Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլէճ
Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլէճ | |
---|---|
Կարգախօս | Աշխատանքը կ'ազնուացնէ |
Տնօրէն | Վիգէն Աւագեան |
Աշակերտներ | 231 (2013-2014) |
Դասարաններ | Միջնակարգ (Է.Ը.Թ.), Երկրորդական (Ժ.ԺԱ.ԺԲ.) եւ Արուեստից (BT1, BT2, BT3) |
Հասցէ | Արաքս փողոց, Պուրճ Համուտ, Պէյրութ, Լիբանան |
25 Հոկտեմբեր 1964-ին տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր բացումը Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլէճին: Պուրճ Համուտ տօնական բացառիկ օրուան մը երեւոյթը կը պարզէր։ Նոր Մարաշի շրջանը դրօշազարդարուած էր եւ քառանկիւն յաղթական կամարներ կանգնեցուած։
Հիմնադրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Տօնախմբութիւն Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կը պատարագէր լիբանանահայոց բարեջան Առաջնորդ Տ. Տաճատ արք. Ուրֆալեան, երգչախումբի քառաձայն կատարողութեամբ։
Վեհափառ Տ. Տ. Խորէն Ա. Կաթողիկոս եւ իր շքախումբը, պետական երեսփոխաններ, Հայ. Կրթական Հիմնարկութեան պատուիրակութիւն, ժողովականներ, ժողովրդական խանդավառ ընդունելութեամբ կ'առաջնորդուին եկեղեցի։
Պատարագիչ Սրբազան Հայրը կը խօսի յաւուր պատշաճի հոգեշունչ քարոզ։ Ապա Ս. Վերաբերումէն ետք, կը կարդացուի Վեհ. Հայրապետին Սրբատառ Կոնդակը՝ ուղղուած Հայ Կրթ. Հիմնարկութեան եւ բարերարուհի տիկ. Սոֆիա Յակոբեանին։
Քոլէճի Շրջաբակին Մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Յաւարտ Ս. Պատարագի, պաշտօնական թափօրը, որուն մաս կը կազմեն Վեհը, Առաջնորդ Ս. Հայրը, Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնական ներկայացուցիչ՝ Լեռնալիբանանի նահանգապետ պրն. Ֆաուզի Պարտաուիլ, պետական երեսփոխաններ, Ազգ. իշխանութեանց ժողովականներ, քոյր համայնքներու եկեղեցական եւ աշխարհական ներկայացուցիչներ, կրթական մշակներ եւ ժողովրդային բազմութիւն մը կ'ուղղուի Քոլէճ։
Ճամբու ընթացքին կը զենուին ոչխարներ, ոստիկան զօրաց ջոկատ մը զինուորական պատիւներ կ'ընծայէ, ապա, Հ.Մ.Ը.Մ.ի նուագախումբը Ազգ. քայլերգով կը բանայ հանդիսութիւնը։
Քոլէճի նորընտիր խնամակալութեան ատենապետ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ պրն. Յակոբ Աշճեան կը կարդայ բովանդակալից ճառ մը կրթական հաստատութեան դերին եւ առաքելութեան շուրջ եւ ջերմ շնորհակալութեան խօսք կ'ուղղէ, ի միջի այլոց, յատկապէս բարերարուհիին եւ Հայ Կրթական Հիմնարկութեան։
Յանուն բարերարներուն, Հ. Կ. Հիմնարկութեան վարիչ քարտուղար պրն. Բ. Կռանեան փոխադարձ շնորհակալութեան խօսք կ'ուղղէ եւ կը կարդայ տիկին Յակոբեանի ուղարկած յաջողութեան գիրը:
Պետական երեսփոխան պրն. Խաչիկ Պապիկեան՝ արաբերէն լեզուով թարգմանը կը հանդիսանայ հայ ժողովուրդի լաւագոյն զգացումներուն, հանդէպ Լիբանանին, նախագահ Շարլ Հըլուին, բարեխնամ կառավարութեան, եւ կը գնահատէ մեծարժէք բարերարութիւնը որ իրականացած է յօգուտ Լիբանանի եւ համայնքին։
Ապա, խօսք առնելով մեթնի կուսակալ Ֆաուզի Պարտաուիլ, եւ գնահատանքը յայտնելէ ետք երկրորդական վարժարանի գեղեցիկ այս նուաճումին համար, յանուն հանրապետութեան նախագահ Շարլ Հըլուին, Լիբանանի Մայրիներու Ա. կարգի շքանշանով կը պարգեւատրէ Հայ Կրթական Հիմնարկութեան նախագահ պրն. Յովսէփ Փիրումեանը եւ բարերարուհի տիկին Սոֆիա Յակոբեանը (ի բացակայութեան):
Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը իր օրհնութիւնները կը շնորհէ բարերարներուն, Լիբանանի հանրապետութեան, կուսակալութեան եւ յաջողութիւն կը մաղթէ ք ոլէճի խնամակալութեան, տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին։
Աւանդական ժապաւէնը յանուն կրթական նախարարին կը կտրէ Ֆաուզի Պարտաուիլ եւ կը կատարուի պաշտօնական բացումը։
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Վարժարանի պաշտօնական կայքէջ՝ http://sophiahagopian.com/hy/ Archived 2015-08-10 at the Wayback Machine.