Jump to content

Ճերարտ Կարիթ

Ճերարտ Կարիթ
Ծնած է 1915
Մահացած է 1992
Ուսումնավայր Լիւվէնի Կաթոլիկ Համալսարան
Մասնագիտութիւն հայագէտ, արեւելագէտ

Ճերարտ Կարիթ (1915 - 1992), պելճիքացի բանասէր, արեւելագէտ եւ հայագէտ։

Կեանք եւ գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1936 թուականին աւարտած է Լիւվէնի Կաթոլիկ Համալսարանը (UCL), ուր ալ դասաւանդած է։

Ուսում­նասիրած է Բիւզանդիոյ եւ Արեւելքի քրիստոնեայ ժողովուրդների (հայեր, վրացիներ, ասորիներ, ղպտիներ, եթովպացիներ) միջնադարեան մատենագրութիւնները։

1952 թուականէն Լիւվէնի մէջ խմբագրած է «Մուսեոն» (ֆրանսերէն) բանասիրական հանդէսը։ Կարիթի եւ անոր գործընկերներու ջանքերով Պելճիքայի մէջ ստեղծուած է Հայագիտական Ուսումնասիրութիւններու ամպիոն, ուր Արեւելագիտական բաժնին մէջ կեդրոնացած է հայերէնի լեզուաբանութեան վրայ:

«Բնագրեր Ագաթանգեղոսի գիրքի ուսում­նասիրման համար» (1946 թուական, Վենետիկ) աշխատութեան մէջ Կարիթը հրատարակած է Ագաթանգեղոսի պատմութեան յունարէն նոր խմբագրութիւնը («Վարք»)։ Լոյս ընծայած է նաեւ Ագաթանգեղոսի արաբերէն, վրացերէն համառօտ խմբագրութիւնները եւ պատառիկներ։

Ուսում­նասիրելով հայ քաղկեդոնականներու գրեթէ կորած մատենագրութիւնը՝ հրատարակած է 7-րդ դարու վերջի կամ 8-րդ դարու սկզբի հայ-քաղկեդոնական մատենագիրի հայերէն գրած՝ Հայ եկեղեցիի 4-7-րդ դարերու պատմութեան յունարեն թարգմանութիւնը։

Կարիթի ուսում­նասիրութիւններու զգալի մասը նուիրուած է յունարենէ հայերէնի (Ֆրենքուի գիտական մրցոյթ՝ 1959 թուական, Պելճիքա) թարգմանութիւններուն։