱՄՆ-ի ավիահարուածը արդարացնելու համար։ 2017 թուականի Յունիսին Ռուսաստանի նախագահ Փութինը յայտարարեց. «Ասատը չէ օգտագործած քիմիական զենք» եւ որ քիմիական յարձակումը «իրականացուած է այն մարդոց կողմէ, ովքեր կը ցանկանային մեղադրել զինք ատոր համար»։ Քիմիական զէնքի միջազգային տեսուչները եզրակացուցին, որ յարձակումը Ասատի կառավարութեան գործն է։

2017 թուականի Նոյեմբեր 7-ին Սուրիոյ կառավարութիւնը յայտարարեց, որ ստորագրած է Փարիզի կլիմայական համաձայնագիրը։ 2018 թուականի Մայիսին Սուրիան ճանչցաւ Վրաստանի՝ Ռուսաստանի կողմէ գրաւուած Աբխազիայի եւ Հարաւային Օսիայի անկախութիւնը, ինչ որ առաջացուց Եվրամիութեան, ԱՄՆ-ի, Գանատայի եւ այլ երկիրներու զայրոյթը։ 2020 թուականի Օգոստոս 30-ին ձեւաւորուեցաւ Հուսէյն Արնուսի առաջին կառավարութիւնը, այդ կարգին՝ նոր խորհրդարանը։

2021 թուականի Մայիս 26-ին կայացած Սուրիոյ նախագահական ընտրութիւններուն Ասատը յաղթեց չորրորդ եօթամեայ ժամկէտով՝ ստանալով ընտրողներու 95.2%-ը։ սուրիական ընդդիմութիւնը եւ Սուրիոյ դեմոկրատական ​​ուժերը պոյքոթեցին ընտրութիւնները, իսկ փախստականներուն եւ ներքին տեղահանուած անձանց թոյլ չտրուեցաւ քուէարկել, եւ առ այդ սուրիացիներուն միայն 38%-ն մասնակցած էր գործընթացին։ Անկախ միջազգային դիտորդներն ու արեւմտեան երկիրներու ներկայացուցիչները ընտրութիւնները որակեցին որպէս ֆարս։ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը դատապարտեց ընտրութիւնները՝ 2254 բանաձեւին ատոնց ուղղակի հակասութեան համար եւ յայտարարեց, որ ատոնց համար «մանդատ» չունի։

2021 թուականի Օգոստոս 10-ին ձեւաւորուեցաւ Հուսէյն Արնուսի երկրորդ կառավարութիւնը։ Ասատի կառավարման օրօք Սուրիան դարձաւ Ռուսաստանի Ուքրանիա ներխուժման ուժեղ կողմնակից եւ այն հինգ երկիրներու շարքին էր, որոնք մերժեցին ՄԱԿ-ի Գլխաւոր ասամպլիայի բանաձեւը, որ կը դատապարտէր ներխուժումը եւ կոչ կ'ընէր Ռուսաստանին դուրս բերել իր զօրքերը։ Ներխուժումէն երեք օր առաջ արտաքին գործերու նախարար Ֆեյսալ Մեքտատը մեկնեցաւ Մոսկուա՝ հաստատելու Սուրիոյ կողմէ Դոնեցկի եւ Լուգանսկի անջատողական հանրապետութիւններու ճանաչումը։ Ներխուժման սկսելէն մէկ օր անց Պաշշար Ասատը Վլատիմիր Փութինի հետ հեռախօսազրոյցի ընթացքին ռուսական գործողութիւնը որակեց որպէս «պատմութեան ընթացքի ուղղում եւ համաշխարհային կարգի հաւասարակշռութեան վերականգնում՝ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն յետոյ»։

Ընդդիմութեան յարձակումը, ռեժիմի փլուզումը եւ Ռուսաստանին դիմելը[9]

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հիմնական յօդուած՝ սուրիական ընդդիմութեան յարձակումը 2024

2024 թուականի Դեկտեմբերին Միացեալ Նահանգները, Գերմանիան, Ֆրանսան եւ Մեծ Բրիտանիան կոչ ըրին Սուրիոյ մէջ լարուածութեան թուլացման՝ բռնութեան նոր սրացումէն յետոյ: Իսլամիստական ​​«Հայ՛աթ Թահրիր ալ-Շամ» (HTS) խմբաւորման գլխաւորած ընդդիմադիր խմբաւորումները վերահսկողութիւն հաստատած էին Հալէպի մէջ, ինչ որ Ռուսաստանի կողմէ աջակցուող Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին դրդեց սկսիլ պատասխան ավիահարուածներ: Հարուածները թիրախաւորած էին բնակավայրերը եւ քանի մը հիւանդանոցներ ընդդիմութեան կողմէ վերահսկուող Իտլիպ քաղաքին մէջ, որու հետեւանքով զոհուած էր առնուազն 25 մարդ, ըստ Սուրիոյ քաղաքացիական պաշտպանութեան: ՆԱԹՕ-ի անդամ պետութիւնները համատեղ յայտարարութիւն տարածած են՝ կոչ ընելով պաշտպանել քաղաքացիական բնակչութիւնը եւ կենսականօրէն կարեւոր ենթակառուցուածքները՝ յետագայ տեղահանութիւնները կանխելու եւ մարդասիրական օգնութիւնը ապահովելու համար: Անոնք նաեւ ընդգծած են Սուրիոյ գլխաւորած քաղաքական լուծման անյապաղ անհրաժեշտութիւնը՝ համաձայն ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի 2254 բանաձեւին, որ կոչ կ'ընէ երկխօսութիւն հաստատել Սուրիոյ կառավարութեան եւ ընդդիմադիր ուժերուն միջեւ: 2024 թուականի Նոյեմբեր 27-ին սկսած ընդդիմութեան յարձակումը շարունակած է իր յառաջխաղացքը Համա նահանգին մէջ՝ Հալէպը գրաւելէն յետոյ:

2024 թուականի Դեկտեմբեր 4-ին Համայի մէջ բռնկեցան բռնի բախումներ, ուր սուրիական բանակը բախումներու մէջ մտաւ ընդդիմադիր զինեալներու հետ՝ կանխելու անոնց յառաջխաղացքը դէպի կարեւորագոյն Համա քաղաք: Կառավարական ուժերը կը պնդէին, որ հակագրոհ սկսած են՝ օդային աջակցութեան աջակցութեամբ, որ ընդդիմադիր խմբաւորումներուն, այդ կարգին՝ «Հայ՛աթ Թահրիր ալ-Շամ»-ին, ետ մղած է քաղաքէն վեց մղոն հեռաւորութեան վրայ: Այնուամենայնիւ, չնայած ուժեղացումներուն, ընդդիմութիւնը կրցաւ վերահսկողութիւն հաստատել քաղաքին մէջ Դեկտեմբեր 5-ին: Մարտական ​​գործողութիւնները յանգեցան զանգուածային տեղահանութեան, մօտ 50,000 մարդ լքեց տարածքը եւ աւելի քան 600 զոհ, այդ կարգին՝ 104 քաղաքացիներ: 2024 թուականի Դեկտեմբեր 7-ին Ասատը լքեց մայրաքաղաք Դամասկոսը՝ նախքան անոր ընդդիմութեան ձեռքը իյնալը, վերջ դնելով Ասատներու ընտանիքի 54-ամեայ կառավարման: Ռուսաստանի կառավարութիւնը յայտարարեց, որ Ասատը «հրաժարական տուած է» նախագահի պաշտօնէն եւ լքած է Սուրիան: «Ինթըրֆաքս» լրատուական գործակալութիւնը, մէջբերելով Գրեմլի անանուն աղբիւրը, ըսած է, որ Ասատը եւ իր ընտանիքը ժամանած են Մոսկուա եւ որ Ռուսաստանի կառավարութիւնը անոնց ապաստան տրամադրած է «մարդասիրական նկատառումներէ մեկնած»:

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Minorities and the State in the Arab World, 1999 թ.
  2. "Коммерсантъ" օրաթերթ, Բաշար Ասադ|25.12.2006 թ.;
  3. Ахмедов В.М.Современная Сирия: история, политика, экономика, 2010 թ.
  4. "Коммерсантъ" օրաթերթ,Սուրիացիները հաւատարիմ են Ասադների ընտանիքին,12.07.2000 թ.:
  5. (արաբերեն) بشار الأسد, 2025-08-12, https://ar.wikipedia.org/w/index.php?title=%D8%A8%D8%B4%D8%A7%D8%B1_%D8%A7%D9%84%D8%A3%D8%B3%D8%AF&oldid=71710795, վերցված է 2025-09-14 
  6. (արաբերեն) بشار الأسد, 2025-08-12, https://ar.wikipedia.org/w/index.php?title=%D8%A8%D8%B4%D8%A7%D8%B1_%D8%A7%D9%84%D8%A3%D8%B3%D8%AF&oldid=71710795, վերցված է 2025-09-14 
  7. (արաբերեն) بشار الأسد, 2025-08-12, https://ar.wikipedia.org/w/index.php?title=%D8%A8%D8%B4%D8%A7%D8%B1_%D8%A7%D9%84%D8%A3%D8%B3%D8%AF&oldid=71710795, վերցված է 2025-09-14 
  8. (արաբերեն) بشار الأسد, 2025-08-12, https://ar.wikipedia.org/w/index.php?title=%D8%A8%D8%B4%D8%A7%D8%B1_%D8%A7%D9%84%D8%A3%D8%B3%D8%AF&oldid=71710795, վերցված է 2025-09-14 
  9. (արաբերեն) بشار الأسد, 2025-08-12, https://ar.wikipedia.org/w/index.php?title=%D8%A8%D8%B4%D8%A7%D8%B1_%D8%A7%D9%84%D8%A3%D8%B3%D8%AF&oldid=71710795, վերցված է 2025-09-14