Կորնթոսի Նեղուցը
Կորնթոսի Նեղուցը հողի նեղ գօտերիզ մըն է, որ կը կապէ Պելոպոնեսը մնացեալ Յունաստանին հետ։ Զայն կը ջրեն արեւմուտքէն Յոնիական Ծովը, Կորնթոսի Ծոցին միջոցաւ եւ արեւելքէն Էգէական Ծովը Սարոնիքոս Ծոցին միջոցաւ։
Նեղուցը կը կապէ Պելոպոնեսը Յունաստանի մնացեալ մայր ցամաքամասին։ Անոր ամենանեղ մասին երկայնքը մօտաւորապէս 6 քմ․ է (6343 մ․), լայնքը 25 մ․ եւ խորութիւնը՝ 8 մ․ եւ հոն բացուած է համանուն ջրանցքը (1882-1893)։
Պատմական անդրադարձ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Յունաստանի պատմութեան ընթացքին, Կորսնթոսի Նեղուցը կարեւոր դեր ունեցած է, շնորհիւ իր ռազմական դիրքին։ Ժողովորդներ, բանակներ, ապրանքներ մշտապէս անոր միջոցաւ տեղափոխուած, անցած են։
Տիոլքոս
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ք․Ա․ 7-րդ դարուն յոյները կը փորձեն նեղուցին երկայնքին ջրանցք մը բանալ, սակայն այդ ժամանակի ճարտարարուեստական միջոցները չեն ներեր։ Ք․Ա․ 6-րդ դարուն, անոնք կը կառուցեն Տիոլքոս ուղին Διολκό․ 10 մ․ լայնք ունեցող քարաշէն ուղի։ Կը յաջողին փայտաշէն գլաններու վրայ անիւով սահող կառքերու շնորհիւ, նեղուցին մէկ կողմէն կիւս կողմը նաւեր քաշկրտեն։ Մինչեւ այսօր նշմարելի են Տիոլքոսին հետքերը։
Հնադարեան տարիներէն մինչեւ նորագոյն ժամանակաշրջանին, շատեր կը մտածեն եւ կամ նաեւ կը փորձեն ջրանցք բանալ, սակայն այդ կ՛իրականանայ միայն ԺԹ․ դարու վերջաւորութեան։
էքսամիլիոն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ք․Ա․ 450 – 408 հռոմէական արեւելեան կայսրութեան ընթացքին (Բիւզանդական կայսրութիւն) Նեղուցը ամրացնելու համար, էքսամիլիոն Εξαμίλιον Hexamilion պատը կը կառուցուի։
Էքսամիլիոն պատը Նեղուցին երկայնքին կառուցուած պաշտպանութեան պարսպապատ մըն է։ Հռոմէացիները կը շինեն (Գաղթականութեան ժամանակաշրջանին) նեղուցը Բարբարոս ցեղերու ներխուժումէն պաշտպանելու համար։
Ջրանցք բանալու փորձեր Կորնթոսի Նեղուցին երկայնքին
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ք․Ա․ 7-րդ դարուն յոյները կը փորձեն նեղուցին երկայնքին ջրանցք մը բանալ, սակայն այդ ժամանակի ճարտարարուեստական միջոցները չեն ներեր։ Ք․Ա․ 6-րդ դարուն, անոնք կը կառուցեն Տիոլքոս ուղին Διολκό․ 10 մ․ լայնք ունեցող քարաշէն ուղի։
Ք․Ա․ 1-ին դարուն, Յուլիոս Կեսար, նախատեսելով Նեղուցին կարելիութիւնները, կը ծրագրէ ջրանցք բանալ, սակայն ան ալ միջոցներու չգոյութեան պատճառով վազ կ՛անցի։
Ներոն կայսր, Ք․Ա․ 67 թուականին, 6 000 ստրուկներ կ՛աշխատցնէ, որպէսզի ջրանցք բանան։ Մեծածախս այս գործը անոր մահով անաւարտ կը մնայ։
Յոյն փիլիսոփայ եւ Հռոմի Ծերակոյտի անդամ Հերովդէս Ատիկեցին Ἡρώδης ὁ Ἀττικός Բ․ դարուն մտածած է Նեղուցին երկայնքին ջրանցքի պեղումը։ Վենետիկցիներն ալ Պելոպոնեսի գրաւումէն ետք նոյն մտածումը կ՛ունենան 1687 թուականին, սակայն միայն ծրագիր կը մնայ։
Կորնթոսի Ջրանցքի կառուցումը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]ԺԹ․ դարուն, 1882, կը սկսի շինութիւնը համանուն ջրանցքին եւ կը լրանայ 11 տարիներ ետք։
Ջրանցքը բացուած է համանուն նեղուցին երկայնքին 19-րդ դարուն, որպէսզի դիւրացնէ ծովային առեւտուրը եւ արագացնէ նաւերուն ճամբորդութիւնը։
Տես նաեւ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Սրապոն՝ Աշխարհագրութիւն, 9․1․6(յունարէն)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013-12-13-ին։ արտագրուած է՝ 2020-06-14
- ↑ Նեղուցը(յունարէն)
- ↑ Էքսամիլիոն պատ, հնագիտական պեղումներ Օհայիօ համալսարանին կողմէն (անգլերէն)
- ↑ հռոմէական տարիներ (յունարէն)
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Տիոլքոս(անգլերէն)
- էքսամիլիոն պատը(անգլերէն)
- Գաղթականութեան ժամանակաշրջան(անգլերէն)