Jump to content

Արմաշի Դպրեվանքի Մատենադարան

Արմաշի դպրեվանքի մատենադարան, Արմաշի Չարխափան վանքին մէջ գրչագրեր ժողոված են դեռեւս 17-րդ դարէն։

1786-ին կառուցուած է մատենադարանի յատուկ շէնք։ 18-րդ դարու վերջը, Չակր Հասանի արշաւանքի ժամանակ, ոչնչացուեցան վանքի բոլոր գրչագրերը։ Նոր հաւաքածոյ սկսաւ գոյանալ 19-րդ դարու սկիզբէն։ Նուիրատուութիւններու եւ տեղի ընդօրինակուած ձեռագրերու հիման վրայ 1889-ին հիմնուեցաւ դպրեվանքի մատենադարանը։ 1904-ին Արմաշի դպրեվանքի մատենադարանի գրչագրերու թիւը հասած է 223-ի (գիտականօրէն ցուցակագրած է Յակոբ Թոփճեանը)։ Մինչեւ Առաջին համաշխարհային պատերազմը անոնց թիւը կրկնապատկուած է։ 1915-ին Մեծ Եղեռնի ժամանակ այդ ամէնը ոչնչացաւ։ Արմաշի դպրեվանքի մատենադարանի ձեռագրերը ընդօրինակուած են 14-19-րդ դարերուն։ Հնագոյնը 1351-էն էր, սակայն եղած են նաեւ ձեռագրեր, որոնց կողերուն կարուած էին մեսրոպեան երկաթագրով գրուած պահպանակներ։ 14-րդ դարուն կար 4, 15-րդ դարուն 7, 16-րդ դարուն 8, 17-րդ դարուն 30, 18-րդ դարուն 58, 19-րդ դարուն 116 ձեռագիր։ Մեծ մասը գրուած է Արմաշի մէջ, ինչպէս նաեւ Կ․ Պոլիսի, Սեբաստիոյ, Կեսարիոյ, Ամասիայի, Եկեղեաց գաւառին, Կարինի, Էջմիածինի, Հռոմի, Ղրիմի, Լեհաստանի, Երուսաղէմի եւ հայաբնակ այլ վայրերու մէջ։ Այդտեղ պահուած է Թովմա Մեծոփեցիի «Պատմութեան» 1597-ին ընդօրինակուած գրչագիր մը, Յովհան Ոսկեբերանի անտիպ գործերը, Սիմէոն Երեւանցիի ինքնագիր քարոզ-գիրքը, բժշկարաններ, բառարաններ, խազագրուած ձեռագրեր, Միքայէլ Չամչեանի նամականին, որ Կիլիկիոյ Հայկական թագաւորութեան անտիպ դատաստանագիրք մըն է։ Սակաւաթիւ մանրանկարչական ձեռագրերուն մէջ կային Գրիգոր Մագիստրոսի, Ներսէս Շնորհալիի, Գրիգոր Նարեկացիի, Գրիգոր Տաթեւացիի եւ այլոց դիմանկարները։

  • Թոփճեան Հ․, Ցուցակ ձեռագրաց Արմաշի վանքին, Վնտ․, 1962
  • Քոլանջեան Ս․, Մեր ձեռագրական կորուստները, «Էջմիածին», 1967, № 5
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։