Jump to content

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի թանգարանը

Հ.Մ.Ը.Մ.ի թանգարանը կը գտնուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան Պէյրութի կեդրոնատեղիին մէջ, Պուրճ Համուտ, Նոր Մարաշ, թիւ 77 փողոց, թիւ 4 հատուած, «Սեւան» շէնք, երրորդ յարկ։

Թանգարանը կը հիմնուի 1987-ին եւ կը կոչուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի առաջին Կեդրոնական Վարչութեան նահատակ ատենապետին՝ Վարդգէս Տէր Կարապետեանի անունով։

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Վարդգէս Տէր Կարապետեան թանգարանը կ'ընդգրկէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան օրերէն արժէքաւոր փաստաթուղթեր, հրատարակութիւններ, մարզական եւ սկաուտական իրեր։

Հոն ներկայացուած են նաեւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական բանակումներու, համագումարներու, մարզախաղերու եւ Շրջանային թէ Մեկուսի վարչութիւններու այլազան ձեռնարկներու յուշանուէրներ, յուշամետալներ եւ դրօշներ։

Թանգարանին ցուցադրուած իրերուն թիւը կը հասնի հազարի[1]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]