Հայ Աւետարանական Շամլեան Թաթիկեան Երկրորդական Վարժարան
Հայ Աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան երկորդական վարժարան | |
---|---|
Կարգախօս | որակաւոր դաստիարակութիւն, ազգային դիմագիծ,հայ աւետարանական աւանդ |
Աշակերտներ | 340 (2014-2015)տարեշրջան |
Դասարաններ | մանկապարտէզ 4,նախակրթարան 6, երկրորդական 6 |
Հասցէ | Պուրճ համուտԿաղապար:Դրօշաւորում/լիբանան |
Հայ Աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան երկորդական վարժարան, կրթական հաստատութիւն Պէյրութ, Լիբանան։
Հիմնադրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայ Աւետարանական Շամլեան Թաթիկեան Երկրորդական Վարժարանը Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան երեք երկրորդական վարժարաններէն մէկն է։ Կը գտնուի Պէյրութի հիւսիս-արեւելեան արուարձանին՝ Պուրճ Համուտի մէջ։
Սկսած է գործել 1934 թուականին՝ մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի դասարաններով միայն։ Ներկայիս՝ 2014-2015 տարեշրջան, անիկա ունի 340 աշակերտներ մանկապարտէզի, նախակրթարանի եւ երկորդական բաժիններուն մէջ։
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Նոր Մարաշը, Պէյրութի առաջին հայկական փողոցը, շինուած էր Պուրճ Համուտի մէջ, 1929-ին։ Փողոցին մէջ միայն հայեր կը բնակէին։ Անոնք հասած էին Կիլիկիայէն, Անատոլուէն եւ այլ շրջաններէ, 1915-ի Մեծ Եղեռնէն ետք։ Պուրճ Համուտի թաղերը հետզհետէ սկսան լայննալ, մարդիկ հաստատուեցան այս շրջանին մէջ եւ եռանդով կ'ուզէին հիմնել մշակութային հաստատութիւններ եւ եկեղեցիներ իրենց համեստ բնակարաններու կողքին։ Պէյրութի մէջ բացուած դպրոցներուն առաջիններէն էր Հայ Աւետարանական վարժարանը, որ ունէր մանկապարտէզ եւ երկու դասարան նախակրթարանի բաժինէն։ (Առաջին ճիւղը կը գտնուէր Աշրաֆիէի մէջ, նախաձեռնութեամբ՝ Նոր Մարաշի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին)։
Հայ Աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան Երկրորդական վարժարանը տարիներու ընթացքին աստիճանաբար զատուեցաւ 1930-ական թուականներուն հիմնուած Հայ Աւետարանական վարժարանէն։ 1936-էն ի վեր. Ա. Հատիտեան նախակրթարանի դասարաններուն կարգը բարձրացուց վեցի։ Ապա ան դասարաններ աւելցուց, նախ 1950-ին՝ միջնակարգի չորս դասարանները, ապա, 1958-ին՝ երկրորդական բաժնի դասարանները, որոնք իսկոյն վաւերացուեցան պետութեան կողմէ։ 1964-ին Տէր եւ Տիկին Ճ. Շամլեանի եւ անոնց որդիին՝ Կ. Թաթիկեանի նուիրատուութեամբ կարելի եղաւ ունենալ արդիական նոր շէնք մը, որ կոչուեցաւ Հայ Աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան Երկրորդական վարժարան։
Առաքելութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հիմնուելով Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին առաքելութեան եւ պատմութեան վրայ, Հայ Աւետարանական Դպրոցին նպատակն է՝ աշակերտները պատրաստել քրիստոնէական եւ հայկական դաստիարակութեամբ, կառչած մնալով պետական ուսումնական ծրագիրին, նոյն ատեն՝ պահելով Հայ Աւետարանական Կրթական Խորհուրդին ճշդած արեւելումը։
Վերոյիշեալ նպատակը ունի երեք յատկանիշեր՝ Որակաւոր Դաստիարակութիւն՝ կը նպատակադրէ դաստիարակել ամբողջ անձը՝ աշակերտը պատրաստելով, ձգտելու եւ ապա հասնելու ուսման կամ արհեստագիտական ասպարէզի մը բարձրագոյն մակարդակին։
Հայկական դիմագիծ կը պարգեւէ՝ ազգային տոհմիկ դաստիարակութիւն՝ ուսման բոլոր մակարդակներուն վրայ, հայերէն լեզուի, գրականութեան, պատմութեան եւ մշակութային ծրագիրներու ճամբով։
Հայ Աւետարանական աւանդ՝ ամէնէն աւելի աշակերտը կը հրաւիրէ զԱստուած ճանչնալու Տէր Յիսուս Քրիստոսի միջոցով։
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Educational Council of the Union of the Armenian Evangelical Churches in the Near East (UAECNE) Archived 2007-09-27 at the Wayback Machine.