Jump to content

Ռաֆիք Հարիրի

Ռաֆիք Հարիրի
արաբերէն՝ رفيق الحريري
Ծնած է 1 Նոյեմբեր 1944(1944-11-01)[1][2]
Ծննդավայր Սայտա, Լիբանան
Մահացած է 14 Փետրուար 2005(2005-02-14)[3][1][2][…] (60 տարեկանին)
Մահուան վայր Պէյրութ, Լիբանան
Քաղաքացիութիւն  Լիբանան
 Սէուտական Արաբիա
Կրօնք Իսլամութիւն եւ Սիւննի
Ուսումնավայր Պէյրութի Արաբական Համալսարան
Մասնագիտութիւն քաղաքական գործիչ, ձեռնարկատէր
Վարած պաշտօններ Լիբանանի վարչապետ, Լիբանանի վարչապետ, Minister of Finance? եւ Լիբանանի Խորհրդարանի Անդամ
Կուսակցութիւն Ապագայի շարժում?
Ամուսին Նիդալ Բուստանի? եւ Նազիկ Հարիրի?
Ծնողներ հայր՝ Բահաա Հարիրի?[4], մայր՝ Հինդ Հարիրի?[4]
Երեխաներ Սաատ Հարիրի, Բահաա Հարիրի?, Ֆահդ Հարիրի?, Հինդ Հարիրի?, Հոսամ Էլ-Դին Հարիրի? եւ Այման Հարիրի?

Ռաֆիք Պահա Էլ Տին Ալ Հարիրի (արաբերէն՝ رفيق بهاء الدين الحريري‎, 1 Նոյեմբեր, 1944 - 14 Փետրուար, 2005), սէուտեան առեւտրական եւ Լիբանանի վարչապետ (1992-1998) եւ կրկին 2000 թուականէն մինչեւ իր հրաժարականը 2004 թուականի 20 Հոկտեմբեր։ Ան իր պաշտօնավարման ընթացքին հինգ խորհրդասենեակ գլխաւորածէ։ Հարիրին նշանակալի աւանդ ունի երկրի հետպատերազմեան քաղաքական եւ գործարար ձեռքբերումներու համար։ Անոր կը վերագրուի Պէյրութի վերակառուցումը 15 տարուայ քաղաքացիական պատերազմէն ետք[5]։

14 Փետրուար 2005-ին Հարիրին սպաննուեցաւ, երբ 1800 քկ տրոտիլին համարժէք պայթուցիկ նիւթը պայթեցուց անոր ինքնաշարժը, Պէյրութի Սուրբ Գէորգ հիւրանոցի մոտ։ Անոր սպանութեան գործով հետաքննութիւնը կը շարունակուի Լիբանանի հատուկ դատարանի կողմէն, ներկայ պահին ան կը կատարէ անկախ հետաքննիչ Տանիէլ Պելլեմերը։ Իր վերջին երկու հաշվետուութիւններուն մէջ ան կը նշէ, որ Սիրիոյ կառավարութիւնը կրնայ կապ ունենալ սպանութեան գործի հետ։ Հարիրիի սպանութիւնը բերաւ հսկայական յեղափոխական փոփոխութիւններու Լիբանանի մէջ, ընդհուպ մինչեւ Սուրիական զորքերու դուրսբերումը Լիբանանէն։

Վաղ Տարիներ եւ Կրթութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հարիրին ծնած է 1 Նոյեմբեր 1944-ին, Սիտոն նավահանգստային քաղաքին մէջ, համեստ մուսուլմանական ընտանիքի մէջ։ Ան տարրական եւ աւագ դպրոցը յաճախեց Սիտոնի մէջ, այնուհետ ձեռք բերաւ առեւտրական կառավարման մասնագիտութիւնը Պէյրութի Արաբական համալսարանին մէջ։ 1965-ին Հարիրին տեղափոխուեցաւ Սէուտեան Արաբիա։ Այնտեղ ան կարճ ժամանակ դասաւանդեց, այնուհետեւ զբաղուեցաւ շինարարական արդիւնաբերութեամբ։ Ան ստացաւ Սէուտեան Արաբիոյ քաղաքացիութիւն ի հավելումն Լիբանանեան քաղաքացիութեան։ 1969 թուականին, Հարիրին հիմնեց փոքր շինարարական կազմակերպութիւն, որ շատ արագ սկսաւ համագործակցիլ ֆրանսական Օկեր ընկերութեան հետ Սէուտեան Արաբիայիոյ հիւրանոցներու կառուցման գործին մէջ, որուն ընթացքին բաւականին լաւ հարաբերութիւններ հաստատեց Խալետ թագաւորի հետ։ Այնուհետեւ Հարիրին հիմնեց Սէուտեան Օկեր, որ կը կատարէր թագաւորական ընտանիքի բոլոր շինարարական պատուերները։ Արդիւնքին մէջ մի քանի տարի հետոյ Հարիրին դարձաւ մեծահարուստ։ Իր հարստութիւնը կուտակելէն ետք, Հարիրին ձեռնարկեց շարք մը բարեգործական նախագիծեր, ներառեալ հիմնելով կրթական հաստատութիւններ։ Անոր առաջին ձեռնարկը Լիբանանի Մշակոյթի եւ կրթութեան իսլամական կեդրոնն էր, որ հիմնեց 1979 թուականին։ Հետագային ան վերանուանուեցաւ Հարիրի Հիմնադրամ։ Աստիճանաբար Հարիրին աւելի շատ ներքաշուեցաւ քաղաքականութեան մէջ։

1982 թուականին ան $12 միլիոն տոլար նուիրաբերեց 1978 հարաւային Լիբանանի հակամարտութեան զոհերուն եւ իր ընկերութեան գումարներով Պէյրութի փողոցները մաքրեց աղբերէն։ Ան հակամարտող կողմերուն կարողացաւ հաշտեցնել։

Քաղաքական ասպարէզը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հարիրին որպէս հարուստ մարդ վերադարձավ Լիբանան 1980-ականներու սկիզբին եւ սկսաւ կերտել իր անունը տարբեր խումբերու նուիրատուութիւններ ընելով։ Միեւնոյն ժամանակ ան կը շարունակէր Պանտար պին Սուլթան արքայազնի քաղաքական խորհրդատուի պարտականութիւնները։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]