Jump to content

Աֆիոնքարահիսարի հայերը

Աֆիոնքարահիսարի պատմական կեդրոնը, հին շուկան
Աֆիոնքարահիսար․ հին շուկան

Հայերը Աֆիոնքարահիսարի մէջ ապրած են աւելի քան երեք դար՝ ԺԷ․ - ԺԹ․։ Անոնց թիւը 1914-ին կը հաշուէր մօտաւորապէս 10 000։

Պատմական անդրադարձ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայերը բնակութիւն հաստատած են Աֆիոնքարահիսար ԺԷ․ դարուն, քաղաքին տնտեսութեան զարգացման ժամանակաշրջանին։ 

1902-ին, քաղաքին կեդրոնը ծագած հրդեհը, որ կը տեւէ 32 ժամ, կ'աւերէ Աֆիոնքարահիսարին հայկական թաղամասերուն մեծ մասը՝ 1200 տուն եւ Սուրբ Թորոս եկեղեցին։ Անտուն մնացած հայերուն համար քաղաքին հայ հարուստները բնակարաններու շինարարութեան կը ձեռնարկեն։ Բնակարանները կը կառուցուին եւրոպական ոճով։ Հայկական թաղերուն տեսքը կը փոխուի, կը բարեկարգուի։ Հարուստները իրենց տան բակերուն կը ստեղծեն պզտիկ պարտէզներ, ջրաւազաններ եւայլն։

Ա․ Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին քաղաքին հայ տղամարդիկը կը պարտաւորուին թրքական բանակին ծառայել։ Կ՛ազատէին միայն անոնք, որոնք կարողութիւնը ունէին պետութեան 50 ոսկի վճարել։ 

1915 Յուլիսին քաղաքին 30 հայ երեւելիներ կը ձեռբակալուին ու կ'աքսորուին։ Հայ բնակչութիւնը խուճապի մատնուած կը հետեւի տեղահանման հրահանգներուն։ Շատեր քաղաք կը մնան ու կը մերժեն մեկնիլ։ Անոնց դէմ կը սկսի հալածում՝ բռնութիւններ, եւայլն։ 

Աֆիոնքարահիսար․ հին քաղաքը

1918 Հոկտեմբերին Թուրքեան կը պարտուի։ Միջագետք եւ Սուրիա ողջ մնացած աֆիոնցիները իրենց ծննդավայրը կը վերադառնան։ Կը վերականգնուի վերապրած հայութեան կեանքը։ Թաղային Խորհուրդ կը ստեղծուի։

Քաղաքին տնտեսութիւնը հազիւ վերականգնուած, կը ծագի յունաթրքական պատերազմը։ 1919 15 Մայիսին յոյները Զմիւռնիա ցամաքահանում կ'ընեն, ու արագօրէն յունական բանակը Աֆիոնքարահիսար կը հասնի։ Մինչ այդ, թուրքերը ենթադրելով թէ հայերը յոյներուն պիտի օգնեն, կը ձեռբակալեն քաղաքին 18-50 տարեկան հայ եւ յոյն տղամարդոց եւ Փոքր Ասիոյ արեւելեան Կոչհիսար անբերի, ամայի շրջանը կ'աքսորեն։ Աքսորեալներէն արհեստաւորները մօտակայ գիւղերուն մէջ իրենց աշխատանքով կը կարողանան գոյատեւել։ 

Աֆիոնքարահիսար․ հին տուներ

Երբ յոյները քաղաքը կը գրաւեն, Աֆիոնքարահիսարի մէջ խաղաղութիւն կը տիրէ։ Սակայն, 1922 Օգոստոսին վերակազմուած թրքական բանակը յարձակման կ'անցնի։ 26 Օգոստոսին յունական բանակը Դումլուպունարի ճակատամարտին պարտութեան կը մատնուի։ Աֆիոնքարահիսարի եւ շրջակայքի հայերն ու յոյները անակնկալի եկած ու սարսափած, կը հետեւին նահանջող յունական բանակին ու կը հասնին Զմիւռնիոյ նաւահանգիստը։

Աֆիոնցիները Զմիւռնիա

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Զմիւռնիոյ բնակչութեան կէսէն աւելի յոյն էր՝ 200 000, իսկ հայութեան թիւը 30 000 կը հաշուէր։ Քաղաքը այդ շրջանին լեցուած էր յունական նահանջող բանակով եւ բազմաթիւ վիրաւոր զինուորներով։ Աֆիոնցի գաղթականները կը տեղաւորուին դպրոցներու, եկեղեցիներու, ակումբներու, այգիներու մէջ։ Յունական նահանջող զօրքը կը սկսի հեռանալ քաղաքէն․ գաղթականներէն շատեր կը հետեւին նահանջող բանակին։ Մէկ կողմէն յունական բանակը նահանջի ճամբան մռնած էր, միւս կողմէն Զմիւռնիա կը հասնէր թրքական բանակը։ Քաղաք մնացած հայ եւ յոյն բնակչութիւնը դժոխք մը կ'ապրի․ կը հրկիզուին հայկական ու յունական թաղերը, բնակչութիւնը կը բռնաբանուի, կը կողոպտուի, կը սպաննուի։ Քրիստոնեայ բնակչութիւնը նաւահանգիստ կը թափուի (Փունթա)։ Քեմալական զօրքը հայ տղամարդիկը՝ գաղթական թէ տեղացի, կը հաւաքէ եւ անծանօթ ուղղութեամբ կը տանի (շատ քիչեր կը կարողանան վերապրիլ ու իրենց ընտանիքներուն մօտ կը վերադառնան, Լոզանի դաշնագրէն ետք)։

Փրկուած հայերն ու յոյները կը գտնուին Զմիւռնիոյ դիմացի, Էգէական Ծովուն յունական կղզիները՝ Լեզվոս, Խիոս, եւայլն, ինչպէս նաեւ յունական նահանջող հետեւակ բանակին հետ կը հասնին հիւսիսային Յունաստան՝ Ալեքսանտրուփոլի, Քսանթի, Քավալա, Սելանիկ։ Յունաստան հասած, հայ գաղթականներուն մեծամասնութիւնը կը հաւաքուի եւ կայք կը հաստատէ գլխաւոր քաղաքները՝ Սելանիկ, Աթէնք, Փիրէա, եւայլն։ Յունաստանի վիճակը շատ ծանր ըլլալով, գաղթականներուն մեծ մասը յաջորդող տարիներուն Հայաստան կը ներգաղթէ եւ կամ ալ՝ կ'արտագաղթէ ուրիշ երկիրներ։

Աֆիոնքարահիսարի հայութեան կեանքը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Աֆիոնքարահիսարի հայկական գերեզմանատունը, նկար 7 Յունուար 1920

Հայ համայնքը կը կառավարուէր հայ ազգային թաղական խորհուրդին կողմէն, որ կ'ընտրուէր հայկական թաղամասի բնակիչներուն կողմէ։ Իւրաքանչիւր հայ ընտանիք կ'ունենար 6-8 երեխայ։ Աֆիոնքարահիսարի հայերը կը բնակէին քաղաքին արեւելեան մասին, հսկայ ապառաժին ստորոտիին եւ թաղերն էին՝ Հաջըրզվան, Ջադդա, Քիւփ, Աշաղը, Եոքարը, Թիւրպա եւ Արըգ։ Հայկական թաղերը ունէին նաեւ իրենց բաղնիքները։

Արհեստագործութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աֆիոնքարահիսարի արհեստագործութիւնը հայերուն ձեռքն էր, որոնք լաւ վարպետներ էին․ որմնադիր, քարտաշ, հիւսող, ատաղձագործ, փականագործ, դարբին, պղնձագործ, ոսկերիչ, արծաթագործ, կաշեգործ, կօշկակար, դերձակ, ջուլհակ, գորգագործ, ներկարար, զինագործ, բրուտ, հացագործ, հրուշակագործ եւայլն։ Շուկայի երկայնքին կային հայ արհեստագործներուն արհեստանոցները։ Արհեստանոցներուն կ'աշխատէր ամբողջ ընտանիքը։ Արհեստը կը փոխանցուէր սերունդէ-սերունդ։

Հայերը կը զբաղէին նաեւ առեւտուրով։ Ապրանքներ կը ներածէին Պոլսէն, Զմիւռնիայէն, ինչպէս նաեւ Անգլիայէն, Ֆրանսայէն, Հոլանտայէն, Իտալիայէն եւ մինչեւ Չինաստանէն եւ Ճափոնէն։

Գիւղատնտեսութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Աֆիոնքարահիսար․ պատմական կեդրոնը

Աֆիոնքարահիսարի հայերը եղած են նաեւ ագարակատէրեր։ Ուրիշներ, քաղաքի շրջակայքին ունէին փոքր այգիներ։

Աֆիոնցի հայերը լուսաւորչական քրիստոնեաներ եղած են։ Ունեցած են երկու առաքելական եկեղեցի՝ Ս․ Աստուածածին եւ Ս․ Թորոս ու մէկ բողոքական եկեղեցի (կառուցուած 1907-ին)։ Ինչպէս նաեւ Սուրբ Գէորգ եւ Սուրբ Սարգիս մատուռները։ Առաքելական եկեղեցիները ենթարկուած էին Կոստանտնուպոլսոյ պատրիարքարանին։

Քաղաքին հաւատացեալներէն անոնք որոնք հնարաւորութիւնը ունէին ուխտագնացութեան կ'երթային Երուսաղէմի սրբավայր վայրերը։ Հանդիսաւորութեամբ կը տօնուէին բոլոր եկեղեցական տօները։

Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սուրբ Աստուածածին պարսպապատ եկեղեցին կը գտնուէր բարձրադիր դիրքի վրայ։ Քառանկիւն եւ քարաշէն եկեղեցի եղած է։ Եկեղեցւոյ մուտքին առջեւ կը բարձրանար երկյարկանի զանգակատունը։ Եկեղեցւոյ պատերը զարդարուած էին որմնանկարներով եւ քանդակներով։ Սալայատակը ծածկուած էր ընտիր գորգերով։ 1911-ին, Կոմիտաս Վարդապետը հոն պատարագ եւ քարոզ մատուցած է։

ԺԹ․ դարասկիզբին կը բացուին հայկական տարրական քանի մը դպրոցներ, որոնք հետագային կը միաւորուին եւ կը հիմնուի ազգային կեդրոնական միջնակարգ (11-ամեայ) դպրոցը։ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ կից կառուցուած են Մանկապարտէզ (ունեցած է 400 աշակերտներ) եւ եռայարկանի դպրոց՝ Սահակ-Մեսրոպ վարժարան (Ա․ Համաշխարհային Պատերազմի նախօրեակին աշակերտութեան թիւը 900 էր)։ Դպրոցին շրջանաւարտներէն շատեր, բարձրագոյն կրթութեան ստանալու համար կը մեկնէին Պոլիս, Ֆրանսա, Զուիցերիա, Իտալիա եւ ուրիշ երկիրներ։

Աֆիոնցիները կը պահպանէին նահապետական բարքերը։ Հայ հասարակական կեանքը կ'ընդանար բնականոն ձեւով։

Ստեղծուած էին հայկական ակումբներ, ուր ընդհանրապէս երիտասարդութիւնը կը հաւաքուէր։ Կային նուգախումբեր, թատերական խմբակներ, որոնք ներկայացումներ կու տային։

Հայկական թերթեր կը ստանային Պոլսէն եւ Իզմիրէն։

[1] [2] [3] [4] [5]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. [https://akunq.net/am/?p=26511 Հայ-յունական համագործակցութեան փորձերը Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն (1915-1923) 2012/11/12 Գէորգ Վարդանեան ]
  2. Յունական բանակին Իզմիր ցամաքահանումը (յունարէն)
  3. Մակեդոնիա թերթ, Երկուշաբթի 2 Օգոստոս 1921․ Յունական բանակին յարձակումը(յունարէն)
  4. Մակեդոնիա թերթ, 17 Օգոստոս 1922, Յունական բանակին յարձակումը(յունարէն)
  5. ՍՔՐԻՓ թերթ, 25 Օգոստոս 1922․ Զինական գործողութիւնները կ՛ ուշացնեն Վենետիկի համաժողովը․․(յունարէն)
  • ԾՆՆԴԱՎԱՅՐՍ՝ ԱՖԻՈՆ-ՔԱՐԱՀԻՍԱՐԻ ՀԱՅ ԳԱՂԹՕՃԱԽԸ, Կ․Ա․ ՉԵՐՔԵԶԵԱՆ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ, ՔԱԼԻՖՈՐՆԻԱ, 1992
  • Կարօ Մինասեանի արխիւ, Քոքինիա, Յունաստան

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Յունաթրքական պատերազմ՝ 1919-1922(անգլերէն)
  1. Ժամանակագրութիւնը Փոքր Ասիոյ յունական արշաւանքին(յունարէն)