Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան

Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան
Տեսակ Միջնակարգ վարժարան
Հիմնադրուած է 1922
Տնօրէն Այժմ՝ Մարալ Տէյիրմենճեան
Դասարաններ Մանկապարտէզ, նախակթարան, երկրորդական
Երկիր  Լիբանան
Տեղագրութիւն Էշրեֆիէ
Հասցէ Աշրաֆիէ, Պէյրութ (Լիբանան)
Կայքէջ aechs.com
Lua error in Մոդուլ:Location_map at line 442: Unable to find the specified location map definition. Neither "Module:Location map/data/Լիբանան" nor "Template:Տեղորոշման քարտեզ Լիբանան" exists.

Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան, կրթական հաստատութիւն մըն է՝ Պէյրութի Էշրեֆիէ շրջանը (Լիբանան): Սկզբունքով այս վարժարանը հիմնադրուած է 16 Մայիս, 1922 թուականին Պէյրութի ապաստարանի բնակարաններէն մէկուն մէջ, Վերապատուելի Ենովք Հատիտեանի գլխաւորութեամբ: Իսկ 10 տարիներ ետք, դպրոցը տեղափոխուած ու հաստատուած է Էշրեֆիէ շրջանը: Վարժարանը կը նկատուի Լիբանանի ամէնէն հին կրթական հաստատութիւններէն մէկը:

Ներկայիս, Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանին տնօրէնուհին է՝ Մարալ Տէյիրմենճեանը (2007):

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մեծ եղեռնէն, բռնագաղթէն ու մանաւանդ Կիլիկիոյ անկումէն ետք, Միջերկրական արեւելեան ափերը ապաստանած հայութիւնը՝ անմիջապէս կը լծուի օտար հողի վրայ Հայ կեանք վերականգնելու անյետաձգելի աշխատանքին: Այս սրբազան գործին առաջին առաքեալներէն մէկը եղաւ Վերապատուելի Ենովք Հատիտեանը, որ զգալով աւետարանական կրթարանի մը անհրաժեշտութիւնը, գործնական քայլերու կը դիմէ, հիմը դնելով նախակրթարանի մը, նպատակ հետապնդելով հայեցի տոհմիկ, աւետարանական կրթութիւն տալ ու գիտական օգտակար գիտելիքներով եւ սկզբունքներով օժտուած հայ նոր սերունդներ թրծել:

Վերապատուելի Ենովք Հատիտեանը:

Վերապատուելի Ենովք Հատիտեանի խօսքերէն են՝

...Մենք պէտք ունինք հոգեւոր ըմբռնում եւ տեսիլք ունեցող անհատներու, կառավարական պաշտօնեաներու, արհեստաւորներու, վաճառականներու, բժիշկներու, երաժիշտներու, ուսուցիչներու, արուեստագէտներու, հոգեւոր պաշտօնեաներու:

16 Մայիս, 1922 թուականին այս վարժարանին առաջին ճիւղը հիմնադրուեցաւ Պէյրութի Ատանա ապաստարանի բնակարանին մէջ, որ ներկայիս կը գտնուի Սէն Միշել եւ Նոր Հաճըն շրջաններուն միջեւ։ Արեւմտեան Հայաստանէն եւ Կիլիկիայէն գաղթած խլեակներու զաւակներ կը հաւաքուին անշուք կրթավայրին գիրկը, կազմելով մօտաւորապէս 120 աշակերտներ:

Դպրոցը թիթեղաշէն կառոյց մըն էր՝ քանի մը սենեակներէ բաղկացած եւ շրջապատուած մէկ մեթր բարձրութեամբ կտաւէ ցանկապատով մը:

Կ.Բ.Վ.ի փայտաշէն դպրոցը:

Դասաւանդութիւնները տեղի կ'ունենային շատ խեղճ պայմաններու տակ. ձմեռը անձրեւն ու հովը ազատ մուտք ունէին թիթեղաշէն պատերուն ճեղքերէն: Միւս կողմէ՝ տարբեր դասարաններու դասաւանդութիւններու ձայները զիրար կը խանգարէին: Իսկ գարնան ու ամրան՝ տաքն ու փոշին առաւել կը դժուարացնէին ուսումնական գործը:

Կարճ ժամանակ մը ետք, նոյն թուականին (Հոկտեմբեր, 1922) հիմնուեցաւ երկրորդ Աւետարանական դպրոց մը Իսկենտերուն ապաստարանի բնակարանին մէջ, շուրջ 200 աշակերտներ ունենալով:

1924 թուականին այս երկու դպրոցները միանալով, միասին կազմեցին վարժարանը մը որուն անունը եղաւ՝ «Հայ Աւետարանական Երկսեռ Վարժարան»: Այս դպրոցին պաշտօնական արտօնագիրը կը ստորագրուի 12 Օգոստոս, 1925 թուականին, Զօր. Սարայի կողմէ իբրեւ լրիւ նախակրթարան:

Վերապատուելի Հենրի Պարնըմ Րիկզի նուիրատութեամբ՝ Էշրեֆիէի հայահոծ շրջանին մէջ, դպրոցի եւ եկեղեցիի նոր շէնք մը կը կառուցուի ի յիշատակ նուիրատուին կնոջ եւ դստեր, որոնք զոհուէր էին Առաջին համաշխարհային պատերազմին ընթացքին հայութեան ծառայութեան ատեն:

Այս կերպով, 20 Մարտ, 1932 թուականին, հիւղաւանի խեղճուկ պայմաններէն դուրս կու գայ դպրոցը եւ աւելի նպաստաւոր պայմաններու մէջ կը շարունակէ իր կրթական ծառայութիւնը՝ մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի բաժիններով, մինչեւ 1938:

1945 թուականէն սկսեալ, դպրոցը կոչուեցաւ Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան:

1922 թուականի, Կ. Բ. Վ.ի առաջին խեղճուկ շէնքը:

Վարժարանը իր 70-րդ ամեակը կը տօնէ 1992 թուականին, հրատարակելով դպրոցին յուշամատեան ալպոմը:

Պատերազմի տարիներու շրջան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Դժբախտար, վարժարանին նոր վերելքի ճամբան կը խափանուի, յոյսերն ու ակնկալութիւնները ամբողջութեամբ չեն իրականանար. տքնեանքի ու մեծ ճիգերու գնով խոստմնալից, փայլուն հունձքի սպասումները թերի արդիւնք կու տան: Ներդրուած ճիգն ու ստացուած արդիւնքը կ'ըլլան անհամապատասխան՝ Լիբանանի ուսումնակրթական ցանցի գրեթէ բոլոր դպրոցներուն նման:

Յաջորդող 15 տարիներուն համար սովորական կ'ըլլան վարժարանին միօրեայ, երկօրեայ, շաբաթական եւ նոյնիսկ ամսական փակումները՝ խելագար ռմբակոծումներուն պատճառով: Կը խախտին տասնամեակներուն ընթացքին բիւրեղացած աւանդները:

Արդարեւ, 1975 թուականին, Լիբանան մխրճուելով տասընհինգամեայ երկարատեւ, ճգնաժամային տագնապալի ճախճախուտի մը մէջ, կը յառաջանայ համատարած քանդում ու աւեր, կը յեղաշրջուին, գլխիվայր կը տապալին ընկերութիւնը, ընկերութեան մինչ այդ նուիրականացած օրէնքները, բարոյականն ու չափանիշերը: Լիբանանի Քաղաքացիական պատերազմը իր տխուր, շատ ծանր հետեւանքներն ու անդրադարձը կ'ունենայ բոլորին վրայ:

Ապահովութիւնը պատճառ կը դառնայ որ Լիբանանի կրթական ցանցը փակէ իր դպրոցները, ակամայ կորսնցնելով 1975-1976 կրթական տարեշրջանը:

1975-1990 մէկուկէս տասնամեակը Լիբանանի պատմութեան մէջ պիտի մնայ իբրեւ պատերազմի շրջան, իսկ վարժարանին պատմութեան մէջ՝ իբրեւ պատերազմի փորձաքարին տոկացող եւ գոյատեւումի հանգրուան մը:

Ժամանակարգութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կ. Բ. Վ.ի նոր շէնքին բացումը, 1969:
  • 16 Մայիս, 1922 Ատանա բնակարանին մէջ կը հիմնուի դպրոցը՝ նախաձեռնութեամբ Վերապատուելի Ենովք Հատիտեանի:
  • 12 Հոկտեմբեր, 1922 կը կազմուի Հայ Աւետարանական Վարժարաններու առաջին Հոգաբարձութիւնը:
  • Մայիս, 1924 Ատանա բնակարան հիւղաւանին դպրոցը կը փոխադրուի ու կը միանայ Իսկենտերուն բնակարան հիւղաւանի դպրոցին ու կը վերանուանի Հայ Աւետարանական Երկսեռ Վարժարան:
  • 12 Օգոստոս, 1925 Իբրեւ լրիւ նախակրթարան կը ստանայ պետական համազօր արտօնութիւն:
  • 1927, կ'ունենայ Մանկապարտէզի բաժին:
  • 1928, Սենէմ Սաաթճեան կը փոխարինէ վարիչ-պատասխանատու Ճեմիլէ Գարտաշեանը: Կը կազմուի Հայ Աւետարանական Երկսեռ Վարժարանի առաջին անջատ Հոգաբարձութիւնը:
  • 1929, Յարութիւն Հմայեան կը փոխարինէ վարիչ-պատասխանատու Ս. Սաաթճեանը:
  • 1930, Մաքրուհի Կարապետեան կը փոխարինէ վարիչ-պատասխանատու Յ. Հմայեանը:
  • 1931, Ճորճ Կայծակեան կը փոխարինէ վարիչ-պատասխանատու Մ. Կարապետեանը: Ան դպրոցի տնօրէնութեան կողքին կը ստանձնէ նաեւ կազմակերպումն ու ղեկավարումը Էշրէֆիէի շրջանի Հայ Աւետարանական միացեալ նախակրթարաններուն:
  • 20 Մարտ, 1932 բնակարանի դպրոցը կը փոխադրուի Էշրէֆիէ, իր ներկայ վայրը: Կը վերակոչուի Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Վարժարան:
  • 1933, Մագդաղինէ Ոսկերիչեանի հեղինակութեամբ կը յօրինուի վարժարանին քայլերգը: Տեղի Կ'ունենայ առաջին մարզահանդէսը, հովանաւորութեամբ Փոքրամասնութեանց Ներկայացուցիչ, երեսբոխան Էյուպ Թապէթի:
  • 1935, Յարմար տնօրէնի մը չգոյութեան պատճառով, Հոգաբարձութեան ատենապետ Պատուելի Հայկազուն Ղազարեան շրջանի մը համար կը փոխարինէ Ճ. Կայծակեանը: Երկու աւագ ուսուցիչներ կ'օգնեն Պատուելիին:
  • 1936, Տնօրէնուհի կը նշանակուի Արաքսի Փոլատեանը, որ կը փոխարինէ Պատուելի Հ. Ղազարեանը:
  • 1938, Տնօրէն կը նշանակուի Յակոբ Պուճիքեան, որ կը փոխարինէ Ա. Փոլատեանը:
  • 1939-1940, Դպրոցը Կ'օժտուի Է. եւ Ը. դասարաններով:
  • 1942, Տնօրէնուհի կը նշանակուի Արաքսի Փոլատեան, որ կը փոխարինէ Յ. Պուճիքեանը:
  • 1943, Տնօրէն կը նշանակուի Վերապատուելի Եդուարդ Թովմասեան, որ կը փոխարինէ Արաքսի Փոլատեանը:
  • 1944, Յաջորդական երկու տարիներու ընթացքին դպրոցը կ'օժտուի Թ. եւ Ժ. դասարաններով:
  • 1945, Կու տայ իր առաջին հունձքը Երկրորդական բաժինէն: Կը վերանուանի Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան:
  • 1946, Տնօրէն կը նշանակուի Մանասէ Շնորհօքեան: Բացումը կը կատարուի դպրոցին ճոխ գրադարանին:
  • 1947, Կը նշուի դպրոցին հիմնադրութեան քսանհինգամեակը:
  • 1948, կ'օժտուի ԺԱ. դասարանով մը, որով կ'ամբողջանայ Նախակրդարան-Միջնակարգ-երկրորդական կառոյցը:
  • 1949, Լոյս կը տեսնէ դպրոցին «Արփի» պարբերաթերթին անդրանիկ թիւը:
  • 1950, Տնօրէն կը նշանակուի Գեղամ Միսիսեան: Պէյրութի Ամէրիկեան Համալսարանին կողմէ կը ճանչցուի իբրեւ երկրորդական վարժարան: Յետ այսու իր սան-սանուհիները առանց մուտքի քննութեան կ'ընդունուին Համալսարանին Ֆրէշմէն դասարանը:
  • 1956, Տնօրէն կը նշանակուի Պետրոս Յակոբեան: Աւարտական երկու դասարանները կը բաժնուին Գիտական եւ Արուեստից ճիւղերու: Աւարտական աշակերտներ կը մասնակցին Լոնտոնի Արեւտրական Գրասենեակի քննութիւններուն: Ամերիկեան Համալսարանը կ'առանձնաշնորհէ դպրոցը ազատ մուտք տալով շրջանաւարտ սաներուն:
  • 1958, Լուսին Քիւրքճեան եւ Մանասէ Շնորհօքեան ձեռք կ'առնեն դպրոցին տնօրէնութիւնը, որոշ շրջանի մը համար:
  • 1959, Տնօրէն կը նշանակուի Յակոբ Պուճիգանեան:
  • 1 Ապրիլ, 1960 կը պատահի ահաւոր աղէտը, որուն զոհ կ'երթան 18 աշակերտներ եւ 3 ուսուցիչներ: Յ. Պուճիգանեան կը հրաժարի իր պաշտօնէն: Տնօրէն կը նշանակուի Վերապատուելի Տիգրան խնդրունի:
  • 1964, Լոյս կը տեսնէ դպրոցին «Հունձք» պարբերաթերթին տպագիր առաջին թիւը: Երկրորդական վարժարանը կը ստանայ պետական ճանաչում եւ արտօնութիւն
  • 1965, Տնօրէն կը նշանակուի Յակոբ Լուսարարեան:
  • 1968, Կ'որդեգրուի լիբանան կրթական պետական ծրագիրը, իր բարձրագոյն ուսումի վկայականներով: Նաեւ կ'աւարտի մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի նոր դպրոցաշէնքին կառուցումը:
  • 1969, Տնօրէն կը նշանակուի Յովհաննէս Հավունճեան: Նաեւ կը կազմուի Կ. Բ. Վ.ի Շրջանավարտից Միութիւնը:
  • 1972, Յոբելեանական ձեռնարկներու շարքով կը նշուի դպրոցին հիմնադրութեան յիսնամեակը:
  • 1975, Վարժարանիս 1945-1975՝ երեսնամեայ շրջանին հունձքը կ'ըլլայ 633 շրջանաւարտներ: Եւ տնօրէն կը նշանակուի Արամ Պուլղուրճեանը:
  • 1977, Երկրորդական բաժինը կ'ունենայ իր երրորդ դասարանը՝ 12-րդ Լիբանանեան պետական Բ. Պաքալորէայի Ուսողութեան եւ Փորձառական Գիտութիւններու բաժիններով:
  • 1 Հոկտեմբեր, 1980 Լիբանանահայ կրթական վերին մարմիններու որոշման համընթաց, Կ. Բ. Վ.ը կը վերահաստատէ նիւթական թերացումի կամ անկարելիութեան պատճառով հայ աշակերտը ուսումէ չզրկելու իր անգիր օրէնքը:
  • 1980, Կը կազմակերպուին կերպարուեստի եւ գծագրութեան ցուցահանդէսները, որոնք կը ստանան ամենանմայ հրապարակային ցուցահանդէսներու բնոյթ: Վարժարանը կը մասնակցի միջ-Լիբանանեան եւ միջազգային մակարդակով գծագրական մրցումներու:
  • 1981, Տնօրէն կը նշանակուի Արթուն Համալեան:
  • 1982, Կը շնուի դպրոցին վաթսունամեակը:
  • 1984, Լոյս կը տեսնէ դպրոցին «Անահիտ» արուեստի պարբերաթերթը:
  • 1986, Մանկապարտէզը կ'օժտուի մանկամսուրի բաժինով:
  • 1988, Տնօրէնուհի կը նշանակուի Սոնա Նաշեան: Լոյս կը տեսնէ դպրոցին «Տիր»ը՝ գրական փորձերու պարբերաթերթին առաջին թիւը:
  • 1990, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ կը հիմնուի Կ. Բ. Վ.ի Շրջանաւարտներու Միութիւնը:
  • 1991, Կը սկսի լոյս տեսնել դպրոցին «Կարկաչ» պատի թերթը:
  • 1992, Կը հիմնուի անձեռնմխելի հիմնադրամ:

Վարժարանին հետապնդած նպատակը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայ Աւետարանական Վարժարաններու գոյապատճառը անոնց հետամնդաց մասնայատուկ նպատակներով կը բացատրուի: Մերձաւոր Արեւելքի ներկայ գոյավիճակը նկատի առնելով, Հայ Աւետարանական Վարժարաններու հետապնդած նպատակները հետեւեալ ձեւով կարելի է ամփոփել:

  • Հայ Աւետարանական Վարժարանները գիտութիւն, ուսում եւ դաստիարակութիւն ջամբելու են արդի գիտական, դաստիարակչական եւ մանկավարժական մեթոտներու վրայ յենելով: Դաստիարակութիւնը ըլլալու է յաժաջադէմ եւ արդիական:
  • Հայ Աւետարանական Վարժարաններ իրենց պատկանած երկիրներու պետական ուսման ծրագիրներուն հետեւելով, յաջող արդիւնք ձեռք անցընելու ետեւէ ըլլալու են: Երկրի լեզուին, գրականութեան եւ մշակոյթին տիրանալով օգտակար քաղաքացիներ ըլլալ՝ առողջ դաստիարակութեան մը անյայտ յատկանիշն է:
  • Հայ Աւետարանական Վարժարաններ հայթաթելու են ազգային, տոհմիկ դաստիարակութիւն՝ հայ լեզուի, գրականութեան, պատմութեան, մշակոյթի դասընթացքներու միջոցով՝ Մանկապարտէզէն մինչեւ վարժարանի վերջին դասարանը: Դաստիարականութեան սրբազան նպատակներէն է՝ նոր սերունդին փոխանցել ազգային ժառանգըոր դարերու ընթացքին կուտակուած է որպէս տոհմային հարստութիւն, աշակերտին մէջ ազգային գիտակցութիւն եւ ծառայութեան ոգին արթնցնելու համար:
  • Հայ Աւետարանական Վարժարանը ամէն բանէ վեր հայթաթելու է դասիարակութիւն մը՝ ուսանողը Աստուծոյ հետ յարաբերութեան մէջ դնելու, անոր ներկայութեան եւ դատաստանին տակ ապրելու: Այս մէկը դպրոցին մէջ կ'արթնցնէ հոգեւոր մթնոլորտ մը, մանաւանդ իր եկեղեցական պաշտամումներով:
  • Հայ Աւետարանական Բարձրագոյն Վարժարաններ, վերոյիշեալ նպատակներու վրայ հիմնելով՝ պատրաստելու են քրիստոնեայ եւ գիտակից առաջնորդներ, կեանքի բոլոր մարզերուն՝ մանաւանդ եկեղեցական, կրթական եւ ազգային մարզերու համար:

Հայ Աւետարանական Վարժարաններու հոգեբարձութիւններ, տնօրէններ եւ ուսուցիչներ այս նպատակներու լոյսին տակ վարժարանի ուսման ծրագիրը, արտածրագրային գործունէութիւնները եւ դպրոցի ընդհանուր մթնոլորտը կերտելու են ի խնդիր Հայ Աւետարանական դաստիարակութեան յաջողութեան:

Տնօրէններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • 2007-: Մարալ Տէյիրմենճեան:
  • 1997-2007: Սօնիա Սիսիլեան:
  • 1988-1997: Սոնա Նաշեան:
  • 1981-1988: Արթուն Համալեան:
  • 1975-1981: Արամ Պուլղուրճեան:
  • 1969-1975: Յովհաննէս Հավունճեան:
  • 1965-1969: Յակոբ Լուսարարեան:
  • 1960-1965: Վերապատուելի Տիգրան Խնդրունի:
  • 1959-1960: Յակոբ Պուճիքանեան:
  • 1958-1959: Լուսին Քուրքճեան եւ Մանասէ Շնորհօքեան:
  • 1956-1958: Պետրոս Յակոբեան:
  • 1950-1956: Գեղամ Միսիսեան:
  • 1946-1950: Մանասէ Շնորհօքեան:
  • 1943-1946: Վերապատուելի Եդուարդ Թովմասեան:
  • 1942-1943: Արաքսի Փոլատեան:
  • 1938-1942: Յակոբ Պուճիգանեան:
  • 1936-1938: Արաքսի Փոլատեան:
  • 1935-1936: Վերապատուելի Հայկազուն Ղազարեան:
  • 1931-1935: Ճորճ Կայծակեան:
  • 1930-1931: Մաքրուհի Կարապետեան:
  • 1929-1930: Յարութիւն Հմայեան:
  • 1928-1929: Սենէմ Սաաթճեան:
  • 1922-1928: Ճեմիլէ Գարտաշեան:

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տե՛ս նաեւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]