Jump to content

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Պատանեկան Միութիւններ

1920-ական թուականներուն, Համաշխարհային Առաջին պատերազմին եւ անոր արհաւիքներէն ճողոպած հայութիւնը, զանազան գաղութներու մէջ կ'ապրէր անկազմակերպ անհաստատ գոյութիւն մը։ Պատանիներն ու երիտասարդներն ընդհանրապէս ամերիկեան եւ եւրոպական հոգածութեամբ հաւաքուած էին որբանոցներու մէջ։ Այդ որբանոցներէն մէկն էր նաեւ Ճիպէյլի որբանոցը Թռչնոց Բոյնը, ուր հայ տղաքն ու աղջիկները կը դաստիարակուէին հայկական ու ազգային մթնոլորտէն բոլորովին հեռու դաստիարակութեամբ եւ ենթակայ էին իրեց դիմագիծը կորսնցնելու վտանգին՝ միսիոնարական ցանցերու ուժեղ ազդեցութեան տակ։ Որբ այս տղաքը ունէին այն ատեն իսկ դաշնակցութեան շարքերուն մէջ գտնուող ուսուցիչներ, ինչպէս Հայկ Պալեան, Ստեփան Տարտունի։ Այս վերջինները աշակերտներու հոգին կը թրծէին ազգային ապրումներով եւ իրենց պահերը յաճախ կը յատկացնէին կուսակցական քարոզչութեան։ Այդ պատճառով իսկ բախումներ կ'ունենային որբանոցի տնօրէնութեան հետ եւ դուրս կը դրուին դպրոցէն, անոնց հետ միասին մօտ քառասուն հոգի հաշուող որբերու խումբ մը։

Մինչ այդ արդէն նուազ թիւով հայութիւն հաշուող շրջաններէ հայեր կը հասնէին Լիբանան։ Ցերեկները՝ անոնք կը թափառէին Պէյրութի փողոցներուն մէջ գործ մը ճարելու յոյսով, իսկ գիշերները՝ միշտ ալ յուսախափ եւ քիչ մը աւելի մտահոգ կը վերադառնային Ս. Նշանի այն ատեն վանքի շրջաբակը եւ իրենց գիշերը կ'անցնէին չոր գետնի վրայ, անօթի ու անօգնական։

Այս կացութեան մէջ է, որ անոնք կը մտածեն եւ կը ծրագրեն հայկական միութիւն մը հիմնել՝ միասնաբար ճակատելու համար այն բոլոր դժուարութիւններու դէմ,որոնք կը սպառնային իրենց հայութեան եւ հայկական դիմագիծին։

Այդ շրջանին. Լիբանանի մէջ, շատ նեղ եւ սահմանափակ պայմաններու մէջ կը գործէր Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը, որուն հետ սերտօրէն կը գործակցէր նաեւ 1904-ին Զաւարեանի ջանքերով կազմուած երիտասարդ դաշնակցական ուսանողներու խումբը Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը։

Որբ տղոց ուսուցիչները՝ ընկ. Հայկ Պալեանն ու ընկ. Տարտունին կապը կը հանդիսանան իրենց աշակերտներուն եւ այդ կազմակերպութիւններուն միջեւ։ Հայ որբերու խմբաւորումը կը դառնայ կորիզը նորակազմ Հ.Յ.Դ. Պատանեկան Միութեան, որուն առաջին հաւաքավայր ակումբը կ'ըլլայ Զոքաք Էլ Պլաք պողոտայի անկիւնը գտնուող հին ու փլփլած քանի մը սենեականոց յարկաբաժինը։

Միութեան այդ կորիզին իրենց աջակցութիւնը կը բերեն կոմիտէի անդամ եւ դաշնակցութեան այլ ընկերներ, ինչպէս տոքթ. Էթեմեզեան, Ա. Սահակեան Վ. Սահակեան, Յ. Շահինեան, Գ. Գանտահարեան, տոքթ. Ոթուքեան, տոթք. Գուլաքեան, Թ. Սահակեան Ս. Սահակեան եւ այլն։ Միութեան առաջին վարիչ կը նշանակուի Վարդան Գէորգեան։ Միութեան կազմակերպչական եւ դաստիարակչական աշխատանքներուն լը լծուին նաեւ Զաւարեան Ուսանողական Միութիեան ընկերները։

Հ.Յ.Դ. Պատանեկան միութիւններու Կանոնագիր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Հ.Յ.Դաշնակցութեան կազմակերպութեան համար հիմնական նշանակութիւն ունին հայ պատանիները, որոնք վաղուան երիտասարդներն են, վաղուան սերունդն են եւ պէտք է յանձն առնեն շարունակել Հ.Յ.Դաշնակցութեան գործը, մինչեւ հետապնդուած նպատակներու իրականացումը։

Ուստի, պատանեկան միութիւնները մղում պէտք է տան հայ պատանիներու եւ պարմանուհիներու բարոյական, գաղափարական, մտային եւ ֆիզիքական զարգացման անոնց փոխանցելով նաեւ ազգային, կուսակցական եւ քաղաքացիական կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն։

Հ.Յ.Դաշնակցութեան կազմակերպութիւն գոյութիւն ունեցող շրջաններուն մէջ անհրաժեշտ է անպայման կազմակերպել պատանեկան միութիւններ։ Դաշնակցական պատանեկան միութիւնները պէտք է կոչուին «Հ.Յ.Դաշնակցութեան Լիբանանի Պատնեկան Միութիւններ»։ Իսկ իւրաքանչիւր պատանեկան միութիւն պէտք է կրէ Հ.Յ.Դաշնակցութեան վաստակաւոր եւ ականաւոր դէմքերէն կամ յեղափոխական դրուագներէն մէկուն անունը։» (Նախաբան՝ Հ.Յ.Դ. Պատանեկան Միութիւններու կանոնագիր)

Կուսակցական դաստիարակութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Միութեան կազմութենէն քանի մը տարի ետք, երբ կացութիւնը աւելի կայուն կը դառնայ, կը մտածուի շարքային ընկերներու պատրաստութեան մասին։ Արդէն 18 տարիքը թեւակոխած պատանիներ կը կոչուէին «երէց պատանի»։

Այս խումբին համար կը կազկմակերպուի կուսակցական դասախօսութիւններու շարք մը, որ ընդհանրապէս կը պարունակէր Դաշնակցութեան պատմութիւնը, գաղափարաբանութիւնն ու հետապնդած նպատակները, նաեւ բաղդատական մը դաշնակցական եւ այլ գաղափարաբանութիւններու միջեւ։

Դասախօս ընկերները ընդհանրապէս կու գային Զաւարեան Ուսանողական միութենէն։ Պարբերաբար դասախօսութիւններ կու տային Լեւոն Շանթ, Նիկոլ Աղբալեան, Գասպար Իփէկեան, Արշակ Յովհաննէսեան, Սուրէն Բաբախեան, Գառնիկ Կիւզէլեան, Էդուարդ Սարոնեան եւ ուրիշներ։

Դասախօսներու այս փաղանգին գլխաւորը կարելի է համարել, սակայն պատանեկան միութիւններու ընդհանուր վարիչ (1935-1942) Արշակ Յովհաննէսեանը։

Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու Յառաջացում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1923 25 Մարտին, Ճիպէյլի որբանոցէն արձակուած որբերէն հինգ հոգի նախաձեռնարկ եղան հիմնելու Պէյրութի «Հ.Յ.Դ.Պատանեկան Միութիւն»ը։

Առաջին ժողովը գումարուեցաւ տասը որբերու ներկայութեամբ, անոնցմէ վեցին, եկեղեցւոյ բակին մէջ կառուցած տախտակէ խրճիթին մէջ։ Այս Պատանեկան միութիւնը կազմեց «Ծաղիկ» անունով գրական հաւաքածոյ մը եւ հրապարակեց «Ովասիս» ամսագիրը։

Պատանեկան Միութեան Պատգամաւորական Ա. ժողովը տեղի ունեցաւ 23 Փետրուար, 1925-ին, որմէ ետք Պատանեկան Միութիւններ կազմուեցան նաեւ Ճիւնիի, Զահլէի եւ Ռայաքի հայաշատ կեդրոններու մէջ։

Լիբանանի մէջ ցարդ կազմուած են 18 պատանեկան միութիններ. Ստորեւ կը ներկայացնենք զանոնք իրենց աշխարհագրական շրջաններով։

  • «Ազատամարտ» - Էշրեֆիէ.
  • «Արմէն Գարօ» - Ֆանար.
  • «Աղբալեան» - Անթիլիաս.
  • «Արշակ Ջամալեան» - Թրիփոլի.
  • «Բաբգէն Սիւնի» - Արեւմտեան Պէյրութ
  • «Գարեգին Նժդեհ» - Զալքա.
  • «Գէորգ Չաւուշ» - Նորաշէն.
  • «Զաւարեան» - Թրատ հիմնուած՝ 1949-ին.
  • «Կոմս» - Ռաուտա հիմնուած՝ 1980-ին.
  • «Հրայր Դժոխք» - նախկին՝ «Խանասոր», Արագած, հիմնուած՝ 1956-ին.
  • «Մուրատ» - Հայաշէն, հիմնուած՝ 1938-ին.
  • «Յառաջ» - Այնճար հիմնուած՝ 1940-ին.
  • «Նաւասարդեան» - Ամանոս, հիմնուած՝ 1964-ին.
  • «Ռոստոմ» - Մարաշ.
  • «Սեպուհ» - նախկին՝ «Դանիէլ Վարուժան», Մար Մխայէլ.
  • «Սերգէյ» - Նահր Էլ Մոթ.
  • «Սերոբ Աղբիւր» - Ճիպէյլ.
  • «Քրիստափոր» - Սիս.

Ներկայիս կը գործեն 15 պատանեկան միութիւններ՝

  • «Ազատամարտ» - Էշրեֆիէ.
  • «Արմէն Գարօ» - Ֆանար.
  • «Աղբալեան» - Անթիլիաս.
  • «Արշակ Ջամալեան» - Թրիփոլի.
  • «Գարեգին Նժդեհ-Սերգէյ» - Զալքա.
  • «Գէորգ Չաւուշ» - Նորաշէն.
  • «Զաւարեան» - Թրատ հիմնուած՝ 1949-ին.
  • «Կոմս» - Ռաուտա հիմնուած՝ 1980-ին.
  • «Հրայր Դժոխք» - նախկին՝ «Խանասոր», Արագած, հիմնուած՝ 1956-ին.
  • «Մուրատ» - Հայաշէն, հիմնուած՝ 1938-ին.
  • «Յառաջ» - Այնճար հիմնուած՝ 1940-ին.
  • «Նաւասարդեան» - Ամանոս, հիմնուած՝ 1964-ին.
  • «Ռոստոմ» - Մարաշ.
  • «Սերոբ Աղբիւր» - Ճիպէյլ.
  • «Քրիստափոր» - Սիս.

Սօսէ աղջկանց Պատանեկան Միութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պատանեկան Միութեան կազմութեան սկզբնական շրջանին կարելի չ'ըլլար մտածել միութիւնը երկսեռ դարձնելու մասին։ Աւելի ուշ՝ 1936-ին կը կազմուի «Սօսէ» միութիւնը որուն կ'անդամակցէին ոչ համալսարանական եւ հետեւաբար Զաւարեան Ուսանողակամ Միութենէն ներս տեղ չունեցող աղջիկներ։ «Սօսէ» կեանք կ'ունենայ միայն երկու տարի, մինչեւ 1938, եւ անոր առաջին վարիչը կ'ըլլայ ընկ. Մուշեղ Իշխան։

Կարծիքներ Դաշնակցական Պատանիին Մասին

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վաղուան հայութիւնն է, որ կը մեծնայ պատանեկան համախմբումին մէջ։ Հոն է, որ կը կազմաւորուի նոր հայութիւնը, այդ խանդավառ սրտերուն մէջն է, որ կը մակարդուի հայ ժողովուրդին նուիրուելու ազնուագոյն գաղափարը։ Ու այդ բոցավառ սրտերուն մէջ, այդ հրդեհուած հոգիներուն մէջ կը ծնի վաղուան մտաւորականը, ղեկավարը, գրագէտը, քաղաքական գործիչը, ու ամէնէն առաւել հերոսը, որ իր կեանքը պիտի դնէ հայկական ազատամարտի ճանապարհին վրայ։» - Կարօ Սասունի

«- Ի՞նչ ենք սպասում մենք Հ.Յ.Դ. Պատ. կազմակերպութիւնից։ Բնականոն պայմաններում պատասխանը ինքնաբերաբար շատ պարզ կը լինէր՝ ականաւոր յաջորդներ պատրաստել մեզ համար։ ... Ինչ եւ լինի, ժամանակն ու միջավայրը, գաղափարական ու բարոյական ենթահողը չեն կարող ‘ոխուիլ, որովհետեւ տուեալ պայմաններում դաշնակցականը պէտք է լինի բարոյական անհատ, որ ձգտում անձնուիրաբար Հայրենիքի, Ազատութեան եւ ընկերային Արդարութեան պայմաններ, որոնք իբրեւ ‘արոս, պէ՛տք է լուսաւորեն դաշնակցական պատանիի կեանքի ուղին։» - Սիմոն Վրացեան


«Պատանեկան Միութիւնները չեն աւարտած իրենց դերն ու առաքելութիւնը։ Որքան ալ պայմանները ‘ոխուած ըլլան, որքան ալ նոր սերունդը դաստիարակութեան աւելի լայն դաշտեր ունենայ, այսօր Պատանեկան միութեան ակումբները պէտք է մնան ազգային ապրումի ներշնչարաններ եւ մաքուր ու գաղափարական նկարագիրներու կերտիչները։» - Մուշեղ Իշխան

«Դաշնակցական անուշ պատանիներ, Դաշնակցութեան դպրոցին մէջ թրծուեցէք, թրծեցէք ձեր հոգին՝ ծանօթանալով մեր պանթէոնի հարստութիւնը կազմող Անուններու կեանքին, անսահման նուիրումին։ Մոռցէք վայրկեան մը առօռրեան, նայեցէք ապագային, որովհետեւ ապագան դուք էք։ Իսկ Դաշնակցութեան ապագային ուժը, կախում ունի ձեր հզօրութենէն։» - Բաբգէն Փափազեան