Jump to content

Լիբանանեան Մայրի

Լիբանեան մայրին (լատ.՝ Cedrus libani, արաբերէն՝ أرز لبناني), սոճազգիներու ընտանիքի, մայրի ցեղի բոյս-ծառ[1]։

Լիբանանեան մայրի ծառը

Մշտադալար, խոշոր ծառեր են՝ 25-40 մ բարձրութեամբ, երիտասարդ տարիքին բրգաձեւ, իսկ ծերութեան՝ տափակ կամ հովանոցաձեւ սաղարթով։ Փշատերեւները մուգ կանաչ են, իսկ որոշ այլատեսակներինը աւելի բաց կապտականաչաւուն, 15-35 մմ երկարութեամբ։ Լայնութիւնը հաստութենէն բաւական մեծ է։ Կոները տակառաձեւ են, 8-10 սմ երկարութեամբ, 4-6 սմ լայնութեամբ, բաց շագանակագոյն։

Մայրիի այս տեսակի բուսաբանական անունն է լիբանանեան, քանի որ այն առաջին անգամ նկարագրած է Լիբանան գտնուող ֆրանսիացի բուսաբան Աքիլ Ռիշարը[3]։ Այսօր ճանչցուած է լիբանանեան մայրիի երկու առանձին ենթատեսակ՝ C. libani var. libani եւ C. libani var. brevifolia[4], որոնք ունին իրենց էքոտիպերը։

C. libani var. libani, որը յայտնի է որպէս լիբանանեան մայրի (նեղ իմաստով), կ'աճի Լիբանանի, Սուրիոյ արեւմուտքը եւ Հայկական լեռնաշարհի հարաւային եզրին, մասնաւորապէս՝ ժամանակակից Թուրքիայի հարաւկեդրոնական շրջանին մէջ։ C. libani var. stenocoma-ն (հայկական մայրի, յայտնի է նաեւ որպէս արարատեան մայրի, տաւրոսեան մայրի, կամ թրքական մայրի), նախապէս կը համարուէր մայրիի առանձին տեսակ (լիբանանեան, աթլասեան եւ հիմալայեան մայրիներու հետ հաւասար), սակայն հիմա կը ճանչցուի որպէս լիբանանեան մայրիի (նեղ իմաստով) (C. libani var. libani-ի) էքոտեսակ։ Հայկական մայրին սովորաբար ունի տարածուող պսակ, որ չի հարթուիր։ Նման կառուցուածքը բնորոշ է մայրիի այս էքոտիպին, քանի որ ծառը ստիպուած է զարգանալ մրցակցային միջավայրի մէջ, որովհետեւ այն գլխաւորաբար կը հանդիպի խիտ անտառներու մէջ՝ խառնուած ըլլալու բարձրահասակ կիլիկիական եղեւիներու հետ, կամ ալ միայն երիտասարդ մայրիներէ կազմուած անտառներու մէջ[5]։

C. libani var. brevifolia, որ յայտնի է որպէս կիպրոսեան մայրի, կ'աճի Կիպրոսի Տրուդոս լեռնաշղթային վրայ[5]։ Այս տաքսոնը եւս ժամանակին կը համարուէր մայրիի առանձին տեսակ (լիբանանեան, աթլասեան եւ հիմալայեան մայրիներու հետ հաւասար)՝ իր կառուցուածքային եւ էքոֆիզիոլոգիական առանձնայատկութիւններուն պատճառով[6][7]։ Կիպրոսեան մայրիին բնորոշ են դանդաղ աճ, աւելի կարճ ասեղներ եւ աւելի բարձր դիմացկունութիւն՝ երաշտին եւ աֆիտներուն (Aphidoidea)[7][8]: Կենեթիքական ուսումնասիրութիւնները, սակայն, ճանջցան կիպրոսեան մայրին ո՛չ թէ որպէս մայրիի առանձին տեսակ, այլ ընդունեցին զայն որպէս լիբանանեան մայրիի երկու ենթատեսակներէն մէկը, քանի որ անոնց մարքըրները իրարմէ չեն տարբերիր[9][10]։

Այսպիսով, լիբանանեան մայրիի ենթատեսակներն ու էքոտեսակները հետեւեալն են՝

  • Cedrus libani (լիբանանեան մայրի լայն իմաստով)
    • C. libani var. libani (լիբանանեան մայրի նեղ իմաստով)
      • C. libani var. stenocoma (հայկական մայրի, յայտնի է նաեւ որպէս արարատեան մայրի, տաւրոսեան մայրի, կամ թրքական մայրի)
    • C. libani var. brevifolia (կիպրոսեան մայրի)

Տարածուածութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տարածուած է Փոքր Ասիոյ մէջ (Տաւրոս եւ Անդիտաւրոս), ուր կ'աճի ծովի մակարդակէն 1300-2000 մ բարձրութեան վրայ։ Անտառներ կը կազմէ Կիլիկեան եղեւինի եւ գարշահոտ գիհիի հետ միասին։ Կրային միացութիւններով հարուստ հողերու մէջ, օդի յարաբերական բարձր խոնաւութեան պայմաններուն մէջ, կրնայ դիմանալ մինչեւ — 32 °C- ի սառնամանիքներուն, ինչպէս նաեւ ամառնային երաշտին։ Լիբանանի մէջ, Պշերրի մօտ պահպանուած են ծառեր, որոնց բունի շրջագիծը կը հասնի 5,6—6,9 մ-ի։

Լիբանանեան մայրին նեղ իմաստով կ'աճի Լիբանանի մէջ՝ սարերու լանջերուն։ Վայրի բնութեան մէջ սովորաբար կարելի է հանդիպիլ դժուարամատչելի շրջաններու մէջ ծովի մակարդակէն 1 000—2 000 մեթր բարձրութեան վրայ։ Բնական աճեցման վայրերուն մէջ գրեթէ ոչնչացուած է. պահպանուած է միայն մայրիի 6 փոքր պուրակ։

Եւրոպայի մէջ սկսած են մշակել 1683 թուականէն, Ռուսաստանի մէջ՝ 1826 թուականէն, Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայիս տարածքին մէջ՝ 1895 թուականէն։ Սամարղանդի մէջ լաւ կ'աճի եւ կը դիմանայ մինչեւ — 25,7 °C ֊ի սառնամանիքներուն։ Ղրիմի հարաւային ափերուն նոյնիսկ ինքնացան կու տայ։ Cedrus libani f glauca Carr. ամէնացրտադիմացկուն այլատեսակն է, դանդաղ կ'աճի եւ զլուսասէր է։ Աչքի կը զարնէ տեքորաթիւ բարձր առանձնայատկութիւններով։ 1895- 1900 թուականներուն Ախթալայի դենդրարիին մէջ լիբանանեան մայրին օգտագործուած է տեքորաթիւ ձեւաւորումներու համար։ Ներկայիս 85-90 տարեկան ծառերը ունին 18-19 մ բարձրութիւն, 30-45 սմ հաստութեան բուն, 6-10 մ լայնութեամբ սաղարթ։ Ըստ բարձրութեան միջին աճը կը կազմէ 26—33 սմ։ Առատօրէն կը պտղաբերէ, երբեմն նոյնիսկ ինքնացան կու տայ։ Ցրտահարութեան կամ փշատերեւներու այրուածքի նշաններ չեն տեսնուիր, վնասատուներով եւ հիւանդութիւններով չի վարակուիր։ Չնայած ոռոգման բացակայութեան, վերջին 20—25 տարիներու ընթացքին երաշտէն չէ տուժած։ Վատ կ'աճի Երեւանի պայմաններուն մէջ, ընդ որում պարբերաբար կը ցրտահարուի։ Հեռանկարային չէ նաեւ Վանաձորի համար։ Մշակութեան հաւանական շրջանները 9,32։ Չափազանց տեքորաթիւ եւ խիստ արժեքաւոր ծառատեսակ է։ Կարելի է օգտագործել որպէս առանձին կամ խումբերով[11]։

Լիբանան-Հայաստան Կապեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանին եւ Լիբանանահայ պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ Զուարթնոց Օդակաեան հասան Լիբանանեան մայրի ծառի 250 տունկեր։ Օդանաւէն տուփերով սպասասրահ բերուեցան լիբանանեան մայրիներու տունկերը` «դիւանագիտական բեռ» անունի տակ:

250 տունկերու նուիրատու` լիբանանահայ գործարար Տիար Կարապետ Պապահէքեանի նուիրած այս տունկերը հայաստանի "Հայ Անտառ" բնապահպանութեան խմբակին կողմէ պիտի փորձարկուին հայաստանի զանազան շրջաններուն մէջ, ջանք չխնայելով, որ այս ծառատեսակը յարմարի Հայաստանի կլիմայական պայմաններուն։ Վերջնական եզրակացութեան համար մօտ երկու տարի կը պահանջուի, ստուգելու համար թէ մայրիները պիտի աճի՞ն, թէ՞ ոչ, եւ թէ ինչպէ՞ս պիտի անցընեն ցրտաշունչ ձմեռը եւ չոր ամառը:

Եթէ ծառատնկումը յաջողի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը եւս իր աջակցութիւնը պիտի բերէ այս աշխատանքին, մայրիի մեծաթիւ նոր տունկեր տրամադրելով։

Նշենք, որ մայրի ծառը Լիբանանի խորհրդանիշն է եւ կը գտնուի Լիբանանեան դրօշակին ու պետական զինանշանին վրայ։ Մայրիի ծառը նաեւ բազում անգամներ նշուած է Աստուածաշունչին մէջ։

Այս տուեալներէն մեկնած, այն շրջանը ուր մայրիները լաւապէս կարենան աճիլ, պիտի կառուցուի հայ֊լիբանանեան բարեկամութեան պուրակ մը։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Gardner, M. (2013)։ «Cedrus libani»։ IUCN Red List of Threatened Species (IUCN) 2013: e.T46191675A46192926։ doi:10.2305/IUCN.UK.2013-1.RLTS.T46191675A46192926.en։ արտագրուած է՝ 27 August 2016
  2. (հայերեն) Մայրի լիբանանական, 2024-03-11, https://hy.wikipedia.org/w/index.php?title=%D5%84%D5%A1%D5%B5%D6%80%D5%AB_%D5%AC%D5%AB%D5%A2%D5%A1%D5%B6%D5%A1%D5%B6%D5%A1%D5%AF%D5%A1%D5%B6&oldid=9546663, վերցված է 2025-08-29
  3. Bory 1823, p. 299
  4. Farjon 2010, p. 258
  5. 1 2 Farjon 2010, p. 259
  6. Debazac 1964
  7. 1 2 Ladjal 2001
  8. Fabre et al. 2001, pp. 88–89
  9. Fady et al. 2000
  10. Kharrat 2006, p. 282
  11. Կաղապար:Գիրք:ՀԴՖ