Հայ իրականութիւնը 1880-1890-ական տարիներուն
Հայ իրականութիւնը, 1880-ականներուն, «օսմանեան եւ ցարական» զոյգ կայսրութիւններու նոր տագնապները եւ բարենորոգումներու ձախորդութիւնը կ'արագացնեն հայկական շարժումը։
Օսմանեան լուծին տակ տառապող հայկական նահանգներուն մէջ, արդէն սկսած զինեալ պայքարի փորձերը կը կազմակերպուին։
Կը ստեղծուին յեղափոխական կուսակցութիւններ, ինչպէս՝ Արմենական կուսակցութիւնը (1885) եւ Հնչակեան կուսակցութիւնը (1887), Իսկ 1890–ին, համախմբումի նոր ճիգէ մը կը ծնի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, Թիֆլիսի մէջ։ Ագգային շարժումը հայութեան երկու հատուածները աւելի եւս կը մօտեցնէ, կը շաղէ իրարու։ Հնչակեան կուսակցութեան ու յատկապէս Դաշնակցութեան գործի յաջորդական փուլերը կը նշեն այդ ընթացքը։
Այս տարիներուն կարեւոր դէպքերէն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- 1890–ին հնչակեաններու կազմակերպած բողոքի ցոյցը, Գում-Քաբու, Պոլիս։
- 1894–ի ամրան, օսմանեան բանակի կողմէ Սասնոյ պաշարումը ու հետեւող կռիւները։
- 1895–ին եւ 1896–ին, սուլթան Համիտ Բ.ի կազմակերպած կոտորածները, Թուրքիոյ գրեթէ բոլոր հայկական նահանգներուն մէջ։
- Զինեալ եւ ինքնապաշտպանութեան ճիգերու կողքին, 1895–ին եւ 1897–ին Պոլիս մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցած Բարձր Դռան ցոյցը եւ Պանք Օթոմանի գրաւումը։ Հայութիւնը ճգնաժամ կ'ապրի։ Պոլսոյ մէջ ոստիկանական հսկողութիւնն ու քննութիւնները կը կաշկանդեն ամէն շարժում. գաւառներուն մէջ մնայուն են անապահովութիւնն ու սպանութիւնները։
Աւելի բնականոն պայմաններու մէջ ապրող՝ արեւելահայութիւնը նոյնպէս ենթակայ կը դառնայ ճնշումներու։ Ասոնք մաս կը կազմեն ռուսացման քաղաքականութեան եւ կը ձգտին խափանել արեւմտահայութեան ցոյց տրուած օգնութիւնն ու ագգային գիտակցութեան տարածումը՝ ընդհանրապէս։ Ուժերու այս հակադրումը իր գագաթնակէտին կը հասնի աւելի ետք, եկեղեցական կալուածներու գրաւման պայքարով եւ պետական մղումով բռնկած հայ-թաթարական կռիւներով, յաջորղաբար 1903–ին եւ 1905–ին։
Մշակութային Շարժումը՝ Ճնշուած, Բայց Յանձնառու
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թէեւ Թուրքիոյ մէջ Ազգային Սահմանադրութիւնը եւ ամէն տեսակի ժողովներ կ'արգիլուին,- բայց յառաջադէմ գրագէտներ եւ հրապարակագիրներ կը յաջողին նոր ուժ ու նկարագիր հաղորդել արեւմտահայ լեզուին եւ գրականութեան, խմբուած՝ թերթերու շուրջ («Արեւելք», ապա՝ «Մասիս» եւ «Հայրենիք»): Շեշտելով լեզուի ու գրականութեան ժողովրդական հանրօգուտ դերը, անոնք զուգահեռ կ'ընթանան յեղափոխական կուսակցութիւններու գործին, որ փոխարինած էր Զարթօնքի ազգասիրական քարոզչութիւնը: 1890 էն ետք, վարչակարգի խստացումով եւ գրաքննութեան ճնշումով, Պոլսոյ հայութեան կեանքը աւելի կը տժգունի. գիրք տպելը գրեթէ անկարելի կը դառնայ. թատրոնները կը փակուին: 1895-96-ի կոտորածները եւ հետեւող սարսափը կ'արգիլեն ամէն շարժում, տեղ ձգելով միայն անձնական, «նեղ» գրականութեան կամ այլաբանական էջերու: Մեծ թիւով գրագէտներ եւ հրապարակագիրներ Պոլիսէն կ'անցնին արտասահման, եւրոպական երկիրներէ մինչեւ Եգիպտոս: Ծանր պայմաններով՝ Լոնտոն, Փարիզ, Գահիրէ, Պալքաններ՝ անոնք կը հրատարակեն գրական-քաղաքական թերթեր (Արփիարեան՝ «Նոր Կեանք», Չոպանեան՝ «Անահիտ»): Արեւելահայութեան մօտ ընկերա-մշակութային պայմանները տարբեր են: Ցարական ճնշումները ազգային-քաղաքական գետնի վրայ, չեն արգիլեր հայութեան բարգաւաճումը եւ նոր սերունդի զարգացումը, մանաւանդ Պաքուի եւ Թիֆլիսի պէս կեդրոններու մէջ: Դրամատէր-քաղքենի խաւը եւ համալսարանական երիտասարդութիւնը տեղ-տեղ կ'այլասերին, բայց զգալի մաս մըն ալ, պահելով ազգային գիտակցութիւնը եւ տէր կանգնելով մշակոյթին, զանոնք կ'օժտէ նոր յենարաններով ու մտաւորական նոր որակով:
Լեզուի Եւ Գրականութեան Նոր Որակ. Ժողովրդական, Բայց Բիւրեղացած
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Արեւելք»ով, «Մասիս»ով, ու աւելի ետք՝ «Հայրենիք»ով դրսեւորուող Պոլսոյ գրական շարժումը առաջ կը բերէ քանի մը նոր գիծեր.
- Գրականութիւնը ժողովրդական է՝ իր նիւթերով, ոճով եւ հակումներով:
- կը ձգտի նոր որակի մը ստեղծումին՝ մտաւորական մակարդակի եւ գաղափարական կեցուածքի զոյգ տեսակէտներէ:
- Կը պայքարի մամուլի ճամբով ու գաղափարական զէնքերով:
Այս ձգտումները կը թելադրուին մեր կեանքի նոր պայմաններէն, անոնք նաեւ քայլ կը պահեն Եւրոպայի մէջ այդ պահուն տիրող գրական իրապաշտութեան հետ: Ասկէ կու գայ 1880-90ականներու սերունդին մօտ յաճախակի հակումը՝ մշակելու արձակ սեռի տեսակներ՝ վէպ, պատմուածք, քրոնիկ. գործեր, որոնց մէջ արեւմտահայ աշխարհաբար լեզուն պիտի հասնի բիւրեղացումի: Այս հոլովոյթին մէջ դեր ունին նաեւ թարգմանական աշխատանքները, կատարուած՝ եւրոպական գրականութենէն՝ֆրանսերէն, անգլերէն եւն. Արեւելահայ թեւին մօտ դրական դեր պիտի շարունակէ խաղալ «Մշակ»ը, տակաւին տասնամեակի մը համար: Անոր կողքին կ'երեւին նոր թերթեր, յատկապէս պարբերականներ, որոնց կարգին՝ լուրջ բովանդակութեամբ «Մուրճ» ամսագիրը: Թատրոնը կը ծաղկի մանաւանդ Թիֆլիսի եւ Պաքուի մէջ (ո՛չ Պոլիս՝ ծանօթ պայմաններու բերումով): Գրականութիւնը հոս եւս կը զտուի քարոզչական ձգտումներէ եւ կը բիւրաղանայ: Անիկա իբր հիմնական առաջադրանք կը պահէ մարդկային իրականութեան եւ ընկերային հակասութիւններու ցուցադրում-վերլուծումը, պատմողական ու թատերագրական երկերու մէջ՝ հաւասարապէս: Թարգմանութիւնները հոս եւս իրենց դերը ունին՝ լեզուի եւ գրական ճաշակի մշակման մէջ: Գրական մարզը իր կարգին կ'արտայայտէ հայութեան զոյգ թեւերու մերձեցումը: Շնորհիւ որոշ գրագէտներու եւ թերթերու նախաձեռնութիւններուն, փոխադարձ ճանաչումը կը խորանայ աստիճան մը աւելի:
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հայ Կեանք եւ Գրականութիւն, Յարութիւն Քիւրքճեան, Երկրորդական Բաժին, Ա. տարի, Բ տպագրութիւն, 2005, էջ 78-79: