Jump to content

Սքիմնոս Հիոսցին

Սքիմնոս Հիոսցին
Ծնած է Ք․Ա․185
Ծննդավայր Հիոս
Մահացած է Ք․Ա․2րդ դար
Ազգութիւն յոյն
Մասնագիտութիւն աշխարհագրագէտ

Սքիմնոս Հիոսցին (յուն․՝ Σκύμνος ο Χίος)․ յոյն աշխարհագրագէտ (Ք․Ա․185 - Ք․Ա․2րդ դար)։ Կը սեպուի թէ ան է հեղինակը «Նիքոմիդիսի Ժամանակաշրջան» աշխատանքին, որ գրուած է ատիկեան բարբառով։ Գործը աշխարհի ժամանակագրութիւն մըն է (Περιήγησις) գրուած Մեծավերջ (Յամբ, հին յուն․՝ ἴαμβος) եռաչափով եւ հաւանաբար ձօնուած է Վիթինիայի Նիքոմիդիս թագաւորին՝ Նիքոմիդիս Բ․ Էբիֆանիս որ թագաւորած է Ք․Ա․149-ին եւ կամ անոր յաջորդին՝ Նիքոմիդիս Գ․ Էվերղեթիս (բարերար)։

Առաջին գործն է որ տպուած է Աուքսպուրկ 1600-ին։ Առաջին անգամ հրատարակուած է Մարքիանոս Հերաքլեցիին Επιτομές գործին անունով, որովհետեւ այդ աշխատանքին հետ գտնուած է։ Սակայն, այդ ժամանակաշրջանը ուսումնասիրողներ՝ Լուքաս Խոլսթենիոս եւ Իսահակ Վոսիոս առաջինները եղած են որ գործը Սքիմնոս Հիոսցիին վերագրած են, որովհետեւ հետազօտութիւններուն ընթացքին զանազան դպրագէտներ յայտնաբերած են թէ Սքիմնոս Հիոսցին բաւական անգամ նշուած է որպէս գործին աղբիւրը։ Իսկ 1846-ին, Օկուստ Մայնեքէ ուսումնասիրով վերոնշեալ աշխատութեան վերահրատարակութիւնները, ցոյց տուած է թէ գործը Սքիմնոս Հիոսցիին պէտք չէ վերագրուի, որովհետեւ արձանագրութիւնները գրուած են արձակ ոճով եւ ոչ յանգաչափով, ինչպէս նաեւ հազուագիւտ նախադասութիւնները որ փրկուած են անոր ուրիշ գործերէն նմանութիւններ չունին «Նիքոմիդիսի Ժամանակաշրջան»ի գրութիւններուն հետ։ Այդ պատճառով, այնուհետեւ գործը Փսեւդօ-Սքիմնոսին կը վերագրուի։

Իրոտոթոս

Սոֆոքլիս

Էվրիփիտիս

Էսհիլիոս

Փերիքլիս

Թուքիդիդիս

[1] [2] [3] [4]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]