Աֆիոնքարահիսար

Քաղաք
Աֆիոնքարահիսար
թրք.՝ Afyonkarahisar
Երկիր  Թուրքիա
ԲԾՄ 1021±1 մեթր
Բնակչութիւն 299 673 մարդ (2018)
Ժամային գօտի UTC+3։00 եւ UTC+2
Փոստային ցուցանիշ 03[1] եւ 03140[2]
Շրջագայութեան պետ-համարագիր 03
Պաշտօնական կայքէջ afyon-bld.gov.tr(թուրք.)

Աֆիոնքարահիսար (թուրք.՝ Afyonkarahisar), քաղաք Փոքր Ասիոյ արեւմտեան մասին։ Կը գտնուի ծովի մակարդակէն 1034 մ․ բարձրութեան վրայ, Անգարա մայրաքաղաքէն 250 քմ․ հարաւ-արեւմուտք, Աքար գետի հոսանքի երկայնքին։ Համանուն մարզին վարչական կեդրոնն է։ Բնակչութեան թիւն է 299 673, ըստ 2018-ի մարդահամարին։

Անուան ստուգաբանութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անունը կը թարգմանուի Աֆիոն - սեւ - բերդ  (Afyon Kara Hisar) աֆիոն անունը առած է շրջանը մշակուող ափիոնէն (աֆիոն)։

Պատմական հակիրճ տեղեկութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աֆիոնքարահիսար․ ապառաժէն դիտուած

Քաղաքին սեւ ապառաժը հին ժամանակներէն ամրացուած եղած է։ Հիթիթներու թագաւորութեան շրջանին կը կառուցուի ամրոցը (Ք․Ա․1350), որ ծանօթ էր Հաթանուա անունով։ Հետագային, քաղաքը յաջորդաբար կը գրաւեն Ֆրիկեացիները, Լիտիացիները, Պարսիկներն ու Մեծն Աղեքսանտրը։  

Մեծն Աղեքսանտրի մահէն ետք, քաղաքը՝ ծանօթ իբրեւ Աքրոինոն (Ακροϊνόν) կ՛իյնայ Սելեւկեաններուն, Պերգամոյի թագաւորութեան, Հռոմէացիներուն եւ Բիւզանդացիներուն ձեռքը։ Բիւզանդիոնի կայսր Լեւոն Գ․ արաբներու դէմ տարած յաղթանակէն ետք՝ 740-ին, քաղաքը Նիքոփոլիս  (Νικόπολις) կ՛ անուանէ («Նիքի»=յաղթանակ,  «փոլիս» =քաղաք)։

Երբ Սելճուք թուրքերը քաղաքը կը գրաւեն (1071), անոր Քարահիսար (սեւ բերդ) անունը կու տան։   Քարահիսարը յաջորդաբար կը գրաւեն Իգոնիոյ Սուլթանութիւնը, Խաչակիրները, Օսմանցի սուլթան Պայազիտ Ա․ (1392), Լենկ Թիմուր (1402)։

1428-ին քաղաքը վերջնականապէս կ՛ իյնայ Օսմանցիներուն ձեռքը։ 

Օսմանեան գերիշխանութեան ընթացքին, Աֆիոնքարահիսարը կը դառնայ ափիոնի արտադրութեան գլխաւոր կեդրոնը։ Քաղաքին բնակչութիւնը կը բաղկանայ հրեաներէ, հայերէն, յոյներէ եւ թուրքերէ։ ԺԷ․ դարէն բնակչութեան թիւը կ՛ աճի հայերուն ներգաղթէն ետք։

Աֆիոնքարահիսարին պատմական կեդրոնը եւ ապառաժին վրայ համանուն բերդը

1902-ին, քաղաքին կեդրոնը ծագած հրդեհը, որ կը տեւէ 32 ժամ, կ՛ աւերէ Աֆիոնքարահիսարին հայկական թաղամասերուն մեծ մասը՝ 1200 տուն եւ Սուրբ Թորոս եկեղեցին։

Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի ընթացքին, Կելիպոլի ճակատամարտին գերի ինկած անգլիացի զինուորներուն թուրքերը ամայի հայկական եկեղեցւոյ մէջ կը բանտեն․ եկեղեցին կը գտնուէր ապառաժին ստորոտը (կ՛ ենթադրուի ըլլայ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին), ինչպէս եւ հայկական թաղամասը։

Յունաթրքական պատերազմին ընթացքին (15 Մայիս 191919 Հոկտեմբեր 1922) Աֆիոն եւ շրջակայքը յունական զօրքերը կը գրաւեն։ 27 Օգոստոս 1922-ին կը սկսի յունական բանակին արագ նահանջը որուն կը հետեւին քաղաքը մնացած հայերն ու յոյները։ 1923-ին քաղաքը մաս կը կազմէ Թուրքիոյ Հանրապետութեան։

Մինչեւ 1960 Աֆիոնքարահիսարը ափիոնի արտադրութեան գլխաւոր կեդրոնը կը հանդիսանայ։ Սակայն, միջազգային ճնշումներուն տակ, ափիոնի մշակումի հսկայ տարածութիւնները կը հրկիզուին։  Այժմ կը մշակուի խիստ օրէնքներու հիման վրայ եւ միմիայն դեղագործական գործածութեան համար։

Աֆիոնքարահիսարը ներկայիս[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աֆիոնքարահիսարի տնտեսութիւնը յենուած է գիւղատնտեսութեան, ճարտարարուեստի եւ ջերմային զբօսաշրջիկութեան։ Հին ժամանակներէն նշանաւոր են ճերմակ լուսաքարի հանքերը։ Աֆիոն Թուրքիոյ ճերմակ մարմարիոնի գլխաւոր արտադրողն է։

Աֆիոնքարահիսարի հայերը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տե՛ս բուն արձանագրութիւն՝ Աֆիոնքարահիսարի հայերը

Աֆիոնքարահիսար բերդը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պատմական ամրոց մը, կառուցուած Ք․Ա․ 1350-ին Հիթիթներու Մուրսիլիս Բ․թագաւորին կողմէն։ Բարձրութիւնը եղած 226 մ․։ Պատմութեան ընթացքին, բերդը բաւական անգամ վերակառուուած է։

Աֆիոնքարահիսարի պատմական կեդրոնը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

[3] [4] [5] [6]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Յունաթրքական պատերազմ՝ 1919-1922(անգլերէն)
  2. Փրիւկիա(յունարէն)