Jump to content

Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն

Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն, կռճատուած ձեւը Հ.Մ.Ը.Մ. անգլերէն՝ Armenian General Gymnastic Union կամ Homenetmen, կռճատուած ձեւը՝ HMEM), , 1918-ին հիմնուած Պոլսոյ մէջ, նշանաբանն է «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր», իբր հայկական մարզական եւ սկաուտական սփիւռքահայ կազմակերպութիւն՝ կը գործէ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ։

ՀՄԸՄ-ի հիմնադրումը սերտօրէն կապուած է 19-րդ դարուն՝ Օսմանեան կայսրութեան մէջ, ծայր առած մարմնամարզական շարժման հետ։ Դեռ մինչեւ Առաջին համաշխարհային պատերազմը Օսմանեան կայսրութեան տարածքին կը գործէին բազմաթիւ մարզական ակումբներ եւ հաստատութիւններ։ Անոնցմէ էին Կոստանդնուպոլսոյ եւ անոր շրջակայքը հիմնուած Սկիւտարի, Սանթրալի, Գում Գափուի, Բերայի, Սամաթիայի, Գատըգիւղի ակումբները։

«Մարմնամարզ» թերթի ոգիով մեծցած երիտասարդներու խումբ մը կը հիմնէ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը տեսնելով Պոլիս հաւաքուած հայ գաղթականներն ու որբերը, որոնք սկսած էին հաւաքուիլ եկեղեցիներու եւ որբանոցներու մէջ։ Պէտք էր օգնութեան հասնիլ իրենց, մասնաւորաբար հոգ տանիլ իրենց մարմնական առողջութեան։ Անհրաժեշտ էր այդ պատանիները պատրաստել ապագայ հայ մարդ ըլլաու՝ առողջ եւ ամուր նկարագրով։ Հ.Մ.Ը.Մ. կը գործէ Հայաստանի ինչպէս նաեւ տասնեակ հայ գաղթօճախներու մէջ։

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի գործունէութիւնը իր հիմնադրութենէն մինչեւ Թուրքիոյ մէջ աշխատանքներու դադրեցումը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • 16 Նոյեմբեր 1918.- Գրիգոր Յակոբեանի հրաւէրով խորհրդակցութիւն մը տեղի կ'ունենայ Պոլիս, Խորասանճեան Խան, Յակոբեան եղբայրներու գրասենեակին մէջ, հիմը դնելու համար մարզական կազմակերպութեան մը։ Ներկայ կ'ըլլան Գրիգոր եւ Լեւոն Յակոբեաններ, Տիգրան Խոյեան, Հայկ Ճիզմէճեան, Գարլօ Շահինեան եւ Սիրունի։ Այս խորհրդակցութեան մէջ կազմուած կը հռչակուի Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը (Հ.Մ.Ը.Մ.), եւ անմիջապէս գործի լծուելու համար կը ստեղծուի առժամեայ Կեդրոնական Վարչութիւն մը՝ մեծ մասամբ ներկաներէն եւ անոնց վրայ աւելցուելով նաեւ՝ Ժիրայր Խորասանճեանը, Յովհաննէս Հինդլեանը, Գրիգոր Մերճանոֆը եւ Վահրամ Փափազեանը[1]։
  • Նոյեմբեր 1918.- Պոլսոյ բոլոր թաղերուն մէջ արձագանգ կը գտնէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կոչը։ Ամէնուրեք հայ երիտասարդութիւնը եւ պատանեկութիւնը կը փութայ համախմբուիլ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի դրօշին տակ։ Ամէն թաղի մէջ մարզական հին ակումբներու մնացորդ տարրերը առաջին կորիզը կ'ըլլան Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղերուն։ Կը կազմուին սկաուտական խումբեր, գլխաւորաբար հայ դպրոցներու աշակերտներէն։
  • Դեկտեմբեր 1918.- Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովը կը վաւերացնէ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Ծրագիրը։ Հանրային գուրգուրանքի առարկայ կը սկսի դառնալ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը։
  • Յունուար - Փետրուար 1919.- Գաղթականները կը սկսին Պոլիս լեցուիլ իրենց քառամեայ տարագրութենէն դառնալով։ Ամէն մարմին ու անհատ գործի լծուած է ապաստան, սնունդ, սփոփանք հայթայթելու անոնց։ Ասպարէզ կ'իջնէ նորակազմ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը եւ Ղալաթիոյ եկեղեցւոյ շրջափակին ու Սկիւտարի մէջ կը հիմնէ առաջին ձրի դեղարանը եւ շարժուն հիւանդանոցը, սկաուտներ կը յատկանցնէ այդ գործին համար, եւ ամբողջ երկու ամսուան ընթացքին կը խնամէ 1500-ի մօտ գաղթական ու կարօտեալ հիւանդներ, որոնցմէ երկուքը միայն զոհ կու տայ՝ պարզ այն պատճառով, որ հիւանդները իր ձեռքը կը հասնին մահամերձ վիճակի մէջ։ Հ.Կ. Խաչի կազմութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը աւարտած կը նկատէ այս դերը։
  • Ձմեռ 1919.- Հ.Մ.Ը.Մ.-ը թէեւ դեռ նոր կազմուած, չի զլանար իր ուժերը տրամադրել հանրային կարիքներու։ Սկիւտարի մէջ սկաուտները կալուածատիրոջ թոյլտուութեամբ չորցած ծառեր կը կտրեն ու կը բերեն տարագրեալներու կայանին իբր վառելիք, կ'օգնեն որբերու հաւաքման ու տեղաւորման։ Գուրուչէշմէի եւ այլ տեղերու հրդեհները մարելու կ'օգնեն, հանրային հանդէսներու ատեն կը հսկեն կարգապահութեան եւ այլն։
  • 14 Յուլիս 1919.- Ֆրանսայի ազգային տօնի հանդիսութեանց մասնակցելու համար Հ.Մ.Ը.Մ.ը ջահագնացութիւն մը կը կազմակերպէ 200-ի շուրջ հայ սկաուտներով, ընկերակցութեամբ «Քնար» շեփորախումբին։ Շքերթը, զոր կ'առաջնորդեն Գրիգոր Յակոբեան եւ Հայկ Ճիզմէճեան, Բերայի մարզարանէն ճամբայ կ'ելլէ՝ բազմազգ բազմութեան մը խանդավառ արտայայտութիւններուն մէջ։ Թափօրը Բերայի ճամբէն անցնելով կը հասնի ֆրանսական դեսպանատուն եւ բարձր քոմիսէրին կը ներկայացնէ ծաղկեփունջ մը՝ շնորհաւորական վերտառութիւն մը կցուած։ Թափօրը ուշ ատեն կը վերադառնայ մարզարան, ուր կը գիշերէ նախապէս պատրաստուած վրաններու տակ։ Սկաուտներու այս փառաշուք գնացքին առթած խանդավառութեան տակ, զանազան ազգայիններու կողմէ բազմաթիւ նուիրատուութիւններ կ'ըլլան Հ.Մ.Ը.Մ.-ին։
  • 28 Յուլիս 1919.- Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը օրհնութեան գիր մը կը ստանայ Զաւէն Պատրիարքէն, որ կ'ըսէ. «Կազմակերպուեցէ՛ք, ազնուացէ՛ք, բարձրացէ՛ք որքան կրնաք, լեցուցէ՛ք ձեր սիրտն ու միտքը, վասնզի դուք պիտի ըլլաք վաղուան սրբազան հայրենիքին հրաշակերտ տաճարին սիւները»։
  • 31 Օգոստոս 1919.- Տեղի կ'ունենայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի կազմակերպած առաջին ողիմպիականը՝ Գատը գիւղ, Իւնիոն Քլիւպի մարզադաշտին վրայ, Զաւէն Պատրիարքի նախագահութեամբ։ Ներկայ կը գտնուին անգլիական զօրքերու նորընտիր հրամանատար զօր. Քրոքըր։ Կը մասնակցի «Քնար» շեփորախումբը։ Օրուան ախոյեան՝ Ա. Աբէլեան (Գատը գիւղ), որ շահած էր երեք առաջին մրցանակ։ Ախոյեան մասնաճիւղ՝ Բերա, որուն պատկանող մարզիկները շահած են 9 առաջին, 5 երկրորդ եւ 1 երրորդ մրցանակ։
  • 14 Սեպտեմբեր 1919.- Հ.Մ.Ը.Մ.-ը հող կը գտնէ մօտաւոր գաւառներու մէջ ալ, ինչպէս՝ Ատափազար, Ռոտոսթօ, Պրուսա, Պարտիզակ, Իզմիթ եւ այլն։ Ատափազարի մասնաճիւղը նոյնիսկ կը կազմակերպէ իր անդրանիկ մրցահանդէսը՝ տեղական ուժերով։
  • Հոկտեմբեր 1919.- Հ.Մ.Ը.Մ.-ը Պոլսոյ գրեթէ բոլոր թաղերուն եւ շրջակայ մէկ քանի գաւառներուն մէջ ունի 25 մասնաճիւղեր, որոնցմէ 10-ն արդէն ունէին իրենց սեփական մարզարանները։
  • 7 Հոկտեմբեր 1919.- Բերա, սկաուտներու կեդրոնական կայանին մէջ տեղի կ'ունենայ սկաուտական միջազգային ժողով մը՝ անգլիացի, ամերիկացի, ֆրանսացի, ռուս, յոյն եւ հայ ներկայացուցիչներով։ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը կը ներկայացնեն Արտ. Գաւանոզեան, Ժիրայր Խորասանճեան եւ Գրիգոր Յակոբեան։ Ժողովին նպատակն էր ներդաշնակ եւ համախոհ գործել մասին միջոցներ տնօրինել։
  • 25 Հոկտեմբեր 1919.- Լոյս կը տեսնէ «Հայ Սկաուտ», իբր կիսամեայ օրկան Հ.Մ.Ը.Մ.-ի, խմբագրութեամբ Կարօ Ուշագլեանի եւ սկաուտական ու մարզական բաժիններով։ «Հայ Սկաուտ» կը տեւէ մինչեւ 1922-ի ամառը։
  • 9 Նոյեմբեր 1919.- Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 10-րդ մասնաճիւղը (Պալթալիման, Վոսփոր) հայ սկաուտներու երդման անդրանիկ արարողութիւն կը կատարէ։
  • 16 Նոյեմբեր 1919.- Տեղի կ'ունենայ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի տարեկան առաջին ընդհանուր ժողովը։ Կ'որոշուի նոր նիստ մը գումարել առաւելագոյնը մէկուկէս ամիսէն՝ մասնաճիւղերու վարչութիւններէն ընտրուած երկու խմբապետերու եւ մասնաճիւղային ընդհանուր ժողովներէն ընտրուած երկու պատգամաւորներու մասնակցութեամբ։
  • 11 Ապրիլ 1920.- Պոլսոյ բոլոր թաղերուն մէջ տեղի կ'ունենայ որբերու սկաուտական հանդերձանքին ի նպաստ քոքարտի բաշխում՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի կողմէ կազմակերպուած։ Կը գոյանայ շուրջ 4000 թրք. ոսկի։
  • 9 Մայիս 1920.- Եսայեան վարժարանին մէջ տեղի կ'ունենայ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Պատգամաւորական Ժողովը։ Ներկայ կ'ըլլան Պոլսոյ գրեթէ բոլոր մասնաճիւղերու պատուիրակները։ Նոր Կեդրոնական Վարչութեան անդամ կ'ընտրուին Արշակ Յակոբեան, Գրիգոր Մերճանոֆ, Գրիգոր Յակոբեան, Ժիրայր Խորասանճեան, տոքթ. Կ. Մութաֆեան, Յովհաննէս Թ. Հինդլեան եւ Պօղոս Շապոյեան։
  • 11 Յունիս 1920.- Քեաղըտհանէի մէջ «պաշարողական գործողութեան» փորձ մը կը կատարեն Բերայի, Պէշիկթաշի եւ Խասգիւղի սկաուտները՝ Արտ. Ալահվերտիի ղեկավարութեամբ։
  • 20 Յունիս 1920.- Տեղի կ'ունենայ միջազգային սկաուտական ընդհանուր տողանցք մը, որուն կը մասնակցին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտները, ի ներկայութեան զօր. Ուիլսընի եւ սկաուտական միջազգային կազմակերպութեան նախագահ գնդ. Մաքսուէլի։ Հայ սկաուտները իրենց կարգապահութեամբ, կարգ ու սարքով եւ ճկունութեամբ կ'արժանանան բացառիկ գնահատանքի։
  • 26 Յուլիս 1920.- Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ Վահան Չերազ, Օննիկ Եազմաճեան եւ Տիրան Խոյեան Հայաստան կը մեկնին՝ հայրենիքին մէջ կազմակերպելու համար մարմնակրթական եւ սկաուտական շարժումը։
  • 5 Սեպտեմբեր 1920.- Տեղի կ'ունենայ հայկական ընդհանուր ողիմպիական, Գատըգիւղ, Իւնիոն Քլիւպի մէջ, Զաւէն Պատրիարքին նախագահութեամբ։ Օրուան ախոյեան կը հռչակուի Նուպար Ճելալեան (Սկիւտարի հայ մարմնամարզարանէն)։
  • 3 Հոկտեմբեր 1920.- Արծաթ բաժակի միջազգային մրցումներուն Հ.Մ.Ը.Մ.ի խառն խումբը կը շահի բաժակը՝ 1-0 արդիւնքով յաղթելով իրլանտական զինուորական խումբին։
  • 1-25 Նոյեմբեր 1920.- Այս քսանչորս օրերը հռչակուած ըլլալով «Սկաուտը հայրենիքին համար» օրեր, Հ.Մ.Ը.Մ.ի բոլոր մասնաճիւղերը տուներէն դրամ եւ հագուստ կը հաւաքեն Հայաստանի սկաուտներուն համար։
  • 20 Մարտ 1921.- Շիշլիի Գարակէօզեան որբանոցին մէջ տեղի կ'ունենայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողով, 16 մասնաճիւղերէ ղրկուած 46 պատգամաւորներով։ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ կ'ընտրուին Ժիրայր Խորասանճեան, Հայկ Ճիզմէճեան, Պօղոս Շապոյեան, Գրիգոր Յակոբեան, Գարլօ Շահինեան, Վահրամ Փափազեան։ Հրաժարող Գրիգոր Յակոբեանի եւ Հայկ Ճիզմէճեանի տեղ կ'ընտրուին Արարատ Քրիսեան եւ Հրաչեայ Տէր Ներսէսեան։
  • Մարտ 1921.- Սկաուտները բոլոր թաղերու մէջ Հայաստանի սկաուտներուն համար կը հաւաքեն 24 հակ հագուստ եւ մօտ 2500 ոսկի։
  • 1 Մայիս 1921.- Քոքարտաբաշխում սկաուտներու հագուստի եւ գոյքի համար։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ճամբով կը գոյանայ 2525 ոսկի։
  • 12 Մայիս 1921.- Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը դիմում կը կատարէ բոլոր կուսակցութիւններուն՝ խնդրելով որ 18 տարեկանէն վար պատանիներ չարձանագրեն իրենց կուսակցական շարքերուն մէջ։
  • 13 Մայիս 1921.- Ս. Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան Կ. Պոլսոյ շրջանի գործադիր մարմինը նպաստաւոր պատասխան կու տայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի կեդրոնի դիմումին։
  • 18 Մայիս 1921.- Նպաստաւոր պատասխան կը ղրկէ Հ.Յ.Դաշնակցութեան Պոլսոյ Կեդրոնական Կոմիտէն եւս։
  • 24 Մայիս 1921.- Նոյնիմաստ պատասխան Ազատական Կուսակցութեան Պոլսոյ նահանգային վարչութենէն։
  • 29 Մայիս 1921.- Նպաստաւոր պատասխան կը ստացուի նաեւ Հայ Ռամկավար Կուսակցութեան Պոլսոյ Շրջանային Վարչութենէն։
  • 8 Յունիս 1921.- Սկաուտութեան հիմնադիր եւ գերագոյն պետ. զօր. Պէյտըն Փաուըլ հետեւեալ նամակը կ'ուղղէ Հ.Մ.Ը.Մ.-ին
Պոյ սկաուտներու Ընկերակցութիւն 25 Պաքինկհամ Փէլէյս Ռոտ Լոնտոն, 8 ՅունիսՍիրելի Պ. Խորասանճեան, Քէփթըն Թէսիկըր ձեր սկաուտներուն տուած մէկ այցելութեան մասին ինծի տեղեկագիր մը ղրկած է եւ այնչափ նպաստաւոր կերպով կը գրէ, որ պարտաւորուած կը զգամ շնորհաւորութիւններս յայտնել Ձեր տղոց կրթութեան մէջ սկաուտական գաղափարներուն այսչափ յաջող կիրարկման համար։ Մասնաւորաբար ինծի հաճոյք պատճառեց լսելը թէ ձեր սկաուտները լաւ զգացումներ կը տածեն իրենց անգլիացի եղբայրներուն եւ իմ անձիս հանդէպ եւ կը յուսամ որ յանձն պիտի առնէք իրենց տեղեկացնելու, թէ որքան կը հետաքրքրուիմ անոնց յառաջդիմութիւններովը եւ թէ որքան ուրախ եմ լսելով որ բաղդատաբար կարճ ժամանակուան մէջ այնքան լաւ գործ կատարած են։ Վերջերս Պաղեստինէն, Եգիպտոսէն եւ Հնդկաստանէն վերադարձայ եւ շատ կը փափաքէի որ ժամանակ ունենայի Պոլիսն ալ այցելել։ Պաղեստինի մէջ իբր «լրատար» հայ սկաուտ մը ունենալու բախտաւորութիւնը ունեցայ եւ եթէ ան ձեր տղոց տիպարը կը ներկայացնէր, այն ատեն ձեր տղաքը շատ բարձր կարգի սկաուտներ ըլլալու են - եւ նոյն ատեն զուարթերես - որովհետեւ այդ տղան միշտ եռանդով կþաշխատէր եւ միշտ կը ժպտէր ու աւելին ընելու պատրաստ էր, հակառակ որ պատերազմի միջոցին իր պարագաներուն կորուստը զինք բաւական տառապեցուցած էր եւ ինքն ալ իր հարեւաններու խումբի մը կողմէ հրացանազարկ ըլլալու սարսափէն հազիւ ազատած էր, բայց բարեբախտաբար վիրաւորուելէ վերջ մեռած կարծուած։ Հաճեցէք ձեր սկաուտներուն հաղորդել կաթոգին իղձերս։ Մնամ Ձերդ՝ ՊԷՅՏԸՆ ՓԱՈՒԸԼ


Ծրագիր-Կանոնագիր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծրագիր-Կանոնագիրի խմբագրութեան գլխաւոր աշխատանքը կը կատարէ Յ.Ճ. Սիրունի (Յակոբ Ճոլոլեան), ազգային-հասարակական կեանքի փորձառու անձ, դիւանական գործունէութեան քաջածանօթ մարդ եւ «Ազատամարտ» օրաթերթի խմբագիր։

Միութեան անդրանիկ Ծրագիր-Կանոնագիրը կը բաղկանայ 66 յօդուածներէ եւ յետ քննարկման ու մշակման կը վաւերացուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի չորրորդ Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովին կողմէ, որ տեղի կ'ունենայ 19 Յունիս 1921-ին, Պոլիս։

Անդրանիկ Ծրագիր-Կանոնագիրին հետ կը մշակուի նաեւ միութեան սկաուտական առաջին կանոնագիրը, որ կը բաղկանայ 33 յօդուածներէ։

Հետագային, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ծրագիր-Կանոնագիրը եւ սկաուտական կանոնագիրը կը վերամշակուին միութեան արտասահմանի առաջին Պատգամաւորական Ժողովին, Փարիզ, 1931-ին։

Արդի ժամանակներուն, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ծրագիր-Կանոնագիրը ամբողջական վերամշակման կ'ենթարկուի եւ կը հաստատուի միութեան համագաղութային կառոյցը ստեղծող առաջին Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովին, Պէյրութ, 1974-ին։ Այնուհետեւ, ան բարեփոխումներու կ'ենթարկուի 9 առիթով։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի ներկայ Ծրագիր-Կանոնագիրը կը բաղկանայ 143 յօդուածներէ, որոնք վերջին անգամ հաստատուած են Պատգամաւորական 12-րդ Ընդհանուր Ժողովին կողմէ, Հայաստան, 2019-ին[2]։

1918 թուականին Կ. Պոլսոյ մէջ ծնունդ առած Հ.Մ.Ը.Մ.-ի առաջին մասնաճիւղը ԱՍՆ-ի մէջ հիմնուած է 1921 թուականին, Նիու Եորքի մէջ Մ. Խուպեսերեանի, Օ. Քեմանճեանի եւ Յ. Գարաբեկեանի նախաձեռնութեամբ։

Նպատակը հայ պատանիներու եւ աղջիկներու ֆիզիքապէս առողջ դաստիարակութիւնն էր, անոնց հայրենասիրութեան ոգիով տոկորելը։

Կազմակերպութիւնը կը ծաւալէ մարզական, սկաուատական, ընկերային գործունէութիւն։

1968-ին կը սկսին կազմակերպուիլ Քալիֆորնիոյ մասնաճիւղերը։ Գործած են ՀՍՌՄ Քալիֆորնիոյ եւ Արեւելեան Ամերիկայի շրջանային վարչութիւնները։ Կազմակերպուած են միջմասնաճիւղային, համագաղութային ամենամեայ մարզական միջոցառումներ (նաւասարդեան խաղեր), Հայաստանի եւ Քալիֆորնիոյ Հ.Մ.Ը.Մ. մասնաճիւղերու սկաուատական բանակումներ։

Մասնաճիւղեր կը գործեն Լոս Անճելեսի, Ֆրեզնոյի, Սան Ֆրանսիսքոյի, Փասատինայի, Կլենտէյլի, Օրէնճ Քաունթիի, Սան Տիէկոյի, Սան Ֆերնանտոյի, Պոսնոյի, Նիու Եորքի, Նիու Ճըրզիի, Տիթրոյթի, Ֆիլատելֆիոյ, Պեյսայտի, Փրովիտընսի, Ուաշինկթոնի, Հարաւային Ֆլորիտայի եւ Ալբնիի մէջ։ Գրեթէ բոլոր մասնաճիւղերը ունին ճատրակի, ֆութպոլի, պասքեթպոլի, վոլիպոլի, թենիսի, քոնկֆու-քարադէյի, թեթեւ աթլեդիքայի եւ դաշտային խաղերու խմբակներ։

Հրատարակած է «Լրատու» (1986, Լոս Անճելըս), «Կոչնակ» (1980-1982, Կլենտէյլ) պարբերականները եւ «Ասպարէզ» օրաթերթին «Հայասա» յաւելուածը։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]