Մինոթաւրոս

Մինոթաւրոս
հին յուն․՝ Μῑνώταυρος
Մինոթաւրոս, գործ՝ Ք․Ա․ 550
Ազգութիւն յոյն
Ծնողներ Կրետէի ճերմակ ցուլը եւ Փասիֆայի
Աթէնքի Հնաբանական Ազգային Թանգարան․ Մինոթաւրոսի կիսարձանը, մաս կը կազմէ Թիսէաս եւ Մինոթաւրոս ներկայացնող յուշարձանի մը, որ կանգնած էր Աթէնքի Փլաքա շրջանի Սուրբ Տիմիթրիոսին մօտակայ աղբիւրի մը վրայ։

Մինոթաւրոս (յուն․՝ Μινώταυρος)․ յունական դիցաբանութեան մէջ դիւցազն էակ, մարդու մարմինով եւ ցուլի գլուխով ու պոչով։ Մինոթաւրոս անունը նկարագրական է։ Մարդացուլակերպ էակին անունը Ասթերիոս էր։ Կը բնակէր Լապիրինթոսի մէջ, Մինոաս թագաւորին հրամանով։ Թիսէաս զայն կը սպաննէ։

Ծնունդ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մինոաս թագաւոր չեղած, Փոսիտոնաս աստուծմէն նշան մը կը խնդրէ թէ Կրետէի գահին ան պիտի բարձրանայ եւ ոչ եղբայրը։ Աստուած ճերմակ գեղեցիկ ցուլ մը կը ղրկէ եւ Մինոասէն կը պահանջէ այդ ցուլը իրեն զոհաբերէ։ Սակայն Մինոաս ուրիշ ցուլ մը կը զոհաբերէ, յուսալով թէ աստուած պիտի չհասկնայ։

Փոսիտոնաս կը հասկնայ խարդախութիւնը, կը զայրանայ եւ այդպէս կ՛ընէ որ Մինոասին կինը՝ Փասիֆայի ճերմակ ցուլին սիրահարուի։ Փասիֆայի չի կրնար իր կիրքը գոհացնել եւ մեքենագէտ Տետալոսէն (որ Լապիրինթոսը կառուցած էր) օգնութիւն կը խնդրէ։ Ան կը շինէ կովու պարապ պատգերագիր մը։ Փասիֆային ներսը կը մտնէ, ցուլը կը խաբուի եւ կը զուգաւորուին։ Այս կապէն Մինոթաւրոսը կը ծնի։

Երբ Մինոաս Տելֆիի պատգամախօսէն վճիռը կ՛առնէ, Տետալոսէն կը խնդրէ շինութիւն մը կառուցէ, որպէսզի Մինոթաւրոս հոն փակուի եւ ան Լապիրինթոսը կը կառուցէ։

Սպանութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թիսէաս կը կռուի Մինոթաւրոսին հետ․ ամֆորէա Ք․Ա․540
Մինոթաւրոսին սպանութիւնը․ ամֆորէա Ք․Ա․6-րդ դար

Աթենացիները Մինոասին զաւակը՝ Անտրոյէօ սպաննած էին, որովհետեւ ան կրետացիներուն եւ աթենացիներուն միջեւ մարզախաղերուն ընթացքին յաղթական ելած էր։ Մինոաս Աթէնքին դէմ մեծ արշաւանքով մը (բանակ եւ նաւատորմիղ) տղուն վրէժը կը լուծէ եւ աթենացիներուն ծանր պայմաններ կը դնէ։ Անոնք ամէն տարի եօթը աղջիկ եւ եօթը տղաք Կրետէ պէտք է ղրկէին, իբրեւ սնունդ Մինոթաւրոս հրէշին։

Թիսէաս (Աթէնքի թագաւորին՝ Էգէասին զաւակը) կ՛որոշէ վերջ տալ այս վայրագութեան եւ Մունիհիոն ամսուն (Ատիկեան օրացոյցին տասներորդ ամիսը) ճամբայ կ՛ելլէ դէպի Կրետէ, եօթը տղոցմէ մէկուն փոխարինելով։ Սալամինա կղզիէն նաւավար կ՛ընտրէ ճարտար Նաւսիթոօն եւ իբրեւ նախագնաց Ֆէաքան։ Կրետէ, Արիատնիին կը հանդիպի ու կը սիրահարուին։ Արիատնի երբ վստահ կ՛ըլլայ թէ Թիսէաս զայն հետը Աթէնք պիտի տանի ու պիտի ամուսնանան, անոր կը յանձնէ թելի կծիկը՝ «Միթօ թիս Արատնիս» (Μίτο της Αριάδνης), որպէսզի չկորսուի լապիրինթոսին մէջ եւ գործը կատարելէ ետք, կարողանայ դուրս գալ: Այդպէս ալ կ՛ըլլայ, Թիսէաս Մինոթաւրոսը կը սպաննէ եւ օգտուելով գիշերուան մութէն, Արիատնիին հետ նաւահանգիստ կը հասնին եւ վերադարձի ճամբան կ՛առնեն։

Առասպելին մեկնաբանութիւնը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յունական դիցաբանութեան մէջ կան բազմաթիւ երկակերպ էակներ՝ Մինոթաւրոս, Քենտաւրոս, Էրիհթոնիոս․․։ Մինոթաւրոսի մասին մեկնաբանութիւնները բաւական են, ինչպէս օրինակ՝

  • Առասպելը կապ ունի Փիւնիկեցիներուն «Վա՛ալ» եւ «Մոլոհ» առասպելներուն հետ․ Մինոթաւրոսին սպանութիւնը կը խորհրդանշէ մարդկային զոհաբերութեան վայրագոութեան վերջը։
  • Քնոսոսի պալատի որմանկարներէն, «թաւրոքաթափսիա»
    Մինոաս եւ Մինոթաւրոս նոյն տիպարներն էին եւ Արեգակ աստուածը կը ներկայացնէին։
  • Մինոթաւրոսին սպանութիւնը կը խորհրդանշէ յոյներուն ազատագրութիւնը Մինոասեան Կրետէի բռնիշխանութենէն։
  • Մինոթաւրոս նախայունական աստուածն էր, որ հետագային յոյն Տիաս աստուածը դարձաւ։ Ասթերիոս անունը կը ցուցնէ Մինոթաւրոսին եւ Ասթերիօ Տիասին կապը։
  • Մինոթաւրոսին առասպելը կապուած է Մինոասեան ժամանակաշրջանի սովորութիւններուն հետ, օրինակ՝ «թաւրոքաթափսիա» (Ταυροκαθάψια)․ մարզախաղ մը, ուր մարզիկը ցուլի մը վրայ հեծած զանազան ցատկեր կը փորձէ։
  • Կովու պարապ պատգերագիրը կը փաստէ գոյութիւնը փայտէ պատգերագիրի մը որ զանազան ծէսերու կը գործածուէր։

[1] [2] [3] [4] [5] [6] [7] [8] [9]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Վա՛ալ(յունարէն)
  2. Մոլոհ(անգլերէն)