Կղեմէս Սիպիլեան

Կղեմէս Սիպիլեան
Ծնած է 17 Փետրուար 1824(1824-02-17)
Մահացած է 23 Մայիս 1878(1878-05-23) (54 տարեկանին)
Մասնագիտութիւն գրագէտ

Հ. Կղեմես վրդ. Սիպիլեան (աւազանի անունով՝ Մկրտիչ, 17 Փետրուար 1824(1824-02-17) - 23 Մայիս 1878(1878-05-23)), հայ դրամագէտ։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Պոլիս։ 1838-ին մտած է Վիեննայի Մխիթարեան վանքը, միաբանութեան անդամակցելով չորս տարի ետք։

1845-ին ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ, Կղեմես անունը առնելով։ Նորօծ վարդապետը սկսած է դրամագիտութիւն սորվիլ աբբահայր Արիստակէս Ազարեանի դասերուն շնորհիւ. վերջինս միաբանութեան դրամներու հաւաքածոն հիմնած էր 1825-ին։

Աշխատութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սիպիլեան սկսած է գրել իր գլխաւոր գործը՝ «Դասաւորութիւն Ռուբէնեան դրամոց», 1846-ին, բայց հասկնալով որ տակաւին հետազօտական մեծ աշխատանք պէտք է կատարուէր, աշխատանքը յետաձգած է։

1847-1849-ին Փոքր Հայք ճամբորդելէ ետք, 1851-ին երկու գիրք հրատարակած է Վիեննայի մէջ, նուիրուած՝ Մեքսիքոյի նուաճումին սպանացիներու կողմէ եւ Տրդատ թագաւորի վերջին օրերուն ու մահուան հանգամանքներուն։

Իզմիր գտնուելով 1853-1855-ն, փորձած է Կիլիկիա ճամբորդել, բայց այս փորձը ձախողած է, երբ իր մեծաւորները զինք Պոլիս ղրկած են ու ապա՝ Հոկտեմբեր 1856-ին Պարսկաստան, ուր տասներու տարի Սպահանի հայ կաթողիկէ համայնքին ժողովրդապետը եղած է։ Միջոցին, սկսած է դրամագիտութեան եւ հնախօսութեան նիւթերով յօդուածներ հրատարակել հայ եւ եւրոպական պարբերականներու մէջ։

Ուղեւորութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պարսկաստան ապրած տարիներուն, Սիպիլեան այցելած է Թեհրան (1857), Վան (1861), Թիֆլիս եւ Էջմիածին (1864)։ Այսպէս, ան ծանօթացած է Հայաստանի անցեալին, որ իր անմիջական հետաքրքրութեան առարկան էր, եւ անոր ներկային։

1868-ին Պոլիս վերադառնալով, կրկին Փոքր Ասիա ճամբորդած է մինչեւ 1870։ Իւրաքանչիւր ճամբորդութիւն առիթ մըն էր դրամներ եւ այլ հնատիպ նիւթեր հաւաքելու, զորս նուիրած է միաբանութեան թանգարանին եւ այլ հաստատութիւններու։ Վիեննա կարճատեւ վերադարձէ մը ետք, ան կրկին մեկնած է Պոլիս, ուր սկսած է գործակցիլ քաղաքի բոլոր հայ մշակութային հաստատութիւններուն հետ։ Ան դասախօսութիւններ տուած է դպրոցներու մէջ եւ հրատարակած է աշխարհագրութեան դասագիրք մը (1877)։

1875ի-ն Սիպիլեան Վիեննայի Դրամագիտական Ընկերութեան թղթակից անդամ նշանակուած է՝ յունական եւ հայկական դրամներու իր մասնագիտութեան բերումով։

Ան դասաւորած է Պոլսոյ Օսմանեան թանգարանի հին շրջանի նիւթերը, իսկ 1876-ին սուլթան Ապտիւլ-Ազիզ գնահատելով անոր արժանիքները, թանգարանի երկրորդ տեսուչ նշանակած է։

1876-ի վերջերուն, այցելած է Կիլիկիալ, իսկ Ապրիլ 1877-ին, թանգարանին կողմէ առաքուած է Միջագետք՝ նիւթեր ձեռք բերելու համար։ Այս ճամբորդութիւնը ճակատագրական եղած է։ Հ. Կղեմես Սիպիլեան, ֆիզիքապէս տկարացած՝ մնայուն ճամբորդութիւններու պատճառով, ծանրօրէն հիւանդացած է թանջքով (dysentery)։ Գրեթէ կիսամահ հասնելով Տիգրանակերտ, ութը օր ետք իր մահկանացուն կնքած է՝ 23 Մայիս, 1878-ին, ու հոն թաղուած։

«Դասաւորութիւն Ռուբէնեան դրամոց» աշխատութիւնը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իր մահէն քիչ առաջ, Սիպիլեան ամբողջացուցած է «Դասաւորութիւն Ռուբէնեան դրամոց» աշխատութիւնը, ուր առաջին անգամ ըլլալով մշակած, դասաւորած ու ժամանակագրական քննութեան ենթարկած էր Կիլիկիոյ հայկական պետութեան աւելի քան 2.000 դրամներ։

Ձեռագիրը մնացած է ընտանիքին մօտ, մինչեւ որ Մխիթարեան միաբանութիւնը գնած ու հրատարակած է 1892-ին, Վիեննայի մէջ, Հ. Գրիգորիս Գալեմքեարեանի խմբագրութեամբ եւ լրացումներով։ Յառաջաբանին մէջ, հրատարակիչը նշած է, թէ միաբանութիւնը արդէն ունէր 15.000 դրամներու հաւաքածոյ մը, ներառելով՝ Արշակունեաց թագաւորութեան 220 եւ կիլիկեան ժամանակաշրջանէ 2.232 դրամներ, շնորհիւ Սիպիլեանի մնայուն ջանքերուն։ Իր գրախօսականին մէջ, Ս. Էջմիածնի «Արարատ» պաշտօնաթերթը գրած է.

Ահա մի գիրք, որ արժանի է զարդարելու իւրաքանչիւր հայի սեղան, եթէ թանկ են նրա համար իւր նախնեաց յիշատակարանները, եթէ նա ցանկանում է այդ յիշատակարանների անփոփոխ պատկերը իւր առաջ ունենալ։


1980-ին Քալիֆորնիոյ Հայ Դրամագիտական Ընկերութիւնը հրատարակած է յատուկ հատոր մը՝ Հ. Կղեմես վրդ. Սիպիլեանի մահուան հարիւրամեակին առիթով[1]։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. «Crossroads ելեկտրոնային լրատու - 14 Փետրուար, 2019»։ myemail.constantcontact.com։ արտագրուած է՝ 2022-08-06 
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։