Jump to content

Ճշմարտութիւն

Ժամանակը կ'ազատէ ճշմարտութիւնը կեղծիքէն եւ նախանցէն:

Ճշմարտութիւնը նիւթի կողմէ իրականութեան համապատասխան արտացոլումն է[1]: Ճշմարտութիւնը իրականութեան այնպիսի վերարտադրումն է, ինչպիսին այն կայ` գիտակցութենէն դուրս եւ անկէ անկախ[2]: Ճշմարտութեան չափանիշները կը դիտարկուին ճանաչողութեան տեսութեան շրջանակներուն մէջ։ Փիլիսոփայութեան այն բաժինն է, որ կ'ուսումնասիրէ ճանաչողական գործունէութեան ընթացքին նիւթին եւ առարկային փոխյարաբերութիւնները, գիտելիքի եւ իրականութեան յարաբերակցութիւնը, մարդու կողմէ աշխարհի ճանաչման հնարաւորութիւնները, ճշմարտութեան չափանիշներն ու գիտելիքի հաւաստիութիւնը[3]:

Իտէալիստական փիլիսոփայութեան համակարգերուն մէջ ճշմարտութիւնը համարուած է իտէալական առարկաներու յաւերժ ու անփոփոխ յատկութիւն /Պղատոն/, բանականութեան բնածին յատկանիշ /Տեքարդ/ կամ մտքի ապրիորի ձեւ /Քանթ/: Ըստ տրամաբանական ըմբռնման` ճշմարտութիւնը գիտելիքներու ծաւալուն գործընթացն է /Հեկել/: Իսկ ձեռներէցութիւնը ճշմարիտ կը համարէ այն գիտելիքը, որ գործնականօրէն կիրառելի է եւ կ'ապահովէ յաջողութիւն[4]:

Փիլիսոփայութեան շրջագիծին մէջ կը քննարկուի այնպիսի բաժամունք, ինչպիսին է առարկայական ճշմարտութիւնը, ինչ որ մարդոց եւ մարդկութենէն անկախ գիտելիքի բովանդակութիւնն է։ Կայ նաեւ բացարձակ եւ յարաբերական ճշմարտութիւն, ինչ որ տրամաբանական նիւթապաշտութեան բաժամունք է։

Ճշմարտութիւն բառը կ'օգտագործուի նաեւ ձեւական տրամաբանութեան մէջ։ Գոյութիւն ունի «տրամաբանական ճշմարտութիւն», որ կը հակադրէ փաստական ճշմարտութեան։ Տրամաբանութեան մէջ ասոյթը կը համարուի ճշմարիտ, եթէ անոր ձեւը կը յամենայ կամ որոշ թոյլատրելի գործողութիւններէ ետք կրնայ յամենալ տրամաբանական օրէնքի հետ[5][6]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]