Jump to content

Գէորգ Ազնաւուր

Գէորգ Ազնաւուր
Ծնած է 1861[1][2]
Ծննդավայր Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[1][2]
Մահացած է 11 Նոյեմբեր 1920(1920-11-11)[1][2]
Մահուան վայր Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[1][2]
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Ազգութիւն Հայ[1]
Մասնագիտութիւն բուսաբան
Անդամութիւն Ֆրանսայի Բուսաբաններու Ընկերութիւն[1][2]

Գէորգ Ազնաւուր (Ժորժ Վինսընթ,1861[1][2], Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[1][2] - 11 Նոյեմբեր 1920(1920-11-11)[1][2], Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[1][2]), հայ բուսաբան։ Մեծ ներդրում ունեցած է գիտական գործունէութեան եւ համաշխարհային գիտութեան մէջ։

Կենսագրական գիծեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Կ. Պոլիս: Կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ, եղած է Ֆրանսայի Բուսաբաններու ընկերութեան անդամ, 1896-ին։ Նկարագրած է 93 անուն նոր բոյսեր, Կ. Պոլսոյ բուսաշխարհի ուսումնասիրութեան նուիրուած անոր ձեռագիր աշխատութիւնները կը պահուին Էտինպուրկի համալսարանի բուսաբանութեան բաժնին մէջ։

Գէորգ Ազնաւուր իր կեանքը նուիրած է Կ. Պոլսոյ բուսաշխարհին, եւ այսօր բուսաբանութեան մէջ ծանօթ շատ բուսատեսակներու առաջին նկարագրողը ինք է:

Գէորգ եղած է Վիգէն Ազնաւուրեանին եւ Թագուհի Մարուշեանին առաջին զաւակը: Յաճախած է Կալաթասարայ լիսէն: Թրքերէնէ ու հայերէնէ զատ տիրապետած է ֆրանսերէնի, լատիներէնի եւ յունարէնի: Ան հետաքրքրուած էր աստղագիտութեան ճիւղերէն՝ աստղաբաշխութեամբ, սիրած է բուսաբանութիւնը, սական հետաքրքրութիւններ ունեցած է նաեւ երաժշտութեան հանդէպ:

Գէորգ Ազնաւուր, 1885 թուականէն սկսեալ՝ 24 տարեկանին, սկսած է հաւաքել Կ. Պոլսոյ շրջակայքի բոյսերը եւ կազմած՝ չորցած բոյսերու գիրք մը:

Սէրը դէպի իր շրջապատի բուսաշխարհը զայն մղած է մէկ կողմէն հարստացնելու իր բուսարան հաւաքածոն, միւս կողմէն ձեռք ձգելու համապատասխան գրականութիւն եւ կարճ ժամանակուան ընթացքին դառնալու հարուստ բուսարանի եւ գրադարանի տէր:

Ֆրանսայի բուսաբաններու ընկերութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1896-ին անդամ դարձած է Ֆրանսայի Բուսաբաններու ընկերութեան, որ 1854 թուականին հիմնուած ընկերութիւն մըն է եւ մինչեւ օրս կը գործէ: Ազնաւուր այդ հեղինակաւոր կազմակերպութեան անդամ կը մնայ մինչեւ իր կեանքին վերջը:

Իր առաջին գիտական յօդուածը կը հրատարակէ այդ ընկերութեան տեղեկագրին մէջ: Ֆրանսայի Բուսաբաններու ընկերութիւնը կը թուայնացնէ իր տեղեկագրերը եւ ընկերութեան կայքէջին վրայ կարելի է տեսնել նաեւ Ազնաւուրի յօդուածներուն յղումները եւ մանաւանդ շեշտուած են այն նոր տեսակները, որոնք յայտնաբերած է ան:

1885 թուականէն մինչեւ իր մահը՝ 1920 թուականը, Ազնաւուր անընդմէջ աշխատած է: Ան սերտ յարաբերութիւններ ունեցած է օտար բուսաբաններու հետ, նամակագրութիւն պահած է մանաւանդ եւրոպացի մասնագէտներու հետ, որոնց օրը օրին փոխանցած է իր նոր յայտնագործութիւններուն մասին:

1897-1915 թուականներու Ազնաւուր ոչ միայն Կ. Պոլսոյ շրջակայքի բուսական աշխարհը ուսումնասիրած է, այլեւ զանազան առիթներով այցելած է այլ վայրեր եւ զմայլած Քոնիայի, Մարզուանի, Ռիզէի, Վանի, Արարատի եւ Եգէական ծովու կղզիներու բուսականութեամբ եւ իր գիտական եզրակացութիւնները՝ տասնինն յօդուածներով, ֆրանսերէնով հրատարակած է Ֆրանսա, Հունգարիա, Զուիցերիա եւ Գերմանիա:

Յայտնաբերութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ազնաւուրին յայտնաբերած է 93 նոր բոյսեր[3]։ Անոր յայտնաբերած բոյսերը բաղկացած են 44 նոր տեսակներէ, 4 նոր ենթատեսակներէ, 37 նոր տարատեսակներէ եւ 8 նոր ենթատարատեսակներէ:

Ազնաւուրին անուանակոչած 44 նոր տեսակներէն 22-ը կը պատկանին Պոլսոյ բուսաշխարհին, 9-ը՝ Վանի, 6-ը՝ Արարատի, 4-ը՝ Քոնիայի, 1-ը Տերենտէի, 1-ը՝ Մարզուանի շրջակայքին եւ 1-ն ալ՝ Սիրա կղզիին:

Իր գիտական գործունէութեան սկզբնական շրջանին ան նկատած է, որ Պոլսոյ բուսականութիւնը գրեթէ չուսումնասիրուած, կուսական բնագաւառ մըն է, ուստի ան իր ամբողջ եռանդն ու կարողականութիւնը ներդրած է «Պոլսոյ բուսաշխարհ» աշխատութեան հրապարակման:

11 Նոյեմբեր 1920-ին, 59 տարեկանին, Ազնաւուր կը մահանայ եւ կիսատ կը մնայ գործը: Անոր շիրիմը կը գտնուի Պոլսոյ Շիշլիի հայ կաթողիկէներու գերեզմանատան մէջ:

Հայաստանի «Կենսաբանական հանդէս»ը կը գրէ, որ անոր մահէն ետք շատ տխուր ճակատագրի կ՚արժանանայ հայ երիտասարդ գիտնականին կողմէ ամբողջ կեանքին ընթացքին հաւաքուած չոր բոյսերու գիրքը:

Նախ անոր բնակարանը կը զաւթուի եւ, իր ազգականներու վկայութեամբ, խնամքով եւ մասնագիտօրէն չորցուած 20 հազար բոյսերու պատկերագիրքը, անոր հարուստ գրադարանն ու հրապարակման համար գրեթէ պատրաստ «Պոլսոյ բուսաշխարհը» ուսումնասիրութիւնը կը մնան այնտեղ:

Անկէ երկու տարի անց, ըստ «Magyar Botanikai Lapok» բուսաբանական ամսագիրի հաղորդման (Պուտափեշտ), Պոլսոյ բուսական աշխարհին մասին անոր հինգ հատորանի աշխատութիւնը եւ 15 հազար նմոյշներէ կազմուած իրական բոյսերու գիրքը դարձած է Պոլսոյ Ռոպերթ քոլէճին սեփականութիւնը:

Թարգմանութիւններ եւ հրատարակութիւններ՝ յետ մահու

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1945 թուականին ֆրանսական բնագրին հիման վրայ կը սկսի հրատարակուիլ աշխատութեան թրքերէն թարգմանութիւնը:

Նոյն թուականին Պոլսոյ համալսարանի բնագիտական-ուսողական բաժնի ամսագրին մէջ լոյս կը տեսնէ Ազնաւուրի աշխատութիւններէն մէկը՝ «Պողազիչիի ու անոր շրջակայքի բուսականութիւնը» խորագրով, բայց ցաւալիօրէն՝ այլ հեղինակի անունով: Յօդուածը ստորագրած էր Ազնաւուրի բարեկամներէն մին, որուն ան ժամանակին նուիրած էր բոյսերու օրինակներ, սակայն նոյն այդ յօդուածը 1918 թուականին Ազնաւուրի անունով ուրիշ ամսագրի մէջ տպուած էր, եւ 1918 թուականէն 27 տարի ետք տպուած յօդուածը այլ անունով վերատպելը կեղծարարութեան բացայայտ փաստ մըն է, որ ամրագրուած է գիտական աշխարհին մէջ:

Շատ տարիներ անց, Ազնաւուրի հաւաքած բոյսերը հանգրուանած են Էտինպուրկի համալսարաններէն մէկուն մէջ՝ Թուրքիոյ բուսականութիւնը ուսումնասիրող տոքթոր Տէյվիսի ու անոր աշխատակիցներու գիտական օճախէն ներս[4]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,00 1,01 1,02 1,03 1,04 1,05 1,06 1,07 1,08 1,09 1,10 1,11 1,12 Հայկական սովետական հանրագիտարան / խմբ. Վ. Համբարձումյան, Կ. ԽուդավերդյանՀայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1974.
  2. 2,00 2,01 2,02 2,03 2,04 2,05 2,06 2,07 2,08 2,09 2,10 2,11 Հայկական համառոտ հանրագիտարանՀայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1990. — հատոր 1.
  3. studio 5165m։ «Anunner.com - GEVORG AZNAVUR (Aznavuryan) VIGENI / ԳԷՈՐԳ ԱԶՆԱՒՈՒՐ (Ազնաւուրւան) ՎԻԳԷՆԻ»։ www.anunner.com (արեւելահայերէն)։ արտագրուած է՝ 2022-02-09 
  4. «ժամանակ»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2022-02-07